ՆՈՐԱՅՐ ԱՐՔ ՊՈՂԱՐԵԱՆ
(Ինքնակենսագրութիւն)
Ծնած եմ Այնթափ 1904 Յունուար 17-ին: Զաւակն եմ Պողարեան Գարեգին Քահանայի եւ Սանդուխտի: Նախնական կրթութիւնս առած եմ ծննդավայրիս ծանօթ դպրոցներէն Վարդանեան Վարժարանի մէջ: Տարագրութեան շրջանին, 1915-19, գտնուած եմ Սուրիա: Կրօնական կրթութիւն ստացած եմ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Վանքի դպրոցին մէջ, 1922-28, Դուրեան Եղիշէ Պատրիարքի օրով, որմէ եւ ձեռնադրուած եմ կուսակրօն քահանայ: Ապա իր հրամանով գացած եմ Անգլիա եւ երկու տարի հետեւած Աստուածաբանական ուսումներու: Ուսուցչական պաշտօններ վարածեմ 1925-էն ի վեր, ընդհանրապէս Երուսաղէմի Դպրանոցին մէջ, ի բաց առեալ 1935-40 տարիները, երբ պաշտօնավարեցի իբրեւ Վերատեսուչ Անթիլիասի Դպրեվանքին: Վարած եմ նաւ Սրբոց Յակոբեանց Վանքին Ելեւմտից Տեսչութեան եւ Վանքի Ձեռագրատան Տեսչութեան պաշտօնները: Աշխատակցած եմ «Սիոն» ամսագրին: Նոր շրջանի սկզբնաւորութենէն ի վեր յօդուածներ ունիմ նաեւ «Հասկ»ի, «Հայ Խօսնակ»ի, եւ քանի մը ուրիշ կրօնաթերթերու եւ տարեցոյցներու մէջ: Եպիսկոպոսութեան աստիճան ստացած եմ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գէորգ Զ. Կաթողիկոսէ, 1950 Մայիս 8-ին:
«Պատմութիւն Անթէպի Հայոց», Բ. Հատոր, 1953:
ՆՈՐԱՅՐ ԱՐՔ. ՊՈՂԱՐԵԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵՐԿԵՐԸ
- «ԾԱՂԿԱՔԱՂ ՇԱՐԱԿԱՆԱՑ ԵՐԳՈՅ ԵՒ ԱՂՕԹԻՑ ՀԱՆԴԵՐՁ ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՄԲ», Անթիլիաս, 1952: Յառաջաբանը գրած եւ թարգմանութիւններէն 150-ը կատարած է:
- «ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿ ՁԵՌԱԳՐԱՑ ՍՐԲՈՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց, Բ. Հատոր, 1953:
- «ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿ ՁԵՌԱԳՐԱՑ ՍՐԲՈՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց, Գ. Հատոր, 1954:
- «ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿ ՁԵՌԱԳՐԱՑ ՍՐԲՈՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց, Դ. Հատոր, 1950:
- «ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿ ՁԵՌԱԳՐԱՑ ՍՐԲՈՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց, Ե. Հատոր, 1960:
- «ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ, ՆԵՐԲՈՂՆԵՐ ԵՒ ԳԱՆՁԵՐ», թարգմանութիւն աշխարհաբարի, Իսթանպուլ, 1955:
- «ԹԼԿՈՒՐԱՆՑԻ ԽԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ, ՏԱՂԱԳԻՐՔ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց 1958:
- «ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿ ՁԵՌԱԳՐԱՑ ՍՐԲՈՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց, Ա. Հատոր, 1966:
- «ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿ ՁԵՌԱԳՐԱՑ ՍՐԲՈՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց, Բ. Հատոր, 1967:
- «ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿ ՁԵՌԱԳՐԱՑ ՍՐԲՈՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց, Գ. Հատոր, 1968:
- «ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿ ՁԵՌԱԳՐԱՑ ՍՐԲՈՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց, Դ. Հատոր, 1969:
- «ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿ ՁԵՌԱԳՐԱՑ ՍՐԲՈՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց, Ե. Հատոր, 1971:
- «ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿ ՁԵՌԱԳՐԱՑ ՍՐԲՈՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց, Զ. Հատոր, 1972:
- «ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿ ՁԵՌԱԳՐԱՑ ՍՐԲՈՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց, Է. Հատոր, 1974:
- «ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿ ՁԵՌԱԳՐԱՑ ՍՐԲՈՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց, Ը. Հատոր, 1977:
- «ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿ ՁԵՌԱԳՐԱՑ ՍՐԲՈՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց, Թ. Հատոր, 1979:
- «ՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց 1971:
- ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ԱԿՆԵՐՑԻ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԹԱԹԱՐԱՆՑ», Երուսաղէմ, Տպ. Ս. Յակոբեանց 1974:
ՆԱԽԱԲԱՆ
ՆԵրկայ հրատարակութիւնը՝ նուիրուած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ծիսագիտութեան՝ հոգեկան գոհունակութեամբ կը ներկայացնենք մեր հոգեւորական դասուն եւ «ամենայն մանկանց եկեղեցւոյ», բանասիրաց եւ սոյն նիւթերով հետաքրքրուող ընթերցող հասարակութեան:
Այս աշխատասիրութեան հեղինակը՝ Գերշ. Ս. Նորայր Արք. Պողարեան, որ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ գտնուող երիցագոյն անդամն է այսօր եւ հանուր գիտական աշխարհի ծանօթ իր բանասիրական վաստակով, բարի մտածումը ունեցած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայրավանքի ձեռագրատան մէջ իր երկարամեայ պրպտումներուն եւ կատարած մեղուաջան աշխատանքներուն արդիւնքին բաժնեկից դարձնել մեզ եւս: Նորայր Սրբազան իր պրպտումներէն քաղած տեղեկութեանց կցած է նաեւ հին ու նոր ուսումնականներու տեսակէտները ծիսական հարցերու մասին եւ մեր տրամադրութեան տակ դրած է համապարփակ գործ մը՝ որ կարող է որպէս ուղեցոյց ծառայել ամէն անոնց՝ որոնք պիտի ուզէին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ծիսագիտութեան մասին գաղափար ունենալ:
Ծէսերու թուում կամ լոկ բացատրութիւն չէ այս գործը, այլ լուրջ աշխատանք մը՝ որուն մէջ ցոյց կը տրուին ծիսական գրքերու եւ սովորութիւններու ծագումը եւ անոնց զարգացումը դարերու ընթացքին: Ան կու գայ լրացնելու մատենագիտական եւ մատենագրական թերիները եւ թերացումները արդի հայ բանասիրութեան մէջ, ի մասին ծիսական բնագրելու: Որպէս սկզբունք Սրբազան հեղինակին մեկնակէտը մջշտ ծիսական գրքերն ու բնագրերն են: Այդ հիման վրայ՝ աշխատասիրութեան իւրաքանչիւր գլուխը նուիրուած է ծիսական գրքի մը:
Նորայր Սրբազանի այս գործը առաւել արժէքաւոր կը դարձնեն հին աղբիւրներէ եւ ձեռագրերէ վկայակոչուած պիտառութիւններ՝ որոնց ծանօթ պէտք է ըլլայ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ծիսագիտութեան մէջ խորանալ ուզողը:
Մեր թելադրութիւնն է որ հոգեւոր հայրեր, սարկաւագներ, դպրեվանքի ուսանողներ եւ եկեղեւոյ կարգաւորութեան հետամուտ եղեղ եւ ծիսագիտութեամբ հետաքրքրուող աշխարհական ուսումնական կամ հաւատացեալ անհատներ անպայման ուշադրութեամբ կարդան այս գործը, որպէս զի օգտուին անկէ՝ աւելի լաւ հասկնալու համար մեր սուրբ եկեղեցւոյ ծիսական կարգը եւ իւրաքանչիւր ծէսի իմաստն ու ոգին:
ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
Հին Գրողներ
Օձնեցի Յովհաննէս Կաթողիկոս. + 728ին. Մատենագրութիւնք, Վենետիկ, 1833.
Սիւնեցի, Ստեփանոս Եպս. + 735ին, Մեկնութիւն Ժամակարգութեան, հրատ. Սահակ Վրդ. Ամատունի, Արարատ, 1915, (էջ 225շ.) - 1917.
Անձեւացի Խոսրով Եպս. + 972ին (?)1. Մեկնութիւն Ժամակարգութեան, մեզի հասած Մովսէս Երզնկացի Վրդ.ի (+1323) կազմած հաւաքածոյով (1293), որ Անձեւացիի մեկնութիւններուն կցած է Օձնեցիի գրածէն հատուածներ: Ա. տպ. Կ. Պոլիս, 1730-37ի մջջեւ. Բ. տպ. Օրթագիւղ, 1840.
Տարօնացի Պօղոս Վրդ. + 1123. Բացայայտութիւն Կարգի Ժամուց Աղօթից. Ձեռ. Ս.Յ.Թ. 1272 թղ. 226բ-252:
Տաթեւացի Գրիգոր. + 1409, Գիրք Հարցմանց. Տպ. Կ. Պոլիս 1729:
Նոր Գրողներ
Օրմանեան Մաղաքիա Արքեպս. - «Հայ Ս. Եկեղեցւոյ Ծիսագիտութիւնը». յետ մահու հրատ. Հայ Խօսնակ, 1933-36:
Նոյն, Ծիսական Բառարան. Ընդարձակ Օրացոյց 1905, էջ 319-77, 1906, էջ 81-204, 1907, էջ 213-254, 1908, էջ 73-104:
Փէհլիվանեան Խորէն Ա. Քահանայ. - Համառօտ Բացատրութիւն Տօնից եւ Ծիսից
Հայաստանեայց Առաք. Ուղղափառ Ս. Եկեղեցւոյ, Կ. Պոլիս, 1898, էջ 152 (շատ պարզ).
Կիւլէսէրեան Բաբգէն Ծ. Վ., ողովուրդին Տօնացոյցը, Կ. Պոլիս, 1901, էջ 87:
Թորգոմ Պատ. Գուշակեան, Սուրբք եւ Տօնք Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, Երուսաղէմ, 1939, էջ 372.
Արծրունեան, Մկրտիչ Վրդ., Բացատրութիւն Հրաժարման եւ Զղջման ... եւ Երգոց ... Շնորհալւոյ, Երուսաղէմ, 1854, էջ 232.
Հացունի, Հ. Վարդան. Պատմութիւն Հայոց Աղօթամատոյցին, Բազմավէպ, 1956, էջ 22 շար. (Վենետիկ):
Ծիսական Գիրքեր
1) Ժամագիրք
2) Շարական
3). Ճաշոց
4) Յայսմաւուրք
5) Տաղարան. Գանձարան
6) Տօնացոյց (Օրացոյց). Եկեղեցական Տոմարագրութիւն
7) Խորհրդատետր (Պատարագամատոյց)
8) Մաշտոց. Մայր Մաշտոց - Քահանայաթաղ:
|