www.christianity.am



ԵՒ ԻՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ, ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ, ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ, ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՈՒ ՆԵՐԿԱՅ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ


ՆԱԽԱՊԷՍ ԳԱՂՂԻԵՐԷՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ, ՅԵՏՈՅ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՎԵՐԱԾԵՑ
ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՕՐՄԱՆԵԱՆ
ՆԱԽԿԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ Կ, ՊՈԼՍՈՅ


ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԲԱՐԵՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ՝
ՊՐՆ. ՏԱՃԱՏ ՍՐԱՊԵԱՆԻ

ՊԷՅՐՈՒԹ
ՍՊ. ՍԵՒԱՆ
1960


Հայոց Եկեղեցին

Ա.
Ի՞ՆՉ Է ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ


Ներկայ աշխատութեամբ միտք չենք ունեցած՝ երկար ուսումնասիրութեամբ պատրաստուած գիրք մը ընծայել հասարակութեան: Այն խնդիրները, որ Ընդհանուր Եկեղեցւոյ կամ Մասնաւոր Եկեղեցիներու շուրջը կը յուզուին, ընդարձակ ասպարէզ կը բանան քննադատական եւ պատմական եւ իմաստասիրական վէճերու, որոնց մէջ մտնելու միտք չունինք. միւս կողմէ ալ այս չէ այն գետինը որուն վրայ մենք նպատակ ունինք կանգնիլ: Պէտք է խոստովանիլ, թէ Եկեղցին տակաւին ամբողջապէս կը պահէ իւր զոյութիւնն ալ, իւր ազդեցութիւնն ալ, հակառակ այն ծանր հարուածներուն, զորս նոր հոգւով գործողներ կարծած են անոր հասցնել: Վարդապետութեան ինչ-ինչ կէտեր իբր անտեղի կը նկատեն, պատմական ինչ-ինչ եղելութիւններ իբրեւ առասպէլնէր մէկ կողմ կը դնեն, բայց ասով մէկտեղ, թէ՛ Ընդհանուր Եկեղեցին եւ թէ Մասնաւոր Եկեղեցիներ, չեն դադարած, նոյնիսկ քսաներորդ դարուս մէջ, նշանաւոր կենսականութիւն մը պահել: Մտաւորական զարգացման ձգտումներն ալ, քաղաքական եւ պետական կեանքերն ալ, պարտաւորուած են նկատի առնել այն ոյժը, զոր կրօնական սկզբունքներ տակաւին հոգիներուն վրայ կը ներգործեն:

Հայը, մինչեւ հիմա գրեթէ մոռցուած, քանի մը տասնեակ տարիներէ ասդին այժմէութիւն ստացաւ: Իւր անցեալը, իւր ներկայն եւ իւր ապագայն ուսումնասիրութեանց զատ-զատ կէտեր սկսան կազմել: Վերջապէս ամէն ոք սկսաւ շահագրգռուիլ այդ հին ազգութեան պարագաներով, որ բազմաթիւ դարերու ընթացքին եւ ամենէն աւելի դառն արկածներու շրջանին մէջ, չդադարեցաւ իւր անշիջանելի կենսականութեան համար յայտնի փաստեր ընծայել: Եթէ որեւէ ազգի մը կենսականութեան գաղտնիքը թափանցելու համար անհրաժեշտ է անոր կրօնքին ուսումնասիրութիւնն ընել, պէտք է ընդունիլ, թէ այս տեսակ աշխատութիւն մը Հայոց համար ալ անօգուտ չէ, մանաւանդ երբ դիտողութեան առնուի, որ Հայոց Եկեղեցին, - որ մեր պարագային մէջ Հայ Ազգութեան հետ ալ նոյնացած է -, նշանաւոր դեր ունեցած է ազգային կեանքի մէջ:

Այս ասանկ ըլլալով մէկտեղ, Հայոց Եկեղեցին հազիւ թէ ճանչցուած է աշխարհի մէջ: Եկեղեցական եւ կենցաղական ուսումնասիրութեանց աւելի հետամուտ մատենագիրներն ալ, իրենց մտադրութեան առարկայ չեն ըրած այս Եկեղեցին: Բայց հակառակ իւր համեստ կացութեան եւ իւր վիճակին մթին մնալուն, նա շատ մեծ եւ առաջնակարգ ու նշանակելի կարեւորութիւն ունի, այն սկզբունքներու եւ այն վարդապետութիւններու տեսակէտէն, որք անոր սեփական են: Մենք կը կարծենք թէ անոր սկզբունքները արժանի են իբր հիմնակէտ նկատուիլ այն գաղափարական մեծ նպատակին, որ է քրիստոնէութեան միութիւնն ու պարզութիւնը:

Բայց չկանխենք եզրակացութեան յանգիլ, այլ յաւէտ աշխատինք խնդիրին մէջը մտնել: Այդ նպատակով մենք նախ համառօտ տեղեկութիւններ պիտի տանք այդ Եկեղեցւոյն պատմութեան, վարդապետութեան, վարչութեան, բարեկարգութեան եւ ուրիշ հանգամանաց վրայ: Այդ բանը պիտի ընենք այնպիսի կերպով մը, որ այն եզրակացութիւնը՝ որուն կ՝ուզենք առաջնորդել ընթերցողը, բնական եւ դիւրին կերպով մը յայտնուի, տրամաբանական ոճով եզրակացուի, եւ ընթերցողին միտքին մէջ տեղ ընէ:

Պատմութիւնը

Բ.
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԱԳՈՒՄԸ


Ամէն մասնաւոր եկեղեցիներու ծագումին վերաբերող եղելութիւններ անթափանցելի վարագոյրի մը ներքեւ ծածկուած են, եւ հետազօտութիւններէ կը խուսափին, որովհետեւ կը պակսին այն վաւերագիրերը՝ որոնք պիտի լուսաբանէին առաջին առաքեալներուն գործերը, եւ ընդհանրապէս բովանդակ առաքելական գործունէութիւնը: Հռոմէական եկեղեցին ալ, որ այդ տեսակէտէն ամենէն նպաստաւոր դիրքն ունեցած է, քանի որ նոյնիսկ կայսերութեան մայրաքաղաքին մէջ իւր ծագումն ստացած է, նա ալ ծանր դժուարութեանց դիմաց կը գտնուի, երբոր հարկ կ՛ըլլայ Ս. Պետրոս առաքեալին Հոմի մէջ անցուած ժամանակը ճշդել, մինչդեռ այս խնդիրը իրեն համար էական կէտ մըն է, քանի որ անոր վրայ կը հիմնէ բոլոր իւր վարդապետական կազմածը: Այս պատճառով եկեղեցական պատմութիւնը, երբ հաստատուն եւ ապացուցական փաստեր չի գտներ, կը գոհանայ առաւելագոյն հաւանականութեան փաստերով, աւանդութեանց վրայ հիմնուած պատճառաբանութիւններով, եւ շարունակութեամբ հաստատուած եղելութիւններով: Բաւական է որ այդ կերպով ցուցուած կէտերը, դրականապէս հաստատուած եւ պատմութեամբ ստուգուած եղելութիւններու հետ հակասութեան մէջ չգտնուին: Հետեւաբար անկէ աւելին պէտք չէ պահանջել Հայոց Եկեղեցիէն ալ, իրեն ծագումը հաստատելու համար:

Հայոց Եկեղեցւոյն նախնական եւ հաստատուն աւանդութիւնը իրեն սկզբնական հիմնադիրներ կը ճանչնայ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները, զորս յատուկ կոչմամբ ալ Առաջին Լուսաւորիչք Հայաստանեայց կ՛անուանէ: Անոնց գերեզմաններն ալ իբրեւ նուիրական սրբավայրեր կը յարգէ եւ կը պահպանէ, Արտազի (Մակու) եւ Աղբակի (Պաշքալէ) վանքերուն մէջ, որոնք Հայաստանի հարաւ-արեւելեան կողմը կը գտնուին: Բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներ համամիտ են Ս. Բարթողիմէոս առաքեալին նկատմամբ եղած աւանդութեան մասին, եւ համաձայնութեամբ կ՛ընդունին թէ՛ անոր առաքելական շրջանը, եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ քարոզած եւ այնտեղ մարտիրոս եղած ըլլալը: Աղբան կամ Աղբանոս անունը, զոր օտարներ տուած են անոր մարտիրոսութեան տեղւոյն, կը համաձայնի Աղբակ կամ Աղբակոս անունին, որ նուիրագործուած է Հայոց աւանդութեամբ եւ գերեզմանին գոյութեամբ: Իսկ Թադէոս առաքեալին նկատմամբ աւանդութիւններ կը տարբերին: Այն աւանդութիւնը որ կը պատմէ, թէ Ս. Թադէոս Դիդիմոս (Երկւորեակ), Ս. Թովմաս առաքեալի եղբայրը, Եդեսիա գացած եւ անկէ Արտազ անցած է, Յոյներու եւ Լատիններու ծանօթ չէ. Ասորիններու աւանդութիւնն ալ, որ Թադէոս Դիդիմոսի գոյութիւնը կ՛ընդունի, չի համաձայնիր անոր Եդեսիայէ Արտազ անցնելուն մասին: Բայց եթէ ասորերէն գրուածը լաւ զննենք, դժուար չէ անոր մէջ տեսնել կամաւոր աղաւաղումներ, եւ նոյնսիկ ժամանակագրական վրիպակներ, որոնք պատմուած եղելութիւնները մինչեւ քրիստոնէութեան երկրորդ դարը կրնան յետաձգել: Բայց մենք դիտել կու տանք, թէ առանց այս աւանդութեան ալ, Ս. Թադէոս առաքեալի անունը հաստատուն կը մնայ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, որովհետեւ ունինք ուրիշ մէկ աւանդութիւն կամ պատմութիւն ալ, որուն համեմատ Հայաստանի մէջ աւետարանական քարոզութեան սկզբնաւորութիւնը կը վերագրուի Ս. Յուդա Թադէոս առաքեալին, որ Ղեբէոս ալ կոչուած է: Այդ վերջին աւանդութիւնը, որուն Յոյն ու Լատին եկեղեցիներն ալ կը ձայնակցին, եւ նոյնսիկ հայ մատենագիրներն ալ իբր ճշմարտանման պատմութիւն կը նկատեն, բաւական է հաստատելու եւ արդարացնելու Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը, ինչպէս նաեւ Արտազի վկայարանին եւ գերեզմանին վաւերականութիւնը նուիրագործելու:

Առաքելութեան կնիքը, զոր Հայոց Եկեղեցին ամէն ատեն իրեն սեփականած եւ իւրացուցած է, եւ զոր ամէն պաշտօնական դրութեանց մէջ համարձակօրեն հռչակած է, մէկ կողմէն կը հաստատէ անոր սկզբնական եւ նախնական ծագումը, եւ միւս կողմէն կը հաւաստէ անոր ուղղակի ինքնուրույն սկզբնաւորութիւնը, առանց ուրիշ հնագոյն եկեղեցւոյ մը գործակցութեան:

Առաքելական ծագումը, որ ամէն քրիստոնեայ եկեղեցիներէ իբր պայման կը պահանջուի, որպէս զի Քրիստոսի՝ եկեղեցւոյ Երկնաւոր Հիմնադիրին հետ միացեալ եւ կապակցեալ ըլլալնին հաստատուի, երկու տեսակ է: Մէկը ուղղակի ծագումն է, երբոր եկեղեցին անմիջապէս առաքեալի մը անձնական քարոզութեամբ սկսած է. միւսը անուղղակի սկսած է, երբոր ծագումը յառաջեկած է առաքեալներէ հաստատուած ուրիշ եկեղեցւոյ մը միջնորդութեամբ: Ըստ այսմ Հայոց Եկեղեցին ամենայն իրաւամբ կրնայ հռչակել եւ իրեն սեփականել ուղղակի առաքելական ծագումը:

Սովորական ժամանակագրութւնը Ս. Թադէոս առաքեալին քարոզութեանց ութ տարի միջոց կը վերագրէ (35-43), եւ տասնվեց տարի ալ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալին քարոզութեանց (44-60), թէպէտ ուրիշ հաշիւներ կը յետաձգեն առաքելոց տարիները: Բայց մենք աւելորդ կը նկատենք թուականներու եւ տեղերու մանրամասն հետազօտութեանց մտնել, որոնք յաճախ անլուծանելի վիճաբանութիւններու տեղի կու տան, եւ եթէ տարբեր լուծումներ ալ ունենան, եղելութեան ստուգութիւնը չեն եղծաներ:

Բաւական ըլլայ գիտնալ, թէ Հայոց Եկեղեցւոյ ուղղակի առաքելական ծագումը ստոյգ եղելութիւն մըն է եկեղեցական պատմութեան մէջ, յարեւնման ուրիշ առաքելական եկեղեցիներու ծագումին ստուգութեան: Եթէ երբեք ըսուի, թէ այն աւանդական եւ պատմական աղբիւրները այս եղելութիւնը կը հաստատեն, քննադատական դիտողութեանց առիթ կ՛ընծայեն, դիտել կու տանք, որ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեանց դէմ յարուցուելիք քննադատութիւնները, աւելի զօրաւոր չեն քան այն քննադատութիւնները, որոնք յարուցուած են ուրիշ եկեղեցիներու ծագումին մասին, որոնք ընդհանրապէս իբրեւ առաքելական ճանչցուած են, որով անոնց հաւասար ստուգութիւն կը վայելէ Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելական ծագումն ալ:

Գ.
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ


Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ տիրող կրօնք դարձաւ չորրորդ դարուն ճիշդ սկիզբը, 301 տարին, իսկ անկէ առաջ միշտ հալածանքներու ենթարկուած էր: Մենք մտադիւր կ՛ընդունինք, որ առաջին երեք դարերու շրջանին՝ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան գոյութիւնն ու զարգացումը հաստատող յիշատակներէն մեզի հասածները, թէ՛ քիչ են եւ թէ լիուլի չեն: Այդ յիշատակները իրենց առատութեան կողմէն չեն կրնար բաղդատութեան մտնել այն յիշատակներուն հետ, որ նոյն շրջանէն մեզի հասած են Յունահռոմէական աշխարհին պատմութենէն: Սակայն յիշատակներու պակասութիւնը, չի կրնար երբեք եղելութեան մը չգոյութեան փաստ համարուիլ:

Յունահռոմէական աշխարհը այն ատեն իրեն քաղաքակրթութեան գագաթնակէտին վրայ էր, բազմաթիւ մատենագիրներ եւ իմաստուններ ունէր, եւ իւր դպրոցներով մտաւորական զարգացման գլուխը կը գտնուէր: Ասոր հակառակ, Հայաստան դեռեւս անուսումնութեան խաւարին մէջ կը մնար. ոչ միայն զարգացեալ գրականութիւն մը չունէր, այլ նոյնիսկ սեփական այբուբենի ալ կարօտը կը քաշէր: Այդ հանգամանքներու մէջ յայտնի է, թէ Հայոց համար դժուար՝ եւ գրեթէ անհնարին էր պատմութիւններ գրել եւ յիշատակներ աւանդել իրենց ժամանակին եղելութեանց վրայ, որոնցմէ հետագաներ կարենային օգտուիլ: Ասով մէկտեղ, զանազան դէպքեր՝ զորս ազգային աւանդութիւնը մեզի հասուցած է, եւ ինչ-ինչ պատմական յիշատակներ՝ զորս օտարազգի մատենագիրներէ կը քաղենք, իրարու խառնուելով կը բաւականանան ցուցնել, թէ ընդհատ ժամանակներու մէջ քրիստոնէութիւնը իսկապէս գոյութիւն ունեցած է Հայաստանի մէջ: Արդ ուղիղ տրամաբանութիւնը չի ներեր ըսել, որ քրիստոնէկան հաւատք տարածումը հետզհետէ ընդհատուած եւ վերսկսուած, կամ թէ պարբերական խաւարումներ տեղի ունեցած ըլլայ այդ շրջանին մէջ: Մեզի հասած աւանդական եւ պատմական յիշատակներ, որչափ ալ իրարմէ անջատ եւ ժամանակով ընդհատուած ըլլան, սակայն քանի որ շարայարութիւն մը կը կազմեն, բաւական են հաստատելու, թէ քրիստոնէութիւնը շարունակական եւ տեւողական գոյութիւն ունեցաւ Հայաստանի մէջ առաջին երեք դարերու շրջանին ատեն

Այդ յիշատակներու կարգին, նախ եւ առաջ պիտի յիշատակենք այն աըանդութիւնը, որ Արտազի աթոռինն վրա եօթը եպիսկոպոսներու անունը կու տայ, որք են, Զաքարիա տասնվեց տարի, Զեմենտոս չորս, Ատրներսեհ տասնհինգ, Մուշէ երեսուն, Շահէ քսանհինգ, Շաւարշ քսան, եւ Ղեւոնդիոս տասնեօթը: Այս տարեթիւերը գումարելով կը հասնինք երկրորդ դարուն վերջերը:

Ուրիշ աւանդութիւն մըն ալ Սիւնեաց աթոռին վրայ ութ եպիսկոպոսներ կը յիշէ, որոնք յաջորդած են Եւստաթէոս առաքեալին, որ աւետարանը քարոզած է այդ նահանգին մէջ: Ասոնք ալ են Կումսի, Բաբելաս, Մուշէ, որ ետքէն Արտազի աթոռին անցած է, Մովսէս Տարոնեցի, Սահակ Տարոնեցի, Զրուանդատ, Ստեփանոս եւ Յովհաննէս: Այս եպիսկոպոսներուն ալ ժամանակները մերձաւորաբար հաշուով կը հասնին երրորդ դարուն սկիզբները:

Միւս կողմէն Եւսեբիոս Կեսարացի կը յիշէ Աղեքսանդրիոյ հայրապետ Դիոնեսիոսի մէկ նամակը, զոր գրած է շուրջ 254-ին, Հայոց եպիսկոպոս Մեհրուժանի, զոր վերոյիշեալ Արտազու եպիսկոպոսներուն յաջորդը պէտք է ճանչնալ, նկատի առնելով թէ՛ պարզապէս Հայոց կոչումը, եւ թէ Մեհրուժանի արեւելեան անունը:

Հայոց Եկեղեցին իւր Տօնացոյցին եւ Յայսմաւուրքին մէջ ունի առաքելական դարերու մէջ նահատակուած շատ մարտիրոսներու անուններ: Այս կարգին առաջին յիշատակնուածն է Ս. Սանդուխտ արքայազուն իշխանուհին. անոր հետ կը յիշուին Ս. Զարմանդուխտ ազնուազգի տիկինը, Ս. Սամուէլ եւ Ս. Իսրայէլ նախարարները, եւ Ս. Թադէոս առաքեալին հետ նահատակուած Հազար վկաները: Կը յիշուին եւս Ս. Բարթողիմէոսի հետ նահատակուած Ս. Ոդուհի արքայազարմ իշխանուհին եւ Ս. Տերենտիոս զօրավարը, եւ Բարթողիմէոսի աշակերտած երեք կուսանները, Մարիամ Յուսկանեան, Աննա Որմզդատեան, եւ Մարթա Մաքովարեան: Յիշենք եւս Ս. Ոսկեանց եւ Ս. Սուքիասեանց տօները, որք են Ս. Ոսկի չորս ընկերներով, եւ Ս. Սուքիաս տասնութ ընկերներով, որոնք նահատակուած են երկրորդ դարուն սկիզբները: Լատին մարտիրոսագիրքն ալ կը յիշէ Ս. Արարատեան վկաները, որք են Ս. Ակակիոս զօրավար տասն հազար զինուորակիցներով, որք նահատակուած են Հայաստան, Արարատ գաւառը Տրայիանոսի կամ Ադրիանոսի կայսրութեան ատեն:

Այդ յիշատակներուն պէտք է կցենք վկայութիւն մը՝ զոր մեզ կ՛ընձեռէ Տերտուղիանոս, երկրորդ դարու հռչակաւոր եկեղեցական մատենագիրը: Սա առաջ բերելով Գործք Առաքելոց գիրքին Բ. Գլուխին 9 համարը, ուր յիշուած են կարգաւ այն օտար երկիրները, որոնց լեզուները լսուեցան Պենտեկոստէի հրաշալի օրը, Միջագետքի եւ Գամիրքի մէջտեղ կը յիշէ Հայաստան եւ ոչ Հրէաստա, ինչպէս կ՛ընթեռնունք Աստուածաշունչի սովորական օրինակներուն մէջ: Արդ Հրէաստան երբեք չէր կրնար օտար երկիրներու կարգը դասուիլ, եւ յայտնի ալ է, որ Հրէաստան Միջագետքի եւ Գամիրքի մէջտեղը չի գտնուիր: Տեղեկագրական ճշտութեամբ եւ տրամաբանական պահանջմամբ Միջագետքի եւ Գամիրքի կամ Կապադովկիոյ մէջտեղ գտնուած երկիրը Հայաստանն է: Օգոստինոս Հիպպոնացին ալ կրկնած է Տերտուղիանոսի ընթերցուածը: Ասկէ կը հետեւի, թէ Ափրիկեան եկեղեցւոյ այդ երկու վարդապետները հաստատուն համոզում ունէին, թէ Հայաստանն ալ այն երկիրներէն մէկն էր, ուր քրիստոնէութիւնը տարածուած էր առաքելական դարուն մէջ:

Նմանապէս Հայաստանի գրեթէ վայրկենապէս քրիստոնէութեան դառնալը չորրորդ դարուն սկիզբը, հնար չէ ուրիշ կերպով մեկնել, բայց եթէ Հայաստանի մէջ քրիստոնէական տարրի մը առաջուընէ գոյութիւն ունեցած ըլլալը ընդունելով: Եւ իրօք, պատմութիւնն ալ կը յիշէ, թէ Հայոց թագաւորներէն Արտաշէս 110-ին ատենները, Խոսրով շուրջ 230-ին, եւ Տրդատ 287-ին պաշտօնապէս հալածանքներ հրամայեցին քրիստոնէութեան դէմ: Արդ, այսպիսի հալածանքներ տեղի ունեցած չէին ըլլար, եթէ Հայաստանի մէջ բաւականաչափ քրիստոնեաներու բազմութիւն մը գտնուած չըլլար: Այդ հալածանքներէն վերջինին ատենն էր, որ Ս. Թէոդորոս Սալահունին ալ մարտիրոս եղաւ, նոյնիսկ իւր հօր՝ Սուրէն նախարարին ձեռքով:

Այդ ամէն յիշատակները կցելով, մեզի իրաւունք կու տան եզրակացնել, թէ քրիստոնէութիւնը ստուգապէս գոյութիւն ունեցած է Հայաստանի մէջ առաջին երեք դարերու շրջանին, թէ քրիստոնէութիւնը բազմաթիւ հետեւողներ ունեցած է Հայերու մէջ, եւ թէ հաւատացելոց այդ առաջին խումբն եղած է, որ իւր անդրդուելի հաստատութեամբ եւ արգելքներու եւ հալածանքներու դէմ տոկունութեամբ՝ պահած է քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ մինչեւ այն ատեն, որ տիրող կրօնք հռչակուեցաւ:

Դ.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԴԱՐՁԸ


Հայաստանի ամբողջական քրիստոնէութեան դառնալուն, կամ քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ տիրող կրօնք հռչակուելուն թուական ընդունուած է 301 տարին, հետեւելով ժամանակագրական ճշտագոյն հետազօտութեանց: Նոր հեղինակներէն ոմանք այդ թուականը մինչեւ 285 կը բարձրացնեն, ինչ որ աւելի հաւանական չի կարծուիր: Սակայն 301 թուականն ալ կը բաւէ հաստատելու, թէ Հայաստան աշխարհի մէջ առաջինն եղաւ, ուր թագաւորն, թագաւորական գերդաստանը, նախարարները, բանակն ու ժողովուրդը համանգամայն քրիստոնէութեան դարձան, եւ քրիստոնէութիւնը պաշտօնական կրօնք հռչակուեցաւ: Կոստանդիանոս կայսեր դարձը, տասներկու տարի ետքը, 313 -ին կատարուած իրողութիւն մըն է:

Այն հրաշալի դարձին գլուխն ու նոր առաքեալը եղաւ Գրիգոր Պարթեւ, զոր Հայեր Լուսաւորիչ անունով պատուած են, որովհետեւ նա եղաւ որ Հայ ազգը աւետարանի լոյսով լուսաւորվեց: Տրդատ թագաւորն ալ պէտք է ճանչնալ իբր Գրիգորի գործակից, այսինքն առաքելակից եւ լուսաւորչակից մը: Տրդատ թագաւոր Արշակունի հարստութենէ էր, եւ Պարթեւական ծագում ունէր, ինչպես էր նաեւ Գրիգորի հայրը, այնպէս որ ազգակցութեան կապ մըն ալ կը միացնէր երկու զորակիցները, քրիստոնէութեան քարոզիչ առաքեալը եւ քրիստոնէութեան պաշտպան թագաւորը: Բայց արենակցութենէ աւելի հաւատոյ եռանդն էր՝ որ երկուքը զօրաւոր կապերով իրարու միացուցած էր:

Քաղաքական յեղափոխութիւն մը տեղի ունեցած էր այդ միջոցին Պարսկաստանի մէջ, եւ Սասանեաք յաջորդած էին Արշակունիներու, մինչ տակաւին Արշակունիներու Հայկական ճիւղը կը թագաւորէր Հայաստանի մէջ: Պարսկաստանի նոր հարստութիւնը պէտք ունէր այն ալ կործանել, որ կարենար ապահովապէս հաստատուիլ, սակայն զէնքի բախտը նպաստաւոր չէր եղած Սասանեաններու: Այդ պարագային հանդէպ Արշակունի մը, Անակ իշխանը, յօժարութեամբ ստանձնեց Հայոց թագաւոր եւ իւր մերձաւոր ազգականը Խոսրովը դաւաճանութեամբ սպանել: Յանձնառութիւնը կատարեց, բայց ինքն ալ սպաննուեցաւ Հայ նախարարներու ձեռքով: Գրիգոր Անակի որդին էր, Տրդատ ալ Խոսրովի, բայց երկուքն ալ տակաւին մանուկ էին 240 տարին, որ կրկին սպանութեանց թուական է:

Առանց կենսագրական մանրամասնութեանց մտնելու, բաւական կը սեպենք յիշել, թէ Գրիգոր քրիստոնէութեան մէջ մեծցաւ ու կրթուեցաւ Կապադովկիոյ Կեսարիա քաղաքը, մինչ Տրդատ իրեն նախնեաց կրօնքին մէջ մնաց, եւ Հռոմայեցւոց ու Պարսից միջեւ տեղի ունեցած պատերազմներու հետեւանքով արկածալից պատահարներու մէջ գտնուեցաւ: Տրդատ վերջին անգամ Հայոց թագաւորական գահը գրաւած էր Դիոկղետիանոս կայսեր օգնութեամբ, 287 թուականին, երբ Երիզայի մէջ կատարուած գոհաբանական տօնախմբութիւններու առիթով յայտնուեցան Գրիգորի ծագումն ու հաւատքը, եւ անտանելի չարչարանքներէ ետքը Արտաշատի վերապին արգելարանը նետուեցաւ: Գրիգոր տասնհինգ տարի ապրեցաւ այդ սոսկալի գուբին մէջ: Ազգային պատմութիւնը՝ վերնային Նախախնամութեան յայտնի նշանը կը տեսնէ այդ պարագային մէջ:

Նոյն միջոցին Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Վաղարշապատ հասան խումբ մը քրիստոնեայ կուսաներ, իրենց աբասուհւոյն Ս. Գայիանէի առաջնորդութեամբ, Հռոմէական կայսրութեան մէջ բռնացող հալածանքներէն փախչելով: Ընդհանուր կարծիք է թէ Հռոմէ եկած են Պաղեստինի եւ Միջագետքի ճամբով, բայց արգելք մը չկայ կարծելու՝ որ ուղղակի Հայաստանի սահմանակից կայսերական գաւառներէն էին, եւ աւելի հաւականութեամբ Մծբին քաղաքէն, եթէ ուզենք այդ պարագան համեմատել Ս. Փեբրոնէի վկայաբանութեան հետ: Կրնան նաեւ հայազգի կուսաններ եղած ըլլան, Հոգեաց վանքի կուսաստանէն եկած, սակայն ծագումի մասին կարծիքներու տարբերութիւնը, անոր իսկութեան չի վնասեր: Այդ կոյսերէն մէկուն Ս. Հռիփսիմէի անզուգական գեղեցկութիւնն թագաւորին մտադրութիւնը գրաւեց, որ ուզեց զայն իւրացել: Բայց զանազան պարագաներ, ինչպէս են կոյսին դիմադրութիւնը թագաւորին հրապոյրներուն եւ բռնութեանց դէմ, երեսունութ կոյսերուն մարտիրոսութիւնը, թագաւորին վրայ եկած գայլմարդութեան ախտը եւ կատաղութիւնը, գործածուած դարմաններուն ապարդիւնութիւնը, թագաւորին քրոջ Խոսրովիդուխտի կողմէ քրիստոնէից Աստուծոյն դիմելու թախանձանքը, եւ Վիրապէն հանուած Գրիգորին աղօթքով թագաւորին բժշկուիլը, որոնք 309 տարւոյ վերջերը եւ 301 տարւոյ սկիզբները տեղի ունեցան, այնպիսի մեծ ազդեցութիւն գործեցին, որ Տրդատը քրիստոնէութիւն ընդունելու ստիպեցին: Անիկա ալ նորահաւատ եռանդին բորբոքմամբ՝ փութաց քրիստոնէութիւնը իբր պետութեան տօնական կրօնք հռչակել ու տարածել:

Գրիգոր Պարթեւ պարզ աշխարհական մըն էր, եւ իրեն հետ ո՚չ քարոզիչ ընկեր ունէր, եւ ո՚չ գործակից եկեղեցականներու խումբ մը. այսուհանդերձ 301 տարին չվերջացած, Հայաստանի կրօնական կերպարանը հիմնապէս փոփոխուած էր, աստուածներու պաշտօնը գրեթէ դադրած, եւ քրիստոնէութիւնը ընդհանուր կերպով ընդունուած էր: Արդ, այս երեւոյթը անմեկնելի կը մնայ, եթէ չընդունուի քրիստոնէութեան կանուխէն տարածուած ըլլալը, ինչպէս որ վերեւ ալ դիտել տուինք:

Այդ հրաշալի դարձին ստուգութեան վկայութիւնները կը գտնուին ժամանակակից պատմիչներու եւ յաջորդ դարու մատենագիրներու մօտ. նոյնը կը հաստատեն Ս. Հռիխսիմէի, Ս. Գայինաէի եւ Ս. Մարիանէի կամ Շողակաթի վկայարաններն ալ, որք չորրորդ դարուն շինուած են Էջմիածնի կամ Վաղարշապատի մօտերը, եւ որոնց մէջ կը գտնուին յիշուած սրբուհիներուն գերեզմանները: Վաւերական արձանագրութիւններ ալ պակաս չեն, որ այդ եղելութեանց կ՝ակնարկեն:

Ուրիշ ոչ նուազ կարեւոր վկայութիւն մըն ալ կ՝ընծայէ Եւսեբիոս Կեսարացիի պատմութիւնը, երբ կը խօսի 311 տարին տեղի ունեցող պատերազմին վրայ, զոր Մաքսիմինոս Դաժ կայսրը բացաւ Հայերուն դէմ, անոնց քրիստոնէութեան դարձած ըլլալուն համար:

Ե.
ՆՈՒԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ


Ս. Գրիգոր ինքնին նշանակուած էր Հայոց Եկեղեցւոյ գլուխ ըլլալու, իւր ընծայած սուրբ երախտիքէն եւ կատարած մեծ գործունէութեան հետեւանօք: Ուստի բնական կերպով այդ աստիճանին կոչուեցաւ թագաւորին ու ազգին կողմէ, իսկ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ստացաւ 302-ին, Կեսարիոյ Կապադովկացւոց արքեպիսկոպոս Ղեւոնդիոսի ձեռքէն: Եղելութիւնները պատմագիրներով եւ ազգային աւանդութեամբ հաստատուած են: Միայն թէ այդ ձեռնադրութիւնը առիթ տուած է զանազան վիճաբանութեանց, անոր նշանակութիւնը, այսինքն Հայաստանեայց աթոռին Կեսարիոյ աթոռին հետ ունեցած յարաբերութիւնները ճշդելու տեսակէտէն: Յոյները կը կարծեն թէ Հայոց աթոռը Կեսարիոյ աթոռին ենթարկուած էր, եւ թէ հինգերորդ դարու մէջ աթոռներուն իրարնէ բաժնուիլը՝ պարզ հերձուածի հետեւանք եղած է: Լատիններ ալ կ՝ըսեն, թէ Հայոց աթոռը սկիզբէն Կեսարիոյ աթոռին ենթարկուած էր, այլ յետոյ ինքնագլուխ աթոռ հռչակուեցաւ Սեղբեստրոս Ա. պապէն տրուած առանձնաշնորհութեամբ: Հայոց տեսութիւնը ոչ մէկն է ոչ միւսը: Անոնք իրենց աթոռը առաքելական կը ճանչնան, իւր ծագումէն ինքնուրոյն, եւ իւր սկիզբէն ինքնագլուխ եղած, ու նոյնպէս ալ շարունակած. որովհետեւ ինչպէս բացատրեցինք, Հայոց աթոռը ոչ թէ սկզբնաւորեցաւ, այլ վերանորոգուեցաւ Ս. Գրիգորի ձեռքով, եւ Կեսարիայէ ձեռնադրութիւն ընդունած ըլլալը, երբեք նուիրապետական կախում ունեցած կամ անոր ենթարկուած ըլլալու փաստ մը չէ:

Անոնք կ՝աշխատին Հայաստանը իբր Կեսարիոյ ենթարկուած վիճակ մը ցուցանել, կ՝ենթադրեն թէ Հայաստանի մէջ սկսած առաքելական քարոզութիւնը վաղանցուկ երեւոյթ մը եղած է որ հետք թողած չէ: Կը կարծեն եւս թէ Ս. Գրիգորի քարոզութիւնը պարզապէս Կեսարիոյ աթոռին կարգադրութեամբը կատարուած է, եւ թէ քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ առաջին անգամ չորրորդ դարուն մէջ հաստատուած է: Բայց մեր յառաջ բերած պատմական յիշատակները եւ անոնցմէ քաղած հետեւութիւնները հակառակը կը հաստատեն, եւ պէտք չենք տեսներ նորէն կրկնել այն փաստերը, որոնցով հաստատեցինք Լուսաւորիչէ առաջ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածուած ըլլալը: Որչափ ալ մեր յառաջ բերած յիշատակներուն վրայ դիտողութիւններ ըլլան, աւանդական պատմութեան հիմը հաստատուն կը մնայ: Մինչ հակառակ պնդողները ոչ մի հին յիշատակութիւն եւ ոչ մի աւանդութիւն չունին իրենց կարծիքը հաստատող, եւ լոկ մտացածին ենթադրութիւններով կը խօսին, Հայոց եկեղեցւոյ առաքելականութիւնը ուրանալու մարմանջէն ազդուած:

Իսկ Սեղբեստրոսէ տրուած կարծեցեալ առանձնաշնորհութեան ենթադրութիւնը կը հիմնուի Խաչակիրներու ժամանակ Հայերու կողմէ յօրինուած կեզծ գրուածի մը վրայ, որ Դաշանց Թուղթ անունով ճանչուած է: Այդ գրուածին նպատակը եղած է Հայոց աթոռին անկախութիւնն կամ ինքնագլուխութիւնը պաշտպանել, առանց պապութեան անձնասիրութիւնը վիրավորելու որպէս զի միեւնոյն ատեն հնար ըլլար Խաչակիրներուն օգնութիւնն ունենալ Կիլիկեան թագաւորութիւնը պաշտպանելու համար: Արդէն բոլոր պատմական, ժամանակագրական, քննադատական եւ լեզուաբանական հանգամանքներն ալ, համաձայն կերպով կը հաստատեն նոյն գրուածին կեղծ ու սուտ ըլլալը, որ այլեւս իրեն նպաստաւոր պաշտպան մըն ալ չունի: Հայոց աթոռին սկզբնական եւ կատարեալ անկախութիւնը, զոր Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր հայրապետներն ու մատենագիրները շարունակ եւ համարձակաբար հռչակած են, ուրիշ հանգամանքներով եւ տեսութիւններով ալ կը հաստատուի:

Յայտնի է թէ հռոմէական կայսրութեան սահմաններուն մէջ պատրիարքներու եւ մետրոպոլիտներու փոխադարձ յարաբերութեանց եւ իրաւասութեանց սահմանները, կատարելապէս կուսակալներու եւ կառավարիչներու քաղաքական կազմակերպութեան վրայ ձեւուած են: Երկու իշխանութեանց, այսինքն քաղաքականին եւ եկեղեցականին կազմութիւնները, իրարու կատարելապէս նման ու ճշդիւ համահաւասար են: Այդ դրութեան հետեւանքով այն ամէն երկիրները, որ կայսրութեան գաւառներուն շարքին մէջ չէին, եւ կայսրութեան մաս չէին կազմեր, Յունահռոմէական սահմաններուն մէջ գտնուող պատրիարքութեանց ալ կազմակերութենէն դուրս մնացին: Այս կերպով կազմուեցան Հայոց եւ Պարսից եւ Եթովպացւոց անկախ աթոռները, որոնց երկիրները կայսերական սահմաններէն դուրս կը մնային:

Կեսարիոյ կամ Պոնտոսի եքսարքութեան ներքեւ կը գտնուէին Հայք անունով երկու մետրապոլտութիւններ: Առաջին-Հայք կամ Սեբաստիա, եւ Երկրորդ-Հայք կամ Մելիտինէ, որոնք կատարելապէս Կեսարիոյ արքեպիսկոպոս իրաւասութեան ներքեւ էին: Այդ Հայք կոչումն է, որ առիթ տուաւ երբեմն անունները իրարու շփոթելու, եւ Առաջին ու Երկրորդ Հայքը՝ Մեծ-Հայք եւ Փոքր-Հայք գրելու: Այդ անուններու փոխանակութենէն առաջ եկած շփոթութիւնն յայտնի կերպով կը հաստատուի, երբ որ Պատրիարքութեանց տեղեկութիւններ կոչուած եկեղեցական ցանկերը՝ Գաւառաց ցուցակները կոչուած քաղաքական ցանկերու հետ բաղդատութեան կը դրուին:

Կեսարիոյ աթոռն ալ, ինչպէս նաեւ Անտիոքի եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւններն ալ, ոչ մի պարագայի մէջ, բուն Հայաստան կոչուած սահմաններու վրայ իշխանութեան կամ իրաւասութեան գործ մը կատարած չեն: Կեսարիոյ արքեպիսկոպոս Ս. Բարսեղի թուղթերուն մէջ ալ Հայոց նկատմամբ տեսնուած ակնարկութիւններ կամ կարգադրութիւններ, յայտնապէս Նիկոպոլսոյ եւ Սատաղայի եպիսկոպոսութեանց կը վերաբերին, որոնք Պոնտոսի եքսարքութեան ենթարկուած Առաջին-Հայոց եւ Երկրորդ-Հայոց մէջ կը գտնուէին, եւ ոչ թէ Մեծ-Հայոց սահմանին մէջ:

Այս տեսութիւններէ զատ, պէտք է նաեւ դիտել, որ եթէ չորրորդ դարուն սկիզբը եւ Նիկիոյ ժողովէն, այսինքն 325-էն առաջ մեծ աթոռներու մէջ տիրող եկեղեցական յարաբերութեանց պատմութիւնը խղճամիտ կերպով ուսումնասիրենք, պիտի տեսնենք որ երբեք նշան մը կամ յիշատակութիւն մը չկայ, որով մէկ աթոռը միւսին գործերուն միջամտէ, կամ միջամտելուն ենթադրութիւնը արդարանայ: Այս բանն ալ բնաւ զարմանալու կէտ մը չէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր եկեղեցական շրջնակ խստիւ սահմանափակուած էր իրեն համապատասխանող եւ իրեն կազմակերպութեան հիմը կազմող քաղաքական շրջանակով:

Ուրիշ կողմէ ալ գիտենք որ չորրորդ եւ հինգերորդ դարերու մէջ չի յիշուիր հաստատ եղելութիւն մը, որով Հայաստանի եւ Կեսարիոյ աթոռներուն յարաբերութեանց մէջ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած ըլլայ: Այդ ոեւէ յիշատակութեան բացակայութիւնը իրաւունք կու տայ եզրակացնելու, թէ ինքնագլուխ անկախութեան ձեւը՝ որ մշտատեւ կերպով կ՝երեւայ, ոչ թէ յետագայ պարագայով մը սկսած է, այլ իւր ծագումն ունեցած է նոյնիսկ նուիրապետութեան սկզբնաւորութեան օրէն, եւ միեւնոյն կերպով պահուած է Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ:

Իրօք ալ ինչ որ ասոր հակառակ կրցած են ըսել. հակառակ կարծիքը պաշտպանողներ, պարզ ենթադրութիւններէն անդին չ՝անցնիր: Անոնք կը հիմնուին այն տեսակ ձեւակերպութիւններու վրայ, որոնք տեղի չունէին նախկին դարերուն մէջ՝ որոնց վրայ կը խօսինք, այլ հետագայ դարերուն մէջ երեւան եկած նորութիւններն են: Ինչինչ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան յետագայ դարերուն մէջ. Բիւզանդական տիրապետութեան Հայաստանի վրայ տարածուած ատեն, եւ Խաչակիրներու արշաւանքներուն ազդեցութեան ներքեւ, աթոռներու յարաբերութիւններն ալ այլայլեցան. բայց այս պատահարները չէին կրնար եւ չկրցան յետադարձ ներգործութիւն մը ունենալ, եւ ոչ ալ հնար էր առաջին դարերու եղելութիւններուն իսկութիւնը՝ յետին դարերու եղելութեանց վրայ ձեւել:

Հետեւաբար Ս. Լուսաւորչին Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսէն ձեռնադրութիւն ընդունիլը, պէտք է որեւէ պատահական պարագայի վերագրել, որ իրական կամ իրաւասական նշանակութիւն մը չունի: Թերեւս նոյնինքն Ս. Լուսաւորչին անձնական փափաքէն յառաջ եկած է, քանի որ Կեսարիոյ մէջ եղած էր անոր դաստիրակութիւնը: Իսկ այս պարագայն չի կրնար երբեք ծառայել իբրեւ եկեղեցական յարաբերութիւնները ճշդելու փաստ մը:

Զ.
ՉՈՐՐՈՐԴ ԴԱՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ


Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Եկեղեցին կառավարեց քառորդ դարու միջոց մը, եւ լրացուց այն ամէն գործողութիւնները, որ պէտք էին անոր հաստատուն եւ ամբողջական կազմակերպութիւն մը տալու համար: Իրեն անունով ունինք Կանոններ եւ Յաճախապատում ճառեր, եւ շատ մըն ալ բարեկարգական եւ ծիսական սովորութիւններ կան, որոնց ծագումը մինչեւ իւր օրը կը բարձրանայ: Նա չորս հարիւրի չափ եպիսկոպոսական եւ արքեպիսկոպոսական վիճակներ սահմանեց, Հայաստանի եւ անոր յարակից երկիրներու հոգեւորական վարչութեան համար: Ինքն եղաւ որ գլուխ կանգնեցաւ Վրաստանի, Աղուանքի եւ Ատրպատականի քրիստոնէութեան դառալուն, եւ եկեղեցական պաշտօնեաներ ղրկեց այդ կողմերը, եւ վախճանեցաւ 325-ին, Նիկիոյ ժողովին գումարման միջոցին: Իրեն յաջորդեցին իւր որդիները, նախ կրտսերը Ս. Արիստակէս (325-333), որ կուսակրօն էր. յետոյ երէց որդին Ս. Վրթանէս (333-341), որ ամուսնացած էր: Այս վերջինին ալ յաջորդեց իւր իսկ որդի Ս. Յուսիկ (341-347): Հայրապետական յաջորդութեան միեւնոյն ընտանիքին մէջ շարունակելը, այն ատեն ազգին համար փափաքելի ձեւ մը եղաւ: Այս կերպով Հայրը ոչ թէ միայն իւր մեծ Լուսաւորչին հանդէպ խորին յարգանքի նշանակ մը կ՝ընծայէր, այլ եւ հեթանոսական հին սովորութեան հետեւած կ՝ըլլար, թերեւս առանց ուշադրութիւն իսկ դարձնելու: Իսկ Յուսիկի զաւակներուն եկեղեցական կոչում ընդունելու դէմ ցուցած հակառակութիւնը, հայրապետական աթոռ բարձրացուց Փառէն Աշտիշատեցին (348-352), Լուսաւորչի գերդաստանին մերձաւոր կամ ազգակից մը. բայց նորէն շուտով ձեռք առնուեցաւ Լուսաւորչի սերունդին ուղղակի յաջորդութիւնը, եւ ընտրուեցաւ Ս. Ներսէս (353-373), Ս. Յուսիկի թոռը: Անոր մահուան ատեն, իւր զաւակին կանոնական տարիք չունենալուն պատճառով, ազգին կողմէ հայրապետական աթոռ կոչուեցան Շահակ (373-377), Զաւեն (377-381), եւ Ասպուրակէս (381-386), երեքն ալ Մանազկերտացիք, այսինքն Աղբիանոսի քահանայական սերունդէն, որ Ս. Լուսաւորչին գործակիցն ու օգնականը եղած էր աւետարանի քարոզութեան մէջ: Ասոնցմէ ետքը հայրապետական աթոռը անգամ մըն ալ Ս. Լուսաւորչի սերունդին կը դառնար Ս. Սահակի ընտրութեամբ, որ Ս. Ներսէսի որդին էր, եւ որ ամբողջ յիսներեակ յոբելեան լրացուց հայրապետական աթոռին վրայ (387-436): Գիտենք որ չորրորդ դարու կաթողիկոսներուն ժամանակագրական թուականները, եւ մինչեւ իսկ անունները, տարբերութիւններ ունին նոր պատմագիրներուն մօտ, սակայն մեր նշանակած կարգն ու թուականները հիմնուած են նախնական աղբիւրներու բաղդատութեան վրայ, եւ անձամբ կատարուած ուսումնասիրութիւններով ճշդուած են:

