1.- Վիպասանութիւն
Առաձին տաղաչափեալ հայոց պատմութիւնն է, առաջին պատմական քերթուածը՝ մեր գրականութեան մէջ: Հազիւ քսան տարեկանին գրած է զայն (1121), ասով՝ սկիզբ դնելով իր գրական կեանքին: Կը բաղկանայ 1600 ութ - վանկանի կամ ութոտեան տողերէ:
Հետեւելով նախ՝ Մ. Խորենացի ի, պատմած է Հայկազն եւ Արշակունի տոհմերու մասին, համառօտիւ՝ Բագրատունիներու վրայ, Հին եւ Նոր Պահլաւունիներու մասին, մինչեւ իր շրջանը: Նախաբանին մէջ կը յայտնէ՝ թէ կ՝ուզէ իր երախտագիտական տուրքն ընծայել առ նախնիս եւ առ ծնողս.
Պարտական է հօր որդի
Հատուցանել վարձս ծնողի
Եւ անդրադարձ փոխարինի
Բազում երկանցըն պատշաճի:
2.- Յիսուս Որդի
Շնորհալի ի գրական լաւագույն երկն է: Կրօնական վիպերգն մըն է, վիպասանական ողբերգութիւն մը՝ «Ողբերգութիւն վիպասանական ի տառից սրբոց»: Ըստ սկիզբի բառերու կը կոչուի «Յիսուս Որդի»:
Մեզի կու տայ Ս. Գրքի պատմութիւնը: Իր նպատակն է՝ դիւրըմբռնելի եւ ոտանաւոր ձեւով աւանդել Ս. Գրոց պատմութիւնը, «որպէս զի տաղտկալի չըլլայ եւ հաճոյքով կարդացուի»: Իր այս առաջադրութիւնը կը պարզէ երկի յիշատակարանին մէջ, ուր ինքզինք կ՝անուանէ նաեւ «Երգող» (Յիշատակարան Երգողի Բանիս):
Երեք մասէ կը բաղկանայ. ա. հին կտակարան. բ. Քս.՝ի կեանքը մինչեւ չարչարանքներ. գ. չարչարանքներէն մինչեւ Համբարձում: Ապա՝ կը խօսի հոգեգալստեան, սուրբերու, ճգնաւորներու, վկաներու եւ վերջին դատաստանի վրայ:
Շնորհալի, այս խորհրդապաշտ - քնարական երկը գրած է 1152-ին: Յօրինուած է 4000 ութ - վանկանի տողերէ, որոնք նոյն «ին» յանգով կը վերջանան. «երկհազարեան տամբ յանգական»:
Ս. Գրիգոր Նարեկացի ի նման, Շնորհալի ալ՝ մարդոց արարքներու պատասխանութիւնը եւ մեղքերը՝ իր անձին սեփական կը նկատէ, կը խօսի զղջական աղօթքի եւ մաղթանքի ձեւով. «ողբումն հեծութեան սրտի, խօսք ընդ Աստուծօյ»: Իր ողբերգը՝ մեղմ, փափուկ եւ հանդարտ է, չունի Նարեկացի ի «հեծկլտանքն ու թառանչը, սրտի այրուքն ու ճենճերումը, տոչորող ու կրակոտ զղջումը», այլ հեզիկ հառաչ մըն է: Միայն, վերջին դատաստանի նկարագրական հատուածին մէջ՝ կը սաստկանան այդ հեզիկ արտայայտութիւնները.
՚՚յորժամ տարերքըս դըղըրդին
Հաստատութիւնքն սասանին
Իբրեւ ընդ ծովու կոհակք կուտին
Ի յեռանդանըն կաթսային.
