ԴԱՐԸ
Մեր մատենագրական պատմության մէջ, ԺԲ. դարը Արծաթէ Դար կը կոչուի: Կը համեմատուի Ե. դարու (Ոսկեդար) հետ, մատենագրական երկերու կշիռով եւ հեղինակներու հոյլով:
ԺԲ. դարու մէջ, թէ իբրեւ հայրապետ եւ թէ իբրեւ մատենագիր՝ նախակարգ դէմք է Ներսէս Շնորհալի, որ նաեւ կը խորհրդանշէ այս դարը:
ՏՈՀՄԸ, ԾՆՈՂՔՆ ու ԸՆՏԱՆԻՔԸ
Ն. Շնորհալի կը պատկանի Նոր Պահլաւունիներու տոհմին: Այս տոհմը կը նկատուէր Լուսաւորչի ցեղին: Նոր Պահլաւունիներու տոհմին առջինեկ ներկայացուցիչն էր Գրիգոր Մագիստրոս՝ ԺԱ. դարու հռչակաւոր գիտնականն ու մատենագիրը:
Ներսէսի հայրն է՝ Ապիրատ Պահլաւունի իշխանը: Ապիրատ թոռն է Գր. Մագիստրոսի, զաւակը՝ անոր չորրորդ աղջկան, նաեւ քեռորդին՝ Գրիգոր Բ. Մեծ Վկայասէր Կաթողիկոսի, այս վերջինը՝ ըլլալով զաւակներէն մին՝ Գր. Մագիստրոսի:
Ապիրատի զաւակներն էին անդրանկութեան կարգով՝ Վասիլ, Գրիգորիս, Ներսէս, Շահան կամ Զօրավար:
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆԸ, ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԸ, ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ
Ներսէս ծնած է 1102-ին, Ծովք բերդին կամ դղեակին մէջ, որուն տէրն էր իր հայրը: Ծովք՝ կը գտնուէր Տաւրոս Լեռներու մէջ, Այնթափի եւ Մարաշի միջեւ: Ներսէսի ծննդեան թուականը կը զուգադիպի 800-ամեակին այն թուականի, երբ առաջին Պահլաւունի հայրապետը կ՝ըլլար Ս. Գր. Լուսաւորիչ (302):
Ներսէս իր երէց եղբօր՝ Գրիգորի հետ, կանուխէն յանձնուեր էր խնամքին եւ դաստիրակութեան՝ մեծ մօրեղբօր՝ Վահրամ - Գրիգոր Բ. Մեծ Վկայասէր ի (Կաթողիկոս՝ 1065-1105):
1105-ին, կը վախճանէր Մեծ Վկայասէր: Կը յաջորդէր Բարսեղ Ա. Անեցի (Կաթողիկոս՝ 1105-1113), նոյնպէս Պահլաւունեաց տոհմէն:
Բարսեղ կաթողիկոս, Կարմիր վանքի մէջ, Վկայասէր ի կտակին համաձայն, Գրիգորի եւ Ներսէսի կրթութեան եւ դաստիրակութեան հոգը կը վստահէր Ստեփանոս Մանուկ վարդապետ - Եպիսկոպոսին:
Ստեփաննոս, առաջնորդն էր նոյն վանքի, հանրահայտ՝ իր գիտութեամբ եւ սրբակեաց վարքով: Կը կոչուէր նաեւ Ստեփաննոս Գիտնական Կարմիրավանեցի: Գրիգոր եւ Ներսէս եղբայրներուն հետ՝ կ՝ուսանէին նաեւ Իգնատիոս, Բարսեղ եւ Սարգիս վարդապետները, որոնք ապա եղան մեծ մատենագիրներ Արծաթէ դարուն:
Ներսէս, իր գլխաւոր ուսումը կը ստանար այստեղ: Դասեր՝ որոնք կ՝աւանդուէին, հետեւեալներն էին. Ս. Գրական Եկեղեցական պատմութիւն, մատենագրութիւն, երաժշտութիւն, տոմարագիտութիւն, շարադրութիւն, վկայաբանութիւն՝ սուրբ հայրերու կեանքն ու գրական վաստակները, արտաքին գիտութիւններ, վայելչագրութիւն կամ գեղագրութիւն, ինքնուրոյն եւ թարգմանածոյ երկեր: Լրիւ հայեցի կրթութիւն ստացեր էր Ներսէս, բայց առիթը չէր ունեցեր ուսանելու՝ շրջանի մերձաւոր կամ հեռակայ օտար ոստաններու մէջ:
ՆԵՐՍԷՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԿԸ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԻ
1113-ին, Կաթողիկոս կ՝ըլլայ Գրիգոր Գ. Պահլաւունի, հազիւ 19 տարու, Ներսէսի երէց եղբայրը: 1116-ին, Գրիգոր Գ., իր Աթոռը կը փոխադրէր հայրենական Ծովք դղեակը: 1120-ին, Ներսէս 18 տարեկան, վարդապետ կը ձեռնադրուէր այստեղ՝ իր Կաթողիկոս եղբօր ձեռքով:
Ներսէս, 1121-ին, կը գրէր իր «Վիպասանութիւն»ը, սկիզբ դնելով իր գրական կեանքին: Կը շարունակէր ուսումը, միեւնոյն ատեն կ՝օժանդակէր իր Կաթողիկոս եղբօր, եկեղեցա վարչական գործերու մէջ: Անոնք՝ երբեմն կը գտնուէին Ծովք, երբեմն ալ Քեսունի Կարմիր վանքը: Բայց 1125-1150 ժամանակամիջոցին, ամբողջ քառորդ դար, երկու եղբայրները կը բնակէին Ծովք, իրենց հայրենի տունը, ու հաստատեր էին Հայրապետական Աթոռը:
Իր շնորհներով, քաղցր բնաւորութեամբ, օրինակելի վարքով, զարգացումով եւ ուշիմութեամբ, իր հոգիի մաքրութեամբ, Ներսէս՝ հակառակ պատանի հասակին, կը գրաւէր ուշադրութիւնը իր մեծերուն: Նա գերազանց էր իր ժամանակակիցներու եւ դասակիցներու մէջ: Այս պատճառավ, «Շնորհալի» տիտղոսը կամ պատուանունը սեփական եղաւ իրեն իբրեւ արդար ժառանգ՝ նուիրականացաւ, անանջատելի մնաց իր բարի ու անմոռանալի անունէն:
ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ, ԻՐ ՀԱՇՏԱՐԱՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1132-ին, երեսուն տարու, Ներսէս Շնորհալի եպիսկոպոսական օծում կը ստանայ Ծովքի ի մէջ, դարձեալ իր Կաթողիկոս եղբօր ձեռքով:
1138-1139 թ., Լատինները՝ իրենց զանազան խնդիրներու կարգադրութեան համար ժողովներ կը գումարէին, Անտիոքի եւ Երուսաղէմի մէջ յաջորդաբար: Կը հրաւիրուի Գրիգոր Գ. Կաթողիկոսը: Ներսէս Շնորհալի Եպիսկոպոս՝ կ՝ընկերանայ իր եղբօր:
Գրիգոր Մեծ Վկայասէրի օրերէն սկսեալ,հայ եւ ասորի եկեղեցիներու միջեւ, ծիսական հարցերու առընչութեամբ հակամարտութիւն մը կար: Այս հակառակութիւնը դուռ կը բանար խռովութիւններու, որոնք հետզհետէ սաստկացեր էին Գրիգոր Գ. ի ժամանակ: Ն. Շնորհալի, իր Կաթողիկոս եղբօր փափաքով՝ կը գրէր իր առաջին կրօնական թուղթը, պարզ բացատրութիւններով կը բառնար վիճելի հարցերը, կը հանդարտեցնէր կիրքերը՝ իր խաղաղարար ոճով ու անդրադարձումներով եւ կւ յորդորէր երկու ազգերը՝ հաշտ ապրելու իրարու հետ: Իր երկարագոյն թուղթն է:
1144-ին, Հագարացիներու Զանգի Ամիրան կ՝ավերէր Եդեսիա քաղաքը: Շնորհալի կը գրէր իր «Եդեսիոյ Ողբ»ը:
ՀՌՈՄԿԼԱՅԻ ՄԷՋ, ՆԵՐՍԷՍ ԿԼԱՅԵՑԻ
ԺԲ. դարու երկրորդ սկզբնակէսին, քաղաքական շփոթ կացութիւններու պատճառաւ, Ծովք բերդը այլեւս անապահով կը նկատուի: Գրիգոր Գ., լատիններու Ճօսլին իշխանէն կը գնէ Հռոմկլայ բերդը: 1150 - թ. հոն կը փոխադրէ Կաթողիկոսարանը: Հռոմկլայ, կը գտնուի Այնթափէն դէպի հիւսիս - երեւելք եւ Եդիսիայէն արեւմուտք, Եփրատի աջ ափին, Թլպաշարի հարաւ - արեւելեան կողմը (այժմ՝ Ռումգալէ):
Ներսէս, Հռոմկլայ կը մնայ մինչեւ իր կեանքի վերջը, այստեղ կը գրէ իր երկերու մեծ մասը, ասոր համար ալ՝ կը կոչուի Կլայեցի անունով:
Հայրապետական Աթոռը կը մնայ հոն, մինչեւ 1292 թ., մինչեւ աւերումը Հռոմկլայի, Եգիպտոսի իշխանին՝ Մելիք Աշրաֆի ձեռքով: Այնուհետեւ Աթոռը Կը փոխադրուի Սիս (1294), որուն առաջին Կաթողիկոսը կ՝ըլլայ Գրիգոր Է. Անաւարզեցի (1293-1307):
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԼԻ
1165-ին, Բիւզանդական եւ հայ եկեղեցիներու միՋեւ, վերսկսեր էր յուզուիլ միութեան խնդիրը: Անջատ բաժնի մը մէջ, ներկայացուած են այս հարցի մանրամասնութիւնները, ուր կը յատնուի՝ թէ Շնորհալի միութեան համակարծիք ըլլալով հանդերձ, բանիւ եւ գրչով կը պաշտպանէ նաեւ իր մայրենի եկեղեցին, անոր ինքնուրոյն եւ անկախ նկարագիրը:
Ն. ՇՆՈՐՀԱԼԻ՝ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ (ՆԵՐՍԷՍ Դ. ԿԼԱՅԵՑԻ, 1166 - 1173)
1166 թուականի Ապրիլ 17 ին, Գրիգոր Գ., ծերութեան պատճառաւ կը հրաժարի հայրապետական իշխանութենէն: Հռոմկլայ, եպիսկոպոսներու համագումարի մը մեջ, իրեն յաջորդ կը կարգէ Ներսէս ը: Շնորհալի կը հարկադրուի ընդունիլ: Իր կաթողիկոս օծման օրը, կու տայ անդրանիկ պատգամը «Ատենաբանութիւն»ը, մին՝ իր ընտիր արձակներէն:
64 տարեկան էր Շնորհալի, երբ կը բարձրանար Հայրապետական Աթոռ: Թէեւ մարմնով տկար, բայց նոյն խանդով կը վարէր եկեղեցա - վարչական գործերը, ինչպէս կ՝ընէր, երբ օժանդակ ու զօրավիգ էր իր եղբօր:
1166-ին, կաթողիկոսական իշխանութիւնը փոխանցելէ երեք ամիս վերջ կը վախճանէր Գրիգոր Գ.:
Ներսէս, եօթն տարի եւ երեք ամիս կը վարէ կաթողիկոսական պաշտօնը: Կը բարեկարգէ ու կը պայծառացնէ Հայ Եկեղեցին: Կ՝ըլլայ արթուն եւ հոգատար հովուապետն իր ժողովուրդին, գիտուն, աստուածաբան անձ եւ մեծատաղանդ բանաստեղծ: Կը ճոխացնէ մեր մատենագրութիւնը, իր բազմաթիւ ընտիր երկերով, մեր գանձարանները՝ հոգեզմայլ շարականներով, տաղերով, աղօթքներով ու գանձերով:
Նորընտիր Հայրապետը ֆիզիքապէս ալ տկար կը զգար ինքզինքը: Հռոմկլայի կլիման, մանաւանդ ամառնային տաքը, իր տքնաջան աշխատութեանց վրայ աւելանալով՝ տարիներ առաջ հիւանդացուցեր էին զՇնորհալի, պարագայիկ կամ պարբերական ջերմով մը, որ կը կրկնուէր յամրընթաց բնոյթով, ուրկէ չէր կրցեր բժշկուիլ, բայց դիմացեր էր 15-20 տարի, զգուշութեամբ:
ՎԱԽՃԱՆՈՒՄՆ ՈՒ ԹԱՂՈՒՄԸ
1173 օգոստոս 13 ին, կը վախճանի Շնորհալի Հայրապետը: Իր եղբօրորդին - իր աւագ եղբօր՝ Վասիլի որդին - Գրիգոր Դ. Տղայ անմիջապէս կը յաջորդէ իրեն: Շնորհալիի յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի մեծ շուքով, նախագահութեամբ՝ եպիսկոպոսներու, վանականներու եւ անհամար ժողովուրդի: Գրիգոր Տղայ կը խօսի դամբանականը, ինչպէս շատեր՝ կ՝արտասանեն ներբողներ եւ գովասացութիւններ:
Ն. Շնորհալի ի «հոգիացեալ մարմին»ը կը հանգչի Հռոմկլայ: Իր դամբարանին վրայ, Գրիգոր Տղայ Կաթողիկոս կառուցանել կու տայ փառաւոր եկեղեցի մը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անունով: Այնտեղ կը հանգչեցնէ նաեւ մարմինները՝ Գրիգոր Գ.ի եւ Գրիգոր Բ. Վկայասէր ի:
ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ ՈՒԽՏԱՏԵՂԻ
Երբ Հռոմկլայ 1292-ին, Եգիպտացիներէ կ՝աւերուի, հաւանաբար աւելի առաջ՝ ուրիշ եկեղեցի մըն ալ կը շինուի, գագաթն այն քարանձաւին «ուր տօթահար տատրակի նման քաղցրիկ մնչմամբ» 22 տարի գանգատեր էր Շնորհալի: Այդ տաճարին նեքեւ կ՝ամփոփուին Շնորհալիի նշխարները: Ուխտատեղի մըն էր Իր գերեզմանը: Զայն կը պատուէին ամեն կրօնէ մարդիկ, իբրեւ սուրբի մը շիրիմը:
Շնորհալի Հայրապետ սուրբերու կարգ անցած է եւ իր յիշատակը կը տօնուի «Թարգմանչաց Օր»ը, Խաչվերացի Դ. Շաբաթ օր:
|