Չորրորդ դարու Հայ Եկեղեցին, թէպէտեւ նուիրապետութեան եւ վարչութեան տեսակէտէն պէտք եղած կազմակերպութիւնը ստացած էր, սակայն ամենակարեւոր տարր մը կը պակսէր իրեն, այն է իւր սեփական լեզուով Աստուածաշունչի թարգմանութիւն եւ ծիսական գիրքեր ունենալ, որովհետեւ հայերէն լեզուն այբուբէն չունէր տակաւին, եւ չէր կրնար Ս. Գիրքերուն կենդանի խօսքերուն մնայուն եւ հաստատուն դրոշմ տալ գրութեան միջոցով: Դպրոցական ուսումն ու կրթութիւնը Հայսատանի մէջ օտար լեզուներով կը տրուէր, եւ Կիսարոյ եւ Եդիսիոյ հռչակաւոր դպրոցներն էին իրենց լուսոյ վառանները, որոնցմէ մտաւորական լոյսը կը ստանար: Յունարէն լեզուն կը գործուածէր Կեսարիոյ դպրոցին մէջ, ուր կը յաճախէին Հայաստանի հիւսիսային նահանգներուն ուսանողները. ասորերէնը կը գործածուէր Եդիսիոյ դպրոցին մէջ, ուր կը դիմէին հարաւային նահանգներու ուսումնատենչները: Ս. Գրիգոր Հայաստանի մէջ սկսաւ քրիստոնէական դպրոցներ բանալ, սակայն պարտաւորուած էր անոնց գլուխը օտարազգի կամ օտարախօս ուսուցիչներ դնել: Իւր յաջորդներն ալ իւր օրինակին հետեւեցան , բայց ամենէն աւելի այդ գործին զարկ տուաւ Ս. Ներսէս Մեծ Հայրապետը, որ կրթական բարեգործական հաստատութիւնները բազմացուց ծաղկեցուց:

Ս. Գրիգոր Հայրապետի եւ Ս. Տրդատ թագաւորի միացած ջանքերուն հակառակ, Հայաստանի անթերի քրիստոնէանալը բացառութիւններ ունեցաւ, եւ հեթանոսական պաշտամունքը աստեւանդ ծածկուած մնացին, եւ բոլորովին չանհետացան: Մանաւանդ լեռնային եւ դժուարամատչելի կողմեր հին չաստուածներ իրենց համար տաճարներ եւ զիրենք պատուող քուրմեր ունէին տակաւին: Ուստի Լուսաւորչին յաջորդող հայրապետները ամենայն նախանձայուզութեամբ աշխատեցան հեթանոսական զեղծումները վերցնել. բայց բոլորովին արմատախիլ ընել դիւրին չէր: Այս վիճակը շարունակեց մինչեւ Ս. Ներսէսի օրերը, որ անոնց գրեթէ վերջնական հարուածը տուաւ, թէպէտեւ ինչինչ հետքեր Ս. Սահակի օրով ալ տակաւին կը գտնուէին: Աւելի դժուար եղաւ անհետացնել հեթանոսական սովորութիւնները ու զեղծումները, որոնք ժողովուրդին մէջ կը տիրէին, եւ առաւելապէս արքունիքին եւ նախարարներու տուներուն մէջ: Հայրապետներ, նոյն իսկ քաղաքական իշխանութեան կողմէ եղած սպառնալիքներն ու անոնց զայրոյթէն բղխած վտանգներն ալ անարգելով, հովուական արիութեամբ եւ վեհոգի նախանձայուզութեամբ դիմադրեցին եւ բարոյական զեղծումներու եւ ամբարիշտ սովորութիւններու դէմ մաքառեցան: Իրենց այս քաջասրտութեան հետեւանք եղաւ, որ Ս. Արիստակէս՝ Ծոփաց նախարարին դաւաճանութեամբը սպաննուեցաւ. Ս. Վրթանէս հազիւ կրցաւ թագուհիին կողմէն գրգռուած Սիմ (Սասուն) գաւառին լեռնականներուն յարձակումներէն ազատիլ. Ս. Յուսիկ՝ Տիրան թագաւորի կամակցութեամբ բրածեծ հարուածներու հետեւանօք հոգին աւանդեց, եւ Ս. Դանիէլ Աշտիշատեցին ալ, որ հայրապետական աթոռ կոչուած էր, միեւնոյն վախճանն ունեցաւ: Բայց այդ հալածանքները երբեք չնուազեցուցին ու ճշիջուցին սուրբ հայրապետնրուն քաջարի նախանձայուզութիւնը:

Գալով վարդապետութեան, զոր ունէին չորրորդ դարու Հայ Եկեղեցւոյ հայրապետները, այս մասին յատուկ ըսելիք մը չունինք: Միեւնոյն դաւանութիւն էր որ չորրորդ դարուն մէջ բոլոր եկեղեցիները կը միացնէր, եւ Արեւելք եւ Արեւմուտք՝ հաւատոյ եւ սիրոյ կատարեալ հաղորդակցութեան մէջ էին: Այդ միջոցին երեւցած մոլորութիւնները, ինչպէս եղան Արիանոսներու եւ Մակեդոնեաններու հերետիկոսութիւնները, ընդհանուր եկեղեցւոյ համաձայնութեամբ դատապարտուեցան Նիկիոյ (325) եւ Կոստանդնուպոլսոյ (381) ժողովներուն մէջ, եւ Հայոց Եկեղեցին ալ կատարելապէս այդ ժողովներուն դաւանութիւնն ու որոշումները ընդունեցաւ: Ս. Արիստակէս անձամբ ներկայ եղաւ յիշուած ժողովներէն առաջինին, եւ եթէ երկրորդին մէջ Հայոց Եկեղեցին ներկայացուցիչ չունեցաւ, սակայն ուղղակի տեղեկութիւն ստացաւ անոր որոշումենրուն նկատմամբ, եւ ըստ ամենայնի համակերպեցաւ եւ միացաւ անոր հոգւոյն եւ անոր դաւանական կանոններուն:

Հայ Եկեղեցւոյ սեփական եւ ազգային ծէսին մասին արդէն ակնարկեցինք, թէ այն դեռեւս կազմակերպուած չէր, որովհետեւ հայ լեզուն ոչ այբուբէն եւ ոչ բնիկ դպրութիւն ունէր, եւ Աստուածաշունչն ու ծիսարանները յունարէն լեզուով կը գործածուէին: Բայց հասարակ ժողովուրդը չէր կրնար օտար լեզուներու տեղեակ ըլլալ, անոր համար կարդացւած գիրքերը նոյնիսկ եկեղեցւոյ մէջ բերանացի կը թարգմանուէին: Այս նպատակով Թարգմանիչ պաշտօնեաներու յատուկ դասակարգ մը կար, որ եկեղեցական պաշտամունքներու կը մասնակցէր, եւ պաշտօն ունէր բերանացի թարգմանել եւ բացատրիլ Աստուածաշունչի այն կտորներ, զոր Վերծանող պաշտօնեաներ օտար լեզուով կը կարդային: Թարգմանիչներու պաշտօնն էր նաեւ մայրենի լեզուով ժողովուրդին բացատրել ծիսական աղօթքները, եւ անոնց սորվեցնել բերանացի եւ գոց արտասանել սաղմոսներէ կամ ծիսարաններէ առնուած գլխաւոր աղօթքները: Եթէ մտադրութիւն դարձուի այն բառերու տարբերութեանց, որոնց կը հանդիպենք պաշտամանց մէջ գործածուած եւ Աստուածաշնչի ամբողջութեան մէջ պարունակուած միեւնոյն սաղմոսներուն բացատրութիւնները իրարու հետ բաղդատած ատեննիս, դիւրաւ պիտի կարենանք զանազանել աղօթական հատուածներուն նկատմամբ երկու տարբեր թարգմանութիւններ, մէկը չորրորդ դարու մէջ կատարուած ժողովրդական կիրառութեան համար, եւ միւսը հիգերորդ դարու մէջ դասական ոճով կատարուած յունական բնագիրին վրայ:

Է.
ՀԱՅ ԴՊՐՈՒԹԵԱՆՑ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ


Յատուկ այբուբէնի եւ ազգային գրականութեան պակասութիւնը՝ հիմնական արգելք մըն էր ոչ միայն ազգին մտաւորական եւ կենցաղական զարգացման, այլ եւ եկեղեցւոյն գոյութեան եւ անկախութեան, որ առանց անոր չէր կրնար ոչ իրեն յատուկ եւ սեփական կազմակերպութիւնն ունենալ, եւ ոչ ալ զայն պահել ու պաշտպանել: Ժողովուրդը ոչ մի հաստատուն միջոց չունէր իւր կրօնական կեանքին եւ հոգեւոր շինութեան համար, քանի որ բերանացի եւ անցաւոր թարգմանութիւններ չէին կրնար իւր սրտին ձգտումները եւ հոգեւոր տենչանքը յագեցնել: Այս կացութիւնը առաւելապէս Ս. Սահակ հայրապետին մտադրութեան առարկայ եւ հոգածութեան նիւթ պիտի ըլլար, քանի որ ինքն հելլենական եւ ասորական դպրութեանց եւ գիտութեանց մէջ այնպէս կատարեալ կերպով զարգացած էր, որ ժաանակակիցներու վկայութեամբ, իւր դարուն իմաստուններուն մէջ գերազանց դիրք մը կը գրաւէր:

Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, նախկին արքունական դիւանադպիր, յետոյ Ս. Ներսէս հայրապետի աշակերտած, միտքը դրաւ անհետացնել հեթանոսական վերջին մնացորդները, որոնք տակաւին Գողթն (Ագուլիս) գաւառին մէջ կը գտնուէին: Այդ աշխատութեան պահուն էր, որ փորձով զգաց այբուբէն մը չունենալու անտեղիութիւնը, եւ տեսաւ թէ անհնար կ՝ըլլայ հաստատուն պատուէրներ եւ գրաւոր ուսանելիքներ յանձնել այն ժողովուրդին, որ լոկ բերանացի քարոզութեամբ աշակերտած էր: Ս. Սահակ հայրապետի հետ խորհրդակցեցաւ, եւ երկուքը միասին դիմեցին Վռամշապուհ թագաւորին, որ այդ տխուր կացութեան դարման մը հոգացուի: Այս առաջին շարժումը տեղի կ՝ունենար հինգերորդ դարուն ճիշդ սկիզբը, 401 տարին: Վռամշապուհ անոնց տրամադրութեան ներքեւ դրաւ, ինչ մջջոց եւ դիւրութիւն ոչ ձեռքէն կու գար: Շատ մը աշխատութիւններէ եւ դիմումներէ ետքը, 404 տարին, Ս. Մեսրոպ յաջողեցաւ կազմակերպել առաջին այբուբէն մը, որ երկու տարիէն, 406-ին վերջապէս լրացաւ, այնպէս որ կատարեալ կերպով կը համապատասխանէր հայ լեզուին ոգւոյն եւ առոգանութեան: Որովհետեւ Ս. Մեսրոպ իւր նպատակին մէջ յաջողելու համար աղօթքով ալ դիմած էր երկնային օգնութեան, անոր յաջողութիւնն ալ աստուածային սքանչելեաց արդիւնք ընդունուեցաւ: Հայերն ալ ազգովին, իրենց համար միշտ պարծանքի նիւթ ըրած են, որ իրենց ազգային դպրութեան ծագումը՝ գերբնական ազդեցութեան արդիւնք եղած ըլլայ: Ս. Մեսրոպի գործը Ս. Սահակի գլխաւորութեամբ կատարելագործուէցաւ, եւ նոյնինքն սուրբ հայրապետը գլուխ ճանչուեցաւ այն մեծ գործունէութեան, որ միեւնոյն ատեն գրական էր եւ նուիրական միանգամայն: Այս է պատճառը որ Հայերը Ս. Սահակը կը ճանչնան իբր Լուսաւորիչ մտաց՝ դպրութեանց լոյսով, ինչպէս Ս. Գրիգոր եղած է Լուսաւորիչ հոգւոց՝ հաւատքի լոյսով, եւ ս. Ներսէս՝ Լուսաւորիչ սրտից՝ բարոյականութեան լոյսով:

Հայ այբուբէնը սկիզբէն երեսունվեց տառեր ունէր, որք կը պարունակէին Հայ լեզուի ամէն հնչումներն ու առոգանութիւնները. իսկ վերջին ատենները երկու տառեր եւս աւելցան, եւ ամբողջութիւնը երեսունութի լրացաւ: Այդ տառերուն յարմարութիւնը այնչափ յաջող ու կատարեալ է, որ կրնայ առանց դժուարութեան օտար լեզուներու գրեթէ բոլոր հնչումները արտադրել: Մենք մեր նպատակին մէջ ամփոփուինք, եւ այդ նոր յաջողութեան եկեղեցական տեսակէտէ ունեցած արդիւնքները բացատրենք:

Առաջին ձեռնարկուած գործն եղաւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, որուն նուիրացան Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ, իրենց ընտրելագոյն աշակերտներուն գործակցութեամբ, զորս զատած էին Թարգմանիչ պաշտօնեաներու դասակարգէն: Երկուքին աշակերտներուն թիւը պատմութիւնը հարիւրի կը հասցնէ, որոնց վաթսունը Ս. Սահակի հետեւողներ էին, եւ մնացածը Ս. Մեսրոպի: Հին Կտակարանի հայերէն թարգմանութիւնը եղած է Եօթանասնից կոչուած յունական օրինակին վրայ, բայց բաւական թուով տարբերութիւններ կը նկատուին հետեւողութեամբ ասորական թարգմանութեան: Թարգմանութեան աշխատութինը որ 404-ին սկսած էր, վերջապէս փակուեցաւ նոր վրաքննութենէ մը ետքը, զոր Ս. Սահակ անձամբ կատարեց Կոստանդնուպոլսոյ Մաքսիմիանոս պատրիարքէն 432-ին յատկապէս ղրկուած ընտիր օրինակին հետ բաղդատելով: Աստուածաշունչի թարգմանութենէն ետքը, սկսան ծիսական կարգերը կամ գիրքերը պատրաստել, ինչպէս են, պտարագամատոյցը, մկրտութեան եւ դրոշմի կանոնները, ձեռնադրութեան եւ ամուսնութեան կարգերը, եկեղեցեաց հիմնարկութիւնն ու նուիրագործութիւնը, թաղման կանոնները, օրական ժամերգութիւնները, եւ տօներու տոմարը: Ս. Սահակ այդ աշխատութիւնները կատարեց, ըլլայ ո՚ւղղակի անձամբ, ըլլայ անուղղակի Ս. Մեսրոպի եւ իւր աշակերտներուն գործակցութեամբ: Հայոց ծիսական կարգադրութիւնները ընդհանրապէս ներշնչուած են Ս. Բարսեղի կոչուած արարողութիւններէն, որ կը կազմեն Կեսարիոյ կամ Կապադովկացւոց եկեղեցւոյն ծէսը: Այդ բանն ալ իրաց բնական ընթացքին համաձայն էր, քանի որ, ինչպէս յայտնի է, Հայ Եկեղեցւոյ պետերը իրենց կրթութիւնն ու ուսմունքը Կապադովկիոյ դպրոցին մէջ առած էին:

Բայց Կեսարիոյ կամ Կապադովկացւոց ծէսին հետեւելով ալ, բնաւ անոր ստրկական հետեւողութիւն չունեցան եւ կատարելապէս բառացի թարգմանութիւն չըրին: Ս. Լուսաւորիչն արդէն Հայոց ազգային սովորութիւններէն եւ հեթանոսական ծէսերէն շատ կէտեր ու ձեւեր առած, եւ քրիստոնէական ծիսակատարութեան վերածած էր: Այս փոփոխութիւնները դարու մը տեւողութեամբ եւ ժամանակին ազդեցութեամբ, ազգային քրիստոնէական սովորութեանց մէջ այնչափ խոր արմատացած էին, որ հինգերորդ դարու բարեկարգիչները չէին կրնար այլեւս անոնց ազդեցութիւնը չյարգել, ոչ ալ կրնային անոնք խափանել ու տարբեր ձեւեր մտցնել: Այս պատճառաւ չուզեցին եւ չկրցան ալ ծառայաբար համակերպիլ յունական ծէսին ամէն մանրամասնութեան: Ինչ որ հայկական ծէսին առանձնայատուկ պէտք է նկատել, իւր շարականներն են, որոնք բնիկ ազգային եւ սեփական ճաշակ մը ունին, եւ ազգային հին երգերու արձագանգներն են, թէպէտեւ մասամբ Ս. Եփրեմի ասորերէն երգերուն հետ ալ նմանութիւններ ունին:

Հայկական գրականութեան յատկանիշներէն մէկն ալ, սուրբ հայրերուն գործերուն թարգմանութեանց առատութիւնն է: Նկատողութեան արժանի է, որ անոնց գործերէն ոմանք, որոնք բնագրական լեզուով կորսուած են, հայերէն թարգմանութեան մէջ պահուած կը մնան: Սուրբ հայրերէն զատ թարգմանուած են եւս հին իմաստասէրներուն գործերէն շատեր: Իսկ իբր բնագրական գործեր ունինք միայն հին եւ ժամանակակից պատմութեան գիրքեր բաւական թիւով:

Ը.
ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԴԱՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ


Ս. Սահակի հայրապետութեան միջոցը կը գրաւէ հինգերորդ դարուն առաջին երրորդ մասը: Եթէ նկատի չառնենք գրական յաջողութիւնները, որ այդ միջոցը պայծառացուցին, ուրիշ կողմէ նշանաւոր պարագայ մը չկայ յառաջ բերելու արժանի: Համարձակ կրնանք ըսել թէ այդ յաջողութեան մէջ պէտք է երկնային նախախնամութեան յատուկ ներգործութիւնը տեսնել, որովհետեւ այն եղաւ որ ազդեցութիւն եւ զօրութիւն ունեցաւ ազգը յայտնի կործանումէ եւ ստոյգ ոչնչացումէ ազատել. այն եղաւ որ Հայութեան տուաւ ինքնուրոյն եւ անկախ գոյութեան պէտք եղած տարրերը, երբ ուրիշ ամէն կենցաղական եւ քաղաքական պարագաներ անոր տեւականութեան դէմ կը դառնային: Հայաստան կանուխէն Յոյներուն եւ Պարսիկներուն մէջ բաժնուած էր (384), եւ Ս, Սահակի կաթողիկոսութիւնը եղած էր Պարսկական բաժնին վրայ թագաւորող Խոսրովի կամքովը միայն, երբ Արշակ առանձին կը թագաւորէր Յունական բաժնին մէջ: Ս. Սահակի ձեռք առած խոհական եւ իմաստուն միջոցներուն արդիւնքն էր, որ իւր հայրապետութիւնը երկու բաժիններուն մէջ ալ հաւասարապէս գնահատուեցաւ ու ճանչուեցաւ: Քիչ ետքը Յունական Հայաստանը Բիւզանդացի կուսակալներու յանձնուեցաւ, իսկ Պարսկական Հայաստանի վրայ, Վռամշապուհի համեմատաբար խաղաղական թագաւորութենէն ետքը, Պարսիկ Շապուհը թագաւորեց, որուն յաջորդեց Արշակունի Արտաշէսը, մեղադրելի եւ մոլի երիտասարդ մը: Նոյնինքն Հայ նախարարներ դատախազ կանգնեցան իրենց թագաւորին դէմ Պարսիկ վեհապետին առջեւ, Արտաշէսի գահընկեցութիւնը պահանջեցին, եւ Պարսիկ կուսակալով կառավարուելու խնդրամատոյց եղան: Իրենց դիմումը առանց դժուարութեան ընդունուեցաւ եւ անմիջապէս Վեհմիհրշապուհ Պարսիկ նախարարը Պարսկական Հայաստանի մարզպան անուանեցաւ (428): Նախարարներ Ս. Սահակն ալ բռնադատեցին իրենց միանալ, եւ ամէն տեսակ միջոցներ գործածեցին, սպառնալիքներ ու հրապոյրներ ալ փորձեցին, որպէս զի իրենց հետ դաւաճանելու ստիպեն, բայց չյաջողեցան: Ասոր վրայ Ս. Հայրապետին դիմադրութեան վրէժը լուծելու համար, ան ալ ամբաստանեցին թէ Արտաշէսի կամակից է եւ Պարսիկ վեհապետին թշնամի: Այդ դաւաճանութեան հետեւանքով Ս. Սահակ ալ պաշտօնանկ հռչակուեցաւ եւ Պարսկաստան աքսորուեցաւ, եւ իրեն տեղ հակաթոռ կաթողիկոս անուանուեցաւ Սուրմակ Մանազկերտացի, որ նախարարներուն միացած էր (428):

Այդ փոփոխութիւնը մեծ խառնակութիւն պատճառեց Հայաստանի եկեղեցական գործերուն մէջ: Հայրապետական աթոռը վարչական կերպով հակաթոռներու ձեռքն անցաւ, որոնք դրամական հասոյթներ եւ նիւթական օգուտներ միայն կը քաղէին: Հաստատուն կացութիւն ալ չունէին, որովհետեւ շուտ շուտ իրարու յաջորդեցին, Սուրմակ (428), Բրքիշոյ (429), Շմուէլ (432), եւ դարձեալ Սուրմակ (437): Իսկ եպիսկոպոսական դասակարգը, կղերն ու ժողովուրդը բացէիբաց մերժեցին հակաթոռներուն իշխանութիւնը, եւ միշտ իբր իրենց հոգեւոր գլուխ եւ հայրապետ ճանչցան աքսորական Ս. Սահակը: Երբոր սա աքսորէ ալ դարձաւ, չուզեց պաշտօնական դիրք կազմել, այլ առանձնացաւ Բագրեւանդ գաւառի Բլուր գիւղը (Ալաշկերտի Եահնիթէբէն), եւ Ս. Մեսրոպ ու Ս. Ղեւոնդ, իբրեւ օգնականներ, կրօնական եւ հոգեւորական գործերը կը հոգային՝ Ս. Սահակի հովանաւորութեամբ, որ ոչ մի ժամանակ ձեռքէ չթողուց իւր հաւատացեալ հօտին խնամքն ու հսկողութիւնը:

Հակառակ այդ անկայուն կացութեան, Ս. Սահակ ընդհանուր եկեղեցւոյ պատկանող խնդիրներու մէջ ալ գործունեայ դեր մը պահեց: Եփեսոսի Ս. Ժողովը (431) դատապարտած էր Նեստորի մոլութիւնները, եւ ժողովին վճիռները Կոստանդնուպոլիսէ Հայաստան բերուած էին Ս. Սահակի աշակերտներուն ձեռքով. բայց Թէոդորոս Մոպսուեստացիի գիրքերը, որ Նեստորի նախընթաց կարապետն էր եղած, ժողովին մտադրութեան առարկայ եղած չէին: Նեստորականներ այն զանցառութենէ օգտուելով, կը յաջողէին իրենց մոլորութիւնները քօղարկել Թէոդորոսի անունովը: Ս. Սահակ խնդիրը ձեռք առաւ, Աշտիշատի մէջ ժողով մը գումարեց (435), Թէոդորոսի մոլորութիւնները երեւան հանեց, եւ դաւնական գրութամբ մը հաղորդեց Կոստանդնուպոլսոյ Պրոկզ պատրիարքին: Այդ նամակը վերջէն իբրեւ փաստ ծառայեց Կոստանդնուպոլսոյ Երկրորդ ժողովին (553), Երից-Գլխոց դատապարտութիւնը վճռելու համար:

Ս. Սահակի մահը (439) աւելի աղիտալի պատահարներու սկզբնաւորութիւն եղաւ: Սուրմակ կը շարունակէր հայրապետական աթոռը գրաւել իբր Պարսկական տիրապետութենէ ճանչցուած գլուխ, մինչ Մեսրոպ կը յարատւէր հոգեւոր հսկողութիւնն ու հոգացողութիւնը կատարել իբր հայրապետական տեղակալ. բայց նա ալ չուշացաւ Ս. Սահակին հետեւիլ հանդերձեալի ճամբուն մէջ (440): Ս. Յովսէփ Հողոցմեցի Ս. Մեսրոպի տեղ հոգեւոր գործերու հսկողութեան կամ հայրապետական տեղակալութեան մէջ, մինչեւ որ Սուրմակի մահուանէ ետքը (444), Վասակ Սիւնի մարզպանին միջնորդութեամբ, Պարսից տէրութենէն ալ ճանչցուեցաւ իբրեւ հոգեւոր գլուխ եւ կաթողիկոս:

Պարսից արքայից արքայն, որ Հայաստանը իւր պետութեանը խառնած եւ մարզ կամ արքունական գաւառ մը դարձուցած՝ էր, Զրադաշտական կրօնքին պաշտօնեայ մոգերուն խորհրդով՝ յորդորուեցաւ քրիստոնէութիւնը ջնջել Հայաստանէն ալ, եւ բոլոր իւր հպատակները արեւի եւ կրակի պաշտաման բռնադատել: Այդ նպատակը իրագործելու համար, նախ ձեռնարկեց Հայաստանը մերկացնել իւր զինուորական զօրութենէն, եւ Հայոց այրուձի գունդերը փոխադրեց դէպի հիւսիս, Կովկասաբնակ բարբարոս ազգերու դէմ պատերազմելու համար: Անկէ ետքը հրովարտակ մը հրատարակեց (449), որով դէնիմազդէզը կամ զրադաշտական կրօնքը պարտաւորիչ կը հռչակէր բոլոր իւր տիրապետութեան հպատակներուն անխտաբար: Այդ առթիւ սկսաւ յայտնի հալածանք մը քրիստոնէութեան դէմ, որուն մէջ նախ եւ առաջ նահատակուեցան Ս. Ատոմ Գնունի եւ Ս. Մանաճիհր Ռշտունի իրենց գունդերով: Եպիսկոպոսները Արտաշատի մէջ ժողովի հրաւիրուեցան (450), եւ հաւատոյ ջատագովական գրութեամբ մը բացարձակապէս յայտարարեցին իրենց անդրդրուելի հաստատամտութիւնը քրիստոնէական հաւատոյ վրայ: Այդ բացարձակ ընդդիմութեան պատճառով գլխաւոր նախարարներէն տասը հոգի Պարսից արքունիքը կանչուեցան, եւ բռնադատութեան ենթարկուեցան քրիստոնէական հաւատքնին ուրանալու: Նախարարները երկսայրի վտանգներու հեռապատկերին հանդէպ գտնուեցան, կա՚մ արքայից արքային կամքին հնազանդիլ, կամ իրենց երկիրը անգլուխ եւ անպաշտպան լքանել: Անելանելի տագնապէն ստիպեալ որոշեցին կեղծաւորութեամբ ազատութիւն ստանալ, եւ իրենց երկիրը դառնալով կանոնաւոր եւ զօրաւոր դիմադրութիւն պատրաստել:

Արեւի եւ կրակի պաշտօնեայ մոգերու բազմութիւն մը, իրենց կրօնքին պէտք եղած առարկաներով ու նշաններով եւ յաղթական ձեւով՝ ճամբայ ելան կեղծուրաց նախարարներուն հետ, բայց պարտաւորուեցան ցրուիլ եւ ընկրկիլ Բագրեւանդի դաշտին մէջ զինեալ ժողովուրդին յարձակումներուն առջեւ, որոնց կ՝առաջորդէր Ս. Ղեւոնդ մեծ երէցը: Տարուան մը պայմանաժամ տրուած էր, 450 Օգոստոսէ 451 Օգոստոս, հայաստանի մէջէմ քրիստոնէութիւնը անհետացնելու, եւ Հայեր այդ պայմանաժամէն օգտուեցան զինեալ դիմադրութիւն պատրաստելու Պարսիկ բանակներուն դէմ, որոնք կու գային արքունի հրամաններուն հսկելու եւ ընդդիմադիրները ընկճելու: Շատ հաւանական է, որ եթէ Հայերը այդ պարագային իրենց բոլոր ոյժերը համամիտ եւ համերաշխ կերպով միացուցած ըլլային, պիտի կարենային իրենց դիմադրութեան մէջ յաջողիլ, եւ թշնամի բանակը ամօթով յետս դարձնել: Դժբախտաբար նախարարներէն մաս մը, Վասակ մարզպանը գլուխնին, Պարսիկներու հետ համաձայնած էին եւ անոնց կողմը կը պաշտպանէին: Երբ 451 տարւոյ Մայիս 26 օրը, Աւարայրի ճակատամարտին մէջ վաթսունվեց հազար Հայեր, Վարդան Մամիկոնեանի ընդհանուր հրամանատարութեամբ, երկու հարիւր հազար թշնամիներու դէմ կը դնէին, հայագունդ նշանաւոր բանակ մըն ալ թշնամի գունդերու մէջ էր եւ անոնց կողմը կը զօրացնէր: Ս. Վարդան եւ ութ Ս. զօրավարներ եւ հազար քսանեօթ Ս. զօրականներ, պատերազմի դաշտին մէջ նահատակուեցան, որոնց յիշատակը ամէն տարի Բուն Բարեկենդանին նախընթաց Հինգշաբթի օրը կը տօնուի Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Վարդանանց անունով:

Այդ օրէն սկսելով Հայոց Եկեղեցին դժբախտ ժամանակամիջոց մը ունեցաւ շփոթութիւններով եւ նեղութիւններով լեցուն, որոնք յառաջ եկան ներքին եւ արտաքին արկածներէ, եւ որոնց ներքեւ եկեղեցին տառապեցաւ ու տանջուեցաւ: Ս. Յովսէփ հայրապետ, որ իբր կրօնական շարժումին գրգռիչը ամբաստանուած էր, ձերբակալուեցաւ, Պարսկաստան աքսորուեցաւ եւ մարտիրոսութեամբ նահատակուեցաւ (454), ուրիշ եկեղեցական ընկերներու հետ, որոնց յիշատակը կը տօնուի Ս. Ղեւոնդեանց անունով: Անոր յաջորդեցին Մելիտէ (452-456) եւ Մովսէս (456-561), եւ ասոնցմէ ետքը հռչակաւորն Գիւտ Արահեզացի (461-478), որ նորէն պարտաւորեցաւ Պարսիկներու հալածանքներէ տառապիլ, որոնք կրկին անգամ ձեռնարկած էին կրօնքը պարտաւորիչ ընել իրենց հպատակներուն: Անգամ մըն ալ Հայերը ստիպուեցան զէնքի դիմել Վահան Մամիկոնեանի հրամանատարութեամբ, որ Ս. Վարդանի եղբօրորդին էր, եւ թշնամական գործողութիւնները շարունակեցին մինչեւ Յովհաննէս Մանդակունի հայրապետին ժամանակը (478-490), որ Գիւտի յաջորդած էր: Այդ կացութիւնը անվերջանալի ըլլալ կը սպառնար, երբ Վաղարշ, նոր արքայից արքայն, համոզուելով իրենց ճիգերուն անօգտակարութան, վերջ տուաւ կրօնական հալածանքներուն: Խոհական նախատեսութեամբ կրօնի ազատութիւն հռչակեց (484), եւ ետքէն Հայաստանի մարզպան կամ կուսակալ անուանեց (485), որով Հայաստանի մէջ թէ՚ քաղաքական եւ թէ կրօնական խաղաղութեան ժամանակ մը սկսաւ: Այդ առթիւ երանելին Յովհաննէս Մանդակունի հայրապետական աթոռը պաշտօնապէս Դուին փոխադրեց, Պարսկական կուսակալութեան մայրաքաղաքը, քրիստոնեայ մարզպանին հովանաւորութեան ներքեւ, եւ սկսաւ ամենայն փութաջանութեամբ եւ ազատութեամբ աշխատիլ եկեղեցւոյ բարեզարդութեան եւ ժողովուրդին բարեկարգութեան: Իւր իմաստուն վարչութեամբ մշտապէս արդիւնաւոր եղաւ, եւ բազմամեայ խռովութիւններու եւ պատերազմներու երեսէն կործանումները վերաշինեց եւ խանգարուածները դարմանեց: Այս պատճառով իւր անունը Ս. Սահակի անունէն ետքը առաջին տեղը կը գրաւէ պատմութեան մէջ, իբրեւ եկեղեցւոյ պայծառացուցիչ եւ ժողովուրդին բարեկարգիչ:

Թ.
ՔԱՂԿԵԴՈՆԻ ԺՈՂՈՎԸ


Եւտիքէս Բիւզանդացի վանահայրը այնչափ սաստիկ նախանձայուզութեամբ զինուած էր Նեստորի մոլորութեան դէմ, որ իւր բուռն յարձակումը բոլորովին հակառակ արդիւնքի յանգեցաւ: Եւտիքէսի յարուցած վիճաբանութիւնները առիթ տուին անվերջանալի խնդիրներու, թէ Քրիստոսի համար մէկ բնութիւն թէ ոչ երկու բնութիւն բացատրութիւնը գործածելու է. եւ ասկէ սաստիկ հակառակութիւններ յուզուեցան Կոստանդնուպոլսոյ, Աղեքսանդրիոյ եւ Հռոմայ պատրիարքութեանց միջեւ: Անտիոքի դպրոցը, որուն կը հետեւէր Կոստանդնուպոլսոյ աթոռն ալ, այնպիսի վարդապետութիւն մը կը սորվեցնէր, որ Քրիստոսի աստուածութեան եւ մարդկութեան մէջ կերպով մը բաժանում կամ անջատում կ՝ենթադրուէր: Իսկ Աղեքսանդրիոյ դպրոցը ասոր հակառակ Քրիստոսի աստուածութեան եւ մարդկութեան մէջ կատարեալ միաւորութիւն կը պաշտպանէր, որպէս զի փրկագործութեան խորհուրդին որեւէ կերպով նուազութիւն կամ ստուերած մը չհասնի: Եփեսոսի երրորդ տիեզերական ժողովին մէջ (431) յաղթութիւնը եւ վճիռը Աղեքսանդրիոյ դպրոցին վարդապետութեան կողմը եղած էր, եւ իբր քրիստոնէութեան հիմնական վարդապետութիւն ընդունուած էր Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի կազմած բանաձ—ը, Մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյ: Նեստոր, Անտիոքայ դպրոցին աշակերտ, որ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք ընտրուած էր, Քրիստոսի երկու բնութեանց, այսինքն աստուածութեան եւ մարդկութեան մէջ պարզ եւ լոկ բարոյական միաւորութիւն մը կը սովորեցնէր, նոյն ժողովին վճիռովը դատապարտուեցաւ: Ասկէ ետքն էր որ Եւտիքէս, եօթանասնամեայ ծերունի վանահայր մը, իւր վարդապետութիւնը հրապարակեց (447), որով միաւորութիւնը մինչեւ երկու բնութեանց իրարու խառնուելուն ու շփոթելուն ու նոյնանալուն կէտը կը մղէր, այնպէս որ մարդկային բնութիւնը գրեթէ կը ջնջուէր եւ Քրիստոսի մարմինին ալ երկնային ծագումը կը վերագրուէր:

Այս եղաւ պատճառը, որ Փլաբիանոս Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքը մասնաւոր ժողով մը գումարեց իւր աթոռին մէջ (448), եւ Եւտիքէսն ու նորա վարդապետութիւնը դատապարտեց: Դիոսկորոս Աղեքսանդրիոյ հայրապետ, Փլաբիանոսի այդ որոշումը իւր նախորդներուն եւ իւր դպրոցին անարգանք եւ անոնց վարդապետութեան հերքում եւ կերպով մը նեստորական մոլորութեան արդարացում ըմբռնեց: Այս պատճառով նոր ժողով մը գումարեց Եփեսոսի Մէջ (449), եւ այնտեղ կրկին անգամ դատապարտել տուաւ Նեստորականները, Փլաբիանոսն ալ մէկտեղ: Այս անգամ Լեւոն Ա. Հռոմայ հայրապետ մէջտեղ ելաւ Փլաբիանոսը պաշտպանելու Քղեքսանդրիոյ աթոռին դէմ, եւ մասնաւոր ժողով մը գումարեց Հռոմի մէջ (449), եւ դատապարտեց Եւտիքէսն ու Դիոսկորոսը: Լեւոն իւր ձեռնարկին աւելի ծանրակշռութիւն եւ զօրութիւն տալու համար, Մարկիանոս կայսրը համոզեց նոր ընդհանուր ժողով մը գումարելու, որ հաւաքուեցաւ Քաղկեդոն քաղաքը (451), եւ ուր արտաքին եւ բռնադատական միջոցներով իբրեւ հաւատոյ կանոն ընդունիլ տուաւ իւր առ Փլաբիանոս գրած թուղթը, որ ծանոթ է Տոմար Լեւոնի անունով:

Երկու կողմերուն մէջ մղուած այս կատաղի հակառակութեան պատճառը իմանալու համար պէտք է գիտնալ, որ գլխաւոր խնդիրը ոչ թէ պարզապէս աստուածաբանական վերացեալ կէտ մըն էր, Քրիստոսի բնութեանց տեսական խնդիրը, այլ բուն նպատակը կատարելապէս գործնական եւ գերազանցապէս թանձրացեալ կէտ մըն էր, այսինքն է հայրապետական աթոռներու փոխադարձ յարաբերութեանց եւ առաւելագոյն ազդեցութեանց խնդիրը: Նիկիոյ ժողովին ժամանակ, Յունահռոմէական քրիստոնէութիւնը երեք աթոռներու վրայ բաշխուած էր, որոնք էին Հռոմայ, Աղեքսանդրիոյ եւ Անտիոքայ պատրիարքութիւնները, եւ ասոնցմէ իւրաքանչիւրը իւր սահմանին մէջ իրաւասութիւն կը վարէր, առանց ուրիշներու վրայ գերիշխանութիւն յաւակնելու, բայց կացութիւնը փոփոխուած էր հինգերորդ դարուն սկիզբները: Կոստանդնուպոլսոյ աթոռը պատրիարքութեան կը բարձրացուէր նոյն քաղաքին մէջ գումարուած ժողովին վճիռով (381), եւ Հին Հռոմի ազդեցութեան հետզհետէ տկարանալն ու իյնալը, եւ Նոր Հռոմի ազդեցութեան օրըստօրէ աճիլը, սկսած էր Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքներուն կարծեցնել տալ թէ իրենք միւս պատրիարքներէն բարձր են: Արդ, Աղեքսանդրիոյ աթոռը չէր կրնար այդպիսի յաւակնոտ ձգտումներու հանդուրժել. նա գիտակից էր այն ազդեցութեան զոր ինքն ունեցած էր նախընթաց ընդհանուր ժողովներուն մէջ. յայտնի կը տեսնար այն նշանաւոր արդիւնքները, զորս ունեցած էին իւր աթոռին հայրապետներէն Աղեքսանդր, Աթանաս, Թէոփիլոս, Կիւրեղ եւ Դիոսկորոս, եւ համոզուած էր թէ իրեն սեփական իրաւունքն է քրիստոնէական վարդապետութեան մասին որոշումներ արտասանել, եւ դաւանական խնդիրներու մէջ վերջնական վճիռը տալ: Կը կարծէր եւս որ Աթանասի՝ Նիկիոյ, եւ Կիւրեղի՝ Եփեսոսի ժողովին մէջ տարած պայծառ յաղթութիւնները կը նսեմանային, եթէ Փլաբիանոսի եւ Լեւոնի յաւակնոտ պահանջները իրականանային, եւ թէ անոնց ընթացքը նախատինք մըն էր Աղեքսանդրիոյ աթոռին դէմ արձակուած: Իրօք ալ Աղեքսանդրիոյ այդ պահանջկոտութիւնը մերժելու եւ ճնշելու համար էր, որ Հռոմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ աթոռները դաշնակցած էին հասարակաց հակառակորդին դէմ, եւ Մարկիանոսի աշխարհական բազուկն ալ իրենց պաշտպան հանդիսացած էր, եւ այս անուղիղ միջոցներով կրցած էին Քաղկեդոնի մէջ Աղեքսանդրիոյ աթոռին վրայ յաղթանակ տանիլ:

Սակայն եթէ գործին իսկութեան թափանցենք, կարծեցեալ յաղթութիւնը ոչ իրական էր եւ ոչ հաստատուն: Քաղկեդոնի ժողովը, ուրիշ որոշումներու կարգին, վճռած էր նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան միւս պատրիարքութեանց վրայ նախաթոռ ըլլալուն իրաւունքը, ինչ որ Հռոմ չէր կրնար ընդունիլ, զի հինգերորդէն երկրորդ տեղը անցնող աթոռը, երկրորդէն ալ առաջինը կրնար անցնիլ, որ կայսերական մայրաքաղաքին եպիսկոպոսին իրաւունքն էր դարձած: Այդ պատճառով Հռոմ չընդունեցաւ Քաղկեդոնի ժողովին այդ կանոնը, եւ միեւնոյն ժողովին նկատմամբ ընդունելի եւ անընդունելի կանոններու տարբերութիւն մը սկսաւ դնել: Յունահռոմէական աշխարհի եպիսկոպոսներն ալ երկու խումբի բաժնուեցան, նոյնպէս իրենց ժողովուրդներն ալ, որոնք իրարու դէմ բուռն ու կատաղի ցուցմունքներ սկսան կատարել: Նեստորականութիւնը քաջալերած ըլլալու գայթակղութիւնը օրըստօրէ կը տարածուէր մասնաւոր եկեղեցիներու մէջ, — երկու անձնաւորութեանց — երկու բնութեանց մէջ մտածուած նուրբ տարբերութիւնը, չէր բաւեր քրիստոնէից խիղճերը հանդարտել: Այս պատճառով Քաղկեդոնի կանոնները առկախ կը մնային, եւ ընդհանուր կերպով ամէն եկեղեցիներէ եւ բովանդակ քրիստոնէութենէ ընդունուած չէին: Անտիոքի մէջ նոր ժողով մը գումարուեցաւ (476), որ Քաղկեդոնի ժողովին վարդապետութիւնը կասկածելի հռչակեց, Բասիլիկոս կայսրն ալ հրովարտակով արգիլեց անոր կանոնները պաշտպանել: Զենոն կայսր Հենոտիկոն հրովարտակը հրատարակեց (482), որով Քաղկեդոնի ժողովին հեղինակութիւնը կը մերժէր, եւ Եփեսոսի ժողովին (431) կանոնները իբրեւ վերջնական եւ հիմնական կը նշանակէր: Վերջապէս Անաստաս կայսրն ալ ուրիշ հրովարտակ մը կը հանէր (491), եւ անով կը ջնջէր Քաղկեդոնի ժողովին կարեւորութիւնը, եւ անոր բնաւ զօրութիւն եւ նշանակութիւն չէր վերագրեր: Այդ ամէն գործողութեանց մէջ պաշտօնական նպատակը նեստորականութեան դէմ մաքառիլն էր, որ յունական կայսրութեան սահմաններէն հալածուած, ապաստանած էր Ասորական տարրին մէջ, եւ օգուտ կը քաղէր այն ազատութենէն, զոր իրեն կը շնորհէին Պարսիկ թագաւորները: Բայց չմոռնանք որ միշտ պատրիարքական աթոռներու մրցակցութիւնն էր, որ նշանակելի դեր մը կը վարէր այդ հակառակութեանց մէջ:

Հայաստան այս խնդիրներու մէջ մասնակցութիւն չունեցաւ մինչեւ վեցերորդ դարուն սկիզբները: Ինքն տեղեկութիւն չէր ունեցած Եւտիքէսի հակառակ կամ անոր նպաստաւոր ժողովներուն գումարմանց նկատմամբ: Քաղկեդոնի ժողովը, որ 451 Հոկտեմբեր 8-ին սկսած էր, Աւարայրի ճակատամարտին, այսինքն 451 Մայիս 26-ին գրեթէ վաղուին կ՝իյնար: Արդէն պատմեցինք թէ Հայաստան ի՚նչ աղիտալի եւ անկերպարան վիճակի մէջ էր այդ միջոցին. կաթողիկոսն ու եպիսկոպոսներ կա՚մ բանտարկուած էին եւ կամ աքսորուած, նախարարներ հալածուած ու ցրուած, զինուորական գունդեր ցանուցիր եղած, ժողովուրդը ահուդողի մատնուած ու սարսափահար եղած: Դիւրին է ըմբռնել, թէ ինչո՚ւ Հայաստանէ դուրս յուզուած թէ՚ դաւանական եւ թէ պատրիարքական խնդիրներ չէին կրնար Հայոց մտադրութիւնը գրաւել: Մելիտէ եւ Մովսէս, որ Ս. Մեսրոպի յաջորդեցին, այդ խնդիրներով զբաղելու անձեր չէին: Գիւտ եւ Յովհաննէս կաթողիկոսներ, թէեւ ուսմամբ զարգացած եւ կարողութեամբ հռչակուած, բայց կրօնական հալածանքներու եւ բռնադատեալ ուրացութեանց դէմ մաքառելու պարտաւորուած՝ ընդհանուր խռովութեանց մէջ էին: Երբ վերջապէս Յովհաննէս Մանդակունի պահ մը հանդարտութեան երես տեսաւ, հազիւ թէ կրնար ներքին գործերուն անհրաժեշտ պէտքերուն հասնիլ: Թող որ այդ միջոցին Քաղկեդոնի ժողովը մտադրութիւն գրաւելու եւ կարեւորութիւն ազդելու կերպարանն ալ չունէր. Յունական սահմաններուն մէջ ալ հակառակութեանց առարկայ եղած եւ կայսերական հրովարտակներով հեղինակութենէ զուրկ հռչակուած էր: Ուստի բնաւ պէտք չէ զարմանալ որ Քաղկեդոնի ժողովը, իւր գումարումէն քառասուն տարի ետքը, տակաւին Հայոց Եկեղեցւոյն եւ հայրապետներուն կողմէն նկատի առնուած եղելութիւն մը չէր:

Այդ մասին առաջին շշուկները Պարսկաստանի կողմէն հասան՝ Բաբգէն Ոթմսեցի կաթողիկոսին օրով (490-516): Նեստորականներ արդէն հաստատուած եւ հետզհետէ զօրացած էին Պարսկական Միջագետքի մէջ: Իսկ Եփեսոսի ժողովին ուղղաթառ դաւանութեան հաւատարիմ մնացած Ասորիներ, սկսած էին նեղուիլ անոնց ազդեցութեան զօրանալէն, եւ դաւանական շփոթութեանց ալ մատնուած էին. ուստի որոշեցին Հայոց եկեղեցւոյն դիմել, ուղիղ վարդապտութեան մասին լոյս մը եւ իրենց ընթացքին կանոն մը ստանալու համար: Հայերն ալ, Ս. Սահակէ աւանդուած հականեստորական սկզբունքներու վրայ խղճամիտ կերպով հաստատուած, չէին կրնար հարկաւ այդ մասին ոեւէ զիջողութիւն ընդունիլ, կամ յարմարելու համաձայնիլ: Նեստորականներ իրենց պաշտպանութեան համար յառաջ կը բերէին Կոստսնդնուպոլսոյ եկեղեցւոյն կողմէն գումարուած Քաղկեդոնի ժողովը, որ հակառակ եղած էր Աղեքսանդրիոյ եկեղեցւոյն, որուն վարդապետութեանց հետ Հայերը անխղելի կերպով կապուած էին՝ անդստին սկիզբնէն, այսինքն Նիկիոյ եւ Եփեսոսի ժողովներէն: Աւելցնենք նաեւ որ Քաղկեդոնի ժողովը գումարուած եւ յաջողած էր Մարկիանոսի ձեռքով, այն որ մերժած էր Հայոց պատգամաւորութիւնը, երբոր ասոնք կայսրութեան օգնութիւնը կը խնդրէին Պարսիկներու դէմ քրիստոնէական հաւատոյ պաշտպանութեան համար: Բացի աստի Քաղկեդոնի ժողովը անկարեւոր դատուած էր Բասիլիկոս եւ Զենոն եւ Անաստաս կայսրներու հրովարտակներով, որոնք պաշտօնապէս մերժած էին քաղկեդոնական դաւանութիւնը: Այդ պարագաներու հանդէպ դժուար չէր նախատեսել, թէ ի՚նչ պէտք էր ըլլար Հայ Եկեղեցւոյ բռնելիք դիրքը իրեն եղած դիմումին հանդէպ: Դուինի ժողովը որ գումարուեցաւ Բաբգէն կաթողիկոսի նախագահութեամբ (506) Հայ եւ Վրացի եւ Աղուան եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ, պաշտօնապէս եւ բացարձակապէս հռչակեց Եփեսոսի ժողովին հաւատոյ դաւանութիւնը եւ մերժեց ամէն հակառակ եղած վարդապետութիւն, թէ՚ բուն նեստորականը եւ թէ նեստորականութեան կասկած տուողը, Քաղկեդոնի ժողովին որոշուներն ալ մէջը ըլլալով: Բայց Դըւնայ ժողովը չիւրացուց Եւտիքէսի վարդապետութիւնը, որուն անունը յայտնապէս եւ պաշտօնապէս դատապարտեց Արիոսի եւ Մակեդոնի եւ Նեստորի անուններուն կարգին: Այս է եղած Հայոց Եկեղեցւոյն անդրանիկ պաշտօնական յայտարարութիւնը Քաղկեդոնի ժողովին նկատմամբ:

Յոյներ եւ լատիններ, հետագայ դարուն մէջ իրենց հակառակութենէն ետ կենալով, Քաղկեդոնի ժողովը իբր չորրորդ տիեզերական ժողով ընդունեցան: Բայց Հայոց Եկեղեցին երբեք իւր որոշումէն ետ դառնալու զիջողութեան չհամակերպեցաւ, մանաւանդ միւսներուն յետս կասիլն ալ բնաւ աստուածաբանական տեսութիւննրէ յառաջ եկած չէր:Հայ Եկեղեցին հաստատուն եւ անսասան մնաց եւ կը մնայ իւր առաջին որոշման վրայ, եւ չէ դադարած այդ մասին իւր պահպանողական դիրքին վրայ ամուր կենալ: Նա իրեն հաստատուն կանոն ըրած է աստուածային յայտնութեան աւանդին վրայ եղած ոեւէ յաւելուած մերժել, ինչպէս նաեւ չընդունիլ որեւէ նորութիւն որ կրնայ դոյզն չափով ալ նախնական դաւանութիւնն այլայլել: Նա չէր կրնար չտեսնել որ քաղկեդոնական խնդիրներուն մեծ շարժառիթը Յունահռոմէական աշխարհին հայրապետութեանց նախանձընդդէմ մրցումն ու հակառակութիւն էր, բան մը որ իրեն համար կարեւորութիւն չունէր, եւ չէր կրնար զինքն շահագրգռել, քանի որ ինքը այդ շրջանակէն դուրս էր: Նա միտք ալ չունէր Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը պաշտպանել, որ Քաղկեդոնի մէջ իւր նապապատուութիւնն ու նախաթոռութիւնը յաջողցնելու աշխատած էր, իրեն նեցուկ ու հովանաւոր ունենալով քաղաքային իշխանութեան աշխարհային բազուկը:

Դուինի ժողովին մէջ հաստատուած հաւատոյ դաւանութիւնը (506), Բաբգէնի կաթողիկոսութեան ժամանակին ամենէն նշանաւոր եղելութիւնն է: Նոյն սկզբունքն ու դաւանութիւնը պաշտպանեցին իրեն յաջորդներն ալ, Սամուէլ Արծկեցի (516-526), Մուշէ Այլաբերեցի (526-534), Սահակ Բ. Ուղկեցի (534-539), Քրիստափոր Տիրառիջցի (539-545), եւ Ղեւոնդ Եռաստեցի (545-548): Այս կաթողիկոսներուն քառասնամեայ միջոցին մէջ յիշատակուելու արժանի բան մը չենք գտներ: Քաղկեդոնի ժողովին նկատմամբ անգամ մը տրուած որոշումը, կրկին հաստատուեցաւ Ներսէս Բ. Բագրեւանդացի կաթողիկոսին օրով (548-557), Դուինի մէջ երկրորդ անգամ գումարուած ժողովով (554), ուր անգամ մըն ալ բացարձակ կերպով հաստատուեցաւ ու հռչակուեցաւ եփեսոսական դաւանութեան ճշմարտութիւնը, նեստորականներու մոլորութեանց եւ քաղկեդոնականներու յաւակնութեանց դէմ:

Ժ.
ՔԱՂԿԵԴՈՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ


Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը այդ միջոցին կը ներկայէ կրօնական խնդիրներու շարք մը, որոնք թէպէտ դարեր տեւեցին եւ տարբեր ուղղութիւններ ունեցան, բայց երբեք չայլալեցին եկեղեցւոյ հիմնական դիրքն ու հաստատուն կերպարանքը: Միտք չունինք այդ խնդիրներուն մանրամասնութեանց մտնել, որոնք չեն յարմարիր մեր հետեւած համառօտութեան, եւ ընթերցողներն ալ ձանձրացնել: Բաւական ըլլայ ըսել, թէ այդ խնդիրներուն ու յուզմունքներուն սկզբնական պատճառը Հայաստանի վրայ տիրող պետութեան, կամ Հայաստանի դրացի պետութեանց քաղաքական ազդեցութիւնն էր: Հայաստան իւր անկախութիւնը կորսնցնելէ ետքը, հետզհետէ ենթարկուեցաւ Պարսկական, Յունական եւ Արաբական տիրապետութեանց, որոնք երկրին կրօնական վիճակէն կը քաղէին իրենց քաղաքական ուղղութեան ներշնչումները: Հայերուն ալ անհնարին էր այդ դիւանագիտական ճարտարութեանց ազդեցութենէն ազատ մնալ եւ անկախաբար գործել: Մէկ կողմէն չէին ուզեր հեռանալ այն դաւանական սկզբունքէն, զոր անգամ մը պաշտօնապէս 506 տարւոյ ժողովով հաստատած էին, միւս կողմէն կ՝աշխատէին պետութիւններու համակրանքը գրաւել, որպէս զի աւելի ազդեցիկ եղողին կողմէ յուսացուած քաղաքական օգուտներէ չզրկուին: Այս պատճառով ալ չէին ուզեր ոչ մի կողմը վիրաւորել, եւ պատրաստ էին մինչեւ իսկ զիջողութիւններ ալ ընել, մինչեւ ու որ կրնային, առանց իրենց հիմնական սկզբունքներուն հետ հակասութեան մէջ գտնուելու:

Հայաստան յաճախ քանի մը տէրութեանց մէջ բաժնուած էր, բայց իւր բախտը կապուած էր ա՚յն տէրութեան հետ, որ մեծագոյն մասին վրայ կը տիրէր: Պարսկական տիրապետութիւնը, զոր կը վարէին արքայից-արքաներուն կողմէ անուանուած մարզպաններ, երկու ամբողջ դար շարունակեց (428-633): Անոր յաջորդեց Յունական տիրապետութիւնը, զոր կը վարէին կայսրներէ անուանուած կիւրապաղատները. բայց ասոնց իշխանութիւը երկար չեղաւ, հազիւ վաթսուն տարւոյ միջոց մը (633-693): Ետեւէն եկաւ Սարակիբոսներու տիրապետութիւնը, որոնք Յունականէն ետքը իշխանութիւնը հաստատեցին, եւ ամիրապետներուն կամ խալիֆաներուն կողմէն անուանուած ոստիկաններ՝ մէկուկէս դարէ աւելի (693-862) Հայսատանը կառավարեցին: Զանազան տէրութիւններու իրարու դէմ մղած պատերազմները ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ կը կատարուէին, եւ կռիւներուն ասպարէզ դարձած երկիրը կը կրէր աղէտալի հետեւանքները: Իսկ Հայերը, իրարու հաիառակ տէրութեանց մէջտեղը մնացած՝ անկայուն ու տարտամ քաղաքականութեան կը հետեւէին. ո՚չ կրնային իրենց քաղաքական շահերը վտանգել, ոչ կուզէին հաւատոյ սկզբունքները փոխել: Յունական կայսրութեան ազդեցութիւնը միշտ ծանրակշռութիւն ունէր քրիստոնէութեան տեսակէտէն, եթէ քաղաքականապէս ալ Հայեր Յոյներու տիրապետութեան ներքեւ չգտնուին: Յունական ազդեցութիւնը Հայերը կը ստիպէր քաղկեդոնական դաւանութիւն ընդունիլ, եւ որպէսզի Հայեր զիջողութեան յորդորուին, քաղաքական խոստումներ կ՝առատացնէր: Իսկ Պարսիկներ եւ Արաբացիներ, անոնց աչքին առաւել հրապուրիչ երեւոյթներ կը ներկայացնէին, պայմանաւ ու Յունաց հետ յարաբերութենէն խզուին ու հեռանան: Հայեր ոչ կրնային եւ ոչ կ՝ուզէին Յոյներուն հրապոյրներուն հտեւելու, Քաղկեդոնի դաւանութեան համակերպիլ, եւ ոչ ալ կ՝ուզէին բացարձակ մերժումով անոնց թշնամութիւնը գրգռել: Ինչպէս որ չէին ալ ուզեր ինքզինքնին կատարելապէս ոչ-քրիստոնեայ պետութեանց ձեռքը յանձնել: Այդ դժուարին կացութիւնը եւ այդ տարտամ անորոշութեան հոգին, կը բնորոշեն Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքը վեցերորդէն մինչեւ իններորդ դար, ժամանակամիջոց մը, զոր կ՝ուզենք ընդհանուր գիծերով նկարագրել, ամենէն նշանաւոր եղելութիւնները յիշատակելով:

Պարսկաստանի քրիստոնէից յարաբերութիւնները, որոնց առաջին նշանները տեսանք Բաբգէնի ժամանակ, շարունակուեցան անկէ ետքն ալ՝ յաճախ դիմումներով Հայոց կաթողիկոսութեան: Սա ալ ամէն կերպով ջանաց անոնք պաշտպանել նեստորականներու բռնաբարութեանց դէմ, որոնք յաջողած էին Պարսիկ արքունիքին համակրութիւնը շահիլ, իրենց հակայունական ուղղութեամբը: Մասնաւորաբար Քրիստափոր Տիրառիջի կաթողիկոսը ոչ միայն հականեստորական քրիստոնեաները արքայից-արքային առջեւ պաշտպանեց, այլ եւ անոնց համար եպիսկոպոսներ ձեռնադրեց, եւ անոնց եկեղեցւոյն կառավարութեան եւ բարեկարգութեան համար պէտք եղած հոգածութիւնները կատարեց:

Ծանօթ է Կոստանդնուպոլսոյ Երկրորդ ժողովին պատմութիւնը, զոր Յոյներ ու Լատիններ հինգերորդ տիեզերական կը ճանչնան: Քաղկեդոնի ժողովով յուզուած խնդիրները դեռ հանդարտած չէին, երբ Յուստինիանոս կայսերական գահը բարձրացաւ (527): Երկու կողմերուն մէջ խաղաղութիւն գոյացնելու համար թափած ճիգերուն ապարդյուն մնալը տեսնելով, Յուտինիանոս որոշեց դատապարտել տալ Երեք-Գլուխք կոչուած գրութիւնները, որք են Թէոդորոս Մոպսուեստացիի, Թէոդորետոս Կիւրացիի եւ Իբաս Եդեսացիի գրուածները, որոնք Նեստորի վարդապետութեան նպաստաւոր եւ եփեսոսկական վճիռներուն հակառակ էին, եւ քաղկեդոնական դաւանութեան համաձայն կը հնչէին: Յուստիանոս կը մտածէր այս կերպով Եփեսոսի դաւանութեան հաւատարիմ ուղղափառներ շահիլ, եւ միանգամայն քաղկեդոնականներուն բուռն ձգտումները չափաւորել: Նոր ժողովը գումարելու հրովարտակը արդէն հրատարակուած էր (546), բայց Հռոմի պապերը սկսան դժուարութիւններ հանել, վախնալով որ չըլլայ թէ անուղղակի կերպով Տոմար Լեւոնի ալ դատապարտուած կարծուի, եւ իրենց աթոռին ազդեցութիւնը նուազի: Ագապետոս պապը Կոստանդնուպոլիս բերուեցաւ, բայց լուծման չյանգած հոն մեռաւ:Իրեն տեղ ընտրուեցաւ Վիգիլիոս, կայսեր կամքով, եւ այն պայմանով որ Երեք-Գլուխներուն դատապարտութեան հաւանի. բայց Հռոմայեցիք զինքը չընդունեցան եւ Սիլվերիոսը պապ հռչակեցին: Սակայն այս վերջինին վերահաս մահը դիմադրութիւնն ընկճեց, եւ Վիգիլիոս ընդունուեցաւ: Ժողովը վերջիվերջոյ բացուեցաւ (553) եւ Երեք-Գլուխները դատապարտուեցան. Վիգիլիոս ալ համակերպեցաւ, եւ այս կերպով քաղկեդոնական խնդիրը Յունահռոմէական աշխարհին մէջ վերջացաւ, բայց բոլորովին անուղղակի կերպով մը, եւ շեշտելով Քրիստոսի վրայ միութեան կամ միաւորութեան դաըանութիւնը, ինչ որ կրկնումն էր Եփեսոսի ժողովին վճիռներուն:

Հայեր որ Եփեսոսի ժողովին դաւանութեան անդրդուելի կերպով հաւատարիմ մնացած էին, հակառակ քաղկեդոնականներու կողմէ գործածուած խուսափողական ձեւերուն, բնաւ նոր վճիռի պէտք չունէին եփեսոսական ուղղափառութեան դառնալու համար: Այս պատճառով անոնք պէտք չունեցան կարեւորութիւն ընծայել նոր ժողովին վճիռներուն, որչափ ալ անոնք՝ ոչ միայն իրենց սկզբունքներուն համաձայն էին, այլ եւ հաստատուած էին իրենց հայրապետին՝ Ս. Սահակի հեղինակութեամբը, որուն առ Պրոկղ ուղղած թուղթը հանդիսաւորապէս կարդացուեցաւ նոյն ժողովին մէջ, Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի երկոտասան գլուխներէն անմիջապէս ետքը: Ներսէս Բ. Բագրեւանդացի կաթողիկոսը բաւական սեպեց յաջորդ տարին Դուինի մէջ ժողով մը գումարելով (554) անգամ մըն ալ կրկնել ու հռչակել եփեսոսական դաւանութիւնը՝ քաղկեդոնական յաւակնութեանց դէմ:

Յոյներուն յորդորներն ու հրապոյրները, որոնք Հայերուն վրայ ազդեցութիւն չունեցան, յաջող ընդունելութիւն գտան Վրացիներուն մօտ: Կիւրիոն, Վրաց կաթողիկոսը, թէեւ Հայոց հայրապետանոցին մէջ սնած ու յառաջացած, Հայոց աթոռէն բաժնուելու գաղափարը Յունաց պատրիարքութեան հետ միանալով կայսերական շնորհներու արժանանալու համար: Քաղկեդոնի ժողովը եւ անոր դաւանութիւնը ընդունիլը՝ անհրաժեշտ պայման էր այդ նպատակը իրագործելու, եւ Կիւրիոն ա՚յն ալ ընդունեցաւ: Մովսէս Բ. Եղիվարդեցիի (574-604) մահուընէ ետքը աթոռը կառավարող Վրթանէս տեղակալի ջանքերը, եւ նոր կաթողիկոսին՝ Աբրահամ Աղթանեցիի (607-615) աշխատութիւնները չկրցան Կիւրիոնը իւր մտադրութենէն դարձնել, եւ Վրաց եկեղեցին, Կիւրիոնի գլխաւորութեամբ, քաղկեդոնական դաւանութեան աշակերտեցաւ եւ Յունական եկեղեցւոյն խառնուեցաւ: Կաթողիկոսը նոր ժողովով մը (608) վճռեց Վրաց եկեղեցւոյն Հայոց Ուղղափառ Եկեղեցիէն բաժնուած ըլլալը: Այս բաժանումը վերջէվերջ ձախող հետեւանք պիտի ունենար Վրաց եկեղեցւոյն համար. որովհետեւ երբոր իննեւտասներորդ դարուն սկիզբը Ռուսական տիրապետւթիւնը տարածուեցաւ Կովկասի վրայ, Վրաց ազգային եկեղեցին այլեւս առանձին գոյութեան նշանակութիւնը կորսնցուց, եւ միեւնոյն դաւանութեան եւ սկզբունքներուն պատճառով Վրաց եկեղեցին ընկճեցաւ եւ ձուլուեցաւ Ռուսաց եկեղեցւոյն հետ: Այսօր ամենայն ինչ ռուսացած է Վրաստանի մէջ, նուիրապետութիւնն ու եկեղեցականութիւնը, արարողութիւններն ու լեզուն, նոյնիսկ Վրաց (*) եքսարքն եւ եպիսկոպոսներն ալ Ռուս կղերին մէջէն կ՝ընտրուին:

Պէտք չէ լռութեամբ անցընենք Հայերը իրենց կողմը գրաւելու համար Յոյներու կողմէ կատարուած վերջին փորձն ալ: Որովհետեւ Հայաստանի մէկ մասը Բիւզանդական կայսրութեան ներքեւ կը գտնուէր, կայսրն ու պատրիարք փութացին իրենց հլու կուսակից կաթողիկոս մը հաստատել այնտեղ (590), Մովսէս Եղիվարդեցիի կենդանութեան ատեն, որ եղաւ Յովհաննէս Բագարացին: Բայց այս փորձն ալ ապարդիւն մնաց, որովհետեւ նոր հաստատուած հակաթոռ կաթողիկոսութիւնը նոյնիսկ Յովհաննէսով վերջացաւ, երբոր սա գերի ինկաւ Պարսից ձեռքը եւ գերութեան մէջ մեռաւ (611): Յոյները այլեւս անոր յաջորդ մը չդրին, որովհետեւ չքաջալերուեցան իրենց նպատակին մէջ, քանի որ նոյնիսկ Յունական տիրապետութեան ներքեւ եղող Հայերն ալ չուզեցին հակաթոռ կաթողիկոսը ճանչնալ, եւ ոչ ալ ընդունիլ քաղկեդոնական դաւանութիւնը, որուն նա ներկայացուցիչը պիտի ըլլար:

(*) Վրացիներ ներկայիս ունին իրենց առանձին կաթողիկոսը:
ԾՆԹ. ՀՐԱՏ.

ԺԱ.
ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ


Պարսից բանակը Յունական կայսրութեան վրայ յարձակած, Երուսաղէմը գրաւած եւ Ս. Խաչափաւտը գերի տարած էր (614), անկէց անցնելով մինչեւ Կոստանդնուպոլիս հասած, եւ մայրաքաղաքին պարիսպներուն դիմաց բանակած էր: Հազիւ այդ պարագային Հերակլ կայսրը իւր թմրութենէն շարժեցաւ, պատերազմի ելաւ եւ յաջողութիւն ունեցաւ (623): Պարսիկներ յաղթուեցան, եւ պարտաւորուեցան ետ դարձնել Խաչափայտը, որ նորէն Երուսաղէմ յանձնուեցաւ: Հայագունդ զինուորները, Մժէժ Գնունիի հրամանատարութամբ, մեծապէս օգնած էին պատերազմին յաջողութեան: Ասկէ ետքն էր որ Հերակլ խորհեցաւ Յոյներու եւ Հայերու միջեւ դաւանական միութիւն ալ հաստատել: Այդ նպատակով փորձեց Հայերը ստիպել քաղկեդոնական վարդապետութիւնն ընդունելու, զոր Յունական եկեղեցին վերջիվերջոյ ընդունած էր Երեք-Գլուխներու դատապարտութենէն ետքը: Այդ խորհուրդը իրականացնելու դիտմամբ երկրորդ անգամ Հայաստան եկաւ, եւ բանակցութիւններու մտաւ: Կաթողիկոսական աթոռին վրայ կը գտնուէր Եզր Փառաժնակերտացի, որ աթոռ բարձրացած էր Աբրահամ Աղթափանեցիէ, եւ Կոմիտաս Աղցեցիէ (615-628), եւ Քրիստափոր Ապահունիէ (628-630) ետքը:

Եզրի եւ իւր եպիսկոպոսներու վարանումները, եւ Յոյն ու Հայ եպիսկոպոսներուն բանակցութիւնները վարջացան դաւանական բանաձեւով մը, որ կայսեր կողմէ պատրաստուեցաւ ու հրամայուեցաւ: Այդ բանաձեւը ընդհանրապէս համաձայն էր Հայ Եկեղեցւոյ դաւանական սկզբունքներուն, միայն թէ Քաղկեդոնի ժողովին նկատմամբ բացարձակ լռութիւն պահուած էր: Համաձայնութիւնը հաստատուեցաւ Կարինի մէջ գումարուած ժողովով (633), որուն վերջը հանդիսապէս պատարագ մատուեցաւ եւ երկու կողմեր, Յոյներ ու Հայեր, միասին հաղորդուեցան: Կաթողիկոսին կողմէ յայտնուած զիջողութիւնը եւ կայսեր կամքին առջեւ խոնարհիլը, մեծապէս զայրացուց Հայ եպիսկոպոսները եւ բոլոր Հայ ժողովուրդը: Սաստիկ գրգռութիւն մը բորբոքեցաւ Եզրի դէմ. բայց գրգռութեան չափն ինչ ալ ըլլայ, զինքն աթոռէն վար առնել չխորհեցան: Բայց զայրացման զգացումն ալ երբեք չմարեցաւ, եւ դարէ դար շարունակեց, իւր անունը կաթողիկոսներու շարքին մէջ գլխիվայր գլխագիրավ գրելու չափ: Սակայն արդար ըլլալու համար պէտք է դիտել տանք, թէ Եզր Հերակլէ աւելի քաղկեդոնիկ չէր կրնար ըլլալ. իսկ Հերակլ Միակամեայց վարդապտութեան հետեւողն էր, եւ այդ վարդապետութեան հեղինական եղող Կոստանդնուպոլսոյ Սերգիոս կամ Սարգիս պատրիարքին պաշտպանն էր: Միակամեայց վարդապետութիւնն ալ, քօղարկեալ կերպով կրկնումն էր Եփեսոսի ժողովին միաբնակ վարդապետութեան, որ Հայերուն ընդունած եւ բուռն հոգւով պաշտպանած դաւանութիւն էր: Յոյներ չէին կրնար այլեւս Քաղկեդոնի ժողովին դէմ ուղղակի հակառակութիւն ցուցնել, քանի որ 553 տարւոյ ժողովով զայն պաշտօնապէս ընդունած էին. անոր համար անուղղակի միջոցներու կը դիմէին, եւ քաղկեդոնիկ դաւանութեան նշանակութիւնը կը տկարացնէին, թէ՚ Երեք-Գլուխները դատապարտելով, եւ թէ Քրիստոսի վրայ կամքի միութիւնը պաշտպանելով, որ բնութեանց միաւորութեան հետ կը նոյնանար:

Առանձին յիշատակութեան արժանի է Ներսէս Գ. Իշխանացի կաթողիկոսը, որ Շինող մականուն ստացած է, իւր իշխանութեան միջոցին ցոյց տուած շինարար արդիւնքներուն համար: Այդ նախկին զինուորականը աթոռ բարձրացած էր Սարակինոսներու արշաւանքին սկիզբները (641): Հայաստան տարակուսանքի մատնւած էր, չէր գիտեր թէ հին տիրապետողներու կո՚ղմը բռնէր, թէ նոր եկողներուն կողմը դառնար: Ներսէս անձամբ Յունական տիրապետութեան կուսակից էր, Բայց Յոյներուն անգործունեայ եւ անկարող ըլլալէն զատ, Հայաստանի զինուորական գլխաւորները, Սմբատ Բագրատունի եւ Թէոդորոս Ռշտունի, Սարակինոսներուն առջեւ խոնարհելու պէտքը կը զգային: Կոստանդին Դ. կայրը ուզեց Հայերուն Յոյներէն պաղեցնելուն ու բաժնուելուն վրէժը լուծել, եւ զօրաւոր բանակի մը գլուխը անցած յարձակեցաւ, ոչ միայն քաղաքականապէս այլ եւ կրօնապէս Հայերը նուաճելու համար: Ներսէս Գ. կաթողիկոս յաջողեցաւ կայսրը ամոքել, բայց Յոյներուն հեռանալէն ետքը, նոր ժողով մը գումարեց Դուինի մէջ (655), եւ նորէն համարձակօրէն հռչակեց առաջին երեք ժողովներէն զատ ուրիշ դաւանական վճիռ չընդունելու որոշումը, հերքելով եւ մերժելով ինչ որ անոնցմէ ետքը հաւատոյ դաւանութեան վրայ եղած յաւելուածներ են: Սակայն քաղաքական ուղղութեամբ Ներսէս կաթողիկոս եւ Թէոդորոս նախարար դէմ դէմի ելան. Թէոդորոսի կողմը աւելի զօրաւոր էր, եւ Ներսէս պարտաւորուեցաւ գործերէ քաշուիլ մինչեւ Թեոդորոսի մահը, որ վեց տարի ետքը տեղի ունեցաւ: Անկէ ետքը նորէն Յունական ազդեցութիւնը զօրացաւ Ներսէսի ձեռքով, բայց միշտ տկար ու վարանոտ կերպով:

Այդ կացութիւնը Ներսէսի մահուընէն (661) ետքն ալ շարունակեց իւր յաջորդներուն օրով, որք եղան Անաստաս Ակոռեցի (661-667), Իսրայէլ Ոթմսեցի (667-677) եւ Սահակ Գ. Ձորաթափեցի (677-703): Այս վերջինին կաթողիկոսութեան ատեն արաբական տիրապետութիւնը վերջնականապէս հաստատուեցաւ Հայաստանի վրայ, եւ այդ պատճառով Յունահայ դաւանական խնդիրներ իրենց կարեւորութիւնը կորսնցուցին: Արաբացի ամիրապետներն ալ կ՝ուզէին եւ իրենց համար օգտակար կը տեսնէին, որ Հայերը իրենց կրօնական խնդիրները Յոյներու հակառակ ուղղութեան մէջ դնեն, որով իրարմէ հեռցած կ՝ըլլային: Սահակ Գ. կաթողիկոս ճամբայ ելած էր Արաբացի զօրավարին երթալով անոր սիրտն առնել, եւ Հայաստանի վրայ սպառնացող արկածները խափանել, երբ ճամբորդութեան միջոցին վախճանեցաւ: Բայց իւր ձեռնարկը ապարդիւն չմնաց, վասն զի իւր խնդրած կրօնական առանձնաշնորհներուն մեծագուն մասը խալիֆայութեան կողմէն շնորհուեցաւ:

Իւր յաջորդին Եղիա Արճիշեցի կաթողիկոսին (703-717) գլխաւոր գործն եղաւ այն նախանձայոյզ աշխատութիւնը, որով Աղուանից Եկեղեցին Հայոց Եկեղեցիին հետ միաբանութեան մէջ պահեց: Ներսէս Բակուր, Աղուանից կաթողիկոսը, փորձուեցաւ Կիւրիոն Վրաց կաթողիկոսին ընթացքին հետեւիլ, եւ Յունական եկեղեցւոյն հետ միանալու կողմը հակիլ: Եղիա փութաց զայն աթոռէ զրկել, եւ անոր տեղ Սիմէոնը Աղուանից կաթողիկոս ձեռնադրեց: Եղիա նոյն նախանձայուզութիւնը ցուցուց նաեւ քանի մըՀայ վարդապետներու հանդէպ, որոնք Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ուսած ըլլալով, քաղկեդոնիկ միտումներ ստացած եւ նոյն միտքով քարոզել սկսած էին:

Յովհաննէս Գ. Օձնեցի կաթողիկոսը, որ Իմաստասէր մականուն ստացաւ, զարգացեալ, գիտնական եւ վարչապէտ անձ մըն էր, եւ իւր դարուն ամենէն կարկառուն դէմքը եղած է: Զանազան մոլորութեանց դէմ գրած ճառերը, եւ բարեկարգական եւ ծիսական բարենորոգումները, նորա ունեցած խորին հմտութիւնը կը հաստատեն: Ինքն է նաեւ եկեղեցական կանոններու եւ կանոնական թուղթերու հաւաքածուներուն հեղինակը, որոնք եկեղեցական իրաւագիտութեան կանոնագիրք մը կը կազմեն: Դիտելու արժանի է որ այդ հաւաքածոները Հռոմէական եկեղեցւոյ Սուտ-Իսիդորեան հաւաքածոներէն առաջ են: Ամիրապետներու հետ պահած յարաբերութիւնները եւ ձեռք առած առանձնաշնորհութիւնները, վարչական կարողութիւնը բարձրացնող փաստեր են: Դաւանական շրջանակին մէջ ալ յաջողեցաւ վերջացնել Քրիստոսի մարմնոյ նկատմամբ յուզուած ապականելիութեան խնդիրը, որ ուղղափառ միաբնակներու մէջ կը յուզուէր: Այդ խնդիրը ծագում առած էր Յուլիանեանց եւ Սեւերեանց վարդապետութիւններէն, եւ Հայկական եւ Ասորական եկեղեցիներու միջեւ բաժանման առիթ տուած էր: Մանազկերտի ժողովը, զոր Յովհաննէս իւր նախագահութեամբ հաւաքեց (726), Հայ եւ Ասորի եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ, տասը կանոններ հաստատեց, որով երկու աղանդներուն ալ ծայրայեղութիւնները հերքուեցան, եւ Քրիստոսի մարմնոյ նկատմամբ ողջամիտ եւ ուղղափառ վարդապետութիւնը հաստատուեցաւ, անոր ծագման եւ հանգամանաց բնականութիւնը հռչակելով, եւ միանգամայն պաշտպանելով այն գերազանցութիւնն ու յարգանքը, զոր պէտք է ընծայել Բանին Մարդացելոյ մարմինին: Յովհաննէս Օձնեցի փառօք կնքեց իւր կեանքը (728), եւ իւր յիշատակը Հայոց Եկեղեցւոյն կողմանէ տօնելի սուրբերու հետ դասակարգուեցաւ:

Օձնեցիին յաջորդող շրջանին վրայ (728-755) շատ ըսելիք բան չկայ: Տասներկու կաթողիկոսներ իրարու յաջորդեցին այն խաղաղութեան միջոցին, զոր ամիրապետներ Հայոց Եկեղեցւոյն թողուցին: Միայն յիշատակութեան արժանի կը սեպենք, որ երբ ամիրապետները Հայաստանի հարկատու թագաւորութիւններ շնորհեցին եւ Հայեր սկսան ինքնուրոյն կառավարութիւն վայելել, Փոտ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքը նորէն ձեռնարկեց Հայ Եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատել: Այդ մերձեցման շնորհիւ նա կ՝ուզէր նոր նեցուկ մը աւելցնել, որ կրնար իրեն օգտակար ըլլալ Հռոմի եկեղեցւոյն հետ յուզած խնդիրներուն մէջ: Այս նպատակով յատուկ թուղթեր գրեց Զաքարիա Ձագեցի կաթողիկոսին (755-776), եւ Աշոտ Բագրատունի իշխանաց- իշխանին, հրաւէր կարդալով Քաղկեդոնի ժողովին վճիռներն ընդունիլ: Բայց կաթողիկոսին եւ իշխանապետին կողմէ գրուած վճռական պատասխանները, վիճաբանութեան մտնելու յոյսն ալ կտրեցին, եւ Փոտի ձեռնարկած արդիւնք մը չունեցաւ:

ԺԲ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ


Հայոց Կաթողիկոսութիւնը երբեք տեղագրական անուն չունեցաւ աթոռին կամ հայրապետանոցին տեղէն առնուած, այլ միշտ կոչուեցաւ Կաթողիկոսութիւն Ամենայն Հայոց: Այդ կոչման զօրութեամբ նա իրաւունք ունեցաւ իւր հայրապետանոցը հաստատել այնտեղ՝ ուր կը գտնուէր ազգին քաղաքական կեդրոնը, ո՚րն ալ ըլլար ժամանակին իշխող կամ տիրապետող կառավարութեան գլխաւոր քաղաքը: Էջմիածինը, որ նախնական աթոռը եղաւ քրիստոնէութեան Հայաստանի պաշտօնական կրօնքն ըլլալէն սկսելով, նոյնինքն չորրորդ դարուն սկիզբը Հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաքն եղող Վաղարշապատն էր: Արշակունեաց թագաւորութեան վերջանալէն եւ անոր յաջորդող խռովութեանց դադարելէն ետքը, երբ Դուինի մէջ Հայ մարզպան մը, Վահան Մամիկոնեան, խաղաղական կառավարութիւն հաստատեց (484), Յովհաննէս Ա. Մանդակունի կաթողիկոսը այնտեղ փոխադրեց պաշտօնապէս հայրապետական աթոռը: Այնտեղ, Մասիսի ստորոտը, Արարատի դաշտին մէջ, Էջմիածինէն ոչ շատ հեռու, նստեցան Հայոց կաթողիկոսները չորս դարէ աւելի, մինչեւ Յովհաննէս Ե. Դրասխանակերտացի (898-929):

Ամիրապետներուն կողմանէ Հայերուն շնորհուած հարկատու թագաւորութեան ձեւը, ազգին համար նշանաւոր եւ օգտակար արդիւնք չունեցաւ: Նախ որ այդ ձեւով կազմուած թագաւորութիւնները հետզհետէ շատցան, եւ Անի, Վան, Կարս, Գուգարք, իրենց համար զատ զատ թագաւորներ ունեցան, որք իրարու հետ թշնամական մրցումներ սկսան, եւ իրարու դէմ եղբայրասպան պատերազմներ ալ վարեցին: Ասկէ զատ Հայազգի թագաւորութիւններուն հաստատութիւնը չվերջացուց Արաբական ոստիկաններուն իշխանութիւնը, որոնք հարկերը կը գանձէին, եւ ներքին կառավարութեան վրայ կը հսկէին, եւ մինչեւ իսկ թագաւորներուն անձին վրայ մահու եւ կենաց իրաւունք կը գործածէին: Մեր միտքւ չէ մանրամասնօրէն պատմել այն տխուր պատահարները, որ նոր հաստատուած կառավարական ոճին հետեւանքն եղան:

Բագրատունի թագաւորները, Անի մայրաքաղաքը շէնցնելէն եւ հոն հաստատուելէն առաջ, առժամաբար Շիրակաւան, Բագարան ու Աստեւանդ կը մնային, եւ հայրապետանոցն ալ կը շարունակէր պաշտօնապէս Դուինի մէջ մնալ, մինչեւ որ վե—ջապէս աւերեցաւ Եուսուֆ ոստիկանին ձեռքով: Յովհաննէս Ե. կաթողիկոսը, որ իբր հաշտութեան բանագնաց ոստիկանին մօտ գացած էր, պատանդ պահուեցաւ, եւ փրկանք վճարելով ազատելէն ետքը, երկար ատեն Հայաստանի մէջ թափառեցաւ, ու չկրցաւ Դուինի հայրապետանոցը նորոգել: Այս եղաւ պատճառը, որ իւր կեանքին վերջերը որոշեց երթալ հաստատուիլ Վանայ կողմերը՝ Վասպուրականի թագաորներուն պաշտպանութեանը ներքեւ: Պահ մը մնաց Ձորավանք՝ Վան քաղաքի մօտերը, եւ անկէ անցաւ Աղթամար կղզին, ուր Վասպուրականի թագաւորները հաստատեցին իրենց արքունիքը: Այստեղ Յովհաննէս Ե. կաթողիկոս, Պատմաբան մականունանեալ, կնքեց իւր կեանքը (929), իբր երեսուներկու տարի շարունակ երկրին աղէտներուն եւ արկածներուն վկայ ըլլալէ, եւ անոնց պատմութիւնը յետիններուն աւանդելէ ետքը:

Իւր յաջորդներէն երեքը միայն, Ստեփանոս Բ. (929-930), Թէոդորոս Ա. (930-941) եւ Եղիսէ Ա. (941-946), մնացին Աղթամարի հայրապետանոցը՝ Վասպուրականի Արծրունի թագաւորներուն արքունիքին մօտ: Իսկ Անանիա Մոկացի կաթողիկոսը (946-968) օգտարագոյն սեպեց Աղթամարի կղզիին մեկուսացած դիրքէն ելլել եւ Հայաստանի միջավայրը հաստատուիլ, Անի նստող Բագրատունի թագաւորներուն մօտ: Առաջ առժամապէս հաստատուեցաւ Արգինա քաղաքը, Անիի մօտ, մինչեւ ու Անիի մէջ հայրապետանոց մը եւ կաթողիկէ եկեղեցի մը կառուցուէր: Անանիա կաթողիկոս նշանաւոր դիրք կը վայելէ կաթողիկոսներու շարքին մէջ, իրեն կատարած եկեղեցական բարեկարգութիւններով, քաղաքական ձեռնարկներով եւ խոհական վարչութեամբ, որով յաջողեցաւ թէ՚ եկեղեցւոյն եւ թէ ազգին համեմատաբար խաղաղ ու կանոնաւոր կացութիւն մը պատրաստել: Վահան Սիւնի որ անոր յաջորդեց (968-969), կասկածելի եղաւ, Յոյներու հետ ցուցած համաձայնութեամբը, քաղկեդոնիկ վարդապետութեան միտումովը, եւ ինչինչ յունական ծէսեր մուծանելովը: Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասակարգը զգածուեցաւ անոր ընթացքէն, Անիի մէջ ժողով գումարուեցաւ, եւ Վահան կաթողիկոս գահընկէց հռչակուեցաւ, Ստեփանոս Գ. Սեւանցի կաթողիկոս հաստատուեցաւ (969-972): Նորընտիր կաթողիկոսը Բագրատունի թագաւորներու պաշտպանութիւնը կը վայելէր. Վահան ընդհակառակն Արծրունի թգաւորներու հովանաւորութեան ապաւինած էր, եւ այդ պատճառով ներքին դժուարութիւններ եւ թշնամութիւններ տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ, մինչեւ որ, երկուքն ալ, Ստեփանոս եւ Վահան, միեւնոյն տարին վախճանեցան: Ասոր վրայ Խաչիկ Ա. Արշարունի, կարող եւ գործունեայ անձնաւորութիւն մը, երկու կողմերու համաձայնութեամբ կաթողիկոսութեան բարձրացաւ (972-992): Նա ոչ միայն կրցաւ հաշտութիւն գոյացնել զանազան Հայազգի թագաւորութեանց եւ իշխանութանց մէջ, այլ եւ ուժգնակի պաշտպանեց ազգային եկեղեցւոյ դաւանութեան հետեւող Հայերը, որ Բիւզանդական գաւառներու մէջ կը գտնուէին, եւ որոնց վրայ բռնադատութիւններ կը գործադրուէին Յունական եկեղեցւոյ գիրկը մտնելու համար: Խաչիկ եղաւ որ պաշտօնապէս Հայ եպիսկոպոսներ ձեռնադրեց Յունական վիճակներու մէջ գտնուող Հայադաւան հաւատացեալներու համար: Մինչեւ այն ատեն, իւրաքանչիւր վիճակի մէջ մէկէ աւելի թեմակալ եպիսկոպոս չէր գտնուէր, եկեղեցական նախնական կանոններու համաձայն: Իրօք ալ այդ միջոցէն սկսեալ, կը տեսնենք որ միեւնոյն վիճակի մէջ տարբեր եպիսկոպոսներ կը գտնուին, ծէսերու եւ դաւանութիւններու տարբերութեանց համեմատ: Խաչիկ առաջ Արգինայի մէջ հայրապետանոց ու կաթողիկէ եկեղեցի մը շինեց, եւ վերջէն ձեռնարկեց աւելի փառաւորները կառուցանել Անիի մէջ, բայց վայելելու չհասաւ: Իւր յաջորդն Սարգիս Ա. Սեւանցի (992- 1019) անոնց նաւակատիքը կատարեց եւ այնտեղ հաստատուեցաւ. բայց երկար չեղաւ անոնց տեւողութիւնը, որովհտեւ նոյնիսկ Սարգիսի անմիջական յաջորդն Պետրոս Ա. Գետադարձ (1019-1058) պարտաւորուեցաւ Անիէ հեռանալ, երբոր այն Յոյներէ գրաւուեցաւ (1044):

Վերջէն յիշուած երկու կաթողիկոսներուն օրով տեղի ունեցած եղելութիւններէն մէկն ալ Թոնդրակեցւոց աղանդին գործն է, որոնք Պաւղիկաններու մէկ տեսակն էին, ամէն արտաքին պաշտամունքներու կը հակառակէին, եւ իրենց եռանդը մինչեւ յանդգնութիւն ու բռնութիւն կը մղէին: Յակոբ Հարքայ եպիսկոպոսը անոնց կողմն անցաւ, եւ սկսաւ իւր վիճակը կառավարել նոյն աղանդին սկզբունքներուն համեմատ, առանց ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ իւր հաղորդակցութիւնը խզելու: Յակոբ երկու անգամ եպիսկոպոսական ատեանի առջեւ դատաստանի ենթարկուեցաւ, եւ գիտցաւ վարպետութեամբ զինքն արդարացնել: Բայց վերջապէս հնար եղաւ իւր ընթացքին եւ մոլորութեան մասին հաստատուն փաստեր ձեռք ձգել, եւ Սարգիս կաթողիկոսէ դատապարտուեցաւ եւ կարգէն ու աստիճանէն զրկուեցաւ: Կաչի գիւղի մէջ հաստատուած աղանդաւորներու խումբ մըն ալ Խաչգիւղի գլուխը կանգնած խաչը կործանած էր. այդ սրբապիղծ ձեռնարկին գործիչներն ալ փնտռուեցան, գտնուեցան ու պատժուեցան խիստ կերպով: Մարմնոյ պատիժներ ալ գործածուեցան այդ աղանդաւորներուն դէմ, ինչ որ Հայոց Եկեղեցւոյն համար սովորական բան մը չէր: Բայց այդ առիթի մէջ, հաւանեցան Յունական եկեղեցւոյ օրինակին հետեւիլ, որոնք ամենախիստ կերպով կը վարուէին Պաւղիկեանց հետ, քանի որ անոնց յանդուգն գործերը հասարակ եղեռնագործութեանց ոճիրներ էին, ինչպէս յայտնի եղելութիւններ կը հաստատեն:

Անիի առումը եւ Բագրատունեաց հարստութեան վերջանալը, ներքին կերպով կապուած են Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսին անունին հետ: Պետրոս, որ Խաչիկի եղբօրորդին էր, աթոռ բարձրացած է Սարգիսի կենդանութեան. որ կամովին հրաժարեցաւ (1019) եւ քանի մը տարի ետքը վախճանեցաւ (1022):Գագիկ Անիի թագաւորը, իւր մահուանէ ետքը (1020) իրեն յաջորդ թողած էր իւր երէց որդին Յովհաննէս Սմբատը, թուլամորթ ու տկարամիտ անձ մը, որ խոնարհեցաւ իւր իշխանութիւնը ապահովել Վասիլ Բ. կայսեր հետ դաշնակցելով, եւ իւր մահուընէ ետքը Հայոց թագաւորութիւնը անոր թողլով: Պետրոս կաթողիկոս անձամբ Տրապիզոն գնաց (1022), կայսեր հետ դաշնագրութիւնը յաջողցնելու եւ հաստատելու համար: Անկէ դառնալով Սեբաստիա մնաց (1023), ուր կը թագաւորէր Սենեքերիմ Արծրունի, որ իւր ժառանգական Վասպուրականի երկիրը Յոյներու հետ փոխանակած էր՝ Սեբաստիոյ գաւառը անոնցմէ ստանալով: Պետրոս Սեբաստիայէ Ձորավանք գնաց Վանայ մօտ (1029), անկից Անի եկաւ (1036), բայց յանկարծ աթոռէն վար առնուեցաւ, եւ իրեն տեղ կաթողիկոս հռչակուեցաւ Դիոսկորոս Սանահնեցին: Կղերն ու ժողովուրդը այդ փոփոխութեան չհամակերպեցան, եւ հազիւ տարի մը ետքը Դիոսկորոս վտարուեցաւ (1037), եւ Պետրոս իւր աթոռին վրայ հաստատուեցաւ, եւ տասը տարիի չափ եւս այդ վիճակը շարունակեց: Յովհաննէս Սմբատ մեռաւ (1042) առանց զաւակ թողլու, եւ յաջորդութիւնը ինկաւ իւր Աշոտ եղբօրորդւոյն Գագիկի, հազիւ հնգետասնամեայ պատանի մը, զոր ուզեցին իրաւունքէ զրկել: Պետրոս կաթողիկոս գիտէր Տրապիզոնի դաշնագրութիւնը, որուն վաւերական գիրը Միքայէլ Դ. Պափղագոնացի կայսեր ձեռքը անցած էր: Վեստ Սարգիս, վախճանեալ թագաւորին գլխաւոր պաշտօնեայն, ինքն կը մտածէր թագաւոր հռչակուիլ: Միայն Վահրամ Պահլաւունի սպարապետն էր, որ ազգին իրաւունքին եւ անկախութեան պաշտպանութիւնը անկեղծօրէն ստանձնած էր: Յոյներ եւ Թաթարներ եւ Գուգարաց թագաւորը իրարու հետ կը մրցէին Անին գրաւելու համար: Վահրամ յաջողեցաւ յաջորդաբար անոնց յարձակումները յետս մղել, եւ բաւական տարիներ մրցիլ Պետրոս Գետադարձի եւ Վեստ Սարգիսի մեքենայութեանց դէմ. բայց վերջէնվերջ իւր ոյժերը սպառեցան, եւ Անի քաղաք անձնատուր եղաւ Յունաց կայսերական բանակներուն (1044): Կաթողիկոսը առաջ ամէն տեսակ ակնածութեանց եւ պատիւներու առարկայ եղաւ Յոյներուն կողմէն, որոնք վերջէն զինքն Կոստանդնուպոլիս տարին, եւ հոն պահեցին երեք տարի արգելական վիճակով: Պետրոս ետքը Սեբաստիա փոխադրուեցաւ՝ կաթողիկոսութեան պաշտօնին մէջ մնալով, եւ այդտեղ կնքեց իր կեանքը (1058): Արդէն Կոստանդնուպոլիս գտնուած ժամանակին իրեն օգնական եւ աթոռակից առած էր իւր եղբօրորդին Խաչիկը, որ կաթողիկոսական գործերը կը վարէր թէ՚ Պետրոսի բացակայութեան եւ թէ անոր վերջին տարիները, եւ ետքէն ալ անոր յաջորդեց:

Խաչիկ Բ. Անեցին ալ Կոստանդնուպոլիս տարուեցաւ, ուր տեսակ տեսակ նեղութեանց ենթարկուեցաւ, որպէս զի թէ՚ Պետրոսէ մնացած գանձերը յայտնէ ու յանձնէ, եւ թէ Յունական եկեղեցւոյ դաւանութեան հաւանի: Բայց նա իւր հաստատամտութենէն ետ չկեցաւ, ամէն առաջարկութեանց դիմադրեց, ու նեղութիւններուն ներքեւ չտկարացաւ: Վերջապէս երեք տարի (1059-1062) Կոստսնդնուպոլսոյ մէջ մնալէն ետեւ, Թաւբլուր ըսուած աւանը ղրկուեցաւ, Փոքր Ասիոյ մէջ Տարանտիա (Տարէնտէ) քաղաքին մօտերը, եւ այնտեղ մնաց մինչեւ իւր մահը (1065):

ԺԳ.
ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՆՈՑԸ


Յոյներ, որ ամբողջովին Հայաստանի տիրացած էին, Խաչիկի մահուընէ ետքը նոր կաթողիկոսի ընտրութեան դէմ արգելքներ դրին, կարծելով թէ այս կրնան Հայերը Յունական եկեղեցւոյ դաւանութիւնն ընդունելու եւ անոր հետ ձուլուելու ստիպել: Բայց իրենց ճիգերուն ապարդիւն մնալը, ամէն կողմէ կրկնուած գանգատները, եւ Կարսի թագաւոր Գագիկի միջամտութիւնը, որ իւր ժառանգական երկիրը Յոյներուն յանձնելով Ամասիոյ գաւառակին հետ փոխանակած էր, վերջիվերջոյ Յոյները զիջողութեան յորդորեցին: Կոստանդին Տուկիծ կայսրը հաւանեցաւ Գրիգոր Վահրամի կաթողիկոս անուանուելուն, որ Յունական կայսրութեան ներքեւ կուսակալութեան պաշտօն վարող Գրիգոր Մագիստրոսի որդին էր, ինքն ալ արդէն կայսերական պաշտօններու մէջ գործածուած անձ մը (1066): Բայց միանգամայն պայման դրուեցաւ, որ նոր կաթողիկոսն՝ Գրիգոր Բ. Վկայասէր, Հայաստանի մէջ չհաստատէ իւր աթոռը: Այդ պատճառով նա իրեն կեդրոն ընտրեց Ծամնդաւ աւանը, երբեմն Կարսի եւ յետոյ Ամասիոյ թագաւոր Գագիկի սահմաններուն մէջ:

Վկայասէրի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը քառասուն տարի եղաւ (1066-1105): Ընտիր ձիրքերու տէր եւ մեծ հմտութիւն ունեցող անձ մըն էր, բայց իւր կաթողիկոսութիւնը նշանաւոր արդիւնք մը չունեցաւ, անշուշտ առանց յօժարութեան պաշտօնը ստանձած ըլլալուն համար, զգացում մը՝ զոր մինչեւ ետքը անփոփոխ պահեց: Կրնանք ըսել որ ինքն կաթողիկոսանալու հաւանութիւն տուած էր պարզապէս կաթողիկոսական աթոռին պարապութեան վերջ մը տալու համար, քանի որ իւր անունը Յոյներուն վստահութիւն պիտի ներշնչէր, եւ ոչ թէ իսկապէս աստիճանին կապուած պաշտօնը վարելու համար:

Նա իւր բոլոր ժամանակը անցուց գրական աշխատութիւններով, եւ Պաղեստին ու Եգիպտոս ճամբորդելով, կաթողիկոսական պաշտօնին բոլոր գործերը փոխանորդներու ձեռքը թողուց, զորս ինք ընտրեց, եւ աթոռկցութեան աստիճանին բարձրացուց օծում ալ տալով եւ լիազօր իշխանութիւն ալ յանձնելով անոնց: Ասոնց առաջինը, Գէորգ Գ. Լոռեցի (1067- 1072), իւր գործունէութեան մէջ յաջող չեղաւ եւ չգոհացուց, ուստի վար առնուեցաւ, եւ իրեն տեղ դրուեցաւ Բարսեղ Ա. Անեացի, Վկայասէրին քեռորդին (1085), որ խոհական ու գործունեայ տեղակալ մը եղաւ, ամէն պատասխանատուութիւն վրան առնելով կատարելապէս կաթողիկոսութիւն վարեց, մինչեւ իւր մօրեղբօր մահը (1105), ուսկից ետքը պաշտօնապէս ալ անոր յաջորդեց: Հայրապետանոցը այդ միջոցին պաշտօնապէս Ծամնդաւի մէջ կը նկատուէր, Ամասիոյ մօտ, բայց թէ՚ կաթողիկոսը եւ թէ իւր աթոռակիցները շատ քիչ այնտեղ մնացին: Բարսեղ երբեմն Անի կը գտնուէր, եւ երբեմն ալ Կիլիկիոյ ու Կոմանգենի նահանգները, ուր սկսած էին գաղթել Հայերը, Թաթարներուն արշաւանքներէն փախչելով:

Շուղր վանքը, որ Ամանոսի կամ Սեաւ-Լեռի բարձրունքներուն վրայ ծաղկիլ սկսած վանականութեան կեդրոնն էր, Հայրապետութեան աթոռանիստ եղաւ, որովհետեւ այն կողմերը սկսած էր կազմուիլ Կիլիկիոյ Հայ իշխանապետութիւնը: Ռուբէն, Անիի Բագրատունի թագաւորներուն ազգակցութենէն, հիմ դրած էր այդ իշխանութեան, որ աւելի կերպաւորուեցաւ իւր որդւոյն Կոստանդինի օրով (1095-1110): Ասոր ալ յաջորդեց Թորոս, որուն Բարսեղ կաթողիկոս զօրաւոր թեւթիկունք եղաւ, նոր իշխանապետութեան քաղաքական ձեւ տալու եւ սահմանները հետզհետէ ընդարձակելու համար: Բարսեղ պատահական արկածով մեռաւ, տանիքի մը փլչելուն հետեւանօք (1113): Անոր յաջորդեց Գրիգոր Գ. Պահլաւունի, հազիւ քսան տարեկան երիտասարդ մը, որուն կաթողիկոսացման համար յատուկ յանձնարարութիւններ ըրած էր Գրիգոր Բ. Վկայասէր իւր վերջին օրերուն մէջ, տեսնելով անոր վրայ գեղեցիկ ձիրքերու եւ կանխահաս կարողութեան յայտնի նշանները:

Գրիգոր Վկայասէրին կաթողիկոսական պաշտօնավարութեան մէջ թուլութիւնը առիթ ընծայած էր հակաթոռներու երեւնալուն, ինչպէս եղան Սարգիս Հոնեցի, Թէոդորոս Ալախօսիկ եւ Պօղոս Վարագցի, որոնք սակայն պարտաւորուեցան տեղի տալ Բարսեղի գործունէութեան առջեւ: Գրիգոր Պահլաւունիի երիտասարդութիւնը պատճառանք եղաւ Աղթամարի արքեպիսկոպոս Դաւիթ Թոռնիկեանի ինքզինք կաթողիկոս հռչակելու: Անանիա Մոկացի կաթողիկոսի ատեն հայրապետանոցին Աղթամարէն Արգինա փոխադրուէլուն օրէն, Աղթամարի արքեպիսկոպոսներ հայրապետական ձեւեր պահելու եւ ինքզինքնուն բացառիկ պատիւներ եւ իրաւունքներ վերագրելու մեծամտութիւնն ունեցած էին, որուն սակայն կարեւորութիւն չէր տրուած: Դաւիթ Թոռնիկեան, ժրաջան ու գործունեայ անձնաւորութիւն մը, այդ մեծամտութեան աւելի ընդարձակութիւն տուաւ եւ յաւակնոտ ձեռնարկներու ալ յանգեցաւ, եւ Գրիգոր Պահլաւունիի երիտասարդութիւնը իբր անվաւերութեան փաստ գործածեց, եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը ուզեց իրեն վերագրել (1114): Անսովոր բազմութեամբ երկու հազար հինգ հարիւր եկեղեցեկաններու ներկայութեամբ ժողով մը գումարուեցաւ, Կիլիկիոյ իշխանապետութեան հողինակութիւնն ալ զայն զօրացուց, եւ Դաւիթ Թոռնիկեան դատապարտուեցաւ: Բայց հակառակ կաթողիկոսները իրենց յաջորդութիւնը պահեցին, մինչեւ որ Մայր աթոռին հետ հաղորդակցութիւննին ալ կանոնաւորեցին, եւ շարունակեցին մինչեւ մեր օրերը:

Կաթողիկոսական աթոռը միշտ երերուն ու թափառական, տակաւին Սեաւ-Լեռ կը գտնուէր, երբ Գրիգոր Գ. Պահլաւունի աթոռ բարձրացաւ: Տասներկու տարի ետքը, հայրապետանոցը փոխադրռեց Ծովք (Տիւլուք) դղեակը, որ իւր գերդաստանին իշխանական սեփականութիւնն էր, ուր եւ մնաց քսաներկու տարի (1125-1147): Բայց Գրիգոր կաթողիկոսութեան համար աւելի վայելուչ աթոռանիստ տեղ մը ուզելով պատրաստել, Գերմանիկիոյ (Մարաշ) կոմս Ժոսլէնի որդիէն գնեց Հռոմկլայ (Ռումքալէ) դղեակը եւ հոն հաստատուեցաւ:Կաթողիկոսները մէկուկէս դար այնտեղ բնակեցան (1147-1293), մինչեւ որ դղեակը Եգիպտացիներուն կողմէ գրաւուեցաւ: Անկէ ետքը անցան Սիս, Կիլիկիոյ Հայ թագաւորութան մայրաքաղաքը, եւ մէկուկէս դար ալ այնտեղ բնակեցան (1293-1441), եւ անկէ ետքն է որ կաթողիկոսական աթոռանիստը կամ հայրապետանոցը նորէն Էջմիածին դարձաւ, իւր նախնական տեղը: Հայոց կաթողիկոսարանին տեղափոխութիւններուն տեւողութիւնը, Դուինէ հեռանալէն մինչեւ Էջմիածին դառնալը, ընդամէնը 540 տարի տեւեց (901-1441):

ԺԴ.
ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐ


Յիրաւի պէտք է զարմանալ, երբոր ոք գիտէ Հայոց Եկեղեցւոյն ընթացքը. մէկ կողմէն միաբանութեան համար ըրած ձեռնարկները, եւ միւս կողմէ իւր դաւանութեան վրայ հաստատամտութիւնը: Իրօք ալ առեղծուածական պէտք էր սեպել այդ ընթացքը, եթէ նկատի չառնուէր անոր գերազանցապէս թոյլատու եւ ներողամիտ ուղղութիւնը: Հայ Եկեղեցին միշտ բարեկամտութեամբ ընդունուած է միաբանութեան առաջարկները, քանի անգամ որ ներկայացուած են. բայց միշտ հեռացած չէր իւր ինքնուրոյն եւ առանձնայատուկ կացութեան դիրքէն: Իսկ այն եկեղեցիները, որոնց հետ Հայ Եկեղեցին կրցած է յարաբերութեան մէջ ըլլալ, են Յունականը, Ասորականը եւ Լատինականը:

Յունական Եկեղեցին, իրմէ աւելի զօրաւոր եւ աւելի ընդարձակ ըլլալով, աներկբայապէս գերագոյն դիրք մը կը գրաւէր, որ յառաջ կուգար հելլենական զարգացման հին աշխարհին մէջ վայելած բարձրագոյն ազդեցութենէն, եւ Արեւելեան կայսրութեան ունեցած քաղաքական զօրութենէն; Այս պատճառով Յունական Եկեղեցին ջանաց միշտ Հայ Եկեղեցւոյ վրայ տիրող դիրք մը ունենալ եւ զօրաւոր ազդեցութիւն գործածել: Աշխատեցաւ զայն իրեն հպատակեցնել, մինչեւ իսկ զայն իրեն մէջ ձուլել, եթէ գործը իւր կամքէն կախում ունենար եւ իւր կարողութեան ներքեւը ըլլար: Այն համառօտ տեղեկութիւնները զորս տուինք Քաղկեդոնի ժողովէն ետքը տեղի ունեցած խնդիրներուն վրայ, բաւական են ընթերցողին պէտք եղած գաղափարը տալու այս մասին: Հայերը երբեք Յոյներուն առաջարկներուն առջեւ կանուխէն դուռները չգոցեցին, բայց երբեք ալ վերջնականապէս հաւանութիւն չտուին, եւ դրական կերպով առաջարկի մը չհամակերպեցան:

Ասորական եկեղեցին Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ աւելի տկար կացութիւն մը ունենալուն, անոր հետ համաձայնութիւնը աւելի դիւրին եղաւ: Եթէ մէկ կողմէն Ասորիներ կրնար յաւակնոտ պահանջներ առաջարկել, միւս կողմէն ալ Հայեր երբեք իրենց պայամանները ծայրայեղութեան չհասցուցին:

Լատինական եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւնները ուշ ատեն տեղի ունեցան, անոր հեռաւորութեան պատճառով, եւ Խաչակիրներու ժամանակ սկսան:

Հայոց Եկեղեցին միաբանութիւնը հասկցաւ միշտ բառին ճիշդ եւ սեղմ նշանակութեամբ: Նա միաբանութիւն ըսելով ուզեց ունենալ եկեղեցիներու միջեւ հոգեւորական հաղորդակցութիւն, փոխադարձ յարաբերութիւն, եւ իրարու դիրքին հանդէպ յարգանք, իւրաքանչիւրին համար իւր շրջանկին եւ սահմաններուն մէջ ազատութիւն, եւ ամենուն վրայ տիրապետող քրիստոնէական սուրբ սէրը: Նա երբեք չուզեց հանդուրժել, որ միաբանութիւնը տիրապետութեան փոխուի, եւ մարդորսորդութեան վերածուի: Դժբախտաբար Յունական եւ Լատինական եկեղեցիներ, իրենց քաղաքական եւ կենցաղական դիրքերուն առաւելութիւններէն գրգռուելով, այն համոզմամբ վարուեցան, թէ եկեղեցիներու միաբանութիւնը ուրիշ կերպով չի կրնար իրականանալ, բայց եթէ ուրիշները իրենց եկեղեցւոյն հնազանդեցնելով: Մեր միտքը յայտնելու մէջ աւելի ճիշդ ըլլալ ուզելով, պէտք կը զգաք աւելցնել, որ Լատիննրուն կողմէն գործածուած ձեւը աւելի տիրապետութիւնն է եղած, մինչ Յոյները աւելի շահելու եւ աշակերտելու ձւին են հետեւած: Հայեր թէ՚ մէկին եւ թէ միւսին կողմանէ եղած առաջարկութեանց հանդէպ, երբեք բանկցութեանց մտնելէ չքաշուեցան, թէպէտեւ գրեթէ միշտ իրենց ակնկալութեանց մէջ յուսախաբութեան հանդիպեցան: Այսու հանդերձ առանց ձանձրանալու միշտ վերադարձան միաբանւթեան եւ հաշտութեան առաջարկներուն վրայ բանակցիլ, որչափ ալ անոնց յաջող ելք ունենալուն ակնկալութիւնն ու վստահութիւնը չունէին:

Մենք բացէիբաց հերքում մը պիտի չդիմադրենք անոնց, որ Հայերուն զիջողականութեան մէջ օգուտի դիմումներ ալ կ՝ուզեն տեսնել, եւ ոչ լոկ քրիստոնէական ոգւոյ արտայայտութիւն մը: Հայերուն քաղաքական եւ կենցաղական կացութեան վրայ ակնարկ մըն ալ կը բաւէ ցուցնել, թէ անոնք զօրաւոր եւ անկախ վիճակ մը չունեցան, եւ այս բաւական է անոնց վերագրուած օգուտի նպատակն արդարցնելու: Հայեր ներքին գաւառներու մէջ կղզիացած, եւ ամէն կողմէն՝ արեւելքէն ու արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու հարաւէն եկող հրոսակներուն եւ արշաւանքներուն ասպարէզ դարձած, իրենց թիւով ալ տկար, եւ նիւթական ու մտաւորական միջոցներէ զրկուած, պէտք զգացին միշտ իրենց պաշտպան մը ունենալ քրիստոնեայ իշխանութեանց մէջէն: Ահա այդ նպատակով է, որ միաբանութեան փափաքներ կը սնուցանէին ու ձգտումներ կը մշակէին. բայց երբեք յանձնառու չեղան կրօնական տիրապտութեան ալ ենթարկուիլ, եւ ոչ ալ հրապոյրներով որսացուիլ: Այս է բուն պատճառը, որուն համար միշտ առանձնացած մնացին, եւ իրենց դաւնական եւ կազմակերպական աւանդութեանց վրայ պնդեցին: Որչափ ալ միաբանութեան մէջ տեսան իրենց կենցաղական եւ քաղաքական շահերուն համար փրկութեան ակնկալութիւններ, բայց ետ քաշուեցան երբոր խնդիրը իրենց քրիստոնէական եւ կրօնական սկզբունքները զոհելու կէտին մօտեցաւ: Պէտք չէ նաեւ միաբանութեան համար եղած ճիգերը իբր վերջին ատեններու նորութիւն նկատել: Մենք տեսանք արդէն թէ այդ ձգտումներով շատ յարաբերութիւննր եղան Յոյներու հետ ալ, թէպէտեւ գործնական արդիւնք մը չունեցան: Հայ Եկեղեցին երբեք իւր ուղղութենէն չշեղեցաւ, եւ հաստատուն մնաց միեւնոյն միաբանութիւնը սիրող եւ անկախութիւնը սիրող դիրքին մէջ, նոյնիսկ երբ հարկատու թագաւորութիւններն ալ հետզհետէ կը տկարանային ու կ՝իյնային, եւ Թաթարներու արշաւանքներուն երեսէն եկած հարւածները կ՝ընդարձակուէին:

Այդ միջոցին էր որ Հայրեր խմբովին գաղթականութիւններով սկսան ցրուիլ, ինչ որ գլխաւոր պատճառն է եղած Հայկական հայրենիքին հետզհետէ իյնալուն եւ քայքայելուն: գաղթականութեանց մէկ մասը հիւսիսակողմեան ճամբան բռնեց, Կովկասեան լեռները եւ Եւքսինեան ծովը անցաւ, եւ գնաց բնակիլ Վրաստան եւ Խրիմ, Ուլահ ու Պուղտան, Լեհաստան ու Մաճառաստան: Մենք միտք չունինք այս խումբին գնացքին հետեւիլ, որ հետզհետէ իւր կերպարանը մերկանալու, եւ գտնուած տեղերուն բնիկներուն հետ ձուլուելու դժբախտութիւնն ունեցաւ: Ուրիշ ճիւղ մը հարաւկողման ճամբան բռնեց, եւ հետզհետէ բնակեցաւ Կոմագենէ եւ Ասորիք, Կիլիկիա եւ Իսաւրիա, Լիկայոնիա եւ Պամփիւլիա, ուր առաջ իշխանապետութիւն մը հաստատեց, որ յետոյ թագաւորութիւն եղաւ, եւ երկրին կերպարանն ալ փոխուելով, նոր Հայաստան մը դարձաւ: Այսպէս յայտնի կ՝ըլլայ թէ ինչո՚ւ Հայեր պարագաներու ստիպմամբ եւ Արեւելքէն եկող արշաւանքներուն առջեւ փախչելով, դէպի Արեւմուտք դարձուցին աչուընին, եւ քրիստոնեայ տէրութիւններէն պաշտպանութիւն ակնկալեցին: Ահա թէ ինչո՚ւ, ինչպէս պատմական յիշատակներ ալ կը վկայեն, անընդհատ կերպով միաբանական բանակցութիւններ շարունակեցին Ռուբինեան Հարստութեան ժամանակ (1080-1375), թէ՚ Յոյներուն եւ թէ Լատիններուն հաւասարապէս: Անոնք որ այդ բանակցութեանց , գլխաւորապէս Լատիններուն հետ եղածներուն պէս, կը կարծեն Հռոմէական կաթոլիկութեան փաստեր տեսնել, պէտք չէ նկատառութենէ վրիպեցնեն որ միեւնոյն ատեն բանակցութիւններ կ՝ըլլային Յոյներուն հետ ալ, այնպիսի ժամանակ մը՝ որ Յոյներ ու Լատիններ պառակտած եւ եկեղեցականապէս իրարմէ բաժանուած էին, Փոտ պատրիարքի ժամանակէն սկսած խնդիրներուն հետեւանօք: Հարկաւ Հայեր միեւնոյն ատեն երկու կողմերու հետ ալ կրօնական միաբանութիւն հաստատել պիտի չկարենային, եթէ երկուքէն մէկուն հետ դաւանապէս միացած ըլլային, եւ իրենց անկախ ինքնուրոյն դիրքը պահած չըլլային:

Միաբանական բանակցութեանց առաջին փորձերը սկսան Գրիգոր Վկայասէրի օրէն, որ իրեն ուղեւորութեանց միջոցին, երբոր գլխաւոր նպատակ ունէր մարտիրոսներու վկայաբանութիւններ հաւաքել, փորձեց նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ եւ Աղեքսանդրիոյ եւ Երուսաղէմի եկեղեցիներուն հետ մերձաւորութիւններ եւ համաձայնութիւններ մշակել: Գիտենք որ պատմագիրներէն մէկուն մէջ Հռոմ գացած ըլլալու ակնարկ մըն ալ կայ, բայց այլեւս ստուգուած է թէ Վկայասէր Հռոմ գացած չէ, այլ միայն Հռոմ ու Հոռոմ բառերու գրչագրական շփոթութիւնը թիւրիմացութեան պատճառ տուած է: Միանգամայն յայտնի է որ Վկայասէրի օրով բնաւ մէկ կողմի հետ պաշտօնական բանակցութիւն չբացուեցաւ, հակառակ Վկայասէրին Յոյներու հետ ունեցած սերտ ու մտերմական յարաբերութեանց: Անոր ձեռք ձգած մեծ յաջողութիւնն եղաւ վերջացնել այն բռնադատութիւններն ու ճնշումները՝ զորս կայսրները կը գործադրէին Պետրոս Ա. եւ Խաչիկ Բ. կաթողիկոսներու ատեն:

Լեւոն Ա. իշխանապետին օրով (1123-1137) Յոյներ ու Հայեր իրարու հետ պատերազմի ելան, որովհետեւ Լեւոն Յոյներուն ձեռքէն քանի մը քաղաքներ գրաւեր էր: Այդ թշնամութիւնները յանգեցան Հայ իշխանին գերութեան եւ իւր երկրին գրաւման (1137), որ տեւեց մինչեւ որ Թորոս Բ., գերի ինկած Լեւոնի որդին, կրցաւ ձեռք ձգել հօրենական իշխանութեան ժառանգութիւնը (1144):

Այդ թշնամութիւնն ու գերութիւնը առիթ տուաւ որ Կիլիկիոյ իշխանապետութեան Հայերը յարաբերութեան մտնեն Խաչակիրներուն ձեռքով Արեւելքի մէջ նոր հաստատուած Լատին իշխանութիւններուն հետ: Գրիգոր Գ. Կաթողիկոս եւ իւր եղբայրն Ներսէս եպիսկոպոս Շնորհալի, Անտիոքայ լատին ժողովին հրաւիրուեցան (1141), որ պիտի գումարուէր պապին նուիրակ Ալբերիկոս կարդինալին նախագահութեամբ, Անտիոքի լատին եպիսկոպոս Հռուդոլփոսի գործը քննելու համար: Պապին նուիրակը ժողովէն ետքը Գրիգոր կաթողիկոսը հրաւիրեց միասին Սուրբ Տեղիք երթալ, ուր իրեն պատուոյ տեղ մըն ալ նշանակեց Երուսաղէմի ժողովին մէջ (1142): Այդ առթիւ նուիրակը իւր խօսակցութիւններն աւելի առաջ տանելով կաթողիկոսը հրաւիրեց Հռոմի եկեղեցւոյն հետ միաբանութիւն հաստատել, բայց կաթողիկոսը կոհական առաջարկութեան առջեւն առաւ, յայտարարելով թէ երկու եկեղեցիները իրարմէ բաժնող էական կէտ մը չի տեսներ ինքն:

Երկու կողմերն ալ օգտակար չդատեցին վիճաբանութիւններն աւելի առաջ մղել, որովհետեւ թէ՚ Լատիններ եւ թէ Հայեր փոխադարձաբար իրարմէ օգտուելու եւ օգնութիւն գտնելու յոյսեր ունէին: Ղուկիոս Բ. պապը (1141-1145) փութաց Գրիգոր կաթողիկոսին եկեղեցական ընծաներ յղել, որուն դիմաց կաթողիկոսն ալ չուզեց առատաձեռնութեան մէջ ետեւ մնալ. եւ իւր ընծաները յղեց յատուկ պատգամաւորութեան մը ձեռքով, որ Վիթէրպօ քաղաքին մէջ նրկայացաւ Եւգինէոս Գ. պապին (1145-1153): Այդ առթիւ սկսան վարդապետական եւ ծիսական տարբերութեանց նկատմամբ վիճաբանութիւններ բացուիլ. եւ Եւգինէոս Գ. պապ պաշտօնապէս գիր մը ուղղեց Գրիգոր Գ. կաթողիկոսին, հրաւիրելով որ Հռոմայ եկեղեցւոյն համակերպի եւ անոր հետ միայն, որուն պատասխան չտրուեցաւ: Այսպէս, առանց հետեւանքի վերջացաւ Հայերու եւ Լատիններու մէջ սկսած յարաբրութեանց առաջին շրջանը:

Ներսէս եպիսկոպոս Շնորհալի, կաթողիկոսին եղբայրը, որ Թորոս եւ Օչին իշխանները հաշտեցնելու եւ երկուքին միջեւ տեղի ունեցած թշնամութիւնները վերջացնելու համար Լամբրոն դղեակը գացած էր, դարձած ատեն Մոպսուեստիա հանդիպեցաւ, Յունական Ասիոյ կուսակալ Ալեքսիս իշխանին այցելութիւն մը տալու համար (1165): Այդ առթիւ նորէն խօսք բացուեցաւ Յոյն եւ Հայ եկեղեցիներու միաբանութեան վրայ, եւ խնդիրը հիմնապէս լուսաբանութեանց առարկայ եղաւ, որովհետեւ թէ՚ եպիսկոպոսն եւ թէ իշխանը կրօնական խնդիրներու մասին խորունկ հմտութիւն ունեցողներ էին: Ներսէս Հայոց Եկեղեցւոյն վարդապետութեան եւ ծէսին նկատմամբ ջատագովական գրութիւն մըն ալ պատրաստեց այնտեղ եւ իշխանին յանձնեց, որ ուրածութեամբ առաւ, եւ խոստացաւ անձամբ տանիլ եւ ներկայացնել Մանուէլ Ա. Կոմնենոս կայսեր (1143-1180): Նոյն միջոցին Գրիգոր Գ. պաշտօնէ հրաժարեցաւ եւ իրեն տեղը անցուց իւր Ներսէս եղբայրը (1166 Ապրիլ), սակայն երկու ամիսէն վախճանեցաւ, եւ այն ատեն միայն Ներսէս Գ. Շնորհալի գործի գլուխ անցաւ եւ հրատրակեց իւր հռչակաւոր Ընդհանրականը, որ մինչեւ այսօր եկեղեցական խնդիրներու մասին գերագոյն հեղինակութիւն կը վայելէ:

Ներսէսի կողմէն Ալեքսիս իշխանին յանձնուած գրութեան պատասխանը, թէպէտեւ Գրիգոր Գ.ի հասցէին ուղղուած, նոյն իսկ Ներսէսի ձեռքը հասաւ (1167): Մանուէլ կայսր Գրիգորի հրաժարիլը եւ վախճանիլը իմացած չէր, ուստի կ՝առաջարկէր որ միաբանական բանակցութեանց մտնելու համար Ներսէս Կոստանդնուպոլիս ղրկուի: Բայց այդ բանը այլեւս գործադրելի չէր, ուստի Ներսէս պատասխանին մէջ իւր գալուն անհնարութիւնը յայտնելով, կ՝առաջարկէր որ կայսրը Թաթարաց դէմ պատերազմին պատճառաւ Ասիա անցած ատեն, հաճի Կիլիկիա հանդիպել: նոյն միջոցին Հռոմէն ալ նուիրական եկած էին Կոստանդնուպոլիս, Յոյներու եւ Լատիններու միաբանութեան վրայ բանակցելու; Ներսէս կը խնդրէր որ անոնք ալ միատեղ բերէ, Ասորւոց պատրիարքն ալ արդէն Հռոմկլայ կը գտնուէր, այս կերպով հնար կ՝ըլլար համագումար ժողով մը չորս եկեղեցիներու մէջ միանգամայն միաբանութիւն հաստատել, եւ վերջացնել այն բաժանումը, որ եօթը դարէ ի վեր քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ կը տիրէր: եթէ, կ՝ըսէր Ներսէս, կէտեր կան զոր Հայեր պիտի պարտաւորուին ուղղել Յոյներուն առաջարկութեանց համեմատ, փոխադարձաբար կէտեր ալ կան զորս Յոյներ պէտք է ուղղեն Հայերու դիտողութեանց վրայ: Այդ առթիւ Ներսէս երկրորդ ջատագովական գրութիւն մըն ալ կը ղրկէր կայսեր, որով իբր կաթողիկոս կը հաստատէր ինչ որ իբր եպիսկոպոս գրած էր:

Մանուէլ Կոմնենոս խափանուեցաւ ասիա Անցնիլ Թեսաղիոյ խռովութեանց պատճառով. բայց միաբանական խնդիրը չլքաննելու համար երկու վարդապետներ ճամբայ հանեց, Թէորիանոս յունազգի եւ Յովհան Ութման հայզգի (1170), որպէս զի Ներսէսի մօտ երթան, բանակցին, վիճաբանին, ու զայն Յոյներուն առաջարկութեանց հաւանութեան բերեն: Գրութիւն մըն ալ կը գտնուի այժմ, Տրամաբանութիւն հրեշտակին Յունաց Տրիանէի ընդ կաթողիկոսին Հայոց տեառն Ներսէսի մակագրութեամբ, զոր Թէորիանոս պատրաստած էր Կոստանդնուպոլիս դառնալէն ետքը: Անոր մէջ թէորիանոս այնպիսի խօսքեր կը դնէ Ներսէսի բերանը, որք կատարելապէս կը հակասեն ուրիշ կողմէն Ներսէսի միտքին եւ կարողութեան վրայ մեղի հասած ստոյգ եւ հաստատուն վկայութիւններուն, ինչ որ կը ցուցնէ թէ Թէորիանոս ուզած է քօղարկել իւր պատգամաւորութեան անյաջողութիւնը: Երկու տարի ետքը (1172), Մանուէլ կայսր նորէն ձեռք կ՝առնէր միաբանական բանակցութիւնները, եւ ինն գլուխներ կ՝առաջարկեր Հայերուն որ ընդունին իբր միաբանութեան պայման: Ներսէս այս նպատակով ընդհանուր ժողով մը հրաւիրեց, բայց ժողովը չգումարուած ինքն վախճանեցաւ (1173 Օգոստոս 16), եւ իւր յաջորդն ու եղբօրորդին, Գրիգոր Դ. Տղայ, Մանուէլ կայսեր պատասխանեց (1175), թէ անհնար էր որ Հայերը կարենան առաջարկուած ինը գլուխները ընդունիլ:

Մանուէլ կայսրը ինը գլուխները երկուքի վերածեց, եւ առաջարկեց միա՚յն Քաղկեդոնի ճողովն ու երկու բնութիւն բանաձեւը ընդունիլ (1176): Գրիգոր նորէն ընդհանուր ժողով հրաւիրեց, բայց արեւելեան եպիսկոպոսներ ու վարդապետներ չուզեցին ժողովի գալ, եւ ոչ իսկ խնդիրի նիւթ ընել Յոյներուն առաջարկած կէտերը: Գրիգոր կաթողիկոսին եւ անոր հօրաքեռորդւոյն Ներսէս Լամբրոնացիին թախանձանքները յաջողեցան վերջապէս Հռոմկլայի մէջ ժողով մը գումարել, որ առանց յունական առաջարկներուն հաւանութիւն տալու, իւր կողմէն նոր եւ միջասահման բացատրութիւններ կազմեց Յոյներուն առաջարկելու համար: Բայց Հռոմկլայի ժողովական թուղթին Կոստանդնուպոլիս ղրկուելէն առաջ մանուէլ կայսր մեռաւ (1180). կայսրութեան մէջ խռովութիւններ սկսան, եւ բանակցութեանց շարունակութիւնն խափանուեցաւ, եւ միաբանական բոլոր ջանքերը Մանուէլի կեանքովը վերջացան: Իսահակ Անգեղոս կայսրը, բոլորովին հակառակ ուղղութեան ձեռնարկեց, եւ միաբանական բանակցութիւնները մէկ կողմ թողլով, սկսաւ բռնական միջոցներ հրամայել (1185), կայսրութեան մէջ գտնուող Հայերը քաղկեդոնական դաւանութեան ստիպելու համար:

ԺԵ.
ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐ


Քաղաքական նպատակը հետզհետէ աւելի յստակ կը յայտնուի Հայերուն վրայ, երբ ուրիշ եկեղեցիներու հետ մերձեցման կամ միութեան համար փորձերու կը ձեռնարկեն: Անոնք հազիւ թէ զգացին որ Յոյներուն հետ սկսած բանակցութիւններէն օգուտ պիտի չգտնեն, եւ տեսան որ Խաչակիրներուն ազդեցութիւնը Արեւելքի մէջ կը զօրանայ, եւ նոր փայլ մըն ալ կը ստանայ Փրեդերիկոս Պարպարօսսա կայսեր անձամբ արշաւանքին գլուխը անցնելովը, մէկէն մտադրութիւննին այն կողմ դարձուցին եւ սկսան Լատիններուն հետ յարաբերութեանց մտնել: Այդ յանկարծական փոփոխութիւնը հետեւանք էր քաղաքական եւ զինուորական պաշտպանութիւն մը ճարելու փափաքին, որով պիտի կարենային զօրաւոր հովանաւորութեան ներքեւ՝ իրենց նոր հաստատած իշխանապետութիւնը թագաւորութեան բարձրացնել: Այս վերջին կետը գլխաւորապէս Լեւոն Բ. իշխանապետին (1185) ջանքերուն մեծ նպատակակէտն էր: Սոյն այս քաղաքականութեան կ՝օժանդակէին Գրիգոր Դ. տղայ կաթողիկոսը եւ Ներսէս Լամբրոնացի Տարսոնի արքեպիսկոպոսը, որոնք ըստ ամենայնի Լեւոնի ազդեցութեան ներքեւ էին: Ընդհակառակն Հայաստանի ներքին գաւառներու մէջ գտնուող եպիսկոպոսներն ու կղերը, որք ընդհանրապէս Արեւելեան վարդապետք անունով ճանչցուած էին, մեծ գոհականութեամբ տեսան Հռոմկլայի ժողովին որոշումներուն անգործադիր մնալը, եւ բողոքի ամենայնի Լեւոնի ազդեցութեան ներքեւ էին: Ընդհակառակն Հայաստանի ներքին գաւառներու մէջ գտնուող եպիսկոպոսներն ու կղերը, որք ընդհանրապէս Արեւելեան վարդապետք անունով ճանչցուած էին, մեծ գոհականութեամբ տեսան Հռոմկլայի ժողովին որոշումներուն անգործադիր մնալը, եւ բողոքի ձայներ բարձրացուցին Կիլիկիոյ մէջ յայտնուած միութենական եւ լատինասէր ձգտումներուն դէմ:

Գրիգոր Դ. վախճանեցաւ առանց որոշակի բան մը ընելու (1193): Կաթողիկոսական աթոռին հաւանական յաջորդներ կը նկատուէին Գրիգոր Ապիրատ եւ Ներսէս Լամբրոնացի եպիսկոպոսները, երկուքն ալ իրենց լատինամիտ համակրութիւններով կասկածելի դարձած, եւ այս պատճառով Արեւելեան վարդապետներուն հակառակութեան առարկայ եղած: Լեւան իշխանապետ Արեւելեաններու համակրութիւնը չկորսնցնելու համար, երկուքն ալ ետեւ ձգեց եւ կաթողիկոսական աթոռ տուաւ Գրիգոր Ե. Քարավէժը, քսաներկու տարեկան երիտասարդ եպիսկոպոսը, նախորդ կաթողիկոսներու ազգականութենէն: Բայց ետեւ թողուած թեկնածուներուն նախանձը անտեղի զրպարտութիւններ հանեց երիտասարդ հայրապետին դէմ, որ գահընկեց եղաւ եւ Կոպիտառի բերդին մէջ բանտարկուեցաւ: Գրիգոր Քարավէժի մարմինը անշնչացած գտնուեցաւ Բերդին ներքեւը (1194), բայց չկրցաւ ստուգուիլ թէ պատահական արկածի՞, թէ ոչ եղեռնական ոճիրի մը արդիւնք էր եղած այդ անակնկալ վախճանը:

Միութենական ծանօթ տենչը չէր դադրած տակաւին կացութեան վրայ տիրապետել: Արեւելեան վարդապետներուն հաստատամիտ դիմադրութեան, եւ Կիլիկեցի գլխաւորներուն պատրաստակամ զիջողութեան մէջտեղ, Լեւոն երկու կողմերը իրարու մօտեցնելու կերպ մը կը փնտռէր, որպէս զի ձեռքէ չհանէ թագաւորական պսակը, զոր Լատիններ իրեն կը խոստանային: Սակայն չէր կրնար Արեւելեաններու համակրութիւնը ոտնակոխ ընել, քանի որ կը մտածէր անոնց օգնութեամբ իւր իշխանութիւնը մինչեւ Հայաստանի խորերը տարածել: Գրիգոր Զ. Ապիրատի կաթողիկոսութիւնը Արեւելեանները չընդունեցան, եւ Բարսեղ Բ. Անեցին կաթողիկոս հռչակեցին, եւ Լեւոնէ պահանջեցին որ Բարսեղի կաթողիկոսութիւնը ընդունի եւ Ներսէս Լամբրոնացին հայրապետանոցի գործերէն հեռացնէ (1195): Լեւոն միայն այս երկրորդ պայմանին համակերպեցաւ, եւ Ապիրատի կաթողիկոսութիւնը պնդեց, որով աթոռներու պառակտումը տեւեց մինչեւ Բարսեղի մահը (1206):

Միւս կողմէն Հայերուն դէպի Լատիններուն կողմը հակիլը Յոյներուն անվստահութիւնը գրգռեց, եւ Ալեքսիս Անգեղոս կայսրը զայն պատճառանք ըրաւ իւր կայսրութեան մէջ գտնուող Հայերուն դէմ դաւանական հալածանքը սաստկացնելու: Եռանդուն Լամբրոնացին Կոստանդնուպոլիս յղուեցաւ (1197), որպէսզի Յոյներուն խօսք հասկցնէ եւ հաշտարար կացութիւն մը պատրաստէ. բայց երբ իւր պատուիրակութեան անյաջող ելքը տեսաւ եւ իւր ակնկալութեանց մէջ յուսախաբ եղաւ, իւր եռանդն ալ մարեցաւ, եւ սկսաւ զգալապէս չափաւորել իւր միութենական բուռն ձգտումները:

Հայերը նորէն սկսան Լատինաց մերձեցումը մշակել, մանաւանդ որ Արեւմտեան եւ Արեւելեան կայսրներ համամիտ կը գտնուէին Լեւոնին արքունական թագ շնորհելու մասին (1196): Սակայն Արեւմտեայց սովորութեանց համեմատ պապին կողմէն ալ պէտք էր շնորհումը հաստատուէր, եւ այս մասին պէտք եղած բանակցութիւնները երկու տարի եւս գործը երկարաձգեցին, եւ կրօնական միութեան մասին որոշուելիք կէտերը եւ գործածուէլիք բանաձեւերը անվերջանալի վիճաբանութեանց առիթ ընծայեցին; Պապին նուիրակը իւր առաջարկներուն մէջ այնպիսի խիստ եւ պահանջկոտ ձեւեր գործածեց, որ Հայ եպիսկոպոսները որոշակի մերժեցին անոնց հաւանիլ եւ ստորագրել: Լեւոն, որ իւր ստանալիք թագէն եւ անձնական օգուտէն բարձր հոգ մը չունէր, առաջարկեց որ ինքն անձնապէս զիջանի եւ պապական նուիրակին գրած պայմաններուն ստորագրէ, սակայն նուիրակը կը դիտէր գլխաւորապէս եպիսկոպոսներ խոնարհեցնել եւ եկեղեցականութեան հաւանութիւնն ստանալ: Վերջապէս Լեւոն յաջողեցաւ նուիրակը համզել, որ փոխանակ բոլոր եպիսկոպոսներուն համամիտ ստորագրութեան, բաւականանայ տասներկու եպիսկոպոսներու ստորագրութեամբ կաթողիկոսին եւ թագաւորին հետ (1198): Ըստ այսմ թագադրութեան հանդէսը տեղի ունեցաւ 1199 Յունուար 6-ին. պապական նուիրակը արքունական թագը դրաւ Լեւոնի գլուխը, եւ կաթողիկոսն ալ թագաւորական օծումը տուաւ: Ասոր վրայ քանի մը տարի անցաւ եւ Գրիգոր Զ. Ապիրատ կաթողիկոսը մեռաւ 82 տարեկան: Լեւոն որ թագը չստացած այնչափ նախանձայուզութեամբ պաշտպանած էր Լատիններուն կողմը, թագաւորութենէն ետքը սկսաւ բնաւ կարեւորութիւն չտալ այն պայմաններուն, որոնք հաստատուած էին իբրեւ միութեան հիմնակէտեր:

Յովհաննէս Զ. Սսեցի, Մեծաբարոյ մականուանեալ կաթողիկոսին օրով (1203-1221), Լեւոն մինչեւ իսկ համարձակեցաւ պապական նուիրակին հրահանգները մերժել, եւ նոյնիսկ լատին կրօնաւորներն ալ Կիլիկիայէն արտաքսել: Յովհաննէս կաթողիկոսն ալ, որ ներքնապէս օտարներու շատ համակիր չէր, սկսաւ կարեւորութիւն չտալ 1198 տարւոյ միութենական պայմաններուն: Միւս կողմէն Կիլիկեցւոց զիջողոկան ընթացքը առիթ տուաւ նոր հակաթոռներ ստեղծելու, որք Յովհաննէսի կաթողիկոսութիւնը դժուարացուցին. սակայն Բարսեղ Անեցիի եւ Անանիա Սեբաստացիի եւ Դաւիթ Արքակաղնեցիի հետզհետէ վախճանիլը (1206), հակաթոռութեանց վերջ տուին; Արեւելեան վարդապետներն ալ զիջան Յովհաննէսի կաթողիկոսութիւնը ճանչնալ Զաքարէ Օրբելեանի շնորհիւ, որ Վրաց թագաւորին ներկայացուցիչն էր Հայկական գաւառներուն մէջ: Այս կերպով կացութիւնը կանոնաւորուեցաւ եւ Յովհաննէս Զ. Մեծաբարոյ կրցաւ խաղաղութեամբ կնքել իւր կեանքը:

Կոստանդին Ա. Բարձրբերդեցի, իւր երկարատեւ կաթողիկոսութեան ժամանակ (1221-1267), Լատիններու նպաստաւոր ուղղութեան հետեւեցաւ: Մէկ կողմէն Լատիններուն հետզհետէ գրակշռութիւն ստանալը, մանաւանդ Գերմանիոյ Փրեդերիկոս Բ. կայսեր (1228) եւ Գաղղիոյ Լուդովիկոս Թ. Սուրբ թագաւորին (1248) անձամբ Խաչակիրներու գլուխը գտնուիլը, միւս կողմէն ալ Հայոց մէջ միութենական ձգտումներուն զօրանալը, եւ Արեւմտեաններուն օգնութեամբ իրենց պետական եւ կենցաղական գործերը զօրացնելու ճիգերը, եւսքանզեւս քաջալերեցին քաղաքական կառավարութիւնը իրեն լատինասէր ընթացքին մէջ: Այդ միջոցին է որ Իտալացի գաղթականութիւններ շատցան Կիլիկիոյ մէջ, եւ փոխադարձաբար Հայ գաղթականներ ալ բազմացան Իտալիոյ մէջ: Երկու երկիրներու եւ երկու ազգերուն մէջ յարաբերութեանց յաճախելն ալ նպաստեց այդ մտերմութիւնն առջեւ բերելու: Լեւոն թագաւորը մեռաւ առանց արու ժառանգ թողլու (1219), որով իւր Զապէլ դուստրը թագուհի պսակուեցաւ տասնվեց տարեկան հասակին մէջ: Անոր առաջին ամուսնութիւնը՝ Փիլիպպոս Անտիոքի կոմսին հետ (1222), յաջող չեղաւ, եւ երկրորդ պսակով ամուսնացաւ Հեթումի հետ, որ թագուհւոյն խնամակալ Կոստանդին Կոռիկոսի իշխանին որդին էր: Հեթում թագաւոր հռչակուեցաւ (1226), եւ իւր գաղափարները ժամանակին ձգտումներուն հետ կատարելապէս համպատասխան գտնուեցան, այնպէս որ Կոստանդին կաթողիկոս եւ Հեթում թագաւոր կրնան իրաւամբ նկատուիլ, իբր հայալատին մերձեցման գլխաւոր գործիչները թէ՚ քաղաքական եւ թէ եկեղեցական տեսակէտէն: Սակայն պէտք է յայտարարել, իբր իրենց գովեստ, թէ մերձեցումը հպատակութեան չհասուցին, եւ միութեան ձգտումներուն պատճառով ազգային արժանապատուութենէ եւ եկեղեցական սկզբունքներէ իսկապէս բան մը չզոհեցին, ինչ որ տեղի ունեցաւ իրենց յաջորդներուն օրով: Նկատողութեան արժանի կէտ մըն ալ է, որ երբ Կոստանդին ու Հեթում Լատիններուն հետ լաւ յարաբերութիւններ կը մշակէին, չէին դադրած Յոյներուն հետ ալ բանակցութիւններ շարունակել, Յակոբ Գիտնական եպիսկոպոսին ձեռքով:

Սոյն այս Յակոբ Ա. Կլայեցի, Գիտնական մականուանեալ (1267-1286) եւ Կոստանդին Կատուկեցի կամ Պրօնագործ (1286-1289) կաթողիկոսներ, որք Կոստանդին Ա. Բարձրբերդեցիին յաջորդեցին, Լեւոն Գ. թագաւորի (1270-1287) գործակցութեամբ, ամուր մնացին իրենց անկախութիւնը պահելու Լատիններուն հանդէպ: Բայց Հեթում Բ. թագաւորը (1289-1307), արդէն լատինական կրօնաւոր եղած, Լատիններուն հանդէպ ստրկական համակերպութեան ուղղութիւն մը սկսաւ: Կոստանդին Բ. կաթողիկոսը, որ իրեն կը դիմադրէր, գահընկէց ընել տուաւ, եւ անոր յաջորդ նշանակեց պարզամիտ ճգնաւոր մը, Ստեփանոս Դ. Հռոմկլայեցին (1290), որ քիչ ետքը Եգիպտացիներէ գերի տարուեցաւ Հռոմկլայ դղեակին առման ատեն (1292): Անկէ ետք Հեթում Բ. եւ լատինասէր կուսակցութիւնը յաջողեցան կաթողիկոսական աթոռը բարձրացնել Գրիգոր Է. Անաւարզեցին, լատինամիտ ուղղութեան եռանդուն գործիչը (1293):

Նոր կաթողիկոսը սկսաւ ճշդել այն փոփոխութեան կէտերը, զորս կ՝ուզէր Հռոմի եկեղեցւոյն նմանողութեամբ Հայոց Եկեղեցւոյն մէջ մտցնել: Հազիւ թէ գործադրութեան պիտի սկսէր, ներքին խռովութիւններ իւր ձեռնարկը խափանեցին: Երբոր նորէն խաղաղութիւնը վերահաստատուեցաւ, Սիսի մէջ ժողով մը հրավիրեց, որպէս զի իւր մտադրած փոփոխութիւնները հաստատել տայ. բայց ժողովը չգումարուած ինքն մեռաւ (1307): Հեթում Բ. թագաւոր յաջողեցաւ կաթողիկոսութեան բարձրացնել Կոստանդին Գ. Կեսարացին, իրեն համամիտ մը, եւ Սիսի ժողովին հաստատել տալ այն փոփոխութեանց ծրագիրը, որ Գրիգոր Է. Անաւարզեցիէ պատրաստուած էր: Հեթումի ուղղուած գիրը այնպիսի ռամիկ լեզու մը ունի, որ բնաւ չի յարմարիր ժողովական պաշտօնագիր մը ըլլալու, եւ երկրորդ գիր մըն է Լեւոն թագաւորի ուղղուած, որ իբր վաւերական գրութիւն ներկայացուեցաւ եւ ընդունիլ տրուեցաւ ժողովին:

Այս ժողովէ ետքը, մինչեւ կաթողիկոսական աթոռին Սիսէ Էջմիածին փոխադրուիլը (1441), շարունակ յարաճուն լատինամիտ ուղղութիւն մը կը տեսնուի Կիլիկիոյ մէջ, եւ միութենական ձգտումներ կը զօրանան: Կոռիկոսեան գերդաստանին լատինասէր թագաւորներուն կը յաջորդեն Լուսինեան գերդաստանին լատինազգի եւ հռոմէադաւան թագաւորները. իսկ երկրին քաղաքական կացութիւնը ներքին եւ արտաքին տագնապներու հետեւանօք, օրէօր քայքայման կը դիմէ եւ խռովարարներու ձեռք խաղալիք կը դառնայ: Հայալատին համերաշխութիւնը Թաթարներու եւ Թուրքերւ եւ Եգիպտացիներու անվստահութիւնը գրգռած էր, շարունակ ալ կը սաստկացնէր: Իսկ Հայեր չէին դադրեր Եւրոպայի քրիստոնեայ պետութիւններուն վրայ դնել իրենց յոյսը եւ անոնցմէ սպասել իրենց փրկութիւնը: Ընդհակառակն Եւրոպա տկարացած եւ պարտասած՝ Ասիոյ մէջ իւր ազդեցութիւնը կը կորսնցնէր, եւ իւր հաստատած իշխանութիւնները հետզհետէ կը դադարէին: Կրօնական խնդիրներ քաղաքական խնդիրներու հետ կպւած կը մնային, ու կրօնականներ քաղաքականներու յաջողութեան անհրաժեշտ պայմաններ կը ցուցուէին. մինչ յայտնի էր, որ եթէ կրօնականներ կատարելապէս իրականանային ալ, չէին կրնար ակնկալուած քաղաքական արդիւնքին հասցնել: Կաթողիկոսնր փոփոխակի իրարու կը յաջորդէին, երբեմն կատրելապէս լատինամիտներ, երբեմն ազգյին եկեղեցւոյ զգացում կրողներ: Բայց ամէն առթի մէջ կրնար մրցիլ Լուսինեան գերդաստանի հռոմէադաւան կաթոլիկ թագաւորներուն հետ, եւ ոչ ալ անոնց ուղղութիւնը խափանել: Միայն թէ Հայ Եկեղեցին հաստատապէս եւ պաշտօնապէս իւր կացութիւնը չկորսնցուց, եւ վրջնապէս հռոմէական կաթոլիկ սկզբունքներուն չհամակերպեցաւ, եւ Հռոմի եկեղեցիէն չվաստակուեցաւ: Հայ եկեղեցին կրցաւ պահել եւ պահեց իւր ինքնուրոյն կառավարութիւնը, եւ իւր յատուկ դաւանութիւնը, թէեւ չկրցաւ բոլորովին արգիլել բարեկարգութեան թուլութիւնները եւ կարգապահութեան զեղծումները: Տասնհինգ կաթողիկոսներ եւս նստեցան Սիսի մէջ Գրիգոր Է. Անաւարզեցիէ մինչեւ Գրիգոր Թ. Մուսաբէգեանց, մէկուկէս դարու տեւողութեան միջոցին (1294-1441): Յիշատակուած եղելութիւններն ու պարագաները նկատի առնելէ ետքը, պէտք է խոստովանիլ թէ հայրապետանոցին Սիսի մէջ եղած ժամանակամիջոցը, Հայոց կաթողիկոսութեան համար բարեյաջող եւ բարեբաստիկ շրջան մը չեղաւ:

ԺԶ.
ԷՋՄԻԱԾԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ


Հայոց Եկեղեցին ամենամեծ տագնապի եւ դժուարակնճիռ շփոթութեանց մէջ կը գտնուէր հինգեւտասներորդ դարուն առաջին կէսին: Կիլիկիոյ թագաւորւթիւնը վերջնապէս ջնջուած էր (1375), Սիս քաղաքը Եգիպտացւոց իշխանութեան ներքեւ ինկած էր, Լեւոն Զ. Լուսինեան թագաւոր գերի տարուած էր, միայն քանի մը իշխաններ դեռ դիմադրութիւն կ՝ընէին Ամանոսի բարձրունքներուն եւ Տաւրոսի կիրճերուն ապաւինած: Հայոց կաթողիկոսական աթոռին զօրութենէն ու պայծռութենէն ինկած ըլլալուն աստիճանը բացատրելու համար բաւական ըլլայ յիշել, որ կաթողիկոսներէն վեց վերջինները (1377-1432) աթոռը իրարմէ յափշտկած էին նախորդին սպաննել տալով եւ յաջորդութիւնը գնելով: Միւս կողմէ վճարած գումարին փոխանակելու համար, ոչ մի զեղծումի եւ ոչ մի կեղեքումի առջեւ կանգ չէին առներ: Ոչ վարդապետութիւնը ուղիղ եւ ուղղափառ պահելու նախանձայուզութիւն ունէին, եւ բաւական էր որ անձնական օգուտի կողմը ապահովէին: Հռոմէադաւան կաթոլիկութեան քարոզութիւնը անարգել տարածուէր Կիլիկիոյ մէջ Փրանկիսկեան միաբանութեան լատին կրօնաւորներու ձեռքով: Միեւնոյն ատեն Դօմինիկեան միաբանութեան լատին կրօնաւորներն ալ Մեծ Հայքի մէջ կ՝աշխատէին հետեւողներ շատցնել, եւ Ունիթոր կամ Միաբանող Եղբարց հայալատին միաբանութիւն մըն ալ կը կազմէին, որոնց առաջին վարիչն էր եղած Բարթողիմէոս Բոնոնիացի լատին եպիսկոպոսը: Խրիմի մէջ գտնուող Հայ գաղթականներն ալ, իրենց Գենուացի տիրապետողներու քաջալերութեամբ Հռոմի հետ ուղղակի յարաբերութեանց կը մտնէին: Մինչեւ իսկ պատգամաւորութիւն մըն ալ կը ղրկէին Փլորենտիոյ ժողովին (1439), Հռոմի հետ միաբանութեան խնդիրին վրայ բանակցելու համար:

Աղթամարի աթոռը, որ կանուխ բաժնուած էր Գրիգոր Պահլաւունիի ընտրութեան առթիւ (1114), Մայր աթոռի հետ հաշտուած էր Յակոբ Գ. Սսեցի կաթողիկոսին օրով (1409), եւ օրինաւոր հաղորդակցութեան մտած էր Ս. Գրիգոր Տաթեւացի վարդապետին միջնորդութեամբ, որ բաժանման հետքերը ջնջելու իմաստուն նախաձեռնութիւնն ունեցած էր: Այս հաշտութեան հետեւանքն եղաւ, որ Աղթամարայ կաթողիկոսներ Սսոյ աթոռին հետզհետէ յառաջացող քայքայումը ուղղափառութիւնը պաշտպանել ուզելով, Սիսի մէջ տիրապետոլ սկսող աղթարմայութեան դէմ սկսան զինուիլ, թէպէտեւ միանգամայն իրենց աթոռը բարձրացնելու նպատակին ալ ուրանալ չենք ուզեր: Սիւնեաց մեծ դպրոցը, որ դարերէ վեր ուսումնականութեան եւ ուղղաթառութեան հռչակը արժանապէս կը վայլէր, վերջին ատեններ նոր ոգեւորութիւն եւ նոր զարգացում ստացած էր Յովհաննէս Որոտնեցի (+1388) եւ Մաղաքիա Ղրիմեցի (+1394) եւ Գրիգոր Տաթեւացի (+1410) սուրբ վարդապետներուն ջանքին եւ խնամքին շնորհիւ: Ասոնց աշակերտներուն բազմութիւնը ազգային եկեղեցւոյն աղէտալի եւ ողբալի վիճակը տեսնելով, որոշեցին դարման մը ընել: Այս եղաւ շարժառիթը, որ ստիպեց վերահաս վտանգին դիմաց հիմնական միջոցներ եւ արմատական հոգածութիւններ ձեռք առնել: Յայտնի տեսնուեցաւ որ այլեւս ոչ մի քաղաքական պատճառ կամ օգտակար փաստ մը չկար, որ հայրապետական աթոռը իւր նախնական եւ նուիրական տեղէն հեռու մնար. եւ որոշեցին նորէն զայն Էջմիածին դարձնել, որ համեմատաբար աւելի խաղաղ վիճակ մը ունէր Պարսկական թագաւորութեան ներքեւ: Գրիգոր Թ. Մուսաբէգեանց, որ կաթողիկոսական աթոռը գրաւած էր, տեղափոխուելու հրաւիրուեցաւ. ինքն չշարժուեցաւ բայց գործին չընդդիմացաւ, եւ իւր եպիսկոպոսներ համակերպեցան: Էջմիածնի մէջ գումարուած ազգային ընդհանուր ժողով մը, ուր եօթն հարիւրէ աւելի ժողովականներ հաւաքուած էին, եպիսկոպոսներ, վանահայրեր, աւագերէցներ, իշխանազուներ եւ գլխաւորներ (1441 Մայիս), պաշտօնապէս եւ հանդիսապէս աթոռին տեղաթոխութիւնը որոշեց, հաստատեց եւ հռչակեց: Երբոր նոր կաթողիկոս ընտրելու կարգը հասաւ, զանազան թեկնածուներու մէջ եղած մրցումը վերջացնելու համար, բոլորովին դուրսէն մէկու մը վրայ միացան, եւ Կիրակոս Վիրապեցի, սրբակրօն եւ ճգնազգեաց եկեղեցականը, որ բնաւ նախընթաց գործողութեանց մասնակցութիւն ունեցած չէր, կաթողիկոս ընտրուեցաւ: Այդ կերպով կը լռէր երեք զօրաւոր թեկնածուներու բուռն մրցակցութիւնը, որոնք էին Զաքարիա Աղթամարայ կաթողիկոսը, Զաքարիա Հաւուցթառեցի Սիւնեաց ՝դպրոցին առաջնորդը եւ Գրիգոր Ջալաբէգեան Արտազու արքեպիսկոպոսը:

Նոր եւ բարեյաջող շրջան մը բացուած կ՝երեւէր Հայոց Եկեղեցւոյն առջեւ: Նոր կարգադրութեան զօրութեամբ, Կիլիկիոյ մէջ տիրել սկսող միութենական զիջողամիտ ձգտումները կը դադրէին: Աղթամարի աթոռը վերջնապէս եւ կատարելապէս Մայր աթոռի հետ կը միանար, կարող եւ ուսեալ անձեր գործին գլուխը անցած էին, որոնց գործունէութիւնը բարեգուշակ էր եկեղեցւոյն ապագային համար: Դժբախտաբար այդ գեղեցիկ եւ մխիթարական հեռապատկերներ իրականութիւն պիտի չգտնէին, բուռն կիրքեր ամէն բան պիտի վտանգէին, անհատական շահը հանրային շահին պիտի նախադասուէր, եւ Հայաստանեայց Եկեղեցին պիտի չվայելէր ակնկալած խաղաղութիւնն ու պայծառութիւնը: Կիրակոս կաթողիկոս կարող չեղաւ կացութեան տիրապետել, եւ երկու տարի ետքը հրաժարեցաւ եւ գործէ քաշուեցաւ (1443), եւ իրեն յաջորդեց Գրիգոր Ժ. Ջալաբէգեան: Զաքարիա, Աղթամարայ կաթողիկոսը, որ Կիրակոսի հրաժարելէն ետքը ինքզինքը Ամենայն Հայոց կաթողիկոս հռչակած էր, Էջմիծին եկաւ, Գրիգորը հալածեց եւ աթոռը գրաւեց (1461), բայց տարին չլրացուցած պարտաւորեցաւ ետ դառնալ: Գրիգոր Ջալաբէգեան նորէն իւր տեղը եկաւ, եւ անոնք որ իրեն օգնական ու գործակից եղած էին, աթոռակցութեան բարձրացուց, կաթողիկոսական օծում եւ լիազօր իշխանութիւն տալով անոնց: Այս շնորհին արժանացան Արիստակէս Բ. Աթոռակալ եւ Սարգիս Բ. Աջատար, եւ այս ժամանակէն սկսան տեսնուիլ, Էջմիածնի մէջ, մէկէ աւելի կաթողիկոսներ, որոնք միեւնոյն ատեն կատարեալ իշխանւթիւն կը վարէին, թէպէտեւ օրէնքին աչքին, մէկն զատ միւսները լիազօր տեղակալներ կամ օգնական աթոռակիցներ էին: Այդ կացութեան բուն նպատակն էր զանազան ազդեցիկ եկեղեցականներու փառասիրութիւնը յագեցնել եւ տարբր կուսակցութեանց գլխաւորները շահիլ. իսկ օգտակար կողմը, աթոռոյ յաջորդութիւնը ապահովել, երբոր օրինական ընտրութիւններ կատարելու դիւրութիւն ու միջոց կը պակսէին: Կաթողիկոսի մը մահուան առիթին, անմիջապէս աթոռակիցը կամ աթոռակիցներուն երիցագոյնը անոր կը յաջորդէր, առանց ընդմիջումի եւ աթոռոյ պարապութեան վտանգի: Իրօք ալ, նկատլով երկրին մէջ տիրող խռովութիւնները եւ անկարգութիւնները, եւ Հայերուն ցրուած ու անջատուած կացութիւնը, շատ դժուար, գրեթէ անհնար պիտի ըլլար կանոնաւորապէս ընտրողական ժողովներ գումարել եւ աթոռի շարունկութիւնը ապահովել:

Առաջին դարերէն սկսելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի աջ բազուկին մասունքը իբրեւ կաթողիկոսական աստիճանին յատկանիշն ու անոր իշխանութեան երաշխաւորութիւնը նկատուած էր, եւ Սուրբ Աջոյ անունով եւ զօրութեամբ կը տրուէին օրհնութիւնները եւ կը կատարուէին նուիրագործութիւնները, եւ նոյն իսկ սուրբ միւռոնի տեառնադրութիւնը: Սուրբ Աջը կաթողիկոսներուն հետ մէկտեղ թափառած էր իրենց երկարաժամանակեայ պանդխտութեանց ատեն, եւ նոյնիսկ աթոռին Սիսէ Էջմիածին փոխադրութիւնը Սուրբ Աջին ներկայութեամբ հաստատուած ու վաւերացած էր: Զաքարիա Աղթամարցին, իւր կարծեցեալ կաթողիկոսական իրաւունքը պահպանելու դիտմամբ, Սուրբ Աջը մէկտեղ Աղթամար տարաւ, երբոր ստիպուեցաւ Էջմիածինէ հեռանալ (1462): Նուիրական մասունքը Աղթամար մնաց, մինչեւ որ Վրթանէս Օծոպեցի եպիսկոպոսը յաջողեցաւ զայն Աղթամարէ վերցնել եւ Էջմիածին դարձնել (1477), բոլորովին հետաքրքրական եւ ճարտար դարձուածքով մը:

Բայց ասկէ առաջ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած շփոթութիւնները քաջալերեցին Կարապետ Եւդոկիացի եպիսկոպոսը, Սսոյ կաթողիկոսական աթոռն վերանորոգելու (1447), իբր փաստ եւ իբր հաստատութեան նշանակ Աջ մը երեւան հանելով: Այդ պարագային կը սկսի Սսոյ մէջ մասնաւոր կաթողիկոսութեան մը գոյութիւնը, որ առաջ իբր հակառակաթոռ սկսաւ, բայց ետքը Մայր աթոռին հետ հաշտուեցաւ եւ հաղորդակցութեան մտաւ, եւ այնպէս ալ մինչեւ այսօր կը շարունակէ:

Գրիգոր Ջալալբէգեանցի օրէն սկսելով (1443) Էջմիածնայ աթոռը շարունակ ներքին խռովութեանց եւ արտաքին շփոթութեանց մէջ մնաց մինչեւ Մովսէս Գ. Տաթեւացի կաթողիկոսին ընտրութիւնը (1629): Երեսունէ աւելի կաթողիկոսներու անուններ կը յիշուին աթոռին վրայ, ոմանք իբր բուն կաթողիկոս եւ ուրիշներ իբր պարզ կաթողիկոսակից, եւ այդ բազմութեան մէջէն չենք կրնար յիշատակել այնպէս կարող եւ արդիւնաւոր մէկ մը, որ ժամանակին կացութեան վրայ տիրապետած ըլլայ: Էջմիածինը պարսկական պետութեան ներքեւ էր, Երեւանի խաները գրեթէ ինքնիշխան կը կառավարէին այդ երկիրը, եւ Էջմիածնի ներքին շփոթութեանց մէջ միայն կեղեքելու եւ դրամ կորզելու կողմը կը մշակէին: Միշտ աւելի տուողին կողմը կը բռնէին, եւ երբոր յօժարակամ տւողնրը չէին գտներ, բռնութեամբ կորզելու ճամբան կը գործածէին, մինչեւ իսկ կաթողիկոսները մարմնական խոշտանգումներու կ՝ենթարկուէին, փրկանքի առիթ ստեղծելու համար: Այդ կացութեան ներքեւ անհնար էր լուրջ եւ կանոնաւոր գործունէութեան ձեռնարկներ կատարել: Կատարեալ անկման նկարագիրն է, որ ամբողջ այդ միջոցը կ՝ուրուագծէ: Այդ կաթողիկոսնրուն մէջէն կրնանք՝ գովութեամբ յիշել Միքայէլ Սեբաստացին (1542-1564-1570), որ մէկ կողմէն Աղթամարի եւ Աղունից կաթողիկոսներուն յաւակնութիւնները կրցաւ զսպել, եւ միւս կողմէն Հայ տպագրութեան սկզբնապատճառն եղաւ: Նա Իտալիա ղրկեց Աբգար Եւդոկիացին (1562), որպէս զի նորագիւտ տպագրութեան արհեստը ուսումնասիրէ, եւ այդ նպատակով Պիոս Դ. պապին ուղղուած յանձնարարականները ալ տուաւ անոր ձեռքը: Աբգարի յաջողցուցած առաջին տպագրութիւնները կատարուեցան Վենետիկ քաղաքը 1565 տարին: Թէպէտ անկէ առաջ ալ մինչեւ 1512 տարին տպագրուած հայերէն գիրքեր կը գտնուին, սակայն այդ Եւրոպացի տպագրիչներու ձեռքով եւ Հայ վաճառականներու քաջալերութեամբ յառաջ եկած պատահական արդիւնքներ են միայն: Բուն հայկական կանոնաւոր եւ շարունակեալ տպագրութիւնը Միքայէլ կաթողիկոսի օրէն կը սկսի, որուն այս ձեռնարկը բարեյաջող եղաւ եւ հետզհետէ հայ տպարաններ շատցան Վենետիկ, Հռոմ, Կոստանդնուպոլիս, Էջմիածին, Ասպահան եւ Ամստերդամ քաղաքներու մէջ: Ասոնց արտադրած գործերուն ամենէն ալ ընտիրը, 1666-ին Ամստերդամի մէջ, Ոսկան վարդապետի ձեռքո տպուած պատկերազարդ Աստուածաշունչն է:

ԺԷ.
ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ


Կաթողիկոսական աթոռին Սիսէ Էջմիծին փոխադրուելուն գրեթէ ժամանակակից է, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքական աթոռի մը սկզբնաւորութիւնը: Մէհէմմէտ Բ. Ֆաթիհ, Օսմանեանց թագաւոր, կայսրութեան մայրաքաղաքը գրաւելէն ետքը պէտք ունեցաւ արմատական կարգադրութիւն մը ընել Յոյներուն հպատակութիւնը ապահովելու համար: Օսմանեան օրէնսդրութիւնը ամբողջապէս կրօնական կամ իսլամական էր, եւ բոլր անհատական ու ընտանեկան եւ կենցաղական իրաւունքները, բացարձակապէս մահմետական կրօնքին սկզբունքներէն ներշնչուած էին: Ասկէ առաջ իսլամ պետութիւնները քրիստոնէական երկիրներ նուաճած ատեննին, երկու պայմաններէն մէկուն հտեւելու պարտաւորուած էին. կա՚մ իրենց կրօնքը բռնի ընդունիլ տալ իրենց նուաճած ժողովուրդներուն, եւ կամ անոնց ինքնուրոյն կառավրութիւն եւ յատուկ կենցաղական կացութիւն մը շնորհել: Այդ այս երկու պայմաննրէն ոչ մէկը յարմարէր Կոստանդնուպոլսոյ, որ նորահաստատ իսլամական մայրաքաղաքը կը հռչակուէր: Մէհէմմէտ Ֆաթիհ այդ դժուարութիւնները լուծեց, Յոյներու կրօնական պետին, այսինքն պատրիարքին թողլով այն ամէն կենցաղական եւ քաղաքական իշխանութիւնները, որոնք ներքին եւ սերտ կապակցութիւն ունին քրիստոնէական կրօնքին վերաբերեալ կէտերուն հետ: Այս կերպով կրօնական պետին իրաւասութեան ներքեւ անցան այն ամէն խնդիրներ եւ գործեր, որոնք կը պատկանին քրիստոնեաներու ընդհանուր կեանքին, ամուսնական խնդիրներուն, ընդհանուր դաստիրակութեան, բարեգործական հաստատութեանց, կրօնական պահանջից, եկեղեցական պաշտօնէից, կրօնապատկան գործոց, եւ այլն: Այսպէս ծագում առաւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքներու քաղաքական իշխանութան կամ կայսերական պատրիկութեան նման կերպարան մը ստանալը (1453):

Աշխարհակալ թագաւորը, այս կերպով Յոյներուն կացութիւնը ճշդելէ ետքը, մտածեց անոնց դիմացը ուրիշ քրիատոնէական տարր մըն ալ կազմկրպել, տարր մը որ աւելի կապւած է իրեն տէրութեան շահերուն: Բազմաթիւ Հայ գաղթականութիւն մը փոխադրեց Կոստսնդնուպոլիս քաղաքը, եւ զայն զետեղեց քաղաքին շրջանակի թաղերուն մէջ, պարիսպներու ներքեւ ու գլխաւոր դուռներուն մօտ: միեւնոյն առիթով, իբրեւ առաւել վստահութեան միջոց, յոյները հաւքուեցան քաղաքին մէջտեղը, աշտարակներէն եւ ամրութիւննրէն հեռու: Արդէն ալ Հայերը՝ Օսման Ամ Ղազի թագաւորին օրէն, Թուրքերուն կտարեալ վստահութիւնը կը վայելէին: Այս առթիւ նոր Հայ գաղթականութիւնը Յոյներուն համար կազմակերպուած ձեւին եւ դիրքին վերածուեցաւ: Յովակիմ եպիսկոպոս, որ Փոքր ասիոյ մէջ գտնուող Հայ գաղթականներու առաջնորդն էր, եւ Կուտինայէ Պրուսա անցած էր, Պրուսայէ Կոստանդնուպոլիս փոխադրուեցաւ, եւ ստացաւ միեւնոյն աստիճանն ու պատուանունը, իշխանութիւնն ու իրաւուսութիւնը (1561), որոնք Յոյներուն պատրիարքին տրուած էին:

Այս կերպով կառավարութեան ճանչցած, Յոյն եւ Հայ երկու պատրիարքներ նկատուեցան արեւելեան քրիստոնէութեան երկու մեծ հատուածներուն գլխաւոր պետերը: Այս բաժանումը հիմնուեցաւ պարզապէս հաւատոյ դաւնութեան տարբերութեանց վրայ, տոհմային կամ ազգային տարբերութեանց տեսակէտէն անկախբար: Որչափ Երկաբնակ Որթոդոքսներ կային, Յոյն, Պուլկար, Սըրպ, Առնաւուտ, Ուլահ, Պուղտան, Ռութէն, Խրուաթ, Գարամանցի, Ասորի, Մելքիդ, Արաբացի, ամէնքն ալ իրենց ժողովուրդներով ու պետերով Յոյն պատրիարքին ներքեւ դրուեցան: Միւս կողմէն ալ որչափ Միաբնակ ուղղափառներ կային, Հայ, Վրացի, Աղուան, Ասորի, Քաղդէացի, Ղպտի, Հապէշ, ամէնքն ալ իրենց ժողովուրդներով եւ պետերով ենթարկուեցան Հայ պատրիարքարանի իրաւասութեան:

Հրեաներ այն ատեն օրինաւորապէս եւ պաշտօնապէս ճանչցուած մարմին մը չէին կազմեր. իսկ հռոմէադաւան կաթոլիկներ, որ են Լեվանթինօ կոչուած Արեւելցի Լատիններ, պարզապէս իբր օտարազգիներ կը նկատուէին: Իսկ բնիկ Արեւելցիներէն անոնք որ հռոմէական կաթոլիկութեան կ՝անցնէին, իրենց դաւանափոխութեամբ տարբեր հասարակութեան կերպարան կամ կացութիւն չէին ստանար, եւ նոյն իսկ կրօնի արտաքին գործողութեանց համար, ինչպէս են կնունք, պսակ, թաղում, եւ այլն, իրենց պատկանած պատրիարքութեան պաշտօնեաներուն դիմելու ստիպուած էին: Այդ կազմակերպութիւնը անփոփոխ մնաց յաջորդ դարերու մէջ, եւ միայն նոր վրջացող դարուն կէսին մասերը Քաթոլիք միլլէթ մը կազմուեցաւ ինքնուրոյն պատրիարքութեամբ (1830), եւ անկէ ետքը սկսան հասարակութիւններ հետզհետէ բաժնուիլ ու շատնալ դաւանութիւններու եւ ծէսերու տարբերութեանց համեմատ:

Կոստանդնուպոլսոյ Հայ պատրիարքներ սկսան հետզհետէ իրենց իշխանութիւնը կազմակերպել եւ իրաւասութիւնները կենդրոնացնել, եւ հնարաւորութեան սահմանին մէջ՝ իրենց ձեռքը ամփոփել ազգային ամբողջ վարչութիւնը: Իրենց վարչական գործունէութիւնը հետզհետէ տարածուեցաւ կայսրութեան բոլոր գաւառներուն վրայ, նոյնիսկ հոգեւորապէս՝ Սսոյ եւ Աղթամարայ կաթողիկոսութեանց եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան պատկանեալ թեմերուն վրայ: Հայոց պտրիարքութեան առաջին ատեններուն պտմութիւնը՝ աթոռներու եւ թեմերու փոխադարձ խնդիրներու շարք մըն է, շարունակ քաղաքական խռովութիւննրու եւ պատերազմական շփոթութիւններու հետ խառնուած: Այդ մանրամասնութիւնները մենք զանց կ՝ընենք, եւ չենք ուզեր մեր պատմական ամփոփումը եւ ընդհանուր տեսութիւննրը ծանրաբեռնել այնպիսի պարագաներով, որ մեզ մեր բուն նպատակէն կը հեռացնեն:

ԺԸ.
ԶԱՐԹՈՒՄԻ ԴԱՐԸ


Ճշմարտութիւնը խօսելու խղճահարութիւննիս մինչեւ անխորհրդապահութեան ծայրայեղութիւնը մղել չքաշուեցանք եւ համարձակ յայտնեցինք այն աղետալի կացութիւնը, որուն հասած էին Հայ Եկեղեցին եւ ազգութիւնը Միջին դարուն ատենները: Բայց արդարութենէ չշեղելու համար, պէտք է նաեւ յայտարարել, թէ հնար չէ Հայ Եկեղեցին մեղադրել իբրեւ քաղաքական եւ կենցաղական անկումին պատճառ, եւ իբր պատասխանատու ազգին գլուխը եկած աղէտներուն, ինչպէս որ հռոմէականութեան ջատագովներէն ոմանք յանդգնած են ըսել: Միջնադարեան Արեւմուտքին անկեալ եւ ողբալի վիճակը, եւ հռոմէական եկեղեցւոյ կողմէն յանուն կրօնի գործուած մեծեղեռն զեղծումները, բաւական են Հայոց Եկեղեցին մեղադրանքէ զերծ պահելու եւ իրեն դէմ խօսող անդուռն բերանները կարելու:

Արեւելեան քրիստոնէութեան մասին խստապահանջ դատաստան մը ընելէ առաջ, պէտք է միտքի առջեւ բերել այն սարսափելի կործանումը եւ այն աղետալի աւերածնրը, որք Արեւելքէն եւ Հարաւեն իրենց վրայ հասած էին, եւ այն խիստ հալածանքները, զորս նա կը կրէր յաղթական բռնապետներու կողմէն: Պէտք է յիշել այն մտաւորական խաւարը, որուն ներքեւ կը ճնշուէր քրիստոնեայ ժողովուրդը իւր տիրապետողներուն կամքով: Պէտք է կշռել այն զրկումը ամէն միջոցներէ եւ դիւրութիւններէ, որոնք թէ՚ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս խաւարը փարատելու պիտի ծառայէին: Վերջապէս պէտք չէ մոռանալ այն ահագին զոհողութիւնները, զորս Արեւելեան քրիստոնեաներ պարտաւոր էին յանձն առնուլ, մինչեւ իսկ իրենց նիւթական գոյութիւնը պահելու համար:

Այս ամէն դժուարութեանց հակառակ, նորէն Հայ ազգն եղաւ, որ առաջին անգամ Արեւելքի մէջ, արթննալու եւ կանգնելու նախաքայլն առած ըլլալու պարծանքն ունեցաւ, եւ հաստատամիտ ճիգերով աշխատեցաւ այդ աղէտալի կացութենէն դուրս ելլել: Ոչ մի քաղաքական փոփոխութիւն զինքն չէր քաջալերեր, ոչ մի պատրաստակամ դիւրութիւն՝ ոգեւորութիւն չէր ընծայեր: Բայց նա, յաուսահատ ըլլալու չափ ծանր պարագաներու ներքեւ ալ, ետ չկեցաւ իւր ճիգերէն, եւ շարունակեց ձեռք երկնցնել ամէն կողմ, ուսկից որ զարգացման լոյսի եւ փրկութան յոյսի ամենափոքր նշոյլն ալ կը տեսնէր:

Հազիւ թէ վերածնութեան առաջին նշանները կը սկսէին ճառագայթներ սփռել Արեւմուտքի վրայ, Հայեր անմիջապէս կը փութային Եւրոպայի կողմերն հասնիլ, որ մտաւորական վերակենդանութեան քաղցերնին յագեցնեն: Միքայէլ կաթողիկոսէն ղրկուած պատգամաւրութիւնը, որ Ասիոյ խորորէն մեկնելով Կիւթէնպէրկի գիւտին ետեւէն կ՝երթար, Հայուն փութաջանեւթեան ամենէն նշանաւոր յայտարարութիւնն է: Դժբախտաբար Արեւմուտք, բուռն կրօնական մոլեռանդութեան նրքեւ կը գտնուէր, եւ ամենէն սաստիկ եւ աններողամիտ քաղաքականութեան հտեւող էր: Արեւմուտք ոչ մէկու կը նպաստէր, ոչ մէկուն ալ կ՝ուզէր օգնել, եթէ նա նախապէս հռոմէադաւան կաթոլիկութեան լուծին ներքեւ չմտնէր: Արեւմուտքէն որեւէ պաշտպանութիւն եւ օժանդակութիւն ստանալու անհրաժեշտ պայամանը՝ պապութեան հպատակութիւնն էր, որ այն ատեն գերագոյն իշխողն էր Եւրոպայի մէջ: Իրօք ալ երբ անոր կրօնական սկզբունքներուն համամիտ չեղողներ խարոյկներու վրայ անողոքաբար կ՝այրուէին, հնա՞ր էր միթէ որ դիւրութիւն եւ օժանդակութիւն ընծայուէր Արեւելեան եկեղեցիներու հաւատացեալներուն, եթէ Հռոմի հետ միութեան չխոնարհէին: Կրնա՞նք արդեօք մոռնալ՝ որ Փրանկիսկոս Ասսիզեանի, Դոմինիկոս Կուչմանի եւ Իգնատիոս Լոյօլայի աշակերտները՝ բոլոր իրենց քարոզչական եռանդն ու նախանձայուզութիւնը կը գործածէին Արեւելքին հին քրիստոնեաները, Արեւմուտքին նոր քրիստոնէութեան դարձնելու եւ բոլոր իրենց ոյժը կը վատնէին, որպէս զի նախնական եկեղեցւոյ աւանդապահ հաւատացեալները, լատին դպրոցականութան նորահնար վարդապետութիւններուն ընդունելութեան բռնադատեն:

Այդ ցաւալի պարագաներուն մէջ էր, որ Հայեր երերուն ընթացքի կը բռնադատուէին, երբեմն զիջողական եւ հաշտարար, եւ երբեմն հաստատամիտ եւ անհաշտ: Զիջողական էր ընթացքնին, ցորչափ պահանջուած կէտերը խոհական ներողամտութեան սահմանին մէջ կը մնային. հաստատամիտ էր, երբոր խոհականութեան թոյլ տուած չափէն աւելի կը պահանջուէր: Զիջողական էր, մինչեւ որ տանելի զոհողութեան համապատասխան օգուտ մը կը յուսացէր. հաստատամիտ էր, երբ որ օգուտը պէտք կ՝ըլլար չափազանցութեանց եւ աններելի զոհողութեանց փոխանակութեամբ գնել: Այս էր ընդհանրութեան ընթացքը. բայց եղան ոմանք՝ որոնք զիջողութեան հոգին մինչեւ ծայրագոյն աստիճանը տանիլ չվարանեցան, յառաջդիմական փափաքներու ծայրայեղ տնդէն մղուելով. մինչ ուրիշ շատեր, բացարձակապէս կը մերժէին իրենց սկզբունքներէն հրաժարիլ, նոյնիսկ արտաքին եւ կեղծուրաց երեւոյթներով: Այդ բացատրութիւնները պէտք է միշտ մտքի առջեւ ունենալ, եթէ լաւ ճշդել կ՝ուզուի այն եղելութեանց նշանակութիւնը, որոնք տեղի ունեցան Հայոց մէջ, Արեւմուտքի մէջ սկսած յռաջադիմական շարժումին մասնակցելու անյագ բաղձանքով:

Յառաջադիմասէր ուղղամիտ գործիչներուն գլուխը պիտի յիշենք Մովսէս Գ. Տաթեւացի կաթողիկոսին անունը, որ հայրապետութեան բարձրանալէ շատ առաջ նուիրած էր բարեկարգութեան եւ նոր կազմակերպութեան գործին: Էջմիածնայ աթոռը անոր նախանձայոյզ գործունէութեան կը պարտի այն ամէն նորոգութիւնները, որոնք զինքն կատարեալ կործանման վտանգէն պահեցին: Նա Պարսից տէրութնենէն ալ ստացաւ կեղեքումներուն վերջաւորութիւնը, որոնց ներքեւ երկար ատենէ ի վեր աթոռը կը հեծեծէր. հարկերու թեթեւացման եւ ապահարկութեան շնորհներ ալ ձեռք ձգեց. բարոյական կենցաղին բարենորոգման եւ եկեղեցական վարդապետութեանց ուղղութեան մասին ալ նշանաւոր արդիւնքներ ունեցաւ: Իւր կաթողիկոսական ընտրութիւնը նոր գործունէութենէ աւելի, կատարուած գործունէութեան վարձատրութիւն եղաւ, վասն զի շատ համառօտ եղաւ կաթողիկոսական պաշտօնավարութեան տեւողութիւնը, երեք տարի միայն (1629-1632): Անոր յաջորդը, Փիլիպպոս Աղբակեցի (1633-1655), իւր նախորդին սկզբնաւորած բարեկարգական ձեռնարկները առջեւ տարաւ: Թուրքիա ալ ճամբորդեց, եւ Կոստանդնուպոլսոյ ու Երուսաղէմի պատրիարքութեանց խառնակ գործերը իւր ազդեցութեամբ կարգադրեց: Մտադրութիւն դարձուց Լեհաստանի գաղթական Հայերուն վրայ, եւ զսպեց անոնց հռոմէական կաթոլիկութեան բռնադատող Նիկոլ եպիսկոպոսին ջանքերը. ժողով մըն ալ գումարեց Երուսաղէմի մէջ (1651), եւ Էջմիածնի ու Սսոյ աթոռներուն մէջ տիրող հակառակութիւնները վերջացուց, եւ Սսոյ աթոռը Մայր աթոռոյ հետ կանոնական հաղորդակցութան մէջ դրաւ, ինչպէս որ կանուխէն այդ բանը կատարուած էր Աղթամարի Աթոռին նկատմամբ: Աշխատեցաւ նաեւ հայրապետական աթոռին նիւթական վիճակը բարւոքել, եւ ելեւմտական միջոցներ շատցնել, եւ այդ նպատակով ջրանցքներ բացաւ, եւ ջրաբաշխման ճարտար կերպով Էջմիածնի ընդարձակ հողերը ոռոգելու վիճակի մէջ մտցուց:

Յակոբ Դ. Ջուղաեցի (1655-1680), միեւնոյն ուղղութեամբ գործեց: Դժբախտաբար ծանր գժտութիւններ ծագեցան Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, եւ պարտաւորուեցաւ այն կողմ դարձնել իւր ուշադրութիւնը: Հռոմէ ղրկուած քարոզիչներ, Կղեմէս Կալանոս՝ Թէաթինեան լատին կրօնաւորին գլխաւորութեամբ, սկսած էին հետեւողներ գտնել Հայերուն մէջ: Անոնցմէ Թովմաս Բերիացի վարդապետը, մինչեւ իսկ պատրիարքական աթոռը գրաւելու կը յաջողէր, թէպէտեւ շուտով ժողովուրդին կողմէն կը վտարուէր: Միեւնոյն ատեն Եղիազար Այնթապցի եպիսկոպոսը, որ հետզհտէ Կոստսնդնուպոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարք եղած էր, ինքզինք Թուրքիոյ Հայոց կաթողիկոս կը հռչակէր, իբր Էջմիածնի հակաթոռ: Յակոբ կաթողիկոս պարտաւորուեցաւ անձամբ Կոստանդնուպոլիս գալ (1664), եւ գործերը կարգադրելէն ետքը, նորէն իւր աթոռը վերադարձաւ (1667): Բայց շփոթութիւնները եւ երկպառակութիւնները նորէն զօրացան Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, եւ պէտք եղաւ որ՝ Յակոբ կաթողիկոս անգամ մըն ալ անձամբ Կոստանդնուպոլիս գայ (1679), ինչ որ ծերունին կատարեց հակառակ իւր անցած տարիքին. բայց չկրցաւ ծանր հոգերու եւ աշխատութեանց տոկալ, եւ այնտեղ վախճանեցաւ 82 տարեկան հասակին մէջ (1680): Մարմինը թաղուեցաւ Բերայի ազգային գերեզմաննոցին մէջ, ուր շիրիմը մինչեւ այսօր հաւատացելոց ընդհանուր յարգանաց առարկայ է եւ բարեպաշտական ուխտատեղի (*):

Կաթողիկոսական աթոռը իբր երկու տարի դատարկ մնաց հակաթոռ Եղիազարի յարուցած շփոթներուն պատճառով, եւ խառնակ կացութիւնը չկրցաւ կարգի մտնել, բայց եթէ երբոր նոյնինքն հակաթոռը կանոնապէս կաթողիկոս ընտրուեցաւ: Եղիազար Այնթապցիի կաթողիկոսութիւնը ինը տարի տեւեց (1682-1691), եւ արդիւնաւոր եւ օգտակար պաշտօնավարութիւն մը եղաւ: Իրեն չէին պակսեր ոչ լաւ մտադրութիւններ եւ ոչ յաջող ձիրքեր, եւ անգամ մը որ իւր փառասէր ձգտումները իրենց յագուրդը գտան, բոլոր իւր կարողութիւնն ու աշխատութիւնը եկեղեցւոյն ու ազգին օգտակար ընելու գործածեց: Այս կերպով իւր ետեւէն պատուաւոր յիշատակ թողուց, եւ Հայոց Եկեղեցւոյ հայրապետական շարքին մէջ ընտիրներէն մին նկատուեցաւ:

(*) Վերջերս անոր աճիւնները փոխադրուած են Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակը, եւ դարձեալ առարկայ են հայ եւ օտար հաւատացեալներու յարգանքին:
ԾՆԹ. ՀՐԱՏ.