Լերինք հիմամբըք զարհուրին
Եւ ուժգնակի բախմամբ թընդին՚՚:
Յակոբ Վիլլոդ Եւրոպացին՝ «Յիսուս Որդի» երկը կ՝անուանե «Մատեան՝ արդարեւ աստուածային», Հ. Ղ. Ալիշան՝ «Աստուածային Ողբերգութիւն»:
3.- Բան Հաւատոյ
«Յիսուս Որդի» քերթուածի բովանդակութեան մէկ մասը տրուած է այստեղ: Աւետարանի համառօտ պատմութիւնն է: Քերթուած մըն է՝ 1500 ութոտեան տողէ բաղկացած, յանգերու փոփոխմամբ: Գրած է իր Ապիրատ եղբօրորդիին խնդրանքով, 1151 ին, «Յիսուս Որդի» ի թուականէն առաջ, առանց այս վերջնոյ գրական կառոյցի բծախնդրութեան: Նուիրած է զայն՝ իր ծնողներուն եւ ազգականներուն: Սկիզբը գրաուծ է մեր եկեղեցւոյ դաւանանքը աստուածութեան եւ Քս. ի բնութեան մասին: Երկի յիշատակարանին մէջ, կը պատմուի Հայրապետական Աթոռի Հռոմկլայ փոխադրութիւնը:
4.- Ողբ Եդեսիոյ
Շնորհալի ի բանաստեղծական արուեստի լաւագոյն երկասիրութիւններէն մին է: Հագարացիներու Զանքի ամիրայի օրով՝ (1144 ին) Եդեսիա քաղաքի աւերումը կը պատմէ: Գրուած է 1145-1146 թ. ին, դարձեալ իր եղբօրորդւոյն Ապիրատ՝ի խնդրանքով: Կը բաղկանայ 1054 ութվանկանի երկտող տուներէ:
Նոյնինքն՝ Եդեսիա (Ուռհա) քաղաք է՝ որ դիմառնութեամբ կը խօսի: Նախ՝ կը պատմէ իր ծաղկեալ վիճակը, ապա՝ աւերումի դէպքը, հրաւիրելով ժամանակի մեծ քաղաքները՝ - Հռոմ, Անտիոք, Անի - ողբալու իր կործանումը:
Նկարագրական ընտիր քերթուած մըն է, ճարտասանական ձեւեր, փոխաբերութիւններ, նմանողութիւններ՝ իրար կը յաջորդեն: Այս ողբը որեւէ աւերեալ քաղաքի կրնայ պատշաճիլ:
Ֆրանսացի հայագէտ մը՝ Տիւլորիէ, այս երկի առաջին մասը թարգմանած է ֆրանսերէնի:
5.- Յաղագս Երկնից եւ Զարդուց Նոցա
Շնորհալի այս երկը տուած է, իր բարեկամին՝ Մխիթար Հերացիի խնդրանքով: Մխիթար Հերացի բժշկապետն ու աստղագէտը ԺԲ. դարու մատենագիրներէն է, հեղինակ՝«Ջերմանց Մխիթարութիւն» անունով երկին, որ աշխարհաբար լեզուով գրուած մեր առաջին գիրքն է:
Շնորհալի կը խօսի երկնքի եւ անոր զարդերուն մասին: Երկը կը բաղկանայ երկու չափածոյ բանաստեղծութիւններէ, 12-վանկանի չափով եւ «ան» յանգերով: Առաջին՝ 200 տողէ կազմուած է, նոյնպէս դիմառնաբար կամ բարառնաբար յօրինուած: Երկինքն՝ ինք կը խօսի առաջին դէմքով: Կը պատմէ իր կազմութիւնը, ստեղծագործութիւնը, արեւու, լուսնի, աստղերու յօրինուածքը, կարգն ու սարքը, 7 մոլորակներն ու 12 կենդանակերպերը: Այս բոլորը նկարագրուած ու պարզուած են ժամանակի ծանօթութիւններուն եւ ըմբռնումներուն համաձայն: Կը խօսի երկինքը՝
«Իմ՝ եղական գոլով բնութիւն եւ սկզբնական
Յանեղէն ձգեալ կամար անզուգական.
Հիմն եւ աւարտ իմ գոյացութեանցս այս նիւթական,
Անդունդք ի խոր, բարձունք ի վեր միշտ վերանամ»:
Շնորհալի հեղինակը՝ քերթուածի աւարտին, կ՝արտայայտէ իր հիացումը, Իր բերնով.
