Ճաշոց
1. Քրիստոնէական առաջին համայնքները, որոնք հրեաներէ կը բաղկանային գլխաւորաբար, հրէական սովորութեան համաձայն (Հմմտ. Ղտս. Դ. 16-17. Գրծ. ԺԳ. 27, ԺԵ. 21), շարունակեցին կարդալ Օրէնքն ու մարգարէները իրենց կրօնական հաւաքոյթներուն մէջ (Գրծ. ԺԳ. 14, 15): Քիչ յետոյ կը տեսնենք որ յաջորդաբար Ս. Պօղոս Առաքեալի թուղթերը (հմմտ. Կող. Դ. 16, Ա. Թես. Ե. 27), Աւետարանները, եւ զանազան առաքելոց վերագրուած ուրիշ նման գրուածներ ալ կը սկսին կարդացուիլ (օր. հմմտ. Յայտ. Ա. 3): Այնպէս որ առաջին դարուն վերջերը թէ Հին եւ թէ Նոր Կտակարանի գրուածներէն ընթերցումներ սովորական մէկ մասը կը կազմէին Քրիստոնէից հասարակաց պաշտամունքին:
Առաքելական կանոներու Լ. Յօդուածը այսպէս կը սահմանադրէ. «... յեկեղեցւոջ գիրք ընթերցցին, Հին Կտակարանք, Աւրէնք եւ Մարգարէք, եւ Նոր Կտակարաք, որ լինիցին վասն կենարար չարչարանաց փրկչին մերոյ Քրիստոսի, եւ գործք եւ խաւսք աւետարանչացն քարոզութեան վասն բանին ճշմարտութեան, եւ վարդապետութեան աշակերտաց փրկչին եւ այլ աւելի քան զայս՝ մի՛ ընթերցցի ի բեմի»:
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին դարերուն եկեղեցւոյ հովիւը կամ գլխաւորը կ՚որոշէր կարդացուելիք հատուածները, օրուան տօնին կամ յիշատակին պատշաճութեամբ: Որոշուած այդ ընթերցումները հետզհետէ հաստատուն ձեւ ստացան, եւ աւելի վերջն ալ առանձին ընդօրինակուելով մէկ կամ երկու հատորներու մէջ, ծնունդ տուին ընթերցուածագիրքերու կամ Ճաշոցներու, երբեմն կոչուած նաեւ Տօնամակ:
Բնական է որ այս ընթացքով կազմուած Ճաշոցները միօրինակ չըլլային եկեղեցւոյ այլ եւ այլ մասերուն մէջ: Այս սկզբնական այլազանութիւնը, սակայն, դարերու ընթացքին տեղի տուաւ որոշ միօրինակութեան մը, եւ գլխաւոր եկեղեցիներ ունեցան իրենց սեփական գրեթէ միակերպ Ճաշոցները:
Հնագոյն Ճաշոցները, որոնք ծանօթ են բանասիրական աշխարհին, Թ. կամ Ը. դարէն անդին չեն անցնիր:
2. - Հայ եկեղեցւոյ մէջ գործածուող Ճաշոցին նախնական կազմութիւնը կը վերագրուի Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոս Յակոբուս Տեառնեղբայր առաքեալին եւ ապա անոր յաջորդներէն Ս. Կիւրեղ Հայրապետին: Թղթոց Գիրքին մէջ գտնուող բազմաթիւ վկայութիւններէն մէկը միայն մէջ բերելով կը բաւականանանք: Սիւնեաց Ստեփանոս Եպիսկոպոսը1 պատասխանելով Անտիոքի յոյն եպիսկոպոսին, կը գրէ. «զի մեք յԵրուսաղեմէ գիտեմք զսկիզն հաւատոյ, եւ առաքեալքն յԵրուսաղէմ կարգեցին զկանոնսն, եւ Յակոբոս Տեառնեղբայրն յԵրուսաղէմ կարգեաց զընթերցուածն, եւ Կիւրեղ հայրապետն
___________________________________________
1 Ըստ Կարապետ Եպիսկոպոսի այս թուղթը կեղծ է (հմմտ. Կնիք Հաւատոյ, Ս. Էջմիածին, 1914, էջ CIII-CIV):