ԺԹ.
ՈՒԹԵՒՏԱՍՆԵՐՈՐԴ ԴԱՐ


Զարգացման եւ յառաջադիմութեան եւ ուսման սէրը, որ բոլոր Հայերուն սիրտերուն մէջ բորբոքած էր, եւ որ շատերուն վրայ միջոցներու խտրութեան զգուշութիւնն ալ կը մեռցնէր, մեծապէս ձեռնտու եղաւ հռոմէադաւան քարոզիչներուն, իրենց դաւանութիւնն ու վարդապետութիւնը Հայոց մէջ տարածելու:

Ութեւտասներորդ դարու սկիզբները հռոմէադաւան կաթոլիկներու խմբակ մը կազմուած էր արդէն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Բերայի մէջ գտնուող Լատին կրօնաւորներ ամէն տեսակ հրապոյրներ կ՝առատացնէին, եւ Գաղղիոյ Ամենաքրիստոնեայ թագաւորներուն դեսպաններն ալ իրենց զօրութեամբ կը պաշտպանէին, եւ նոյն գործունէութեան կ՝առաջարկէին: Թէպէտեւ նորադարձ կաթոլիկները կը շարունակէին պաշտօնապէս Հայոց պատրիարքարանին իշխանութեան ներքեւ մնալ, սակայն գործօն կուսակցութիւն մը կազմած էին եւ կը ձգտէին մինչեւ իսկ ազգային վարչութիւնը ձեռք անցընել եւ պատրիարքարանին տիրապետել: Ասոնց դէմ, իրենց ազգային եկեղեցւոյն հաւատարիմ եւ անոր դաւանութեան վրայ հաստատուն եղողներն ալ, որոնք թէ՚ թուով զօրաւոր էին, եւ թէ Օսմանեան կառավարութեան առջեւ ազդեցութիւն կը վայելէին, կ՝աշխատէին ամէն հնարաւոր միջոցներով իրենց հնաւանդ եկեղեցին պաշտպանել, եւ այդ նորադարձներուն գործած հնարքներուն առջեւն առնել, եւ քաջալերութիւն տուող ազդեցութեանց ոյժը կոտրել: Քանի որ այդ նորադարձ կաթոլիկները՝ օտարներու հետ սերտ եւ գաղտնի յարաբերութեանց մէջ կը գտնուէին, բնական էր որ այս երեսէն կառավարութեանց աչքին կասկածելի երեւային: Այս է իրենց դէմ գործածուած միջոցներուն սկզբնական ծագումը, եւ իսկական նշանակութիւնը այն կարգադրութեանց՝ զորս կառավարութիւնը հրամայած է նոր կաթոլիկ եղող Հայերուն դէմ: Կաթոլիկներ աշխատած են իբր կրօնական հալածանքներ ներկայել անոնք, սակայն իսկապէս ներհակընդդէմ մրցումներու պատահական զէնքեր են: Որովհետեւ նորադարձ կաթոլիկներն ալ միեւնոյն կերպով կը մաքառէին Հայոց պատրիարքարանին դէմ, եւ չէին խղճեր զայն ամբաստանել, իբր թէ Ռուսական կառավարութեան դիտումներուն ծառայելու հակումներ ունենայ: Կոստանդնուպոլսէ դուրս հռոմէադաւան կաթոլիկութիւնը յաջողութիւն գտաւ աւելի Մամպուտի եւ Բերիայի մէջ. Մելքոն Թասպասեան եւ Աբրահամ Արծիւեան եպիսկոպոսներ յայտնապէս հռոմէականութեան յարեցան, ինչ որ իրենց վրայ հրաւիրեց պատրիարքարանի խստութիւնները: Հռոմէադաւաններն ալ իրենց կողմէն յօգուտ կը գործածէին Գաղղիոյ դեսպաններուն ազդեցութիւնը, եւ անով հաւատարիմ Հայադաւաններուն վրայ կը բռնանային: Աշխարհածանօթ իրողութիւններ են Եւդոկիացի Աւետիք պատրիարքի արկածները, որ Գաղղիոյ դեսպանին պահանջմամբ առաջին անգամ Եէտիգուլէի աշտարակին մէջ բանտարկուեցաւ (1703), եւ վերջէն Թենետոս աքսորուելու առիթով, նենգութեամբ յափշտակուեցաւ, եւ բռնի Գաղղիա տարուեցաւ (1705), ուր հաւատաքննական ատեանի վճիռով խիստ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ եւ բռնադատեալ դաւանափոխութեան մէջ վախճանեցաւ (1711):

Այստեղ առանձին պէտք է յիշենք Մխիթար Սեբաստացի վարդապետը, ուսման փափաքով սաստիկ վառած եւ դաւանական մասին լայնախոհ գաղափարներ տածող եկեղեցական մը, որ առաջ ձեռնարկեց Վենետիկի հանրապետութեան Պեղոպոննէս (Մօրա) թերկղզւոյն վրայ տիրապետութենէն օգտուելով, ուսումնական վանականութիւն մը հաստատել այնտեղ (1712), քրիստոնեայ պետութեան հովանաւորութեան ներքեւ: Բայց իւր ձեռնարկը խանգարուեցաւ, երբոր Վենետիկի հանրապետութիւնը Օսմանացիներէ յաղթուելով պարտաւորուեցաւ Պեղոպոննէսը թողուլ: Այն ատեն Մխիթար վարդապետ որոշեց նոյնիսկ Վենետիկի հանրապետութեան կեդրոնը դիմել, եւ այնտեղ հաստատել իւր գաղափարած վանականութիւնը, եւ յաջողեցաւ ալ այդ նպատակին համար Վենետիկ քաղաքին մօտերը Սուրբ-Ղազար կղզեակին ստացութեան շնորհն ընդունիլ (1717): Մխիթար վարդապետ Իտալիոյ մէջ գտնուելով ստիպուեցաւ հռոմէական պապութեան պայմաններուն համակերպիլ, որպէս զի կարենայ անարգել իւր ծրագրած նպատակին հետեւիլ եւ մտաւորական զարգացման գործը յաջողեցնել: Բայց խոհական խորհրդով հեռու մնաց քարոզչական եւ մարդորսական գործունէութիւններէն: Այդ ուղղութիւնը, որ աւելի համապատասխան էր իւր ազգօգուտ գործունէութեան, աւանդաբար պահուեցաւ իւր միաբանութեան կողմէ ութեւտասներորդ դարուն մէջ, ուրկէ ետքը ուրիշ ուղղութիւններ մուտ գտնել սկսան: Բայց ասիկա պատճառ մը չէ որ գովութեամբ չյիշատակենք այն գրական ծառայութիւններն եւ օգուտները՝ զորս ազգին ընծայած է մխիթարեան միաբանութիւնը, իւր կրկին՝ Վենետիկեան եւ Վիեննական ճիւղերով, եւ Հայոց լեզուն եւ Հայ գրականութիւնը ճոխացուցած է բազմաթիվ եւ գնահատելի երկասիրութիւններով:

Ուրիշ վանական հաստատութիւն մըն ալ հիմնուեցաւ միեւնոյն ժամանակ Լիբանանի լեռներուն վրայ, Մարոնի ժողովուրդին հովանաւորութեամբ, Աբրահամ Աթթարեան վարդապետի ձեռքով, եւ Անտոնեան միաբանութիւն անունով: Այս միաբանութեան ալ նպատակը միեւնոյնն էր, ինչ որ էր Լատին աշխարհին մէջ հաստտուող միւս միաբանութեան նպատակը. միայն Լիբանանի դիրքը աւելի պիտի նպաստէր իրեն՝ Հայ ազգութեան հետ մօտէն շփման առաւելութիւնը պահպանելու: Թուրքիոյ հարաւկողման գաւառները, տակաւին կը պահէին Կիլիկիոյ թագաւորութեան վերջին ժամանակներուն լատինամիտ յիշատակները, որով այս կողմի Հայերը աւելի մօտ էին լատինական կաթոլիկութեան համաձայնելու: Այդ զգացումներն էին թերեւս, որ ասոնց համարձակութիւն տուին քանի մը քահանաներով եւ Կիլիկիոյ անունով հռոմէադաւան կաթողիկոսութիւն մը կազմակերպել, եւ Աբրահամ Արծիւեան եպիսկոպոսը կաթողիկոս հռչակել (1740): Աբրահամ փութաց անձամբ Հռոմ երթալ եւ Բենեդիկտոս ԺԴ. պապին ներկայնալ իբր թէ Ամնայն Հայոց կաթողիկոս ըլլար: Բենեդիկտոս պապ, հարկաւ պիտի գիտնար, թէ ի՚նչ արժէք կրնար ունենալ ներկայացող անձին յաւակնոտ յայտարարութիւնը. բայց անհիմն գործին իսկութիւնը պարզելով՝ իրեն հպատակողներուն քաջալերութիւնը կոտրել չուզեց, եւ Հռոմի աթոռին Արեւելքի վրայ ունեցած նպատակին նպաստաւոր առիթ մը նկատեց: Ուստի իւր կողմէն Հայ կաթոլիկ նոր պատրիարքութիւն կամ կաթողիկոսութիւն մը ստեղծեց (1742), պաշտօնապէս եւ ըստ ամենայնի Հռոմի աթոռին ենթարկեալ ըլլալու պայմանով;

Հռոմէական կաթոլիկ հաստատութիւնները, Հռոմի Բրոբականտային միջոցները, եւ Գաղղիոյ տէրութեան պաշտպանութիւնը, ազդուապէս նպաստեցին կաթոլիկութեան Հայոց մէջ տարածուելուն, ինչչափ որ ալ արդիւնքները համապատասխան չեղան գործածուած միջոցներուն մեծութեան եւ ձեռք առնուած միջոցներու զօրութեան: Եւրոպական շփումները, որ մարդորսական ճիգերու բնական հետեւանքն էին, նպաստեցին իրաւ՝ ազգին մէջ մտաւորական մակերեւոյթը աստիճան մը բարձրացնելու, բայց միեւնոյն արդիւնքը ձեռք ձգուած կ՝ըլլար նաեւ առանց դաւանափոխական պայմանին, քանի որ զգացումներու հետզհետէ զարգացումը եւ ժամանակին հոլովումը եւ յարաբերութեան յաճախութիւնը, բաւական պիտի ըլլային անշուշտ միեւնոյն նպաստաւոր արդիւնքը արտադրելու: Ասոր մէկ փաստն ունինք Վարդան Բաղիշեցի վարդապետին ձեռնարկին մէջ, որ նոյնիսկ Ամլորդւոյ վանքին մէջէն գիտցաւ ուժգին զարկ մը տալ մտաւորական զարգացման ներքին գաւառներու մէջ: Իւր աշակրտութենէն, Յովհաննէս Կոլոտ եւ Յակոբ Նալեան Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքներ եւ Գրիգոր Շղթայակիր Երուսաղէմի պատրիարք, կրցան նշանաւոր ծառայութիւններ ընել եւ արդիւնքներ ցուցնել միեւնոյն նպատակով, առանց իրենց ազգային եկեղեցւոյն անհաւատարիմ գտնելու: Այս երեխտաւոր անձերու շնորհիւ է որ ութեւտասներորդ դարուն մէջ զգալի զարգացման արգասիքնր սկսան յառաջ գալ ազգային կեանքին եւ եկեղեցական բարեկարգութեան շրջանակներուն մէջ:

Վերջին էջերուն մէջ սկսանք առաջին տեղը տուած ըլլալ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան: Այս մասին մեր արդարացումը կը գտնենք Թուրքիոյ պատրիարքութեան շարունակաբար ստացած կարեւորութեան, եւ Ամենայն Հայոց հայրապետութեան աթոռին հետզհետէ նուազած կարեւորութեան մէջ: Այն օրէն որ բազմաթիւ եւ զօրաւոր գաղթականութիւն մը զետեղուեցաւ Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ, եւ իրեն գլուխն ալ պատրիարքական աթոռ մը հաստատուեցաւ, Կոստանդնուպոլիս սկսաւ Հայութեան եւ ազգային շահերուն կեդրոն ըլլալ: Մինչ միւս կողմէն տասն կաթողիկոսներ, որ Եղիազար Այնթապցիին յաջորդեցին, Նահապետ Եդեսիացիէն սկսելով (1691-1705) մինչեւ Յակոբ Ե. Շամախեցի (1759-1763), յիշատակութեան արժանի նոր ձեռնարկ մը չունեցան, թէպէտ ամէնքն ալ Մայր աթոռին պայծառութեան փափաքողներ եւ գտած կացութիւննին պահողներ եղան: Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը (1763-1780), որ տասներէն ետքը նստաւ, սոյն դարուն մէջ Մայր աթոռին վրայ գտնուող ամենէն նշանաւոր դէմքն է: Իւր անխոնջ աշխատութիւնը արգասաւորող եւ օգտակար արդիւնքներ ունեցաւ, Էջմիածնի ստացութիւնները օրինաւոր արձանագրութիւններով կարգադրուեցան, Մայր աթոռին սեփական իրաւունքները պաշտպանուեցան, ժառանգաւորաց վարժարանը բարեկարգուեցաւ, տպարան մը բացուեցաւ, եւ թղթաշինութեան գործարան մը հիմնուեցաւ: Նոյնինքն Սիմէոն եղաւ որ Ռուսական կառավարութեան հովանաւորութիւնն ստանալու համար առաջին յարաբերութիւնները հաստատեց, կաթողիկոսական դիւանատուն մը կազմեց օրինաւոր դիւանագրութիւններով, եւ ազգային եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ ալ փոփոխութիւններ կատարեց, աւելի կանոնաւոր եւ հաստատուն ձեւ մը տալով անոր, թէպէտ սկիզբները դիտողութեանց տեղի տուաւ, բայց հետզհետէ տարածուեցաւ եւ ընդհանուր Հայ Եկեղեցւոյ մէջ գործածական դարձաւ:

Ղուկաս Կարնեցի կաթողիկոսը (1780-1799), որ Սիմէոնի յաջորդեց, ջանաց անոր ձեռնարկները լրացնել եւ հաստատուն գործել: Վեց եպիսկոպոսներէ բաղկացած մնայուն ժողով մըն ալ կազմեց Մայր աթոռոյ մէջ, իբրեւ կաթողիկոսական խորհրդակից, եկեղեցական գործերու միօրինական եւ կանոնական ընթացք տալու նպատակով: Նա ինքն եղաւ որ Էջմիածնի Մայր տաճարին ներքինն ալ զարդերով եւ նկարներով ճոխացուց:

Անդին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, Զաքարիա Փոգուղեան պատրիարքը (1773-1799) որ դարուս պատրիարքներուն շարքը կը փակէ, Սիմէոնի արժանաւոր մրցակիցն եղաւ իրեն բարեկարգիչ գործունէութեամբ: Իւր ամենէն մեծ արժանիքն եղաւ եկեղեցականց դաստիրակութեան եւ զարգացման զօրաւոր զարկ մը տուած ըլլալը: Ինքն անձամբ ուսուցչութեամբ ալ կը զբաղէր կարող եւ յաջողակ աշակերտներ հասցնելու համար, որոնք պատրաստելէն ետքը թեմական վարչութեանց եւ ուսումնական հաստատութեանց գլուխը կը դնէր: Արմաշի վանական վարժարանը, որ այնչափ նրանաւոր պատրիարքներ եւ եպիսկոպոսներ տուած է Կոստսնդնուպոլսոյ աթոռին, Զաքարիայի աշակերտներէն Բարթողիմէոս Կապուտիկեան եւ Պօղոս Գարագոչեան եպիսկոպոսներուն աշխատութեամբ յառաջ եկած հաստատութիւն մըն է: (*):

(*) Հայ Արմաշը այժմ աւերակ վիճակի մէջ է եւ անունը Աքմէշէի փոխուած:
ԾՆԹ. ՀՐԱՏ.

Ի.
ԻՆՆԵՒՏԱՍՆԵՐՈՐԴ ԴԱՐ


Ղուկաս կաթողիկոս եւ Զաքարիա պատրիարք միեւնոյն տարին մեռած էին (1799), եւ իննեւտասներորդ դարու երկու աթոռներուն ալ պարապութեամբ եւ ընտրողական բուռն պայքարով սկսաւ: Թէ՚ Էջմիածնի եւ թէ Կոստանդնուպոլսոյ համար ընտրելիներ պէտք էին, եւ կարծես թէ Արեւմուտքը տակնուվրայ ընող խռովութիւնը՝ Արեւելքի վրայ ալ ազդեցութիւն կը ներգործէր, եւ Հայերն ալ շփոթութեանց կը գրգռէր: Յովսէփ Արղութեան, Դաւիթ Ղորզանեան եւ Դանիէլ Սումառեցի եպիսկոպոսներ Էջմիածնի աթոռին համար կը մրցէին, եւ ամէն մէկն ալ իրենց կուսակցութիւն ունէր: Թէպէտեւ առաջինը յաղթական ելաւ եւ ընտրութիւնները յաջողցուց, բայց աթոռոյ ստացութեան չհասած մեռաւ: Երկրորդը թէպէտեւ յաջողեցաւ աթոռը գրաւել, եւ քանի մը տարի ալ պահել, բայց վերջապէս մերժուեցաւ, եւ երրորդն եղաւ, որ օրինաւորապէս կաթողիկոսական աթոռ բարձրացաւ, թէպէտ ան ալ շատ երկար չապրեցաւ (1807-1808), բայց իւր օրով կրցաւ Էջմիածնի մէջ խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն հաստատել, եւ կանոնաւոր վարչութիւն սկզբնաւորել:

Կոստանդնապոլսոյ մէջ ալ, անհաւատալի արագութեամբ պատրիարքներ իրարու տեղ կ՝անցնէին: Դանիէլ Սուրմառեցի, Դաւիթ Ղորդանեան, Յովհաննէս Չամաշրճեան, Գրիգոր Խամսեցի, եւ դարձեալ Յովհաննէս Չամաշրճեան, իրարու յաջորդեցին, երեք տարիէ պակաս ժամանակի մէջ (1799-1802), բայց այս վերջինը կրցաւ աթոռի վրայ մնալ բաւական տարիներ (1802- 1813), եւ այդ պարագային օգտուեցաւ պատրիարքարանի գործերուն մէջ կանոնաւորութիւն եւ օրինաւորութիւն մտցնել:

Իննեւտասներորդ դարուն էական եւ առանձնայատուկ նկարագիրն եղած է, ժողովրդական տարրին տրուած՝ պատրիարքարանի գործերուն աւելի ընդարձակ մասնակցութիւնը, եւ աշխարհականներուն եկեղեցական գործերուն միջամտութեան կանոնաւորումը, յատկապէս ընտրուած եւ քուէի դրութեամբ կազմուած ժողովներու ձեռքով: Այդ բանին առաջին փորձը կատարուեցաւ, երբ փափաք կար հռոմէական կաթոլիկութեան յարողներու կողմէ յուզուած վէճերուն վերջ տալ, հնարաւոր եղած կերպով մը: Փնտռուածը երկու կողմին համար ընդունելի միջակ դրութիւն մը գտնելն էր, որով հնար ըլլար առաջն առնել այն դժուարութեանց եւ հակառակութեանց, որք կը սպառնային վտանգաւոր ձեւ մը առնել: Գաղղիոյ կառավարութիւնը ձեռներէց դիրք մը առած էր, եւ կ՝աշխատէր այս միջոցով ընդարձակել իւր ազդեցութիւնը Արեւելքի մէջ: Առաջին անգամ խառն յանձնաժողով մը կազմուեցաւ, որ պատրիարքարանի մէջ գումարումներ ունեցաւ (1810): Առաջինին ապարդիւն ելքէն ետքը՝ երկրորդ յանձնաժողով մը եւս կազմուեցաւ (1816), նպատակ ունենալով երկու կողմին աստուածաբանները դէմ դէմի բանակցելու բերել, որ տարաձայնութիւնները պարզուին: Երեք տարի ամբողջ՝ վիճաբանութիւնները շարունակեցին (1817-1820), առանց արդիւնք մը յառաջ բերելու. թերեւս անհամաձայնութիւններ եւ հակառակութիւններ աւելի ալ զօրացան: Երբոր կաթոլիկութեան յարածներու կողմը բաժնուելու ձգտումներով կը գործէր, ազգային եկեղեցւոյն հաւատարիմ եղողներ միութիւն պահել կը պահանջէին, բայց իրենց սկզբունքին վրայ զիջողութիւն չէին ընդուներ: Այդ տարաձայնութիւնները շարունակեցին մինչեւ ռուսութուրք պատերազմէն ետքը (1829), որ եւրոպական տէրութիւններու միջամտութեամբ, Օսմանեան կառավարութիւնը՝ Հայոց մէջ տիրող երկպառակութիւնը արմատաքի վերջացնելու համար, որոշեց բոլորովին անջատ ու անկախ հասարակութիւն կամ ազգութիւն (միլլէթ) մը կազմոլ Քաթոլիկ անունին ներքեւ, եւ այդ հասարակութեան մէջ անխտրաբար համախմբել բոլոր հռոմէադաւան կաթոլիկութեան հետեւող օսմանեան հպատակները, ինչ ցեղէ եւ ինչ ծէսէ ալ ըլլան:

Այդ առաջին անջատումը բողոքական տէրութիւններն ալ քաջալերեց, նոյն օրինակին հետապնդել իրենց դաւանութեան յարողներուն համար: Առաջին բողոքական քարոզիչը Կոստանդնուպոլիս հասած էր, կաթոլիկ հասարակութեան կազմուելէն տարի մը ետքը (1831), եւ անմիջապէս կը սկսէր իւր քարոզութեամբ իրեն հետեւողները կազմակերպել: բողոքական քարոզութեան ձեռնարկը շուտով կ՝ընդարձակուէր դպրոցական հաստատութիւններու եւ նիւթական նպաստներու շնորհիւ, որոնք խիղճեր գնելու միջոցներ կը դառնային, եւ այնչափ յաջողութիւնու ընդարձակութիւն կը գտնէր, որ նոր անջատում մըն ալ իրականացաւ Հայութեան մէջ, եւ նոր հասարակութիւն կամ ազգութիւն (միլլէթ) մըն ալ կազմուեցաւ պաշտօնապէս Փրօթէսթան անունին ներքեւ (1847), որ կաթոլիկ հասարակութեան նմանութեամբ, իւր մէջ կ՝ամփոփէր ամէն փրօթէսթանթութեան կամ բողոքականութեան յարողները, առանց ցեղի կամ ազգի խտրութեան, եւ առանց զանազան յարանուանութիւններու տարբերութեան: Այս երկու անջատուած մասերը, Քաթոլիք եւ Փրոթէսթան հասարակութիւնները, թէպէտ հիմնապէս հաւատոյ դաւանութեան տեսակէտէն կազմուած էին առանց ցեղի կամ ազգի տարբերութեան, բայց երկուքն ալ մեծամասնութեամբ Հայերէ կազմուած եղան, անջատուած Հայ հաարակութիւններ ըլլալու չափ: Մենք չենք վարանիր յայտարարել, որ եթէ այդ անջատումները մէկ կողմէ Հայութիւնը տկարացուցին, անոր մէջ ներհակ շահեր ստեղծելով եւ միութեան ոյժը կոտրելով, միւս կողմէն անուղղակի կերպով Արեւմտեան աշխարհի յարաբերութիւններն ընդարձակելու առիթ ընծայեցին, երբ տակաւին այդ յարաբերութիւնները շատցնելու միջոցները նուազ էին:

Երբոր այդ բաժանումները կը կատարուէին Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանին շրջանակին մէջ, Էջմիածնայ կաթողիկոսութեան շուրջն ալ քաղաքական փոփոխութիւններ տեղի կ՝ունենային: Պարսկական տիրապետութեան ներքեւ էր Հայաստանի այդ մասը եւ կը կառավարուէր խաներու ինքնագլուխ իշխեցողութեամբ, որ երթալով բռնաւորական եւ անտանելի կը դառնար, եւ Հայեր իբրեւ կացութեան դարման սկսեր էին աչուընին Ռուսիոյ կայսրներուն դարձնել եւ անոնց պաշտպանութեան դիմել: Իբրեւ առաջին քայլ մը սկսեր էին հարստահարութիւններէ ազատելու համար խումբ խումբ Ռուսական տէրութեան կողմերը գաղթել. բայց վերջէն աւելի արմատական դարման կարծեցին, նոյնիսկ Ռուսական տէրութիւնը հրաւիրել հիւսիսային Հայաստանի կողմերը, որք իբրեւ Կովկասեան երկիրներու յարակից՝ նոյն անունին ներքեւ կոչուիլ սկսան: Յովսէփ Արղութեան արքեպիսկոպոսը այդ գաղափարին սկզբնապատճառն ու մշակողն եղաւ, եւ այդ երեսէն Կատարինէ Բ. կայսրուհւոյն (1762-1796) եւ Պօղոս կայսեր (1796-1801) սիրելին եղաւ, եւ մինչեւ իսկ իւր ազգատոհմին համար իշխանական պատուանունն ու արտօնութիւնն ստացաւ: Ռուսական տիրապետութիւնը հետզհետէ իւր յառաջխաղացումը շարունակեց, եւ իւր արշաւանքները Հայաստան ալ հասան, եւ Երեւան ու Էջմիածին Ռուսական տէրութեան ներքեւ մտան (1828), եւ Հայ կամաւորներու գունդ մըն ալ այդ գործին օժանդակեց, Ներսէս Աշտարակեցի արքեպիսկոպոսին հրամանատարութեամբ: Այդ առթիւ Նիկողայոս Ա. կայսրը (1825-1855) իւր խոստումները առատապէս ընդարձակեց, մինչեւ իսկ Հայերուն աչքին ինքնուրոյն իշխանութեան ակնկալութիւնը փալփլեցուց, եւ այդ խոստումները երաշխաւորելու դիտմամբ, պահ մը Հայկական նահանգ անուն ալ տուաւ նոր տիրապետած գաւառներուն: Բայց այդ ամէնը քաղաքագիտական ճարտարութիւններ եղան եւ տիրապետութիւնը դիւրացնելու առաջնորդեցին: Երբոր տիրապետութիւնը լրացաւ ու հաստատուն ձեւ առաւ, ռուսական կառավարութիւնը մինչեւ իսկ Հայոց կրօնական կամ հոգեւորական գործերուն վրայ ալ ազդեցութիւն ունենալու ձեռք զարկաւ: Այդ նպատակով հրատարակուեցաւ Պալաժէնիա կոչուած կանոնագրութիւնը (1836), յատկապէս Հայոց համար, որ կաթողիկոսական վարչութիւնն ու իրաւունքները պետականներու հետ յարաբրութեան մէջ դնելու ձեւին ներքեւ, բաւական ընդարձակ դուռներ կը բանար քաղաքական իշխանութեան առջեւ: Թէպէտեւ այդ կանոնագրութեան մասին դիտողութիւններ եղան Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Հնդկաստանի Հայերուն կողմէն, սակայն ազդեցութիւն չունեցան: Պալաժէնիան մինչեւ այսօր իւր կատարեալ ազդեցութեան եւ կազմակերպութեան մէջ կը մնայ (*):

Նորէն Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան դառնալով, պէտք է դատել տանք, թէ որչափ ալ պաշտօնապէս բացարձակ էր Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքներուն իշխանութիւնը, սակայն իրենք ալ գործնականապէս ենթարկուած էին Ամիրա կոչւած ազգային գլխաւորներուն ազդեցութեան, որք պարզապէս դրամական ազնուապետութիւն մը կը կազմէին, եւ գլխաւորներ նկատելու համար անկէ զատ ուրիշ փաստ կամ առաւելութիւն չունէին: Այդ դրութան բնական հետեւանք եւ անբաժանելի արդիւնք եղող զեղծումները, զգացումներու զարգացումն ու ժամանակին փոփոխութիւններն ալ վրայ գալով, Եւրոպայի՝ գլխաւորապէս Գաղղիոյ մէջ կրթուած ուսումնական նոր սերունդ մըն ալ մէջտեղ ելլելով՝ նոր շարժում մը սկսաւ ազգային գործերուն ընթացքին մէջ, եւ հասարակութեան զանազան դասակարգներուն մէջ հանրային գործերուն մասնակցելու եռանդ մը երեւան եկաւ: Ասոնց հետեւեցան պատրիարքարանի գործերուն համար յատուկ ժողովներու կազմութիւնը, եւ ժողովներուն ընտրողական դրութեամբ կազմուիլը առանց դասակարգային տարբերութեանց: Ամենէն առաջ կազմուածն եղաւ պարզապէս ելեւմտական յանձնաժողով մը (1841): Աւելի ուշ կազմուեցան ընդհանուր վարչութեան համար կրօնական ժողով մը տասնչորս եւ քաղաքական՝ ժողով մը քսան անդամներով (1847), որոնցմէ բխեցաւ դաստիրակութեան գործերու յատկացուած ուսումնական խորհուրդ մը (1853): Ժողովներու եւ խորհուրդներու կազմութիւնը ստիպողական դարձուց կաննադրութեան պէտքը, փոխադարձ ձեռնհասութիւններ ճշդելու եւ պաշտօնավարութեան կերպերը որոշելու համար, եւ այս նպատակով յօրինուեցաւ Սահմանադրութիւնը (1860): Իբր ազգային վարչութեան հիմնական օրէնք, Սահմանադրութիւնը Օսմանան կառվարութեան պետական հաստատութեան ներկայացուեցաւ, բայց հաստատութիւնը առանց դժուարութեան ձեռք չանցաւ: Երեք տարի տեւող բանկցութիւններէ եւ զանազան ժողովրդական ցոյցերէ ետքը միայն՝ բարձրագոյն Դուռը հաստատութիւնը տալու որոշման յանգեցաւ եւ պաշտօնականւթիունը լրացուց (1863):

Այդ կանոնագրութիւններն եւ կազմակերպութիւնները, որոնք մտաւորական յարաճուն զարգացման արտադրութիւններ են, եւ հասարակութեան մէջ տեղի ունեցած յառաջադիմութեան արդիւնքը կը կազմեն՝ նոր շարժումներու եւ ընդարձակումներու սկզբնապտճառ եղան: Մտաւորական եւ կենցաղական կեանքին մէջ, ինքնաբերբար կատարուած հոլովման օրէնք է, որ նոյնիսկ արդիւնքներ փոխադարձաբար ուրիշ արդիւնքներու պատճառ կը դառնան, եւ այսպէս զարգացման ասպարէզը կ՝ընդարձակեն: Հայոց մէջ ալ տեղի ունեցած երեւոյթը միեւնոյն օրէնքին գործադրութիւնն էր: Ինչպէս ամէն մարդկային ընկերութիւններ, Հայկականն ալ իւր մէջ բնական օրէնքին յարաճուն եւ զարգացուն հոլովումները պէտք էր ունենար: Այդ բնական ընթացքին համեմատ, իննեւտասներորդ դարը Հայոց կենցաղական շրճանակին մէջ զգալի բարւոքումներ արտադրեց. վարժարաններ բազմապատկուեցան, եւրոպական հմալսարաններու եւ բարձրագոյն ուսումնարաններու մէջ Հայ երիտասարդութեան թիւը ընդարձակուեցաւ, նախնական կրթութիւնը ամէն կողմ տարածուեցաւ, առեւտրական եւ սեղանաւորական տուներ շատցան թէ՚ Թուրքիոյ եւ թէ Ռուսիոյ մէջ, եւ Հայազգի անհատներ, իւրաքանչիւրը իւր գտնուած երկրին կամ որդեգրական հայրենիքին մէջ, կառավարական, դիւանագիտական ու զինուորական մեծամեծ պաշտօններու հասան եւ բարձր դիրքերու տիրացան:

Հայ ազգին եւ Հայ եկեղեցւոյն մէջ եւ շարունակ պահուած սերտ յարբերութիւնները կամ կապկցութիւնը՝ ազդեց եկեղեցւոյն վրայ ալ, որ իւր կողմէն մեծապէս օգտուեցաւ զգացումներու անկաշկանդ եւ լայնախոհ սկզբունքին մէջ: Եկեղեցական վարչութիւնը աւելի կանոնաւոր եւ աւելի գործունեայ եղաւ, կղերը հետզհետէ աւելի դաստիրակուեցաւ, կրօնական շինութիւններ բարեզարդուեցան, նուիրատուութիւններ առատացան, արարողութիւններ աւելի շինիչ եւ ազդեցիկ եղան, քարոզութիւններ աւելի կանոնաւոր եւ աւելի օգտակար ոճ ստացան, եւ ամէն ճիւղերու մէջ եկեղեցական գործողութիւնները իսկական բարւոքումներ եւ զարգացումներ երեւան բերին: Այդ զգացումներուն աստիճանաբար բարձրացումը, պէտք էր որ բնական կերպով Հայոց ձգտումները շարունակ դէպի լաւագոյնը մղէր, կենցաղական բարօրութեան կատարելագոյն վայելքին բաղձանքները աճեցնէր, եւ համաձարկութիւն ազդէր քաղաքակիրթ աշխարհին լսեցնել տալու, թէ իրենք ալ օրինաւոր փափաք մը կը տարածեն, որպէս զի արդեամբ եւ ճշմարտութեամբ մասնակցին այն բարւոքմանց եւ բարօրութեանց, զորս զարգացեալ քաղաքակրթութիւնը մարդկութեան կը պատրաստէ եւ անոր կ՝ընծայէ:

Խօսքի բնական ընթացքով այդ կէտին հասած ատեննիս, պէտք էր որ մենք անցնէինք բացատրել հայ տարրին ընտիր ձիրքերը, թուէինք այն յաջողուիւնները, որոց լուսաւոր փաստերը ցուցած է մարդկային գործունէութեան ամէն ճիւաղներուն մէջ, եւ ճշդէինք այն դերն ու դիրքը զորս կրնայ ունենալ ապագային մէջ: Բայց այս պահուս մենք տակաւին կը զգուշանանք այդ տեսութիւններուն շրջանակին մտնել, եւ կը շարունակենք նախապէս ուրիշ կարեւոր կէտեր ալ բացատրել:

Միայն իբրեւ այս գլխուն կնիք, եւ իբրեւ մեր գաղափարներուն եւ տեսութեանց ամփոփում, պէտք է աւելցնենք, թէ քաղաքակրթութեան եւ յառաջադիմութեան եւ ազատութեան այն մեծ շարժումը, որ բովանդակ Հայութեան, այսինքն Ռուսիոյ ու Թուրքիոյ ու Պարսկաստանի հայերուն վրայ կը տեսնուի, արդիւնք է մեծաւ մասամբ իւր եկեղեցական դասակարգին ձեռքով սկզբնաւորուած գործունէութեան եւ ազդեցութեան:

(*) Սովետական րէժիմէ ետք գոյութենէ դադրեցաւ:
ԾՆԹ. ՀՐԱՏ.


ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

ԻԱ.
ԴԱՒԱՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ


Եթէ մէկ կողմէն ստոյգ է, որ քրիստոնէութեան ամէն ճիւղերը եւ ամէն յարանուանութիւնները, իրենց արմատ կը ճանչնան Աւետարանը, Նոր Կտակարանի առաքելական թուղթերով լրացած եւ Հին Կտակարանի գիրքերով ամբողջացած, միւս կողմէն ալ յայտնի է որ քրիստոնէութեան անունին ներքեւ եղող բոլոր հասարակութիւնները, ոչ միայն իրարմէ կը տարբերին նոյնիսկ էական սկզբունքներու մէջ, այլ եւ վարդապետական խնդիրներու մասին յաճախ իրարու հանդէպ բացարձակ հակասութեան մէջ կը գտնուին: Բայց հակառակ այդ անհանաձայնութեանց եւ հակասութեանց, իրենցմէ ոչ մէկը կը դադրի միեւնոյն Աւետարանը իրեն հիմնակէտ ընդունելէ, եւ ամէնքն ալ հաւասարապէս միեւնոյն աղբիւրէն կը քաղեն ու կը հաստատեն զիրար հակասող վարդապետութիւնները: Երեւոյթը որչափ տարօրինակ, նոյնչափ ալ իրական է: Անոր պատճառն ալ պէտք է որոնել Աւետարանին գրութեան կերպին ու ոճին մէջ: Աւետարանը պարզապէս սկզբնական կամ սաղմնական վիճակի մէջ կը ներկայացնէ իւր վարդապետութիւնը, եւ եթէ ներեալ է սովորական բացատրութիւն մը գործածել, Աւետարանին պարունակած վարդապետութիւնը, նման է նախնական նիւթին, անզարդ եւ անհարթ նիւթին, որ ընդարձակ է առնուլ այն ձեւն ու կերպը, զոր արհստաւորը անոր կու տայ:

Ասով մէկտեղ հնար չէ, որ վարդապետութեան վրայ խօսուած ատեն, անհատական կամքին կամ հաւաքական քմահաճոյքին ազատութիւն տրուի, Աւետարանին նախնական նիւթէն քաղել ու հռչակել վարդապետական նախադասութիւն մը, անձնական տեսութեան կամ մասնաւոր իմացողութեան համեմատ: Այս տեսակ ազատութիւն մը ներելի կարծեցին բողոքականութեան վերջին բարեկարգիչները, սակայն անոնց բռնած ուղղութիւնը անզգալի կերպով զիրենք բացարձակ բանայնականութեան (rationalisme) տարաւ, այնպէս որ այսօրուան օրը հազիւ թէ հնար կ՝ըլլայ իրենց վարդապետութեան մէջ յայտնեալ քրիստոնէութեան հետքերը նշմարել, կամ աւելի ճիշդը խօսիլ ուզելով, իրենց վարդապտական դրութիւնը պարզապէս իմաստասիրական կրօնքի մը գաղափարին սկսաւ վերածուիլ:

Բայց մենք, Հայաստանեայց Ուղղափառ եկեղեցւոյն հաւատարիմ հետեւողութեամբ եւ նոյն եկեղեցւոյ հնաւանդ սկզբունքներուն անխախտ պահպանութեամբ, չենք կրնար այդ ազատական կարծուած ճամբուն մէջ մտնել եւ անոր ուղղութիւնն ընդունիլ, եւ հաստատուն կը մնանք աւանդական եւ դրական գետնի վրայ, եւ չենք ուզեր հիմնուիլ՝ բայց եթէ օրինաւորապէս հաստատեալ իշխանութենէ ընդունուած սկզբունքներու վրայ, եւ անոնց համեմատ յառաջել մեր պատճառաբանութեանց մէջ:

Բոլոր քրիստոնէութեան ճիւղերը եւ տարբեր յարանուանութիւնները երկու մեծ բաժիններու կը վերածուին: Ասոնցմէ մէկը կը կազմեն այն եկեղեցիները, որոնք նուիրապետութեան եւ ծիսականութան վրայ հիմնուած են, եւ ասնոք են բոլոր հին եկեղեցիները, այսինքն անոնք որ նախնական դարերու մէջ սկսած եւ հնագոյն ժամանակներու մէջ իրարմէ զատուած են: Ասոնցմէ դուրս եղողները երկրորդ բաժինը կը կազմեն, որոնք նուիրապետութիւն չունին եւ ծիսականութիւն չեն ընդունիր, եւ ասոնք են վեշտասաներորդ դարու արեւմտեան կամ բողոքական բարեկարգութենէ ետքը կազմուած եկեղեցիները կամ քրիստոնէական յարանուանութիւնները: Այս խումբին մէջէն միա՚յն Անգզիական կամ Եպիսկոպոսական եկեղեցին է, որ նուիրապետութիւն եւ ծիսականութիւն ունի, եւ պէտք է առաջին բաժինին պատկանող հնաւանդ եկեղեցիներուն շարքին մէջ դասակարգուի:

Արդ, այդ առաջին բաժնին պատկանող հնաւանդ եկեղեցիներուն սկզբունքին համեմատ, մի՚այն տիեզերական ժողովներն են որ իշխանութիւն եւ իրաւունք ունին, աւետարանին կամ աստուածաշունչին սկզբնական աղբիւրէն քաղել, կամ նոյն նախնական նիւթէն կազմել վարդապետութեան հիմանական կէտերը, եւ զանոնք դաւանական որոշ եւ ճիշդ բանաձեւներու վերածել: Սակայն տիեզերական ժողովներուն ալ ազատութիւն չէ տրուած աւանդութեան ցուցած գիծերէն շեղիլ, ոչ ալ կը ներուի որ իրենց աղիկամի ձգտումներուն հետեւին կամ պարզապէս եւ բացարձակապէս իրենց անձնական հասկացողութեամբ կամ պատճառաբանութեամբ եզրակացութիւններ կազմեն:

Մեր կարծիքը աւելի յստակ կերպով իմացնելու համար, պէտք կը զգանք յիշեցնել, թէ հարկ է տարբերութիւն մը հաստատել եւ իրարմէ որոշակի զատել դաւանութիւն եւ վարդապետութիւն կոչուած կէտերը: Դաւանութիւն Սուրբ Գիրքէն քաղուած եզրակացութիւն եւ ճշդութեամբ բացատրուած նախադասութիւն մըն է, յստակ եւ որոշ բառերով: Եկեղեցիի կողմէն այս կերպով հռչակուած սկզբունք մը, պէտք է որ նոյն եկեղեցւոյն ամէն հաւատացեալնրու կողմէ բացարձակ կերպով ընդունուի, չընդունած պարագային նոյն եկեղեցւոյ ծոցէն դուրս մնալու պայմանով: Վարդապետութիւն ալ նմանապէս Սուրբ Գիրքէն քաղուած եւ ճշդութեամբ բացատրուած նախադասութիւն մըն է, որ պէտք է միշտ յստակ ըլլայ եւ աւանդութեան մը հետեւողութեամբ հաստատուի, որով իբր ողջամիտ եւ ճշմարիտ կամ ճշմարտանման սկզբունք կրնայ ընդունելի ըլլալ, բայց երբեք բացարձակ կերպով հաւատացուելու հարկ չի պարունակեր, եւ չընդունուած ատեն եկեղեցւոյ ծոցէն մերժուած ըլլալու հտեւանքը չ՝արտադրեր: Ուրիշ բացատրութեամբ, դաւանութիւնը եկեղեցւոյ հեղինակութեամբ զօրացած ճշմարտութիւն է, վարդապետութիւնը դպրոցներու հեղինակութեամբ հաստատուած կէտն է: Դաւանութիւնը կը պատկանի հաւատքին եւ կրօնքին, վարդապետութիւնը կը պատկանի ուսման եւ աստուածաբանութեան:

Հնագոյն եւ հնաւանդ եկեղեցիներ միշտ տիեզերական ժողովներու հեղինակութեան դիմեցին, քանի անգամ որ պէտք ունեցան հաւատալիքի վերաբերեալ կէտի մը շուրջը ծագած դժուարութիւնը լուծելու եւ ճշմարտութիւնը հաստատելու: Սոյն այս կանոնը խղճամիտ կերպով ընդունուեցաւ եւ առանց բացառութեան պահուեցաւ դարերու ընթացքին մէջ՝ ամէն հնաւանդ եկեղեցիներէ:

Միայն Հռոմէական եկեղեցին համարձակեցաւ, իննեւտասներորդ դարուն երկրորդ կէսին մէջ, տիեզերական ժողովներէն կապտել այդ բացառիկ իրաւունքն ու հեղինակութիւնը, եւ անոնք իւր պապին սեփականութիւնը դարձնել: Բայց այդ յափշտակութիւնը իրականացնելու եւ արդարացնելու համար ալ, պարտաւորուեցաւ նոյն այն ժողովական հեղինակութեան դիմել, զոր կը կապտէր ու կը ջնջէր, որ է ըսել թէ կերպով մը զայն բարոյական անձնասպանութեան դատապարտեց: Բայց այդ տարօրինակ գործին վրայ աւելի երկարելու պէտք չենք տեսներ:

Ընդհանրապէս ընդունուած է, թէ տիեզերական ժողովին վերագրուած եւ դաւանական հաւատալիքներ հաստատելու հեղինակութիւնը կը բղխի գլխաւորապէս այն աստուածային հովանաւորութենէն, որ անոր խոստացուած է, կամ ուրիշ բացատրութեամբ, այդ հեղինակութիւնը հիմնուած է այն հոգեկան օժանդակութեան վրայ՝ որ Քրիստոսէ իւր եկեղեցւոյն ապահովուած է: Սակայն ուրիշ կողմէ, նոյնիսկ տրամաբանական տեսութեամբ ալ, կրնայ հաստատուիլ այդ հեղինակութեան ոյժը, հիմնուելով աւանդութեան ընդհանուր տարածականութեան եւ ժամանակով մերձաւորութեան վրայ; Այդ պատճառով տիեզերական ժողովներու մէջ իբր հեղինակութեան փաստ, աւելի ներկայացւած եկեղեցիներու թիւն է որ նկատի կ՝առնուի, քան թէ ներկայ անհատներու թիւը: Ասկէ կը հետեւի, որ երբ ժողովին ներկայ անդամները միեւնոյն եկեղեցւոյ կը պատկանին, եթէ հազարներով ալ ըլլան, միայն մէկ եկեղեցւոյ, եւ ոչ ընդհանուր եկեղեցւոյ աւանդութիւնը կը ներկայեն: Մինչ եթէ զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ հաւաքուած ըլլան, եթէ թիւով ալ քիչ ըլլան, ընդհանուր եկեղեցւոյ զանազան մասերուն կարծիքները կամ աւանդութիւնները կը ներկայեն, եւ տիեզերականութեան հեղինակութիւն կը կազմեն:

Միեւնոյն կերպով, եթէ ժամանակի մերձաւորութիւն կայ աւանդութեան սկզբնաւորութեան եւ անոր վկայուելուն մէջ, վկայութիւնը կրնայ ոյժ մը ունենալ: Թէ ոչ, հնա՞ր է միթէ որ տրամաբանօրէն եւ բանականօրէն մտածելով՝ իբրեւ վստահելի եւ արժանահաւատ վկայութիւն ճանչցուի, հազարինըհարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած եղելութեան կամ տեսութեան վրայ, այնչափ ժամանակ ետքը ապրողներէ տրուած յայտարարութիւն մը:

ԻԲ.
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆԸ


Ըսինք արդէն, թէ տիեզերական ժողովներն են, որ հնաւանդ եկեղեցիներու ընդունուած սկզբունքով, հաւատոյ դաւանութիւններ արտասանելու եւ վճռելու հեղինակութիւնը կը վայելեն: Այդ սկզբունքէն ամենէն աւելի օգուտ քաղել փորձած է Լատին Կաթոլիկ Հռոմէական եկեղեցին: Անոր կազմած եւ ընդունած տիեզերական ժողովները թուով քսանի կը հասնին, սկսելով Հիկիոյ առաջին ժողովէն, մինչեւ Վատիկանի ժողովը, իննեւտասներորդ դարուն վերջերը: Յոյն-Որթոդոքս կամ Բիւզանդական եկեղեցին միայն եօթը ժողովներ կ՝ընդունի, եւ նոյն տեղէն սկսելով կը վերջանայ Նիկիոյ ժողովով, որ ութերորդ դարուն մէջ գումարուած է: Իսկ Հայոց Եկեղեցին աւելի արմատական է այս մասին, եւ կ՝ընդունի մի՚այն առաջին երեք, այսինքն 1. Նիկիոյ (325), 2. Կոստանդնուպոլսոյ (381) եւ 3. Եփեսոսի (431) ժողովները, որոնք հաւասարապէս ընդունուած են թէ՚ Յոյներէն եւ Լատիններէն: Հայ Եկեղեցին բնաւ տիեզերականութեան ոյժ եւ հեղինակութիւն չի տար միւս չորս ժողովներուն, զորս Յոյներ եւ Լատիններ համաձայնութեամբ կ՝ընդունին, եւ են 4. Քաղկեդոնի (451), 5. Կոստանդնուպոլսոյ Բ. (553), 6. Կոստանդնուպոլսոյ Գ (681), եւ 7. Նիկիոյի Բ. (787) ժողովները: Նմանապէս չ՝ընդունիր ուրիշ տասներեք ժողովներն ալ, զորս մի՚այն Լատիններ իբր տիեզերական կը ճանչնան, եւ են 8. Կոստանդնուպոլսոյ Դ (889), 9. Լատերանու Ա. (1123), 10. Լատերանու Բ. (1139), 11. Լատերանու Գ. (1179),

12. Լատերանու Դ. (1215), 13. Լուգդոնի Ա. (1245), 14. Լուգդոնի Բ. (1274), 15.Վիեննիոյ (1311), 16. Կոստանդիոյ (1414), 17. Փլորենտիոյ (1434), 18. Լատերանու Ե. (1512), 19. Տրիդենտոնի (1563) եւ 20. Վատիկանի (1870) ժողովները: Պատմական յօդուածներուն մէջ յառաջ բերած ենք Քաղկեդոնի ժողովին շուրջ դարձած խնդիրները, եւ քանի որ Հայեր երեքէն անդին չեն անցած, միւս ժողովներուն նկատմամբ յատուկ խնդիրներ յուզուած չեն:

Պէտք է խոստովանիլ թէ ամէն մի հաւատալիք իրեն անթափանցելի գաղտնիքներովը կամ խորհուրդներովը, մարդկային իմացականութեան համար մտաւորական ծանրութիւն մըն է: Բայց քանի որ քրիստոնէական հաւատքը, զոր կը դաւանինք, այդպիսի զոհողութիւն մը կը դնէ մարդկային միտքին վրայ, պէտք է իբր մեծ իմաստութիւն ճանչնալ, եթէ այդ զոհողութիւնները տարապարտ չեն բարդուիր եւ զեղծումներու դուռ չեն բանար: Հետեւաբար իրաւունք կ՝ունենանք համարձակ հռչակել, թէ խոհական գործ չեն ըներ անոնք, որ առանց ստիպման եւ առանց օգտակարութեան դաւանական գաղտնիքներու բեռը կը ծանրացնեն, հաւատալիքներու թիւը կը բարդեն, եւ տիեզերական ժողովներու շարքը կ՝երկարեն: Հարկաւ մէկ մը պիտի չգտնուի, որ ուզենայ մեր այդ յայտարարութեան հակառակիլ, մանաւանդ ներկայ ժամանակիս մէջ, երբ հաւատք ու հաւատալիք դժուարին տագնապի շրջան մը կ՝անցընեն:

Եթէ պէտք ըլլար Հայ եւ Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներու ճանչցած տիեզերական ժողովներու, եւ հետեւաբար դաւանական եւ պարտաւորիչ հաւատալիքներու քանակները իրարու բաղդատել, եւ թուաբանական տարազի կամ ձեւի ներքեւ ցուցանել, հնար էր հետեւեալ համեմատութիւնը կազմել:

ՀԱՅ: ՅՈՅՆ: ԼԱՏԻՆ: : 3: 7: 20

այս ձեւը յայտնապէս նպաստաւոր է Հայոց Եկեղեցւոյն: Կը յուսանք թէ մեծապէս ալ գնահատուած կ՝ըլլար ամէն հիմնապէս եւ անկեղծ քրիստոնեաներէ եւ եկեղեցասէր անձերէ, եթէ կատարելապէս ճանչցուած եւ մօտէն ուսումնասիրուած ըլլար եկեղեցական խնդիրներով զբաղող մատենագիրներէ: Առիթ ունեցած ենք այդ մասին խօսակցութեան մտնել գիտնական անձերու եւ դիւանագէտ Եւրոպացիներու հետ, եւ անոնց կարծիքը ուզել Հայադաւանութեան, այսինքն Հայոց Եկեղեցւոյ հաւատքին չափաւորութեան վրայ: Ամէնքն ալ համամիտ գտնուած են խստովանելու, թէ դաւանական եւ անթափանցելի հաւատալիքներու մէջ՝ լաւագոյն է հնարաւոր չափաւորութեան կողմը երթալ: Այս վկայութիւնները բաւական են վստահեցնելու Հայադաւան հաւատացեալը, թէ ամէն խղճամիտ եւ անկեղծ մարդ պիտի գնահատէ Հայ Եկեղեցւոյ ուղղութիւնը:

Եթէ երբեք, անակնունելի յաջողութեամբ մը հնար ըլլար, որ գլխաւոր հնաւանդ եկեղեցիներ իրարու հետ, ոչ թէ միաւորութեամբ եւ ձուլմամբ կատարեալ միութեան հասնէին, այլ գոնէ մէջերնին փոխադարձ եւ համերաշխ հաշտութեան մը յանգէին, հարկաւ Հայ Եկեղեցւոյ դրութենէն տարբեր գետին մը պիտի չկարենային գտնել, ցանկացեալ խաղաղութիւնը իրականացնելու համար: Մերձեցումներ ուրիշ կերպ չէին կրնար կատարուիլ, բայց ամենուն կողմէն ընդունուած եւ խնդրոյ նիւթ չեղած կէտերուն վրայ հիմնուելով, եւ համաձայնութեան համար հարկ եղած պայմաններուն մասին ամենանուազ թիւը ընդունելով: Այս կերպո՚վ միայն հնար կը լինի տարաձայնութեանց առիթ կէտերը մէջտեղէն վերցնել:

Հայ Եկեղեցւոյ ընդունած դաւանական հաւատալիքներուն քիչութիւնը, պէտք չէ որ պատահակն պարագայի, ոչ ալ անխորհուրդ պատահարի մը վերագրուի: Այդ բանը վարդապետական ուղղութեան մասին ընդունուած խոհական սկզբունքի մը հետեւանքն է: Արդէն բացատրեցինք թէ տիեզերական ժողովներուն վերագրուած հեղինակութեան գլխաւոր հիմը, զանազան եկեղեցիներու համամիտ մերձաւորւթեան հաստատուած է, եւ եթէ այդ միաձայնութեամբ կը բացատրուի, ընդհանուր եկեղեցւոյ զանազան մասերուն իսկապէս եւ իրապէս համամիտ եւ համակարծիք ըլլալը: Իսկ այս համամտութիւնը գործնականապէս յայտնուեցաւ առաջին երեք ժողովներուն մէջ, որոնք 324-է 431 տարիներու միջոցին գումարուեցան, որ է ըսել քրիստոնէական եկեղեցւոյն յաղթական կացութեան յաջորդող դարուն կամ հաիւրամեայ միջոցի ընթացքին մէջ: Այդ միջոցին բոլոր եկեղեցիները համամիտ էին իրենց տեսութեանց մէջ, եւ համաձայն էին դաւանական կէտերը ըմբռնելու մասին: Հակառակ կարծիք ունեցողներ, թէպէտ բազմաթիւ ալ եղած ըլլան, ինչ որ Արիանոսաց պարագային տեսնուեցաւ, անհատական տարաձայնութիւններ ըլլալէ անդին չանցած, եւ երբեք ամբողջ եկեղեցւոյ մը մէջ տիրապետող եւ անկէ պաշտօնապէս ընդունուած դաւանութիւն չեղան: Պէտք է եւս նկատի առնել, որ այդ առաջին ժամանակամիջոցին ատեն, զանազան աթոռներու մէջ յառաջնութեան կամ փոխադարձ յարաբերութեան, կամ գերագոյն ազդեցութեան խնդիրները չյուզեցան: Այդ կացութիւնը հիմնապէս փոխուեցաւ երրորդ՝ այսինքն Եփեսոսի ժաղովէն ետքը, երբ աթոռներ իրարու հանդէպ ներհակընդդէմ պահանջներ, եւ իրարու վրայ յաւակնոտութիւններ սկսան հանել. որովհետեւ դաւանական կերպարանի ներքեւ յուզուած խնդիրներու իսկական հիմը ասոնք կը կազմէին: Իւրաքանչիւր պատրիարքութիւն սկսաւ պատրիարքութեանց դէմ վճիռներ արձակել եւ անոնց որոշումները մերժել: Այս եղաւ Քրիստոսի բնութեան մասին յարուցուած խնդրին ալ ընթացքը: Աղեքսանդրիոյ պատրիարքութեան պաշտօնապէս պաշտպանած վարդապետութիւնը, Հռոմէական եւ Բիւզանդական պատրիարքութեանց կողմէ մերժուեցաւ, եւ ուր որ հոգեւոր ոյժը չբաւեց, Մարկիանոս կայսեր քաղաքական զօրութիւնը եկաւ խնդիրը լուծել: Կէս դար ամբողջ իրարու հակասական յայտարարութիւններ շարունակեցին Քաղկեդոնի որոշումներուն եւ հեղինակութեան մասին, որ վերջիվերջոյ Յոյներուն եւ Լատիններուն չորրորդ տիեզերական ժողովը եղաւ: Առանց հիմնական պատճառի չէ՝ որ Հայոց Եկեղեցին իրաւունք ունեցաւ Եփեսոսի խողովը (431) իբր վերջին տիեզերական նկատել, եւ առջեւ չանցնիլ, որովհետեւ անով վերջացաւ բոլոր գլխաւոր եկեղեցիներու համակարծիք համեմատութեան շրջանը: Ասով կ՝արդարանայ այն համոզումն ալ թէ ընդհանուր եկեղեցւոյ համաձայնութիւնը, որ ճշմարիտ աւանդութեան հիմնակէտը կը կազմէ, Եփեսոսի ժողովէն ետքը խանգարուեցաւ եւ ժողովներ իրենց հեղինակութիւնը կորսնցուցին:

Ուրիշ պատճառ մըն ալ, որ Քաղկեդոնի խողովին որոշումը մերժելու առաջնորդեց, նոյնիսկ որոշման առարկայ եղող խնդիրն է: Ժողովական եւ դաւանական որոշումի մը առարկան պէտք է ըլլայ հաւատալիքի մը վճիռը, եւ ոչ թէ բացատրութիւնը: Երեք նախընթաց ժողովներ այդ կանոնին համեմատ գործեցին եւ վճռեցին Յիսուսի Քրիստոսի աստուածութիւնը, Հոգւոյն Սրբոյ աստուածութիւնը եւ Մարդեղութեան իսկութիւնը, որ է աստուածութեան եւ մարդկութեան միաւորութիւնը: Երեք ժողովներու վճիռներով լրացած էին հիմնական հաւատալիքները, որ քրիստոնէական կրօնքին իսկութիւնը եւ իւր էական խորհուրդները կը կազմեն, այսինքն Երրորդութիւն, Մարդեղութիւն եւ Փրկագործութիւն: Քաղկեդոնի ժողովը այդ ուղղութենէն շեղեցաւ, վճռական կէտերէն դուրս ելաւ եւ ուզեց մարդեղութեան խորհուրդին կերպն ու պայմանները բացատրել, եւ աստուածութեան ու մարդկութեան միաւորութեան եղանակը մեկնել: Արդ, ոչ մի պարագայի մէջ, դաւանական կէտի կամ հաւատալիքի մը բացատրութիւնը, նոր դաւանական որոշման մը առարկայ եւ հաւատալիքի մը նիւթ չի կազմեր: Բացատրութիւնները կրնան ուսումնասիրութեանց նիւթ դառնալ, եւ ոչ թէ դաւանական վճիռներու վերածուիլ: Վարդապետներ եւ դպրոցական դասակարգեր եւ մեկնաբաններ պէտք է զբաղին անոնցմով, եւ ոչ թէ տիեզերական ժողովներ: Ասոնք կը վճռեն, անոնք կը բացատրեն: Երբեք պէտք չէր որ տիեզերական ժողով մը դպրոցական մարմնի մը դերը վարելու զիջանէր: Քաղկեդոնի ժողովը՝ տիեզերական ժողովի որոշման յարմար առարկայ մը չունեցաւ:

ԻԳ.
ՀԱՒԱՏՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿԸ


Քրիստոնէութեան առաջին դարերէն սկսելով իւրաքանչիւր եկեղեցի սովորութիւն ունեցաւ իւր դաւանութիւնը պաշտօնական բանաձեւով մը բացատրել, որ Հանգանակ կամ հաւատամք անունը ստացաւ: Լատին Կաթոլիկ եկեղեցին իւր ծիսական պաշտամանց մէջ կը պահէ համառօտ հանգանակ մը, որ Հանգանակ Առաքելոց անունով կը ճանչցուի սովորաբար. բայց ինքն ալ զայն, իբր իւր դաւանութեան ամբողջական ու պաշտօնական արտայայտութիւնը չ՝ընդունիր, եւ այդ կարեւորութիւնը չի տար: Արեւմուտքի ժողովներ եւ պապեր ատէպ իրենց հանգանակը փոխեցին, որպէս զի զայն համաձայնեցնեն այն նորանոր դաւանութեանց, զորս հետզհետէ բարդեցին հաւատքին վրայ, իրենց պահանջկոտութեանց կամ յաւակնութեանց պէտքին համեմատ: Մինչեւ իսկ ասկէ քանի մը տարի առաջ, 1870-ին գումարուած Վատիկանի ժողովը, նոր բացատրութիւններ աւելցուց իւր հանգանակին վրայ: Բայց ամենէն աւելի 1563 տարին փակուած Տրիտենդեան ժողովն եղաւ՝ որ աճեցուց ու ծանրաբեռնեց հաւատալիքներու կամ դաւանական կանոններու ընդարձակութիւնը: Ինչչափ որ Հռոմայ եկեղեցւոյն մէջ աստուածաբանական կամ դպրոցական կարծիքներ կային, ամէնքն ալ հաւատալիքներու վերածեց, եւ նոյնչափ դաւանական կանոններ կազմեց եւ նզովքի սպառնալիքի ներքեւ հաւատալու բռնադատեց: Այնպէս որ Հռոմէադաւան անձն մը ամէն կողմէն պարփակուած, չի կրնար այսօր բաց կողմ մը գտնել՝ ուսկից կարենայ իւր անձնական կարծիքներուն անցք տալ, եւ ոչ ալ ասպարէզ մը որուն մէջ կարենայ իւր ուսումնասիրութիւնները կատարել: Բայց ի՞նչ կ՝ըսեմ: Ոչ թէ ուսումնասիրութիւնը, այլ նոյնիսկ մտածումն ալ հռոմէադաւանին արգիլուած է այլեւս: Նա պէտք է պատճառաբանելէ հրաժարի, մինչեւ իսկ իւր իմացականութեան կիրառութենէն ալ զգուշանայ, որովհետեւ անհնար է իրեն որեւիցէ կրօնական կէտի մը վրայ խորհրդածել, առանց իւր ճամբուն վրայ դաւանական կանոնի մը հանդիպելու, որ վրջնականաբար կը փակէ իւր ուսումնասիրւթեանց ասպարէզը: Պապական իշխանութեամբ դատապարտուած նախադասութիւններու վերջին ցուցակը (Syllabus), որ նպատակ ունի Արդիականներու (Modernistes) տեսութիւնները խափանել, այդ մասին ձեռք առած միջոցներուն գագաթնակէտն է: Արդիականներու անունին ներքեւ կը դատապարտուին հռոմէադաւան եկեղեցականութեան մէջ գտնուող լաւագոյն անդամները եւ գիտնական անհատները, որոնք կը ջանան կերպով մը պատռել ժողովական կանոններով եւ պապական վճիռներով սեղմուած նեղ շրջանակը: Հնար է համարձակ յայտարարել թէ պապական վերջին կոնդակը վճռապէս հռչակած է եկեղեցւոյ եւ գիտութեան ապահարզանը:

Արդ, այդ երեւոյթներէն եւ ոչ մին տեղի չէր կրնար ունենալ Հայոց Եկեղեցւոյն մէջ: Ստոյգ է, որ ան ալ ունեցած է ազգային ժողովներ, որոնց մէջ վարդապետական որոշումներ ալ տրուած են: Բայց Հայ Եկեղեցին երբեք յաւակնեութիւն չէ ունեցած՝ իւր որոշումներուն դաւանական հաւատալիքի ոյժը տալ, եւ ոչ ալ իբր հերետիկոսներ եւ հերձուածողներ դատապարտած է այն եկեղեցիներէ որ իրեն ընդունած վարդապետութեան չեն համակերպեր: Ամէն վարդապետական կէտեր, որոնք բաժանման գիծ մը կը գծեն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ուրիշ եկեղեցիներու մէջտեղ, մեր յայտարարութիւնը հաւաստելու մի մի փաստեր են, քանի որ երբեք ուրիշ եկեղեցիներու վրայ բռնանալու կերպեր գործածուած չեն:

Հայոց Եկեղեցին իսկապէս տիրապէս տիեզերական ժողովնրէն զատ ուրիշ որեւէ մարմնի կամ աստիճանաւորի վրայ իրաւունք չի ճանչնար դաւանական վճիռներ արձակելու, որ է ըսել թէ այդ իրաւունքը կը վերագրէ միայն ա՚յն մարմինին, որուն մէջ քրիստոնէութեան ամէն ճիւղերը կը միանան, եւ համամիտ ու համաձայն կը գտնուին յայտնեալ ճշմարտութեան մէկ կէտին վրայ: Այդ համամիտ համաձայնութիւնը, այլեւս ճշմարտուած չէ հինգերորդ դարուն մէջ սկսած պառակտումէն ի վեր, եւ պէտք է յայտնապէս ըսենք, թէ հնար ալ պիտի չըլլայ որ ասկէ ետքն ալ ճշմարտուի, քանի որ կը շարունակեն այն հակառկութիւնները՝ որոնց համար եկեղեցիները իրարմէ բաժնուած են:

Հայ Եկեղեցւոյ ընդունած հանգանակը, որ ծիսական պաշտամանց մէջ ալ կը գործածուի, Աթանասեան խմբագրութիւնն է, որ Նիկիոյ ժողովին ժամանակ պատրաստուած է, եւ գրեթէ բացառապէս Մարդեղութեան խորհուրդին շուրջը կը դառնայ: Անիկա է որ առանց փոփոխութեան եւ առանց յաւելուածոյ նոյնութեամբ պահուած է մինչեւ հիմա: Ասկէ զատ երկրորդ հանգանակ մըն ալ կայ, որ աւելի ուշ պատրաստուած է, եւ կը գործածուի գլխաւորապէս ձեռնադրութեանց ատեն, եւ ընծայացուներ զայն պիտի արտասանեն բարձր աստիճաններ առելէ առաջ: Այս երկրորդը առաջին հանգանակէն ուրիշ տարբերութիւն չունի, բայց եթէ որ միեւնոյն նախադասութիւնները աւելի յստակ դարձուածքով բացատրուած են, եւ գլխաւորապէս Յիսուսի Քրիստոսի բնութեանց պատկանող կէտին մէջ:

Այդ բացատրական բանաձեւը հարկ եղաւ կազմել, որպէս զի հերքուի եւտիքականութեան զրպարտութիւնը, որ կանուխէն Հայոց Եկեղեցւոյն դէմ յօրինուեցաւ անխորհուրդ պարզամտութեամբ, եթէ կամաւոր չարամտութեամբ չէ: Գործածուած բացատրութեամբ Քրիստոսի վրայ կը խոստովանուի Միաւորեալ մի բնութիւն: Եւտիքէսի վարդապետութեամբ Քրիստոսի կը վերագրուէր երկու բնութեանց շփոթութիւն եւ խառնակութիւն, որպէս զի Քրիստոսի վրայ անհատական միութիւն մը ճշմարտուի: Ասոր հակառակ է Հայոց Եկեղեցւոյն դաւանած միութիւնը կամ միաբնակութիւնը, եւ կատարելապէս նոյն է Կիւրեղեան եւ Եփեսոսեան բանաձեւին հետ, Մի բնութիւն Բանին մարմնացլոյ: Եթէ Մարդեղութեան խորհուրդին մէջ երկու բնութիւնները, այսինքն աստուածութիւնն ու մարդկութիւնը, երկուութեան որեւէ ձեւ մը պահած ըլլային, նովին իսկ Յիսուսի չարչարանքն ու մահը, իրենց աստւածամարդկային կերպարանը կորուսած կ՝ըլլային, եւ փրկագործութեան խորհուրդին կը պակսէր իւր հիմնական զօրութիւնը, լոկ մարդկութեան գործ դառնալով: Այս կերպով երեւան եկած կ՝ըլլար Նեստորի վարդապետած երկուութիւնը, որ իբր մոլորութիւն մերժուեցաւ: Միութեան, կամ աւելի եւս միաւորութեան զանազան տեսակներուն մէջէն, անիկա որ աւելի մրձաւոր կրնանք նկատել Քրիստոսի գերբնական միաւորութեան, անոր հետ բաղդատելու եւ անիկա բացատրելու համար, մարդուն վրայ տեսնուած հոգիի ու մարմնի միաւորութիւնն է: Որովհետեւ հակառակ հոգիի եւ մարմնին տարբերութեան, հնար չէ ուրանալ մարդկային բնութեան միութիւնը: Ըստ այսմ Հայ Եկեղեցւոյ ընդունած եւ պաշտպանած Միաբնակութիւնը Եփեսոսի հաստատած միութիւնն է, եւ ոչ Եւտիքէսի վարդապետածը, որոնք էապէս կը տարբերին: Եւտիքէսի անունն ալ պաշտօնապէս եւ հանդիսաւորապէս կը նզովուի Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կողմէն, Արիոսի, Մակեդոնի եւ Նեստորի անուններուն կարգին, եւ հնար թէ զայն իբր Եւտիքական ամբաստանել, առանց տգիտութեան մեղադրանքի ներքեւ իյնալու, եթէ չարամտութիւն ալ ըսել չուզենք:

Հայ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եւ Յոյն Որդոտոքս եկեղեցւոյ մէջ՝ երկուքը իրարմէ բաժնող տարբերութիւն ըլլալով, պիտի նշանակենք միայն Հայոց կողմէն Քաղկեդոնի ժողովին մերժումը, եւ հետեւաբար անկէ ետքը ժողովներն ալ չճանչնալը: Մնացեալ դաւանական կէտերու նկատմամբ երկու եկեղեցիներ կատարելապէս համաձայն են: Որովհետեւ պէտք է գիտնալ որ եթէ Հայոց Եկեղեցին Քաղկեդոնէ ետքը Յոյներու կողմէ գումարուած ժողովները չի ճանչնար, ոչ թէ նովին իսկ նոյն ժողովներու մէջ ընդունուած կէտերը մերժած կ՝ըլլայ: Այսպէս երեք Գլուխներու դատապարտութիւն, որ հինգերորդ ժողովին մէջ որոշուեցաւ, եւ որ պարզ եւ յստակ վերադարձ մըն էր եփեսոսական վճիռներուն, յայտնապէս Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան հաստատութիւնն եղաւ: Իսկ վեցերորդ ժողովին մէջ յուզուած միակամեայց խնդիրը, նորէն յետադարձ մըն էր դէպի քաղկեդոնական դրութիւնը: Եօթներորդ ժողովին մէջ որոշուած պատկերներու խնդիրը, աւելի ծիսական բնութիւն ունէր քան վարդապետական: Հայոց Եկեղեցին ալ, առանց մերժելու պատկերներու յարգութիւնը, զայն շատ սեղմ եւ ամփոփ չափի վերածած է: Արձաններ, այսինքն մարդակերպ անդրիներ, բոլորովին իսկ արգիլուած են, հին կռապաշտութեան երեւոյթն ալ ջնջելու համար: Նկարէն պատկերներուն եւ հարթաքանդակ պատկերներուն գալով, կը հրամայէ զանոնք յատուկ օրհնութեան եւ միւռոնի օծման ենթարկել, որպէս զի որեւէ արուեստակերտ եւ սովորական առարկաներէ զատուին, եւ այդ տեառնագրութենէն ետքը միայն կ՝արտօնէ եկեղեցիներու մէջ եւ խորաններու վրայ զետեղել: Հակառակ ուրիշ եկեղեցիներու հաւատցեալներուն սովորական դարձած բարեպաշտութեան, Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացելոց ներեալ չէ տուներու եւ ուրիշ բնակարաններու կամ հասարակաց տեղերու մէջ հոգեւոր յարգանց առարկայ եղող պատկերներ զետեղել, որով որոշակի կերպով իրարմէ կը զատուին հոգեւոր յարգանքի եւ արուեստական զարդի առարկաները:

Դաւանական բացատրութեանց կամ բանաձեւերու վրայ ալ խօսելով, Հայոց Եկեղեցին խղճամիտ ճշտութեամբ անփոփոխ կը պահէ նախկին եւ աւանդական ձեւերը: Այդ պատճառով նա չ՝ընդունիր Եւ յՈրդւոյ յաւելուածը, առանձնական դատաստանը, մաքրարանի (Purgatoire) պատիժները, մահուընէ անմիջապէս ետքը երենաւէտ տեսութիւնը, գոյացափոխութեան դրութիւնը, ներողամտութիւններու ձեւակերպութիւնը եւ պապական կոչուած իշխանութեան վարդապետութիւնը: Այդ ամէն նորութիւնները, որոնք Լատին Կաթոլիկ եկեղեցին հետզհետէ աւելցուցած է, հետեւանք են ինչ ինչ նախկին սովորութեանց կամ իրողութեանց տրուած քմահաճ եւ անտեղի մեկնութիւններուն:

Հայոց Եկեղեցին, դաւանական կէտերու նկատմամբ իբրեւ կանոն կ՝ընդունի՝ նուազագոյն չափին եւ անհրաժեշտ պահանջին սահմաններէն անդին չանցնիլ, կը սիրէ խստոգոյն պահպանողութեան հաւատարիմ մնալ: Այն մեծ սկզբունքը, որ Արեւմտեան եկեղեցւոյ վարդապետներէն մէկը հռչակած է, բայց որ նոյն եկեղեցւոյ հետեւողներէն մոռացութեան տրուած է, Հայոց Եկեղեցւոյն մէջ անխախտ եւ գործածական օրէնք եղած է: Միութիւն ի կարեւորս կանոնը՝ անհրաժեշտ կարւորին մէջ ամփոփուած, Ազատութիւն յերկբայականս՝ Ամենէն ընդարձակ առումով գործածուած է, եւ այդ երկու հիմնական կանոններով միայն հնարաւոր կը կարծէ ապահովել ընդհանուր եկեղեցւոյ մէջ եւ մասնաւոր եկեղեցիներու միջեւ քրիստոնէական սէրը, որ է Սիրելիութիւն յամենայնի:

ԻԴ.
ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ


Լատին Կաթոլիկ եկեղեցին, որուն տարամերժիկ առանձնականութեան հոգին աշխարհաքարոզ է, իրեն իբր սկզբունք հռչակած է՝ աններողամիտ դրութեան յայտարար բանաձեւը, թէ Արտաքոյ Հռոմէական եկեղեցւոյ չիք յաւիտենական փրկութիւն: Յոյն Որդոտոքս եկեղեցին ալ միւս կողմէն, թէպէտ այսպէս չ՝ըսեր, բայց կը մերժէ վաւերական ճանչնալ իրեն ընդունած ձեւերէն տարբեր կերպով մատակարարուած խորհուրդները, եւ այս պատճառով կրկնամկրտութեան եւ կրկնաձեռնադրութեան ծայրայեղութիւններու ալ կը դիմէ (*): Այնպէս որ այս երկու եկեղեցիները, որ իրենց սեփականած են ընդհանրական (catholique) եւ տիեզերական (oecume'nique) մեծահնչուն անունները, իրենց անտոպար անդարձակութիւնը ցուցնելու համար, իրենց սկզբունքով ալ անհատական շրջանակին մէջ ամփոփուած մնալու կը ստիպուին, երբոր իրենցմէ դուրս եղող բազմութեան հետ անհաղորդ կը մնան:

Հայոց Եկեղեցին բնաւ այս տեսակ աններողամիտ հոգի մը չունի, եւ չ՝ընդունիր որ որեւիցէ մասնաւոր կամ ազգային եկեղեցի որչափ ալ ընդարձակ ըլլայ, իրաւունք ունենայ իրեն սեփականել ընդհանրական կամ տիեզերական եկեղեցւոյ նկարագիրը: Հայոց Եկեղեցին կը պնդէ ու կը պաշտպանէ, որ ճշմարիտ ընդհանրականութիւնը կը ճշմարտուի բոլոր այն եկեղեցիներու համախմբութեան մէջ, որոնք կը համաձայնին Միութիւն ի կարեւորս մեծ կանոնին շուրջը, եւ հաւասարապէս կ՝ընդունին եւ կը դաւանին այն ճշմարտւթիւնը, որոնք քրիստոնէութեան հիմնակէտերը կը կազմեն: Իսկ այս հիմնական ճշմարտութիւններն ալ Հայոց Եկեղեցին ամենէն նեղ չափին կը վերածէ, եւ իբրեւ կարեւոր չ՝ընդունիր, բայց եթէ առաջին երեք ժողովներու կողմէ արձկուած դաւանական վճիռները, որոնք տրուած են ա՚յն միջոցին, երբ բոլոր գլխաւոր եկեղեցիներ իրարու հետ փոխադարձ սէր եւ հաղորդակցութիւն կը պահէին եւ քրիստոնէական միութիւն ունէին: Այս սկզբունքին զօրութեամբ եւ Հայոց Եկեղեցւոյ դրութեամբ, այն ամէն եկեղեցիները, որ Երրորդութեան եւ Մարդեղութեան եւ Փրկագործութեան էական դաւանութիւնները կ՝ընդունին, ընդհանրական եկեղեցւոյ մէջն են, կամ որ նոյն է, տիեզերական եկեղեցւոյ մաս կը կազմեն, եւ հետեւաբար իրենց հաւատացեալները յաւիտենական փրկութեան առաջնորդելու առաւելութիւններէն զրկուած չեն: Միեւնոյն տեսութեամբ այդ եկեղեցիները պէտք է իրարու մէջ անխափան պահպանեն եւ գործադրեն հաղորդակցութիւն ի հոգեւորականս դրութեան պահանջած յարաբերութիւնները, որով հռչակած կ՝ըլլան հաւատոյ եւ սիրոյ միութիւնը, որ է նոյնիսկ Քրիստոնէական միութիւն:

Ասնոցմէ դուրս մնացող վարդապետական կէտեր կրնան ընդունուիլ կամ մերժուիլ, թէ՚ մասնաւոր ժողովներու որոշմամբ, եւ թէ եկեղեցւոյ վարդապետնրու հեղինակութեամբ, առանց երբեք ընդհանուր միութեան եւ քրիստոնէական հաղորդակցութեան վնաս մը պատճառելու: Որովհետեւ էական դաւանութիւններէ դուրս եղող վարդապտական կէտեր պարզապէս երկրորդական նկարագիր ունին, ինչպէս յաճախ ըսինք ու կրկնեցինք: պարզ վարդապետական կէտերը չունին էական դաւանութեանց ծանրակշռութիւնը, եւ կրնան առարկայ ըլլալ դպրոցական դրութեանց եւ ազատ ուսումնասիրութեանց: Բաւական է որ հետազօտութիւններէ քաղուած եզրակացութիւններ, երեք առաջին սուրբ ժողովներէ վճռուած դաւանութեանց հանդէպ հակասութեան մէջ չգտնուին: Միեւնոյն պատճառով մասնաւոր եկեղեցիներն ալ, որ տարբեր դրութիւններու կը հետեւին, այս պատճառով ընդհանրական եկեղեցւոյ միութեան շրջանակէն դուրս մնացած չեն ըլլար, ինչպէս որ իրաւունք ալ ունեցած չեն ըլլար, իրենց մասնաւոր տեսութիւնը կամ դրութիւնը կամ վարդապետութիւնը, հրամայական ու բռնադրիչ կերպով ուրիշներուն պարտաւորիչ հռչակել:

Մենք կը կարծենք, թէ այս կէտերը բացատրելով եւ այս տողերը գրելով, որով Հայոց Եկեղեցւոյն աստուածաբանական դրութիւնը եւ լայնախոհ ազատամտութիւնը կը պարզենք, ճամբայ մը բացած կ՝ըլլանք քրիստոնէութեան ապագային համար: Թերեւս առջի բերան յաւակնութիւն կը կարծուի մեր այս մտածմունքը, սակայն մեղադրելի չենք ըլլար, երբ որ դիտուի թէ այդ դրութիւնը լիովին կը համապատասխանէ դարուս հոգիին եւ ժամանակին զգացումներուն: Այս դիտողութիւնն ալ շատ դիւրին է ամէն ուղղամիտ խորհողի, որ նախապաշարեալ կամ շահադիտական մտածումներ չունի: Ով որ անկաշկանդ կերպով կը դատէ, պէտք է խոստովանի, թէ այդ սկզբունքները կը կազմեն միակ եղանակը, որով հնար է Քրիստոսի Աւետարանին յաւիտենական ժառանգութիւնը հաշտեցնել ներկայ դարուս ձգտումներուն հետ:

Չենք քաշուիր յայտարարել, թէ թոյլատու ներողամտութեան եւ լայնախոհ ազատամտութեան հոգին, որ Հայոց Եկեղեցւոյն ընդունած հիմնակէտը կը կազմէ, յաճախ իրեն դէմ ելած եւ իրեն վնասակար եղած է: Որովհտեւ այդ դրութեան հետեւանքն եղած է այն յաջողութիւնը, զոր օտար եկեղեցիներու քարոզիչներ գտած են իւր հաւատացեալներուն մէջ, եւ որով մարդորսութիւնը ընդարձակուած է: Այսպէս եղած է ոչ միայն միջին դարուն ատենները, այլ եւ նոյնիսկ մեր օրերը: Պետք չունինք կրկնել ինչ որ պատմական յօդուածներուն մէջ գրեցինք, այսինքն է կաթոլիկ եւ փրօթեստան քարոզիչներուն վերջին դարուն մէջ գտած յաջողութիւնը, եւ այդ յարանուանութիւններով անջատ հասարակութիւններ կազմելը: Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն ուրիշ դաւանութեան անցնելու դիւրութիւն տուող եղաւ նոյնիսկ իրենց ստացած կրօնական դաստիրակութիւնը, որով միշտ յարգ ու վարկ զգացած են ուրիշ եկեղեցիներու վարդապետութեանց հանդէպ: Հայադաւանը իւր մանկութենէն սկսելով՝ չէ լսած երբեք, որ իւր եկեղեցւոյն ծոցէն դուրս ապրող քրիստոնեան՝ հարկաւ յաւիտենական փրկութենէ զուրկ ըլլալու սահմանուած է, եւ ոչ ալ իրեն ըսուած է թէ հանդերձեալ աշխարհի յաւիտենական պատիժներուն դատապարտուած պիտի ըլլայ, եթէ իւր ազգային եկեղեցւոյն ծոցէն հեռանայ: Հայադաւանը համոզուած է, որ իւր փրկութիւնը ապահովելու համար, բաւական է որ քրիստոնէութեան էական դաւանութիւնը պահէ, եւ իւր գործերը բերի ըլլան, եւ իւր կեանքը համաձայն ըլլայ Աւետարանին բարոյական պատուէրներուն: Քրիստոնէութեան գաղափարին այդ լայնախոհ ըմբռնումը դիւրաւ համոզեց հայադաւան հաւատացեալը օտար դաւանութեան եկեղեցիներում անցնիլը, երբոր տեսաւ որ կրնար իւր արտաքին եւ նիւթական շահերը ապահովել կամ ընդարձակել, առանց իւր ներքին եւ հոգեւորական շահերը վտանգելու: Այդ ազատամիտ ըմբռնումն է, որ կը բացատրէ օտար եկեղեցիներու քարոզիչներուն ունեցած յաջողութեան գաղտնիքը, որ Հայ Եկեղեցւոյ ծոցը շարունակ երկպառակութիւններ եւ անջատումներ դիւրացուց, եւ որ Հայուն միութեան եւ ամբողջութեան շինուածը վտանգեց: Չկարծուի թէ Հայ Եկեղեցին չգիտցաւ կամ չիմացաւ՝ թէ օտարներու առջեւ դիւրութեանց դուռ բացած կ՝ըլլայ: Նա լաւ գիտէր ի՚նչ անախորժ եւ աղետալի հետեւանքներ կրնային յառաջ գալ իւր թոյլատու ներողամտութեան սկզբունքներէն, այդ հետեւանքներուն փորձառութիւնն ալ ունեցաւ, բայց հակառակ գիտակցութեան եւ փորձառութեան, սիրեց հաստատուն մնալ աստուածաբանական լայնախոհութեան եւ եկեղեցական ազատամտութեան սկզբունքներուն վրայ, զոր անխախտ պահեց, եւ պիտի պահէ ասկէ ետքն ալ: Իրեն համար արժանաւոր փառքի փայլուն անուն մը պիտի ըլլայ, եթէ երբեք իւր օրինակով եւ իւր սկզբունքով քրիստոնէական եկեղեցիներուն հաշտութեան ու մերձաւորութեան հնարաւոր միջոցը ցուցնէ, ինչ որ բաղձալի էր իբր հաւանական նկատել:

(*) Ընդհանրապէս Յոյն եկեղեցին ներկայիս նմանօրինակ ծայրայեղութիւններ չ՝ըներ:
ԾՆԹ.ՀՐԱՏ.

ԻԵ.