«Նայիմ յերկինս եւ նըկատեմ զայս ամենայն,
Եւ փառս տամ անեղ բնուփեան արարչական»:
Երկրորդ քերթուածը «Յորդորակ» մըն է, 62 տողէ բաղկացեալ: Ամէն տան (երկտողի) սկզբնատառերը հետեւեալ գլխակապը կը կազմեն. «Մխիթար բժիշկ. ընկալ ի Ներսիսէ զայս բան»: Այս յորդորակին մէջ, տրուած է հաւատոյ դաւանութիւն մը, ուր կը պարզուի՝ թէ ամէն բանի սկիզբն ու պատճառը՝ Աստուած է:
6.- Ներբող Սրբոյ Խաչին
Դ. Անյաղթ ի «Խաչի ճառ» ին յարասութիւնն է, նիւթն առնուած՝ այդ ներբողեանէն. «Տեառն Ներսիսի Ներբողեան կենսատու Ս. Խաչին»: 12- վանկանի քերթուած մըն է: Վերջին մասը օրհներգութիւն մըն է, ութ-վանկանի տողերով եւ փոփոխեալ յանգերով:
7.- Մաղթանք առ սուրբ հրեշտակսն
Շնորհալի՝ իր «Ներբող Հրեշտակաց» արձակէն անջատաբար, տուած է այս չափածոյ գովեստն ալ: Իր եղբօր՝ Գրիգոր Գ. Կաթողիկոսի խնդրանքով գրած է այս քերթուածը, ուր կը ներկայացուին հրեշտակներու կամ զուարթներու դասեր, իրենց դերերով կամ պարտականութիւններով, կը դրուատուին հրեշտակները՝ մանաւանդ անոնք՝ որոնք են «մերձաւորագոյնք ու խնամողք մարդկան»:
8.- Խրատներ
Շնորհալիի չափածոյ խրատներու մէկ շարքը ուղղուած է մանուկներու կամ տղոց դասուն: «Թուղթ ընդհանրական» ի մեջ՝ այս դասն յիշուած է չըլլալով, Շնորհալի Հայրապետը առանձնապէս, ոտանաւոր խօսքով ուզեց ներշնչել անոնց՝ ազնիւ ու բարի սկզբունքներ, առողջ դատումներ:
Խրատներու այս շարքը կը կրէ հետեւեալ վերադիրը. «Նորին Տեառն Ներսիսի ի խրատ մանկաց ուսումնականաց ի դիմաց Այբուբենից տառից ոտանաւոր չափով»: Խրատները գրուած են ուրեմն՝ այբուբենի տառերու կարգով, անոնցմէ քաղուած են կամ հանուած: Կը բաղկանան քառեակներէ, ութոտեան չափով, պարզ ոճով, մեր տառերու թիւով: Անոնք լեցուն են բարոյակրթական թելադրանքներով, կը ջատագովեն ուսումն ու գիտութիւնը:
Խրատներու ուրիշ շարք մը՝ ութեականերէ կը բաղկանայ: Ընդհանուր վերնագիրն է՝ «Նորին բան ներտաղական ի խրատ հոգւոց համայնից. ի դիմացմերոյին տառից տանց յիւրաքանչիւրսն քառից»: Այս խրատներն ալ մեր Այբուբենի տառերու կարգով եւ թուով են: Ամէն մէկ խրատ յօրինուած է չորս տունէ (երկու տողը՝ տուն մը): Ուղղուած են ՝ ամէն մարդու, ամէն չափ ու հասակի, բայց ոչ՝ գիտուն անձերու: Կը պարունակեն բարոյական յորդորներ, առաքինութեան դասեր:
Այս երկու գլխաւոր շարքէն զատ՝ դարձեալ այբբենական կարգով եւ թիւով, քառեակներով՝ տղոց կը բացատրէ հաւատոյ վարդապետութիւն մը՝ արարչութեան խորհուրդին, Երրորդութեան գաղափարին եւ նման նիւթերու մասին. «նորին Ներսէսի Կլայեցւոյ ասացեալ բան հաւատոյ՝ վասն անեղին եւ եղելոյ»: Այս շարքի աւարտին՝ «Ներսէս» գլխակապի բաժնին՝ առաջին երկտողիկն է «Նորոգ մանկունք իմաստութեան, տուաք զայս բան՝ քեզ խրախութեան»:
Խրատներու շարքերէն նմոյշներ տրուած են առանձին էջի մէջ:
9.- Առակներ - Հանելուկներ