զնոյն դաւանեաց» (էջ 325):2
3. -- Մեր եկեղեցւոյ Ճաշոց Գրքի կազմութեան մասին այս աւանդական տեղեկութիւններէն դուրս պատմական ստոյգ ծանօթութիւններ չեն հասած մեզի: Կ՚ենթադրուի որ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ժամակարգութեան յատուկ ծիսական գիրքերը հայացնելու առթիւ Ճաշոցի կարգաւորումն ալ զանց չըրին: Յաջորդ դարերուն ուրիշ հայրապետներու ձեռքով անշուշտ փոփոխութիւններ եւ յաւելումներ կատարուեցան, նման անոնց զոր տեսանք Ժամագրքի եւ Շարականի պարագային:
4. -- Կիրակոս Պատմիչ Եզր Կաթողիկոսի մասին կը գրէ -- մեղադրական ոգիով -- թէ ան Հերակլ Կայսեր հետ համաձայնելէ ետք, «եկեալ ի Հայս փոխեաց զամենայն ուղղափառ կարգաւորութիւնս եկեղեցւոյ եւ զընթերցուածս Յակոբայ եւ Կիւրղի, փոխանակ այնորիկ զԱրտեմոնին3 եդեալ» (էջ 31): Մինչդեռ ընթերցուածներու Արտեմոնեան եւ Յոբնաղեան կարգադրութիւնները կանխաւ դատապարտուած էին Կարնոյ ժողովին մէջ, Սահակ Բ. Ուղկեցի Կաթողիկոսի օրով (534-539):(Տես Կանոնագիրք Հայոց, Արսէն Ղլտճեան, Թիֆլիզ, 1913, էջ 101-2): Եզրի այդ խանգարումները մնացած էին մինչեւ Յովհաննէս Օձնեցիի ժամանակը, որ կանոնաւորեց եւ պայծառացուց Հայ եկեղեցին եւ վերստին հաստատեց «զընթերցուածս Սրբոյն Կիւրղւ» (Կիր. էջ 39):
5. -- Մեր Ճաշոցին վիճակը Վկայասէրէն առաջ շատ տարբեր էր հիմակուանէն ինչպէս կը տեսնուի ձեռագիր հնագոյն Ճաշոցի մը մէջ, որուն մասին հետեւեալ շատ կարեւոր տեղեկութիւնները կը քաղենք Աւգերեանէն. «Այս ինչ յայտնի է յերկաթագիր հին Ճաշոցէ՝ զոր ունիմք առ մեզ՝ նախ քան զկարգաւորութիւն Վկայասիրին, զի մարգարէական եւ առաքելական եւ
_______________________________________________
2Հայ եկեղեցւոյ մէջ կիրարկուող Ճաշոցին Երուսաղէմեան ծագման ուրիշ մէկ նշանը կրնան համարուիլ կարգ մը Ճաշոցներու մէջ տեսնուող այն հրահանգները, որոնք կը մատնանշեն Երուսաղէմի այս կամ այն սրբավայրը ուր պէտք է կատարուի օրուան պաշտամունքը: Այսպէս քառասնորդական պահոց եւ Աւագ Շաբաթուան ընթացքին բազմջցս պիտի ժողովուին ի սուրբ Յարութիւն, ի սուրբ Սիոն, ի սուրբ մատրանն, եւ ի լերինն Ձիթենեաց, եւ պիտի կատարեն օրուան կանոնը (Տես, Ճաշոց, Թաթէոս երէց): -- Այս տեսակէտով շատ ուշագրաւ եւ կարեւոր է մեր ձեռագրատան թ. 121 երկաթագիր Ճաշոցը օրինակուած Վարդան կրօնաւորի ձեռքով, 1192ին, Մաշկեւորի Վանքին մէջ ի Կիլիկիա: (Հմմտ. Արտ. Արք. Սիւրմէեան, Ցուցակ Ձեռագրաց Երուսաղէմի, Վենետիկ, 1948, էջ 263-280, եւ Ն. Եպս. Պողարեան, Ցուցակ Ձեռ. Ս. Յակոբեանց, Ա. հատոր, 1966, էջ 338-352): Նման հնագոյն Ճաշոցները կը համարուին, Վենետիկի թիւ 1625, Երեւանի թ. 985, Վիեննայի թ. Յ, եւ Փարիզի Ազգ. ՄԱտենադարանի թ. 44 ձեռագիրները (Տես, Բազմավէպ, 1970, էջ 94, Հ. Սահակ Ճեմճեմեան):