Շնորհալի հետեւելով ժողովրդական բանահիւսութեան, նոր տեսակ մը եւս շահեցուցած է մեր գրականութեան, այն է՝ առակ - հանելուկները: Առակ բառը՝ հարկ է ըմբռնել ժամանակաշրջանի յատուկ իմաստով եւ ոչ արդի նշանակութեամբ, այլ իբրեւ հանելուկներ:
Առակներու թիւը կը յանգի 120-ի. «առակք՝ վասն ուրախութեան մարդկան»: Ասոնց մէջ կան ժամանակի ընթացիկ լեզուով, ժողովրդական բարբառով քառեակներ, որոնց նպատակը ոչ միայն զուարճացնել է, այլեւ ուսուցանել, միտքը արթնցնել, պատկերացնել բնութիւնը, իր տարրերով եւ էակներով: Նմոյշները տրուած են առանձին էջով:
Շնորհալիի քերթողական արուեստը
Շնորհալիի բանաստեղծի տաղանդը՝ կը յայտնուի իր բոլոր երկերուն մէջ, արձակ կամ չափածոյ: Կը հաւատայ սակայն, թէ քերթուածով խօսքը աւելի տպաւորիչ, վայելուչ եւ հաճոյալի կը դառնայ:
Շրջանի մը մէջ, ուր տաղաչափական ձեւը՝ յատուկ էր միայն սիրոյ երգերու եւ աշխարհիկ այլ նիւթերու, Շնորհալի բանաստեղծը չէ ընկրկած սիրոյ երգերու տաղաչափութեան ձեւը կերարկելու կրօնական բովանդակութեամբ քերթուածներու մէջ.
«Քանի արդեօք վայելչանայ
Ճշմարտութեան բանս ի սմա
Եւ մի ի յայս՝ ոք յախտանայ
Թէ չափածոյ բանիւս է սա»:
Իր բանաստեղծութիւնները ընդհանրապէս ուսուցական բնոյթ ունին, «Մտքի բացում» կու տան, լեցուն են իմաստի եւ գաղափարի քանդակներով:
Շնորհալի՝ հոգերգակ բանաստեղծ է, կու տայ ներանձնականը, մարդկային հոգեվիճակները, քնարական թեթեւ հպումներով: Իր երգերը բղխումներ են, հանդարտ, զուսպ եւ հեզասահ, չունին պոռթկում, սահմանազանց երեւակայութիւն եւ թռիչք, երաժշտական են՝ մեղեդիներ են, անկեղծ եւ մտերիմ մրմունջնրով:
Շնորհալի իր քերթուածներուն մէջ կը կիրարկէ ութոտեան չափը ընդհանրապէս, երբեմն ալ 12-վանկանի, 16-վանկանի չափական դրոյթները: Կարեւորութիւն կ՝ընծայէ յանգերու: Շատ անգամ նոյն յանգով կը վերջացնէ երկարաշունչ քերթուածներ, որոնց մէջ ցանցառօրէն կը դրուին այլ յանգեր:
Կարգ մը քերթուածներու մէջ, ամէն տուն իր առանձին յանգ ունի: Երբեմն ալ տրուած են՝ տող ընդ մէջ՝ անյանգ ոտանաւորներ:
Ոտանաւորներու սկզբնատառերով երբեմն կը յօդէ իր անունը, երբեմն այլ գլխակապեր կամ ասացուածքներ, «Ներսէսի Երգ», «Բան Ներսէսի» եւլն.:
Երբեմն՝ անջատ տուներու բոլոր տողերը նոյն տառով կը սկսին (Առաւօտ Լուսոյ, Աշխարհ Ամենայն եւլն.):
Երբեմն ալ տողի մը վերջին բառով սկսի յաջորդ տողը:
ԵՐԳՔ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐՍԷՍԻ ՇՆՈՐՀԱԼԻՈՅ
Յիշեսցուք ի գիշերի
Աշխարհ ամենայն - այբուբենական կարգով
Առաւօտ Լուսոյ - ,,,,
Այսօր անճառ - ,,,,
Նորոգող - տուներու Ա. տառ. ՆԵՐՍԷՍԻ Է ԲԱՆՍ ԱՅՍ
Աստուած անեղ - այբուբենական կարգով
Նորաստեղծեալ - տուներու Ա. տառերը՝ ՆԵՐՍԷՍ
Արարչական - այբուբենական կարգով
Արեւագալի երգեր
Ճաշու երգ, Օրհնեմք զքեզ, Խաւարեցաւ եւլն.
Ճաշու երգ Նահապետին Աբրահամու
Նայեաց սիրով - տուներու Ա. տառ. ՆԵՐՍԷՍԻ ԵՐԳ
Ի քէն հայցեմք
Հաւատով Խոստովանիմ - աղօթք 24 տուներով
ՇԱՐԱԿԱՆՔ ՆԵՐՍԷՍԻ ՇՆՈՐՀԱԼԻՈՅ
Պետրոսի եւ Պօղոսի - Օրհ. ԴՁ. Ցնծայ այսօր
Որդւոց որոտման - Օրհ. ԴԿ. Որ ԷՆՆ յէութեան
Անտոնի Անապատ.ի - Օրհ. ԱՁ. Որ գերաղանցեալ
Թէոդոսի թագաւորին - Օրհ. ԱԿ. Ար զերկնաւոր
72 աշակերտսն Քս.ի - Օրհ. ԴԿ Իմաստութիւն
Սարգսի Զօրավարին - Օրհ. ԱԿ. Ամենասուրբ
Յովնանու մարգարէին - Հրց. ԴԿ. ստղ. Որ զանճառելի
Ղեւոնդեանց - Օրհ. ԴՁ. Որ զյառաջագոյն
Վարդանանց - Օրհ.ԴԿ. Նորահրաշ
Վարդանանց - Մնկ. ստղ. ԴԿ. Արիացեալք
Բուն բարեկենդան - Օրհ. ԴԿ. Բանն որ ընդ Հօր
Բ. կիր. (արտաքսման) - Օրհ. ԴՁ. Որ զօրէնս պահոց
Գ. կիր. (անառակի) - Օրհ. ԳԿ. Օրհնեմք զքեզ Հայր
Դ. կիր (տնտեսի) - Օրհ. ԳՁ. Որ արարեր
Ե. կիր. (դատաւորի) - Օրհ. ԲԿ. Որ պատուիրան
Զ. կիր. (գալստեան) - Օրհ. ԲՁ. Որ զխորհուրդ քո
Ծաղկազարդ - Հրց. ԴԿ. Որ ի քերովբէական
Քառասուն մանկանց - Օրհ. ԳԿ. Այսօր ընդ անմարմ.
Աւագ Ուրբաթ - Հետ. Օրհ. ԴՁ. Այսօր ի կատարումն եւ Օրհ. ԲՁ. Արծաթասիրութեամբ
Յար. Աւագ Օրհ. - Օրհ. ԳԿ. Երգեցէք Տեառն երգ նոր
Հոգեգալուստ Բ. օր - Օրհ. ԲՁ. Նոյն եւ նման
Հոգեգալուստ Գ. օր - Օրհ. ԲԿ. Այսօր երկնայինք
Հոգեգալուստ Դ. օր - Օրհ. ԳՁ. Արեգակն արդար.
Հոգեգալուստ Ե. օր - Օրհ. ԳԿ. Զանսկզբնաբար
Յովհ. Մկրտչի - Հրց. ԳՁ. Զուարճանայ այսօր
Վարդավառի Բ. օր - օրհ. ԲԿ. ճառագայթ փառաց
Վարդավառի Գ. օր - Օրհ. ԳՁ. Այսօր որ ԷՆ ի յերկինս
Վերափոխման Բ. օր - Օրհ. ԴԿ. Այսօր զանճառելի
Վերափոխման Գ. օր - Օրհ. ԴՁ. Այսօր հրաշափառ
Ս. Յակոբ Մծբնայ - Օրհ. ԳԿ. Յաղթող եւ Ս. Հայր.
Մարգարէից - Հրց. ԴՁ. Որ ընդ հողեղէն
Հրեշտակապետաց - Օրհ. ԲԿ. Որ յանէից ստեղծեր
Ս. Մանկանցն Բեթղ.ի - Օրհ. ԴՁ. Այսօր անմեղ
|