3«Այլ մեք ի ձեր գրոց գիտեմք զի զկնի ԼԳ. ամաց վերանալոյն Քրիստոսի, ապա աշակերտեցաւ Արտեմոն Յավհաննու ամջսս եօթն, եւ ելեալ ի նմանէ նորաձեւ կարգս դնէր ընդ հակառակս ինչ Աւետարանչին» (Ստեփանոս Եպս. Սիւնեաց, Գիրք Թոթոց, էջ 325):
աւետարանական ընթերցուածք Ճաշու վասն տօնից սրբոց սակաւ էին թուով, զի թէպէտեւ մարգարէից եւ առաքելոց եւ ոմանց ոմանց ի սրբոց կային առանձին կարդացմունք, բայց հասարակ հայրապետաց մի էր ընթերցուած՝ զոր ի տօնի իւրաքանչիւր հայրապետի երկրորդէին, որպէս եւ հասարակ մարտիրոսաց ընթերցուած մի1 առ ի կարդալ ի յիշատակի իւրաքանչիւր վկայից, ըստ նմին եւ մի ճգնաւորի, մի թագաւորի, եւայլն, զոր յետոյ ճոխացոյց Վկայասէրն, եւ ըստ այնմ նշանակեցաւ յաւելուածով ընթերցուած ի յետագայ Ճաշոցս եւ ի տօնացոյցս» (Լիակատար Վարք Սրբոց, Վենետիկ, 1814, Հատոր ԺԱ. էջ ՁԶ-ՁԷ): Հմմտ. նաեւ աստ, էջ 68:
6. -- Գրիգոր Բ. Վկայասէր, որ ծանօթ է իբրեւ Սրբոց վարքերը հաւաքող եւ թարգմանող, անոնց տօներուն համար ընթերցուածներ ալ կարգած է Յայսմաւուրքի համաձայն. «Գրիգոր Վկայասէրն ... կացեալ ի կաթողիկոսութեանն ... կարգէր տաւնից նոցա (սրբոց) գիրս մարգարէականս եւ առաքելականս, աւետարանականս, խորհրդաւորս» (Ցուցակ Ձեռագրաց, Տաշեան, էջ 25):
Ներսէս Շնորհալիի Վիպասանութեան մէջ ալ կը գտնենք նման վկայութիւն մը. «Առ ի Յունայն եւ յԱսորւոց
Ճառըս սրբոց վերաբերեալ:
Տօն յիշատակ նոցա կարգեալ,
Ընթերցուածովքն զարդարեալ»: (Բանք Չափաւ, էջ 546):
Աւելի որոշ վկայութիւն մը կայ Վկայասէրի գործակից Կիրակոս Վրդ.ի յիշատակարանին մէջ, այսպէս. «Քառասուն եւ վեց տօն (իմա՛ ընթերցուած տօնից) սուրբ հայրապետն կարգեաց. եւ երեսուն ես տրուպս յաւելի. որ լինին եօթանասուն եւ վեց.2 զորս բոլոր տարւոյն բաւական համարեցաք, ընթերցուածովքն եւ մարտիրողօքն» (Լկ. Վարք Սրբոց, Հ. Մ. Վ. Աւգերեան, Վենետիկ, հատոր ԺԱ. էջ ՁԸ-ՁԹ):
Ի՛րն է թարգմանութիւնը Ս. Եփրեմի յօրինած Ոտնալուայի կարգին, ըստ վկայութեան Ճաշոցի խորագրին. «կարգ Ոտնալուայի ի մեծի հինգշաբթի օրն արարեալ Սրբոյն Եփրեմի եւ թարգմանեալ մեծին Գրիգորի Վկայասիրի Հայոց կաթողիկոսի» (Ճաշոց, Տպ. Թաթէոսի Երիցու, Վենետիկ, 1686, էջ 339): Մեր Ձեռագրատան Թ. 271 գրչագիր Ճաշոցին համաձայն - օրինակուած 1316ին - Ոտնալուայի կարգը թարգմանած է «սբ դիտ(ա)պետն Հայոց Մեծաց Գրիգորիս Վկայասէր» (Թղ. 370): Տես նաեւ թ. 2154 մաշտոցը, էջ 196-220:
__________________________________________________-
1Մեր Ձեռագրատան Թ. 121 երկաթագիր Ճաշոցը, Պետրոսի եւ Աբիսողոմայ յիշատակի օրուան ընթերցուածները նշանակելէ առաջ կը ծանուցանէ. «Յամենայն յիշատակս սրբոց մարտիրոսաց՝ այս կանոն կատարի» (Ցուցակ Ձեռագրաց Երուսաղէմի, Ա. Հատոր, 1966, էջ 339): Իսկ ԺԴ. դարու սկիզբը գրուած ուրիշ ձեռագրի մը մէջ ալ (Թ. 265), որ ծիսական մատեաններու ժողովածոյ մըն է, Ճաշոցի բաժինը կը ներկայանայ հնագոյն փոքրածաւալ ձեւով (Տես Ցուցակ Ձեռ. Ս. Յակոբեանց, Գ. հատոր, 1954, էջ 60):
2Երեւանի Մատենադարանի թիւ 832 Ճաշոցը, գրուած 1154 թուին, կը պարունակէ 46+30=76 տօներ: -- Մայիս Աւդալբէգեան, Յայսմաւուրք ժողովածոները, էջ 47, Երեւան, 1982:
7. -- Կ՚աւանդուի նաեւ որ Գրիգոր Վկայասրի օրով եւ անոր հրամանով Գէորգ Վրդ. Մեղրիկ (+ 1114, Մ. Ուռհ. էջ 417) որ Վասպուրականէն Կիլիկիա գաղթելով Դրազարկի վանքը պայծառացուցեր է, եկեղեցական ուրիշ բարեկարգութիւններու կարգին, կարգաւորած է նաեւ Ճաշոցը «յաւելմամբ տօնից եւ պատշաճ ընթերցուածոց» (Սիսուան, էջ 231, հմմտ. նաեւ Պատմ. Հայ Հին Դպրութեան, 1932, էջ 604, եւ Օրմանեան, Ազգապատում, յօդուած 926):
8. -- Վերոյիշեալ յիշատակարանին համաձայն Կիրակոս Վարդապետ, Վըկայասէրի գործակիցը, գլուխ հանած է ընթերցուածներու կարգաւորումը. «ես Կիւրակոս տրուպ գիտնական ... ծանուցանեմ ձեզ վասն սուրբ Կտակիս՝ Տօնամակի եկեղեցւոյ սրբոյ ... որպէս գիտէք, ի սկզբանէ հաւատոց մերոց ... զայս Գրոյ Եկեղեցւոյ անփոյթ արարին վասն ժամանակին ... Ապա հոգին սուրբ ազդեաց սուրբ հայրապետին Գրիգորիսի՝ աստուածասիրի եւ Վկայասիրի. եւ նոր սկսեալ՝ յօրինեաց զսա ըստ ամենայն տօնից՝ արժանապէս, ի դէպ սաղմոսիւք եւ ընթերցուածովք աստուածախաւսիւք: Բայց ոչ ի գլուխ աւարտեաց զամենայն, զոր պարտ եւ արժան էր տօնելոյ: Ապա ինձ որ միշտ ընդ նմա էի ... հոգ եդ ի վախճանելն իւրում՝ մի անփոյթ առնել զսմանէ. այլ յանկել ընթերցուածովքն ըստ արժանին, զոր եւ արարի» ... (Մատենադարան Հայկ. Թարգմանութեանց Նախնեաց, Վենետիկ, 1889, էջ 723-724. -- Լ. Վարք Սրբոց, հատոր ԺԱ. էջ ՁԸ-ՁԹ):
9. -- Աւելորդ չենք նկատեր տալ հոս Աւգերեանի հետեւեալ բացատրութիւններն ալ Ճաշոցի ստացած ձեւին շուրջ: «Արդ ի հաստահիմն յիշատակարանէ աստի, հանդերձ կարգաւորութեամբ նոյն հին օրինակի ճաշոցին, եւ համեմատութեամբ ընդ հնագոյն երկաթագիր Ճաշոցի գրելոյ յառաջ քան զայդ կարգաւորութիւն, աներկբայ իմանամք զայսոսիկ իրս: Նախ՝ թէ թէպէտեւ տօնք սրբոց՝ երբեմն այսքանեաց, եւ հետզհետէ յոլովագունից՝ կատարէին անխափան յազգի մերում ըստ առաջին կարգաւորութեան լուսաւորչին, եւ ըստ երկրորդ պայծառութեան եղելոյ ի ձեռն թարգմանչաց, բայց ի տօնացուցի առընթեր անուանց սրբոց աւուր աւուր՝ չկային միշտ աւետարանացոյց եւ ընթերցուած առանձին, այլ ի սակաւս եւեթ. եւ մնացեալքն ըստ նոցին ունէին զկարդացմունս. եւ այսպէս նաեւ Ճաշոցն էր աղքատ ընթերցուածովք. որպէս եւ տեսանեմք ի հնգոյն օրինակի, զի միայն իբր քսան կամ ԻԵ. կարգ ընթերցուածոց կայ վասն սրբոց. եւ քանի մի վասն գլխաւոր տէրունական տօնից, մանաւանդ ծննդեան եւ զատկի, աղցից եւ յինանց: Իսկ Գրիգոր Վկայասէր՝ գործակցօք իւրովք հանդերձ՝ յաւել այլ եւս եօթնասուն եւ վեց. եւ այնպէս եղեն ընդ ամենայն՝ իբր հարիւր ընթերցուածք սրբոց ի տարւջն. որք ոչ միայն բաւական լինէին վասն միոյ տարւոյ, այլեւ առաւելուին. զի ի բաց բարձեալ ի միջոցէ տարւոյն զաւուրս կիրակէից եւ տէրունական տօնից եւ յինանց, եւ աղուհացից, եւ շաբաթապահոց, եւ ամենայն չորեքշաբթու եւ ուրբաթու, յորս ոչ լինի ի մեզ յիշատակ սրբոց, մնան աւուրք վասն սրբոց տօնելեաց իբրեւ հարիւրիւ չափ. եւ ահա նովին չափով են յօրինեալ ի վերջին կարգաւորութեան ընթերցուածք սրբոց, որպէս եւ տեսաք եւ տեսանեմք» (Լ. Վրք. Սրբոց, հատոր ԺԱ. էջ Ղ-ՂԱ):
10). -- Վկայասէրէն ետք՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի մաս մը նոր ընթերցուածներ աւելցուց, իր կողմէ կարգուած՝ Հոգեգալստեան եւ Վերափոխման տօներու յաւելուածական օրերուն համար: Ասոնցմէ առաջինին մասին այսպէս կը վկայէ Տօնացոյցի խորագիրը. «Յայս վեց աւուրս՝ Սուրբն Ներսէս Շնորհալին կարգեաց տօնել զտօն Հոգւոյն Սրբոյ գալստեան, եւ զարդարեաց երգովք եւ ընթերցուածովք» (էջ 147):
11. -- Հետագային ուրիշ ընթերցուածներ եւս աւելցան, ինչպէս Ներսէս Լամբրոնացիի Ճառը, որ կը կարդացուի Հոգեգալուստի տօնին, Յովհաննէս Պլուզի (ԺԳ. դար) եւ Առաքել Վարդապետի (ԺԵ. դար)գրուածները, եւն:
12 . -- Ճաշոցը ունի նաեւ Տօնացոյցի բաժին՝ դրուած իւրաքանչիւր օրուան ընթերցուածներուն սկիզբը: Աստուածայայտնութեան Ճրագալոյցի հրահանգին մէջ կարեւոր է հետեւեալ տեղեկութիւնը տասներկու ընթերցուածներու կարգաւորման մասին. «եւ ընթեռնուն շուրջառով զերկոտասան ընթերցուածսն զոր կարգեալ է Սուրբն Յակոբ Տեառնեղբայրն» (Ճաշոց, 1686, Վենետիկ):
13. -- Ձեռագիր Ճաշոցները իրարմէ տարբեր պարունակութիւններով կը ներկայանան մեզի: Ֆր. Մուրատ համեմատութիւն մը կատարած է Երուսաղէմի Ձեռագրատան մէջ գտնուող 7 գրչագիր Ճաշոցներու վրայ, ցոյց տալու համար թէ իւրաքանչիւրը Աստուածաշունչի որ գրքերէն ընթերցուածներ կը բովանդակէ (Տես Յայտ. Յովհաննու Հին Հայ Թարգմանութիւն, էջ ՄՂԷ-ՅԶ):
14. -- Ճաշոց Գիրքը առաջին անգամ տպուած է Երեւանցի Թադէոս Երէց Համազասպեանի ջանքով, Վենետիկի մէջ, 1686ին, «ի Հայրապետութեան Սրբոյ Աթոռոյն Էջմիածնի Տեառն Եղիազարու Սրբազան Կաթուղիկոսին, ներտպարանում Ճուղայեցի Խօճայ Սահրատի որդի Պարոն Գասպարին»: Ապա ունեցած է բազմաթիւ տպագրութիւններ, Պոլիս (1722, 1732, 1742, 1793, 1799), Հռոմ (1777), Էջմիածին (1872), եւ Երուսաղէմ (1873). (Հմմտ. Հայկ. Նոր Մատենագիտութիւն, Հ. Ա. Ղազիկեան, էջ 1678-1694):
15. -- Հետզհետէ Ճաշոցը ստացաւ կայուն ձեւ մը: Անոր այժմու բովանդակութիւնը կը ներկայացնենք այստեղ: Ս. Գիրքէն առնուած կտորներուն մանրամասն ցանկը պատրաստած է Յովհ. Ա. Քահանայ Մկրեան եւ հրատարակած Բաբգէն Ծ. Վրդ. Կիւլէսէրեանի Լոյսին մէջ, Ա. Տարի, 1905: Մենք ատկէ կ՚ամփոփենք համառօտակի, ցոյց տալու համար թէ Աստուածաշունչի որ գիրքերը այժմ կը կարդացուին մեր եկեղեցիին մէջ եւ որոնք չեն կարդացուիր: Ս. Գիրքէն դուրս եղող գրուածներու ցուցակը կու տանք ամբողջութեամբ, դասաւորելով ըստ տեսակին:
16. -- Ցուցակ Աստուածաշընչական ընթերցուածներու. -- Ա. -- Հին Կտակարան.
1. - Ծննդոց մասամբ
2. - Ելից ,,
3. - Ղեւտացուոց 1. ԺԲ. 6-8
4. - Թուոց 1. ԺԱ. 24-27: 2. Ի. 23-30
5. - Երկրորդ Օրինաց ,,
6. - Յեսուայ ,,
7. - Դատաւորաց չի կարդացուիր
8. - Հռութայ ,,
9. - Ա. Թագաւորութեանց ,,
10. - Բ. ,, 1. Ե. 1-10: 2. Զ. 12-19
11. - Գ. ,, ,,
12. - Դ. ,, ,,
13. - Ա. Մնացորդաց չի կարդացուիր
14. - Բ. ,, 1. Դ. 2-6
15. - Ա. Եզր. չի կարդացուիր
16. - Բ. Եզր չի կարդացուիր
17. - Նէեմեայ չի կարդացուիր
18. - Եսթերեայ 1. Ժ. 4-9
19. - Յուդիթայ 1. ԺԵ. 8-15: 2. ԺԶ. 1-4
20. - Տովբիթայ չի կարդացուիր
21. - Ա. Մակաբայեցւոց ,,
22. - Բ. ,, 1. Ա. 18-31: 2. Է. 1-42
23. - Գ. ,, չի կարդացուիր
24. - Սաղմոսաց ամբողջ
25. - Առակաց մեծ մասամբ
26. - Ժողովի 1. ԺԱ. 9-ԺԲ. 7
27. - Երգոց երգոյն մասամբ
28. - Իմաստութեան Սողոմոնի (Սիրաքա՞յ) մասամբ
29. - Յոբայ մասամբ
30. - Եսայեայ մեծ մասամբ
31. - Ովսեայ մասամբ
32. - Ամովսայ ,,
33. - Միքիայ ,,
34. - Յովելեայ ,,
35. - Աբդիու ամբողջ ժ Ա. 1-2
36. - Յովնանու ,,
37. - Նաւումայ մասամբ
38. - Ամբակումայ 1. Ա. 1-Յ
39. - Սոփոնիայ ,,
40. - Անգեայ 1. Բ. 1-10
41. - Զաքարիայ ,,
42. - Մաղաքիայ ,,
43. - Երեմիայ ,,
44. - Բարուքայ մասամբ
45. - Ողբ Երեմիայ 1. Գ. 22-34
46. - Դանիէլի ,,
47. - Եզեկիէլի ,,
Մահ մարգարէից. -- «Աստուածաշունչի գրչագրաց ու Ճաշոց գրոց մէջ գտնուածներուն շատ տեղ համաձայն, եւ հաւանականաբար թարգմանութիւնք Եպիփանու այս երկասիրութեան» (Մատ. Հայկ. Թարգմ. Հ. Գ. Զ. էջ 417):
17. -- Բ. Նոր Կտակարան, որ կը պարունակէ 27 գրութիւններ, եւ որոնք, բացի երկուքէն, կը կարդացուին ամբողջութեամբ: Բացառութիւններն
են.
1. - Թուղթ առ Փիլիմոն, որ հին ատեն կը կարդացուէր Վլասայ եւ
Ոնեսիմոնի տօնին,1 2. - Յայտնութիւն Յովհաննու: Կը կարդացուի
-------------------------------------------------------------------------
1Տես Ձեռ. Ս. Յ. Թ. 12, Ճաշոց, էջ 77-79:
սակայն Հանգիստ երանելւոյն Յովհաննու (Բ. 370 էջ), որ Նոր
կտակարանի երկրորդականոններէն կրնայ համարուիլ: Նոյն կարգին
կրնայ դասուիլ նաեւ Թուղթ Կորնթացւոց առ Պաւղոս Առաքեալ
(Ձեռ. Ս.Յ.Թ 12, Ճաշոց, էջ 109-110):
18. -- Ճաշոցի մէջ գրուածներ կան հետեւեալ Ս. Հայրերէն.
Ա. Հայ եկեղեցւոյ հայրեր
1. - Յովհաննէս Պլուզ - Խրատ - Ոտնալուայ. Ա. 209
2. - Ներսէս Լամբրոնացի - Աղօթք - Հոգեգալուստ - Բ. 60
3. - Եղիշէ Վարդապետ - Աղօթք - Այլակերպութիւն - Բ. 149
4. - Ներսէս Հայրապետ - Աղօթք - Խաղողօրհնէք - Բ. 199
5. - Զաքարիա Կաթողիկոս - Ներբողեան Խաչի - Խաչվերաց - ըստ կարգ
մը ձեռագիր Ճաշոցներու (հմմտ. Ձեռ. Ս. Յ. Թ. 3157):
Բ. Յոյն եւ Ասորի հայրեր
1. Բարսեղ Կեսարացի - Օրհնութիւն - Ջրօրհնէք - Ա. 8
Աղօթք - կարգ ապաշխարողաց - Ա. 193
Խրատ - Աւագ Եշ. - Ա. 203
Աղօթք - Վարդավառ -
Ձ.Ս.Յ.Թ. 1Ձ, Ճաշոց էջ 686-699
15 ,, 711-724
5 ,, 628
2. Յովհան Ոսկեբերան - Աղօթք եւ Օրհն.- կարգ Ապաշխարողաց
- Ա. 196
,, Հոգեգալուստ - Բ. 52
,, ,, Բ. 54
,, ,, Բ. 55
3. Կիւրեղ Երուսաղէմացի - Թուղթ - Երեւումն Խաչի - Ա. 374
4. Ս. Եփրեմ (թրգ. Գր. Վկայասէր) - Աղօթք - Ոտնալուայ - Ա. 206
,, ,, Ա. 213
,, ,, Ա. 214
,, ,, Ա. 215
5. Յակոբ Սրճեցի - Ճառ Խաչի - Աւագ Որբաթու - Ա. 229
19. Քարոզներ, սարկաւագաց յատուկ.
1. Եւ եւս գոհութիւն - Ոտնալուայ - Ա. 206
2. Աստուած մեծ - ,, Ա. 210
3. Եւ եւս միաբան - ,, Ա. 215
4. Գոհացարուք - Խաղողօրհնէք - Բ. 199
20. Տաղեր
1. Քրիստոս Բանդ Հօր - Սորեկայ Կոստանդեայ - Ջրօրհնէք - Ա. 13
2. Ով զարմանալի - Գր. Կաթ. (Գր. Պահլաւունի) ,, Ա. 13
3. Այսօր ձայնն հայրական - ,, Ա. 13
4. Եկայք մարդիկք - Աւագ Եշ. - Ա. 206
5. Աստուածն ամենի - Առաքել Վրդ. - Ոտնալուայ - Ա. 213
6. Աստուածածին կոյսն Մարիամ Աւագ Ուր. - Ա. 249
21. Գանձեր
1. Յամենայն ժամ - Յովհ Վրդ. Պլուզ - Ջրօրհնէք - Ա. 12
2. Այս խորհուրդ լցաւ - Տէր Մխիթար - Ոտնալուայ - Ա. 211:
|