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ


Եկեղեցական պատմութեան մէջ ստուգուած կէտ մըն է, թէ եկեղեցւոյ խորհուրդներու թիւը եօթնի վրայ հաստատելը շատ ուշ կատարուած իրողութիւն մըն է, երկոտասներորդ դարու կէսին, եւ այս Արեւմուտքի Դպրոցականներուն (Scolastiques) ձեռքով, որ ամէն ճիգ թափեցին եօթն խորհուրդներու թիւը ամենուն ընդունիլ տալու համար: Բայց ոչ նախնի սուրբ հայրեր եւ ոչ հին վարդապետներ եօթն թիւի մասին յիշատակութիւն ըրած չեն: Ամենէն հիները մի՚այն երկուխորհուրդներու վրայ խօսած են, որոնք հետղհետէ աճած եւ մինչեւ տասներկու հասած են: Եօթը թիւը հաստատող ամենէն հին պաշտօնական որոշումը տրուած է Փլորենտիոյ ժողովէն, հինգեւտասներորդ դարուն մէջ: Հայերը այդ մասին առաջին տեղեկութիւնը ստացան Լատին քարոզիչներէն: Այս ծանօթութիւնները բաւական են հաստատել, թէ եօթը խորհուրդներու դրութիւնը պարզ վարդապետական կէտ մըն է, եւ ոչ դաւանական վճիռ: Հայերուն մէջ ալ կը գործածուի եօթն խորհուրդներու խօսքը, բայց անորոշ կերպով մը, որովհետեւ շատ դժուարութիւն կը զգացուի եօթն խորհուրդներ որոշակի համրել ուզուած ատեն: Վերջին օծում կոչուածը Հայոց մէջ գործնական չէ եղած, եւ զայն Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ընդունիլ տալու համար եղած պատահական ջանքերն ալ յաջող արդիւնք ունեցած չեն: Ոմանց կարծիքը, որ հոգեվարքի աղօթքը իբր Վերջին օծումին համապատասխանող խորհուրդ մը կ՝ուզեն ցոյց տալ, արժէք մը չի կրնար ունենալ, քանի որ չի կրնար խորհուրդի մը անհրաժեշտ եղող պայմաններուն համապատասխանել: Այսչափն ալ բաւական է հաստատելու թէ եօթը խորհուրդներու դրութիւնը չի կրնար Հայ Եկեղեցւոյ կողմէն ընդունուած դաւանութիւնը ըսուիլ: Ասով մէկտեղ, Լատիններու ընդունած եօթը խորհուրդներէն, Վերջին Օծումէն զատ, միւս վեցերը, հայոց Եկեղեցւոյ մէջ ալ գործածուած արարողութիւններն են: Ասոնց մասին կարեւորագոյն տեղեկութիւնները կ՝ամփոփենք հետեւեալ կերպով:

Մկրտութիւնը կը տրուի մանուկներուն, ամբողջապէս եւ հորիզոնական դիրքով ջուրի մէջ ընկղմելով, բայց բռնադատիչ (force majeure) պարագաներու հանդէպ՝ հեղմամբ տրուած մկրտութիւնն ալ վաւերական կ՝ընդունուի: Դրոշմի կամ Միւռոնի խորհուրդը կը մատակարարուի մկրտութեան հետ կից, նոյնինքն քահանային ձեռքով, եւ մկրտուած մանուկին անմիջապէս Հաղորդութիւն ալ կը տրուի շրթնահաղորդ ձեւով, այսինքն է սրբագործեալ մասը լեզուին դպցնելով: Ըստ այսմ երեք խորհուրդներ միասին կը մատակարարուին, եւ անոնց յարակցութեանց վրայ հաստատուած կը նկատուի մկրտուած ըլլալու լրումը: Այս պատճառով Հայ Եկեղցւոյ մէջ տեղի չունին ոչ մեծնալէն ետքը առաջին հաղորդութիւն տալու — ոչ ալ դրոշմը յապաղելով եպիսկոպոսներու կողմէ տրուելու արարողութիւնները:

Հաղորդութիւնը կը տրուի ամէն հաւատացեալի առանց խտրութեան, եւ երկու տեսակներու ներքեւ, այսինքն է նշխարքին տեսակը գինիի տեսակին մէջ թաթխելով: Նշխարքը բաղարջ հաց է, անխմոր հայսէ շինուած, բաւականաչափ թանձր, որ նոյնիսկ պատարագ օրը պիտի պատրաստուի քահանային ձեռքով: Ձեւը բոլորշի է, եւ վրան տիպ մը զարնուած է, խաչին նշանով եւ ինչինչ զարդերով: Գինին պիտի ըլլայ անապակ, այսինքն առանց ջուր խառնելու: Սրբագործուած նշխարքը մէկ հատ պիտի ըլլայ, եւ այս պատճառով պէտք է որ հաղորդուելիք եղողներուն հաւանական թիւին բաւելու չափ մեծ պատրաստուած ըլլայ: Հաղորդութեան մօտեցողները, ոտքի վրայ կանգուն կը ներկայանան բեմին առջեւ, եւ պատարագիչ քահանայն անոնց լեզուին վրայ կը դնէ թաթախեալ նշխարքէն բաժնուած մասնիկ մը: Սովորութիւն է, այդ թաթախեալ մասնիկներէն քիչ մը պահել եկեղեցիներում մէջ՝ հիւանդներուն եւ պատահաբար պատարագի ատենէն դուրս հաղորդուելու պէտք զգացողներուն համար: Այդ մասնիկները վայելուչ կերպով կը պահուին, խորանին ներսը կողմնակի գտնուող խորհրդանոցին մէջ, առանց յատուկ տապանակի եւ առանց յատուկ վառած կանթեղի:

Ապաշխարութեան կամ Խոստովանութեան խորհուրդը կը կատարուի ընդհանուր կերպով պատրաստուած բանաձեւի մը հետեւողութեամբ, որուն մէջ կարգաւ նշանակուած են հաւանական մեղքերը. խոստովանահայր քահանաները կը զգուշանան շատ մը աւելորդ մանրամասնութիւններ պրպտելէ, եւ մանաւանդ հարցաքննիչներու ոճով հարցուփորձեր ընելէ: Սովորաբար քանի մը օրերու միջոց կը տրուի խոստովանութեան եւ արձակումի մէջտեղ, որպէս զի խոստովանողները այդ օրերուն մէջ ապաշխարութեամբ եւ պատշաճ հոգեւորութեամբ պատրաստուին հաղորդութեան մօտենալու, ինչ որ տեղի կ՝ունենայ արձակումէն անմիջապէս ետքը:

Կարգի կամ ձեռնադրութեան խորհուրդը կը կատարուի եպիսկոպոսին աջ ձեռքը վրան դնելով եւ իւրաքանչիւր աստիճանին յատուկ գործիքները ձեռքը տալով: Քահանայական աստիճանները նախապէս չորս էին Արեւելեան եկեղեցիներու համաձայն, բայց Խաչակիրներու ժամանակէն ասդին եօթնի բարձրացան Արեւմտեան սովորութիւններու ազդեցութեան ներքեւ. միայն թէ կիսասարկաւագութիւնը Հայոց մէջ շարունակեց իբրեւ փոքր աստիճան նկատուիլ, թէպէտեւ Լատիննրու մէջ մեծ կամ սուրբ աստիճան կը նկատուի: Եօթն աստիճաններն ալ եպիսկոպոսնրու կողմէն կը տրուին, եպիսկոպոսութեան աստիճանը կը տրուի կաթողիկոսէն՝ երկու եպիսկոպոսներու ընկերակցութեամբ. իսկ կաթողիկոսական աստիճանը կը տրուի տասներկու եպիսկոպոսնրէ: Միւռոնի օծումը կը տրուի քահանայութեան եւ եպիսկոպոսութեան եւ կաթողիկոսութեան աստիճաններուն, ճակատէն դէպի գագաթը բարձրացնելով օծուած տեղը: Վարդապետական աստիճանը, որ աստուածաբանական մագիստրոսութեան համապատասխանող աստիճան մըն է, տուչութեան ատեն ձեռնադրութեանց կերպարանը կ՝առնէ: Երկու աստիճաններու կը բաժնուի, փոքր ու մեծ, կամ մասնաւոր ու ծայրագոյն: Այս վերջինը եպիսկոպոսական աստիճանի համանման պատիւներ եւ առանձնաշնորհումներ կը վայելէր երբեմն, երբ քիչերու կը տրուէր այդ աստիճանը: Վարդապետութեան երկու աստիճաններն ալ կը տրուին ծայրագոյն աստիճան ունեցող եպիսկոպոսներու ձեռքով: Տուչութեան արարողութիւնը բաւական երկար է. տասնչորս ստորաբաժանեալ աստիճաններէ կը բաղկանայ, չորսը մասնաւոր եւ տասը ծայրագոյն վարդապետութեան համար: Իւրաքանչիւր բաժանմունքն ալ մարգարէութիւններէ ու առաքեալներէ ու աւետարաննրէ ընթերցուածներ ունի եւ շատ շարականներ:

Ամուսնութեան խորհուրդը Պսակ անունով կը կոչուի, քահանայն է պաշտօնեայն, որ պսակը կ՝օրհնէ առաջնորդարանէ հրամանագիր ստանալով: Ամուսնալուծումը կանոնապէս ընդունուած է եւ կը վճռուի կաթողիկոսական եւ պատրիարքական իշխանութեանց կողմէ: Ամուսնութեան մը անվաւեր ըլլալը կ՝որոշուի ընդհանրապէս ամէն գործողութեանց հասարակ եղող վաւերականութեան եւ օրինաւորութեան սկզբունքներով, առանց պայմանադրական կամ կամայական պարագաներէ կախում ունենալու: Արգելիչ պարագաները կը մնան նոյն, ինչպէս որ հին ժամանակի ժողովներով տրուած են: Ազգակցութեան եւ խնամութեան աստիճաննրը նուազ են հին կանոններու մէջ:

Ասոնք են խորհուրդներու նկատմամբ ընդունուած վարդապետական կէտերը: Իսկ նոյն խորհուրդներու նկատմամբ պահուած բարեկարգական եւ ծիսական կանոնները, կը թողունք յառաջ բերել անոնց յատուկ գլուխներու մէջ:

ԻԶ.
ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՃՇԴԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ


Ոմանք ուզած են Հայ Եկեղեցին մեղադրել, ըսելով թէ իւր վարդապետութիւնը բացատրելու համար հաստատ եւ որոշ բանաձեւեր կամ պաշտօնական ճշդապահութիւններ չունի, եւ թէ իւր վարդապետութիւններն ալ եւ իւր վարդապետութեան գիրքերն ալ յաճախ իրարու կը գտնուին: Մենք պէտք չենք զգար հետազօտել, թէ մինչեւ ո՞ր աստիճան ստոյգ են այդ մեղադրանքները, եւ պահ մը կ՝ընդունինք իսկ թէ ճշմարիտ ըլլան խօսուած առարկութիւնները: Բայց մեր այդ զիջողութիւնը ոչ միայն Հայոց եկեղեցւոյն վայելած եւ ներշնչած յարգը չի նուազեր, այլ եւ ընդհակառակն փաստ մը կ՝աւելցնէ հաստատելու այն լայնախոհ հոգին եւ աստուածաբանական ազատամտութիւնը՝ զոր մենք պաշտպանեցինք: Քանիցս կրկնած ենք թէ իւր դաւանական հաւատալիքները բազմաթիւ չեն, թէ իւր վարդապետութեան ասպարէզը շատ ընդարձակ է, եւ թէ վարդապետական կէտերու շուրջը դարձող անհամձայնւթիւնները չեն կրնար երբեք ճշմարիտ եւ իսկական միութեան վնասել:

Փորձով գիտենք թէ իւրաքանչիւր դարու հոգին եւ պատահական ձգտումները եւ ժամանակին պարագաները որչափ ազդեցութիւն կը ներգործեն կարծիքներու եւ դրութիւններու եւ առհասարակ հետազօտութեանց առարկայ եղող կէտերու վրայ: Եկեղեցական կարծիքներն ու վարդապետական ուսումներն ալ այդ կանոնէն դուրս մնալ չէին կրնար: Ուզելով ալ չուզելով ալ, բոլոր եկեղեցիներու վերաբերող անձեր, հովիւներ վարդապետներ, պաշտօնեաներ եւ հաւատացեալներ, ամէնքն ալ պատահականութեանց ազդեցութիւնը կրեցին, եւ եկեղեցւոյ վարդապետութիւնն ալ իրենց հետ մէկտեղ նոյն ազդեցութեան ենթարկուեցաւ: Անգամ մը որ այդ սկզբունքը կ՝ընդունուի, ալ դիւրին կ՝ըլլայ եզրակացնել, թէ վարդապետական կէտերն ալ, որ ժամանակի ազդեցութեան ներքեւ նոր բարդութիւններով ծանրացան ու այլայլեցան, նոյնպէս ժամանակի ազդեցութեան ներքեւ կրնան ալ պատահական բարդութիւնները կորսնցնել ու թեթեւնալ ու զտուելով մաքրուիլ: Հետեւապէս իմաստուն եւ խոհական ուղղութիւն մըն է, ամէն կողմէն անցքերը չփակել, եւ բաց դուռներ թողուլ, ուսկից իրաց բնական ընթացքով պատահական յաւելուածները դուրս ելլեն: Այս է ահա Հայոց Եկեղեցւոյ բռնած ընթացքը, եւ այս ընթացքը, մեր կարծիքով, պէտք է ողջունուի իբրեւ կրօնից փրկութեան գերագոյն միջոցը:

Դաւանութեան ու վարդապետութեան մէջ տարբերութեան սկզբունքը՝ զոր հաստատցինք, առաջինին անփոփոխութիւնը եւ երկրորդին փոփոխելիութիւնը՝ զոր բացատրեցինք տրամաբանական եզրակացութեամբ, մեզ կը յորդորեն բարձրաբարբառ հռչակելու բաց դուռի դրութիւնը, որ է ըսել, մէկ կողմէն ամփոփել եւ նուզել դաւանութեան առարկայ եղող կէտերը, եւ միւս կողմէն ընդարձակել վարդապետութան կէտերուն նկատմամբ եղած արատութիւնը: Այդ դրութեան զօրութեամբ եկեղեցին կրնայ պահպանել իրեն պէտք եղած անսասան հաստատութիւնը, եւ չի հարկադրուիր հակառակորդ կանգնիլ մատաւորկան զարգացման ձգտումներուն եւ անոր արդիւնքներուն: Կ՝ազատի եւս գիտութեան թշնամի ըլլալու ամբաստանութենէն, եւ կը պարտաւորուին լռել անոնք, որ կը ջանան եկեղեցին իբրեւ յետադէմ գաղափարներու պաշտպան կերպարել:

Ստոյգը խօսելով, իրօք ալ այս ամբաստանութիւններուն պատճառ տրուած է, շնորհիւ այն սխալ իմացուած նախանձայուզութեան, որով ուզուած է ամէն վարդապետական խնդիր դաւանութեան վերածել, ամէն կարծիք պարտաւորիչ որոշումներու ենթարկել, ամէն ուսումնասիրութիւն եւ հետազօտութիւն եւ վիճաբանութիւն վճռաբար արգելուլ: Բայց ասիկա Հռոմէական եկեղեցւոյ բռնած ճամբան է, առաւելապէս Տրիտենդեան ժողովէն ասդին, որուն մէջ ամէն եկեղեցական խնդիրներ եւ վարդապետական կարծիքներ վճռաբար որոշուեցան, հաստատուեցան եւ հրամայուեցան նզովքի կապերով: Տրիտենդեան ժողովին սկսածը ամբողջացուցին պապերը իրենց հրատարակած դաւանական ցուցակներով (Syllabus) եւ Վատիկանի ժողովին անբացատրելի վճիռներով: Այնպէս որ այլեւս Հռոմէական եկեղեցւոյ վարդապետներն ու հաւատացեալները հաւասարապէս պէտք է խորհրդածելու կարողութենէն իսկ հրաժարին, եւ կուրօրէն հետեւին այն մտածումներուն՝ զոր ունեցան վեշտասներորդ դարու եպիսկոպոսներն ու աստուածաբանները:

Այս ըսելով մենք չենք ուզեր այդ եպիսկոպոսներն ու աստուածաբանները իրենց ունեցած կարծիքներուն համար մեղադրել. անոնք իրենց երկրին եւ ժամանակին տիրող կարծիքներուն ու տեսութիւններուն արձագանք եղան: Իրենց յանցանքը եղաւ միայն իրենց կարծիքներուն եւ գաղափարներուն դաւանական ձեւեր տալ, եւ իրենց ետեւէ եկողներուն դէմ մտածելու եւ խորհրդածելու եւ ուսումնասիրելու դուռները փակել:

Անտեղի եւ յանդուգն չէր ըլլար կարծել, որ եթէ վեշտասաներորդ դարու մարդիկը դառնային եւ մեր ժամանակի մէջ ապրէին, շատ տարբեր պիտի մտածէին , քան ինչ որ այն ատեն մտածեցին: Սակայն ձգենք այդ կէտը, եւ Հայ Եկեղեցւոյ վրայ դառնանք:

Այն տարբերութիւնները որ հայ վարդապետներու գիրքերուն եւ հրատարակուած քրիստոնէական վարդապետութիւններուն մէջ աչքի կը զարնեն, ճիշդուճիշդ պարագաներու ազդեցութենէն եւ ժամանակներու փոփոխութենէն առաջ եկող բաներ են: Հայ Եկեղեցին ալ, որչափ նախնական աւանդութեանց յարած ըլլար, չէր կրնար բոլորովին զերծ մնալ ժամանկներու պատահական ազդեցութենէն: Մինչեւ իսկ դժուարութիւն չենք զգար խոստովանելու՝ թէ Հայոց Եկեղեցին ուրիշ եկեղեցիներէ շատ աւելի պատճառ ունէր ժամանակներու ազդեցութիւններէն այլայլութիւններ կրելու: Որովհետեւ նա, շատ դարերէ ի վեր, մէկ կողմէն՝ իւր մեկուսացած դիրքին մէջ զուրկ էր այն նպաստաւոր միջոցներէն՝ զորս յառաջադիմութիւնը մարդկային ընկերութեան կ՝ընծայէր. եւ միւս կողմէն՝ Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած հարուածներուն եւ արկածներուն խաղալիք դարձած, ներհակընդդէմ ազդեցութեանց ձեռք մնացած, եւ հակառակ ակնկալութիւններով օրօրուած, չուզելով ալ կը կրէր այդ ազդեցութեանց ներգործութիւնները: Իրօք ալ երբեմն յունական ազդեցութեան ետեւէն գնաց, երբեմն ալ լատինական ազդեցութեան հետեւացաւ, երբեմն բռնութեամբ եւ զօրութեամբ ստիպուեցաւ, երբեմն ալ ակնկալութեամբ եւ յուսադրութեամբ հրապուրուեցաւ, եւ այս պատճառներով պարտաւորուեցաւ ընդգրկել կարծիքներ, ընդունիլ տեսութիւններ, գործադրել կերպեր եւ որդեգրել սովորութիւններ, որոնք օտար էին իրեն: Շատ մը մանրամասնութիւններ ոչ միայն օտար, այլ եւ օտարախորթ, գրեթէ անզգալի կերպով սպրդեցան Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական սովորութեանց եւ վարդապետական տեսութեանց մէջ: Համարձակ կը յայտարարենք եւս, թէ վարդապետներ եւ եպիսկոպոսներ եւ մինչեւ իսկ կաթողիկոսներ ալ գտնուեցան, որ Հայ Եկեղեցւոյ նախնական աւանդութեանց եւ սկզբանց հակառակ խօսեցան կամ դրեցին: Բայց ասակներուն տեսութիւնները իրենց անձնականէն անդին չէին կրնար անցնիլ, եւ իրենց անհամաձայնութիւնը չէր կրնար խախտել կամ փոփոխել Հայ Եկեղեցւոյ հիմնական դաւանութիւնը, որ փոփոխելի կէտ մը չէ:

Հետեւաբար ինչինչ կարծիքներ, որ պահ մը ոմանց կողմէ ընդունելի դատուեցան, կրնային ուրիշ ատեն եւ ուրիշնրու կողմէ հերքուիլ, առանց եկեղեցւոյ իսկութեան եւ դաւանութեան դպչելու, քանի որ պարզապէս վարդապետութեան կէտերէն անդին չէին անցներ, որոնք ոչ էական են, եւ ոչ անփոփոխելի: Շատ բնական է, որ անցած ժամանակներու ազդեցութեամբ դէպ առաջ փոփոխուած կէտեր, հետագայ ժամանակներու ազդեցութեամբ ալ դէպ ետեւ փոփոխուին: Այդ տեսակ փոփոխութիւններ չեն արգելուր որ եկեղեցւոյ էական իսկութիւնը միշտ միեւնոյն, եւ հիմնական գոյութիւնը միշտ անսասան մնայ եւ այնպէս ալ ճանչցուի:

Այս է Հայոց Եկեղեցւոյ նախընտրած կացութիւնը: Եթէ մօտեն հետազօտել ուզենք, պիտի տեսնենք որ ուրիշ եկեղեցիներ ալ իսկապէս հեռու չեն այդ ընթացքէն, ինչ որ ալ ըլլան իրենց պաշտօնական յայտարարութիւնները. որովհետեւ անոնք ալ բաւական փոփոխութիւններ ունեցած են իրենց ընթացքին մէջ: Սխալ կ՝ըլլար կարծել որ Հռոմէական եկեղեցին ալ այսօր միեւնոյնն ըլլայ, ինչ որ էր պաշտօնաբաշխութեանց (investitures) եւ հաւատաքննութեանց (inquisitions) դարերուն մէջ: Իրաւ է որ ինքն հակառակը կ՝ուզէ պնդել, սակայն տիրապէս կրած է ժամանակին ազդեցութիւնը եւ չափաւորած է իւր գործունէութիւնը, որով իւր խօսքը իւր գործին հետ հակասութեան մէջ կը գտնուի: Բայց յայտնի իրողութիւն մը՝ յայտարարութեամբ ուրանալու յամառութիւնը իրականութիւնը չի ջնջեր, այլ միայն խղճի դէմ գործողութիւն մը կ՝ըլլայ, եւ հետեւաբար նոյնիսկ պաշտպանուած դատին ալ վնասակար կը դառնայ:

Ասոնք են մեր բացատրութիւնները՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ իւր վարդապետական բացատրութեանց դէմ յարուցուած մեղադրանքներուն մասին: Մեր ջատագովութիւնը լուսաւոր կերպով կը հաստատէ իւր քրիստոնէավայել ազատամտութիւնը: Ասիկա ալ այնպիսի սկզբունք մըն է, որ ցանկալի էր, որպէս զի ընդունուէր եւ գործադրուէր Քրիստոսի եկեղեցին ճշմարտապէս սիրողներուն կողմէն: Հայ Եկեղեցւոյն մեկուսացած դիրքը՝ որուն մէջ դարերէ ի վեր կը գտնուի, եւ իւր խոնարհ ու համեստ կացութիւնը՝ որ պատահականութեանց հետեւանքն է, չեն կրնար երբեէ անոր դէմ իբր անկման փաստ գործածուիլ:

Ճշմարտութիւնը երբեք թիւի փաստով չի հաստատուիր, եւ Աւետարանն ալ կը վկայէ թէ հօտ փոքրիկ է, որուն Հայրն երկնաւոր ճշմարտութեան ժառանգութիւնը խոստացաւ եւ իւր արքայութիւնը տալ հաճեցաւ:


ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

ԻԷ.
ՆՈՒԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ


Հայոց Եկեղեցւոյ ընդունած ու պաշտպանած սկզբունքներուն համաձայն, եկեղեցական գերագոյն իշխանութիւնը կը պատկանի տիեզերական ժողովներուն, ուր հաւաքուած ըլլան մասնաւոր եկեղեցիներու նուիրապետական մարմինները: Այդ իշխանութիւնը բացարձակ է դաւանական խնդիրներուն համար, իսկ բարեկարգական խնդիրներ երկրորդական կարգի մէջ կը գտնուին: Հայ Եկեղեցին կ՝ընդունի թէ ճշմարիտ տիեզերական ժողովներուն դաւանական վճիռները խստիւ պարտաւորիչ են մասնաւոր եկեղեցիներու համար, մինչ բարեկարգական կանոնները, որոնք զանազան եկեղեցիներու հաղորդակցութեանց, իբր հիմ կը ծառայեն, ընդունակ են իրենց գործադրութեան մէջ տարբերութիւններ կրել, տեղական կամ պատահական հանգամանաց համեմատ: Հայ Եկեղեցին կ՝ընդունի եւս, որ մասնաւոր եկեղեցիներ կրնան տարբերիլ՝ վարդապետական խնդիրներու մասին եւ դաւանական կէտերը բացատրելու կերպին մէջ: Գործնականին գալով կը ճանչնայ թէ տիեզերական ժողովներու բարձր հեղեինակութիւնը գործադրուեցաւ միայն առաջին երեք սուրբ ժողովներու մէջ, եւ անկէ ետք առիթ չեղաւ նմանօրինակ հեղինակութիւն մը գործածելու, զանազան եկեղեցիներու միջեւ սկսած հակառակութեանց եւ բաժանման պատճառով: Չի կարծեր որ այսուհետեւ ալ կարենայ այդ հեղինակութիւնը գործադրուիլ, քանի որ հաւանական չի տեսներ անհաշտ հակառակութեանց վերջանալը:

Վատիկանի ժողովը հաւաքելու առթիւ՝ Հռոմի եկեղեցին ընդհանուր հրաւէրի ձեւակերպութիւնները ուզեց կատարել, անշուշտ երեւոյթները փրկելու դիտմամբ. որովհետեւ հրաւէրը օրինաւոր եւ կանոնաւոր ըլլալու համար, պէտք էր ուրիշ եկեղեցիներու հետ բանակցէր, վիճաբանելի գլուխներու մասին համաձայնէր, եւ համերաշխութեան գալու համար գետինը պատրաստած ըլլար: Ճիշդն ուզել ըսելով, իւր հրատարակած հրաւիրագիրը ուրիշ բան չէր, բայց եթէ ուրիշ եկեղեցիները բռնադատել իւր պահանջմանց առջեւ գլուխ ծռելու եւ իւր պայմաններուն առջեւ խոնարհելու: Հարկաւ այդ բռնուած ոճը անկեղծ եւ խղճամիտ հաշտութիւն եւ համերաշխութիւն պատրաստելու նպատակ չունէր, եւ ոչ ալ այդ նպատակին կրնար ծառայել:

Պատմական յօդուածներու մէջ՝ վիճակներու կազմութեան եւ իրաւասութիւններու ծագման վրայ ըսածնիս լրացնելու համար, պէտք է դիտել տանք, որ զանազան գաւառներու եկեղեցիներ իրարու մօտենալով ազգային կամ պատրիարքական աթոռներ կազմեցին, եւ թէ այդ մերձեցումները արդիւնք եղան պարզապէս երկիրներու քաղաքական կազմակերպութեան : Յունահռոմէական աշխարհին մէջ կազմուած երեք պատրիարքութիւնները, կը համապատասխանէին ճշդիւ հռոմէական կայսրութեան մէջ տիրող մեծ բաժանմունքներուն: Հռոմ, կայսրութեան մայրաքաղաքը, վարչական տեսակէտէն կեդրոն էր բոլոր Արեւմուտքի նահանգներուն: Պտղոմէանց եւ Սելեւկեանց թագաւորութիւնները, որ քրիստոնէութեան սկզբնաւորութենէն քիչ առաջ Հռոմի կայսրութեան միացած էին, իրենց նախնական կազմակերպութիւնները պահած, եւ մեծ բդեշխութեանց վերածուած էին, իրենց կեդրոն ունենալով Աղեքսանդրիա եւ Անտիոք՝ դադարեալ թագաւորութեանց մայրաքաղաքները: Այս երեք մասերու բաշխումն էր որ ծագում տուաւ երեք պատրիարքութիւններ հաստատելու յիշեալ երեք քաղաքներու, մէճ, որք են Հռոմ, Աղեքսանդրիա եւ Անտիոք, մին միւսէն բաժնուած, ինքնուրոյն եւ անկախ:

Երեք մեծ բաժանմունքներէն զատ, երեք ալ փոքր բդեշխութիւններ կային, նոյնպէս դադարեալ թագաւորութեանց սահմաններով կազմուած, որք են Պոնտոս, Ասիա եւ Թրակիա, որոնց կեդրոններն էին Կեսարիա, Եփեսոս եւ Հերակլիա: Այդ բաժանմունքներուն հետեւողութեամբ ալ՝ երեք եքսարքական կամ փոքր-պատրիարքական աթոռներ կազմուեցան յիշեալ երեք քաղաքներուն մէջ, որք իրաւասութիւն ունէին նոյն փոքր բդեշխութեանց սահմաններուն մէջ գտնուող մետրոպոլտութեանց վրայ: Բայց այս երեք աթոռները, իրենց անկախ եւ ինքնուրոյն դիրքը կորսնցուցին, երբոր Բիւզանդիա՝ Կոստանդնուպոլիս եղաւ, եւ կայսրութեան կեդրոնը հոն փոխադրուեցաւ, եւ այս պատճառով նոր պատրիարքութիւն մը ստեղծուեցաւ այնտեղ, երեք եքսարքութեանց մետրոպոլտութիւնները միացնելով եւ եքսարքական իրաւասութիւնները ջնջելով:

Ասկէ առաջ չորրորդ պատրիարքութիւն մըն ալ հաստատուած էր արդէն Երուսաղէմի մէջ, բայց ասիկա պարզապէս Սուրբ քաղաքին պատուոյն համար եղած էր Նիկիոյ ժողովին որոշմամբ, որ այս նպատակով Անտիոքի պատրիարքութեան տասնչորս մետրոպոլտութիւններէն երկուքը, Առաջին Պաղեստինը եւ Երկրորդ-Պաղեստինը, զատած ու Երուսաղէմի պատրիարքութեան սահման կազմած էր:

Ընդհանրապէս կը կարծուի թէ Արեւելեան չորս պատրիարքութիւններ հաւասարապէս Յունական եկեղեցւոյ մասեր ըլլան, սակայն ուղիղ տեսութիւն մը չէ: Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնն է միայ որ Յոյներուն ազգային եկեղեցին կը կազմէ: Անտիոքի պատրիարքութիւնը Ասորւոց ազգային եկեղեցին է, ինչպէս Աղեքսանդրիոյ աթոռն ալ Եգիպտացւոց ազգային եկեղեցին է: Նոյն կերպով Երուսաղեմի պատրիարքութիւնն ալ Պաղեստինացւոց յատուկ ազգային եկեղեցի պէտք է ըսել: մակեդոնական տիրապետութիւնը մէծ ազդեցութիւն ունեցած էր իրեն նուաճած երկիրներուն կերպարանը այլայլելու, եւ Ասորիք ու Եգիպտացիք հելլենական կերպարան մը զգեցած էին. բայց եղածը միայն արտաքին, լեզուի եւ զարգացման եւ սովորութեանց փոփոխութիւն էր, բնիկ տարրը իւր ինքնութիւնը չէր փոխած, եւ ազգային զգացումները միշտ կատարեալ ու կենդանի կը մնային թէ՚ Ասորւոց եւ թէ եգիպտացւոց մէջ:

Այս քաղաքական պարագաները, որոնք Յունահռոմէական աշխարհին մէջ պատրիարքական աթոռներու կազմակերպութեան առաջնորդեցին, միւս կողմէ պատճառ եղան ինքնուրոյն եւ անկախ աթոռներ կամ պատրիարքութիւններ ստեղծելու կայսրութեան սահմաններէն դուրս եղող երկիրներուն մէջ, որոնք առաքելական քարոզութիւն ստացած էին: Այսպէս եղան Հայաստան, Պարսկաստան եւ Եթովպիա:

Պարսկաստանի եկեղեցին, որ Ս. Շմաւոն կամ Ս. Սիմոն առաքելին քարոզութեամբ սկսաւ, իրեն յատուկ աթոռը ունեցաւ, որ պարսից կամ Տիզբոնի կամ Սելեւկիոյ յիշուած է: Այդ աթոռին յաջորդութիւնը պահուած է այժմ Քաղդէացւոց կաթողիկոսներուն մէջ, որ Բաբելոնի պատրիարք ալ կը կոչուին: Իսկ Եթովպացւոց աթոռը, որուն սկզբնաւորութիւնը Ս. Մատթէոս աւետարանիչին կը վերագրուի, այժմ ընդհատուած կը գտնուի, եւ Եթովպիա՝ Աղեքսանդրիոյ պատրիարքութեան ենթարկուած է: Հայոց աթոռին վրայ նոր ըսելիք չի մնար, պատմական յօդուածներուն մէջ բաւական բացատրութիւն տուինք: Միայն աւելցնենք, որ աթոռներու իրաւասութեան մասին հնաւանդ տեղագրական կանոնը պահուած ատեն, Հայոց աթոռին իրւասութիւնը կը սահմանափակուէր Մեծ Հայքի նահանգներով, որոնք այն ատեն Հայոց թագաւորութեան ալ սահմանները կազմէին: Իսկ այն նահանգները որ Փոքր Հայք անունով ճանչցուած են, այն ատեն Պոնտոսի բդեշխութեան մաս կը կազմէին եւ այս պատճառով Կեսարիոյ եքսարքութեան ենթարկուած էին, եւ յետոյ անցան Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան: Իսկ միւս կողմէն Վիրք ու Աղուանք, որ քրիստոնէութիւն ընդունած ատեննին Հայոց թագաւորութեան ներքեւ կը գտնուէին, Հայց պատրիարքութեան աթոռին ալ ենթարկուած մնացին, իրենց համար յատուկ ազգային եքսարքական կամ փոքր-կաթողիկոսական աթոռ մը ունենալով, Հայոց պատրիարքին կամ մեծ կաթողիկոսին գերիշխանութեան ներքեւ:

Տեղագրական իրաւասութեանց սկզբունքը, խստիւ պահուած էր բոլոր եկեղեցիներու նուիրապետութեանց կողմէն, քրիստոնէութեան առաջին դարերուն մէջ: Այդ սկզբունքով իւրաքանչիւր վիճակի մէջ մէկէ աւելի եպիսկոպոս չէր կրնար գտնուիլ, եւ ամէն հաւատացեալ քրիստոնեայ, ի՚նչ ազգէ կամ ծէսէ ալ ըլլար, պէտք էր հնազանդէր տեղական եպիսկոպոսին, եւ անկէ ընդունէր բոլոր իւր հոգեւորական պէտքերը: բայց այդ հնաւանդ կանոնը խախտեցաւ, երբոր մասնաւոր եկեղեցիներ իրարմէ բաժնուեցան, հաւատոյ եւ սիրոյ միութիւնը վերջացուցին, եւ սկսան զլանալ այն ամէն գործողութիւնները, որ հաղորդակցութիւն ի հոգեւորս անունին ներքեւ կը պարունակուին: Այս պատճառով իւրաքանչիւր եկեղեցի պարտաւորուեցաւ հոգ տանիլ, իւր սահմաններէն դուրս գտնուող իւր հաւատացեալներուն համար իրենց տեղերուն մէջ՝ եկեղեցական պաշտօններ, քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ յատկացնել, եւ այսպէս միեւնոյն վիճակի մէջ ոչ միայն անջատ քահանայութիւններ, այլ եւ տարբեր եպիսկոպոսական աթոռներ սկսան գտնուիլ՝ իւրաքանչիւր խումբի դաւանութեան ու ծէսին տարբերութեան համեմատ: Այդ սովորութիւնը աւելի մեծ ընդարձակութիւն ստացաւ Խաչակիրներու ատեն, երբոր Լատին կաթոլիկները սկսան Արեւելքի մէջ սփռուիլ, եւ իրենց նուաճած քաղաքներուն մէջ Յոյն կամ Ասորի եպիսկոպոսներու քով, մէկ մէկ ալ Լատին եպիսկոպոսներ հաստատեցին: Այնուհետեւ հնաւանդ կանոնը, որ տեղագրական իրաւասութեան սկզբունքը իբրեւ նուիրական կը յարգէր, բոլորովին իսկ մոռացութեան տրուեցաւ, եւ ամէն մասնաւոր եկեղեցի, որ վարդապետութեամբ կամ ծէսով կը տարբերէր, սկսաւ իրեն համար զատ եպիսկոպոսարան եւ զատ պաշտօնէութիւն հաստատել, եւ ասկէ առաջ եկեւ մեր օրերը տեսնուած տարօրինակ երեւոյթը, որ միեւնոյն թեմի մէջ մինչեւ եօթը՝ կամ ութ եպիսկոպոսներ կը գտնուին, որ միեւնոյն աթոռը կը գրաւեն եւ միեւնոյն աթոռի անունը կը կրեն:

Քաղաքական ազդեցութենէ զատ հագուորական աշխարհակալութիւնն ալ երկրորդ պարագայ մըն է, որ առիթ տուած է եկեղեցական իրաւասութեանց կազմուելուն կամ նոր ձեւեր ստանալուն: Այն երկիրները, որոնք առաքելական դարուն մէջ քրիստոնէութեան դարձած չէին, ու հետագայ դարերու մէջ զայն ընդունեցան՝ արդէն գոյութիւն ունեցող եկեղեցւոյ մը ձեռքով, սոյն այս եկեղեցւոյն իրաւասութեան ներքեւ մտան, իբրեւ հոգեւորապէս նուաճեալ երկիր: Այս սկզբունքով Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցին իւր իրաւասութեան ներքեւ առաւ Պալքանեան երկիրները եւ Ռուսաստանը: Նոյն սկզբունքով Հռոմի եկեղեցին իւր իրաւասութիւնը տարածեց Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Սկանտինաւիոյ վրայ, եւ աւելի ետքն ալ Ամերիկայի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի վրայ: Ասկէ առաջ եկան Հռոմի պատրիարքութեան կամ Լատին եկեղեցւոյ ընդարձակ ծաւալումը եւ իւր իրաւասութեան տարապայման տարածումը աշխարհի մէջ, որ զոյգ քալեց իւր պատրիարքութեան ներքեւ եղող Արեւմտեան ազգերուն կենցաղական զարգացման եւ քաղաքական ազդեցութեան յառաջանալուն եւ ընդարձակուելուն հետ: Բայց միւս կողմէն իշխանութեան եւ յաջողութեան ընդարձակուիլը, քմահաճոյքներու եւ զեղծումներու ալ շատնալուն պատճառ եղաւ, որուն հետեւանօք ծագեցաւ Միջին դարու բարեկարգական շարժումը, որ է նոր աղանդ Բողոքականութիւնը, որ Լատին եկեղեցւոյ մի լաւ բաժինը անկէ անջատեց եւ Հռոմի աթոռին իրաւասութենէն դուրս հանեց: Նոյն պատճառով նոր բաժանումներ ալ խիթալի են տակաւին: Նորանոր ճնշումներ, որք վերջին ատեն գործածուիլ Արդիական կոչուածներուն վրայ, ամենայն հաւանականութեամբՀռոմի եկեղեցիէն նշանակելի անջատումներ պիտի արտադրեն:

Անցեալին տուած փորձառութեան հակառակ, պապութիւնը ետ չի կենար մտաւորական շրջանակի եւ քաղաքական եւ կառավարական ասպարէզի մէջ ալ իւր միջամտութիւնը շարունակել, եւ զայն գործածել իրմէ կախում ունեցող հասարակութեանց վրայ: Առանց արդիւնքին խոհական կշռադատութեան՝ կը ջանայ շարունակ սեղմումներ դնել իրեն ենթարկեալ հոգեւոր իշխանութեանց վրայ, եւ հետզհետէ կը ջնջէ Գաղղիական, Հունգարական, Ամբրոսեան, Մոզարաբական եւ Արեւելեան եկեղեցիներու հնաւանդ իրաւունքներէն եւ առանձնաշնորհութիւններէն պահուած մնացորդները, այնպէս որ թեմակալները իրենց կանոնական իրաւունքներէն մերկացնելով՝ պարզ փոխանորդներու վիճակին կ՝ենթարկէ:

Որչա՜փ հեռի են իրարմէ այս ընթացքը եւ Յոյն որթոդոքս եկեղեցւոյ սկզբունքը, որ կ՝ընդունի եւ կը սորվեցնէ, թէ որեւէ ազգ կամ ժողովուրդ՝ որ քաղաքական անկախութիւն կը վայելէ, նովին իսկ կը վայելէ ինքնուրոյն եկեղեցւոյ յատուկ իրաւունքները եւ արտօնութիւնները, որք են, ազատօրեն վարել իւր ներքին կառավարութիւնն ու մատակարարութիւնը, եւ ձայն ունենալ դաւանական խնդիրներու մասին տրուելիք որոշումներուն մէջ:

Հին ժամանակներու մէջ իւրաքանչիւր ինքնուրոյն եկեղեցի կը կառավորուէր պատրիարքի կամ եքսարքի մը գերագոյն իշխանութեամբ: Առաջին անգամ Ռուսիա, Պետրոս Մեծ կայսեր օրով, գերագոյն պետի իշխանութիւնը փոխանակեց մնայուն սինոդի իշխանութեամբ, կերպով մը աթոռոյ պարապութեան ձեւը մշտատեւ ընելով: Այդ օրինակին հետեւեցան ուրիշ որթոդոքս կամ Յունադաւան պետութիւններն ալ, որք հտզհետէ հաստատուեցան, եւ այսօր Յունաստան, Ռումանիա, Սերպիա, Չերնակորա եւ Պուլկարիա, ամէնքն ալ նմայուն սինոդավ կը կառավարուին:

Այս մասին նոր ըսելիք չունինք Հայոց Եկեղեցւոյն վրայ, բայց եթէ որ հակառակ իւր հաւատացեալներուն աշխարհի ամէն կողմերը ցրուած ու սփռուած ըլլալուն, եւ հակառակ երկու կաթողիկոսական եւ երկու պատրիարքական մեծ աթոռներու ալ հաստատուած ըլլալուն, ամէնքն ալ մէկ կեդրոնի ենթարկուած կը մնան, եւ Էջմիածին նստող Հայոց կաթողիկոսին իրաւասութիւնը կը տարածուի բովանդակ Հայաստանեայց Ուղղափառ եկեղեցւոյ վրայ:

ԻԸ.
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ


Նահապետական դասակարգութիւնը իւր ներքին կազմութեան մէջ չորս աստիճաններ կը պարունակէ, 1. Մեծ կամ ծայրագոյն պատրիարք, կամ կաթողիկոս. 2. Փոքր պատրիարք, կամ մասնաւոր կաթողիկոս, կամ եքսարք, կամ պրիմաս. 3. Մետրապոլիտ, կամ արքեպիսկոպոս. 4. Եպիսկոպոս: Իսկ քորեպիսկոպոսներ այս դասակարգութենէ դուրս կը մնան, որովհետեւ պարզապէս թեմակալի փոխանորդներ են եւ յատուկ աստիճանաւոր չեն:

Արդէն ըսինք թէ մեծ պատրիարքներ կամ կաթողիկոսներ՝ մասնաւոր ազգային անկախ եկեղեցիներու գլուխներ են: Երբոր նոյն եկեղեցւոյ մէջ ամբողջացուցիչ մասեր կը գտնուին, որնք որեւէ առիթով կամ պատճառով ինքնուրոյն կացութիւն մը ունենալու արտօնութիւնը կը վայելեն, անոնք առաջիններուն նման բայց անոնցմէ փոքր եւ անոնց ենթարկեալ պետ մը կ՝ունենան իրենց գլուխը, ինչպէս երկրորդ աստիճանին մէջ յիշեցինք Այսպիսիներուն դիրքն ու դերը, հնար է նմանացնել հարկատու իշխանապետի մը՝ գերիշխան վեհապետին հանդէպ ունեցած դիրքին: Այս աստիճանին վրայ եղեղներուն մէջ, կոչումէ զատ իրաւասութեանց կամ առանձնաշնորհութեանց կամ պատուադրութեանց ալ տարբերութիւններ կը նշմարուին, սակայն էական կերպով աստիճանի տարբերութիւններ չեն պատճառեր: Մի եւնոյն նահանգի մէջ գտնուող եպիսկոպոսներ իրենց գլուխ կ՝ունենան մետրապոլիտներ, որ է մայրաքաղաքին աւագ եպիսկոպոսը, որ իրաւունք ունի նահանգին եպիսկոպոսները գումարել, — ձեռք առնել այն գործերը, որոնք նահանգին բոլոր թեմերուն հաւասարապէս կը պատկանին: Եպիսկոպոսներ, մետրապոլտութեան մը ներքեւ եղած ատեննին ալ, լիովին կը վայելեն ամէն իրաւունքները եւ իրաւասութիւնները զորս թեմակալութիւնը կանոնաւորապէս իրենց վրայ կը ճանչնայ: Այս ընդհանուր տեսութիւնները պատշաճեցնենք Հայոց Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան:

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ծայրագոյն պատրիարքը կամ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, ինչպէս ըսինք, կը նստի Էջմիածնի Մայր Աթոռը, որ է հին Վաղարշապատը, Երեւան քաղաքի մօտ, Կովկասի ռուսական փոխարքայութեան մէջ (*): Հոն եղաւ Հայոց կաթողիկոսութեան նախնական աթոռը, եւ հոն դարձաւ երկարատեւ տեղափոխութիւններէ ետքը, ինչպէս պատմական յօդուածներուն կարգին տեսանք: Աթոռը ունի արդէն իւր գահակալը:

Իբր երկրորդական աթոռ՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան ենթարկեալ էին երբեմն Վրաց եւ Աղուանից մասնաւոր կաթողիկոսութիւնները: Ասոնցմէ առաջինը բաժնուեցաւ եօթներորդ դարուն մէջ, ինչպէս պատմեցինք. իսկ երկրորդը ջնջուեցաւ իննեւտասներորդ դարուն սկիզբը, Աղուան տոհմին կամ ազդեցութեան՝ Հայոց հետ ձուլուելով դադարելուն պատճառով: Բայց ժամանակին պատահարները ուրիշ երկրորդական աթոռներ ստեղծեցին Հայ Եկեղեցւոյ մէջ: Հայրապետանոցին Աղթամարէ Անի եւ Սիսէ Էջմիածին փոխադրուելուն պատճառով, հին տեղերը կաթողիկոսներ հաստատուեցան, որոնք ժամանակ անցնելէ ետքը Մայր Աթոռէն ճանչցուեցան եւ հաշտութիւն գոյացաւ, աստիճանին առանձնաշնորհութիւնները պահելով, բայց Մայր Աթոռոյ գերիշխանութիւնը ճանչնալով, եւ Հայ Եկեղեցւոյ միութիւնը յարգելով: Աղթամարի իրաւասութիւնը կը տարածուի Կաւաշի եւ Շատախի գաւառներուն վրայ Վանայ կուսակալութեան մէջ, եւ Խիզանի գաւառին վրայ Բաղէշի կուսակալութեան Մէջ (**): Աթոռը պարապ է 1895-էն ի վեր, եւ տակաւին վարդապետ մը կը վարէ կաթողիկասական տեղապահութիւնը: Իսկ Սսոյ աթոռին իրաւասութիւնը կը տարածուի Ատանայի կուսակալութեան բովանդակին, եւ Բերիոյ, Սեբաստիոյ, Անկուրիոյ եւ Խարբերդի կուսակալութեանց որոշ մասերուն վրայ: Աթոռը ութ տարի դատարկ մնալէ ետքը, իւր կաթողիկոսն ունեցաւ 1902-ին (*): Իսկ Երուսաղէմի պատրիարքական աթոռը ծագում առած է Սուրբ Տեղեաց հանդէպ բոլոր քրիստոնէութեան՝ եւ յատկապէս Հայ ազգին տածած բարեպաշտութենէն: Անոր իրաւասութիւնը կը տարածուի, Երուսաղէմի եւ Լիբանանի նահանգներուն եւ Դամասկոսի եւ Վերիտոնի կուսակալութեանց վրայ (**): Եգիպտոս եւ Կիպրոս, որ ատեն մը իւր իրաւասութեան ներքեւ էին, այժմ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան անցած են: Այս Աթոռը երեք տարիներէ ի վեր պարապ կը մնայ եւ տեղապահութեամբ կը կառավարուի:

Պատմութիւնը քաղած ատեննիս առանձին յօդուածով բացատրեցինք Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան ծագումը, որուն հոգեւորական իրաւասութեան մէջ կը մտնեն Թուրքիոյ բոլոր գաւառները, վերոյիշեալ Աղթամարայ եւ Սսոյ եւ Երուսաղէմի աթոռներուն ենթարկեալներէն դուրս: Իւր հոգեւորական իրաւասութիւնը սահմանափակուած է, բայց իւր ազգային վարչական իշխանութիւնը կը տարածուի բոլոր Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող Հայերու վրայ: Պալքանեան թերակղզիի մէջ նոր հաստատուած պետութեանց, այսինքն Յունաստանի, Ռումանիոյ, Սերպիոյ, Չերնակորայի եւ Պուլկարիոյ սահմաններն ալ, որոնք երբեմն Օսմանեան կայսրութեան ենթակայ էին, տակաւին հոգեւորապէս Կոստանդնուպոլսոյ աթոռին իրաւասութեան ներքեւ կը մնան (***):

Ասոնք եւ չորս աթոռները, որոնք Հայ Եկեղեցւոյ երկրորդ աստիճանը կը կազմեն, թէպէտ աթոռակալներուն անուններներն ու աստիճանները տարբեր են: Աղթամար ու Սիս՝ կաթողիկոս կը կոչուին, իսկ Երուսաղէմ ու Կոստանդնուպոլիս՝ պարզապէս պատրիարք: Կաթողիկոսութեան աստիճանը իրաւունք կու տայ միւռոն օրհնելու եւ եպիսկոպոս ձեռնադրելու: Դիտելի է եւս որ այս աթոռներէն երեքը Յունահռոմէական աշխարհին մէջ հաստատուած պատրիարքութեանց սահմաններուն կը պատշաճին: Երուսաղէմ եւ Կոստանդնուպոլիս՝ համանուն պատրիարքութեանց, իսկ Սիս կամ Կիլիկիա՝ անտիոքի պատրիարքութեան: Աղթամարի կաթողիկոսութեան սահմանը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան բնիկ սահման եղող մեծ Հայքին մէջն է, եւ թերեւս անյարմար չէր ըլլար զայն ալ պարսից Պատրիարքութեան սահմանին պատշաճեցնել:

Նուիրապետական երրորդ աստիճանին՝ մետրապոլիտներուն անցած ատեննիս, ճիշդ խօսելով, օրինաւորապէս որոշուած ու կոչուած մետրապոլիտներ չունինք: Թուրքիոյ մէջ մեծ առաջնորդարաններ արքեպիսկոպոսութեան պատուանունը կը գործածեն: Սակայն Կովկասի առաջնորդարաններ, որ շատ ընդարձակ վիճակներ են, եւ իրենց ներքեւ նշանաւոր փոխ- առաջնորդութիւններ կամ յաջորդութիւններ ունին՝ որ տիրապէս եպիսկոպոսարաններ են, ամենայն իրաւամբ կրնան մետրապոլտութեան աստիճանին վրայ դրուիլ, եւ նուիրապետութեան երրորդ աստիճանը լրացնել:

Նուիրապետութեան չորրորդ աստիճանը կը կազմեն եպիսկոպոսներ, որոնք մէյմէկ վիճակ կամ թեմ կը հովուեն կամ կը կառավարեն: Վիճակներուն բաշխումը, կանոնաւորեալ եւ ծրագրեալ կերպով եղած չէ, այլ առիթներու եւ պարագաներու համեմատ կազմուած է: Թուրքիոյ մէջ Կոստսնդնուպոլսոյ աթոռը պաշտօնապէս ունի 44 վիճակ, Սիս 13, Երուսաղէմ 4, եւ Աղթամար 2. բայց եթէ անջատուած թեմերն ալ հաշուենք, Կոստանդնուպոլիս կ՝ըլլայ 52 եւ Սիս 15, եւ բովանդակ Թուրքիա կ՝ըլլայ 73: Իսկ բովանդակ Ռուսիա 6 մեծ վիճակներու բաժնուած է, եւ Պարսկաստան 2, Հնդկաստան ու Ջաւան ալ միասին: Բայց եթէ յաջորդութիւնները իբր եպիսկոպոսարան նկատենք եւ անջատ թեմերն ալ հաշուենք, այս կողմն ալ կ՝ունենանք 28 վիճակ, ընդամենը 101 Հայ Վիճակներ: Գաղթականութեանց երկիրներէն Եւրոպա եւ Ամերիկա նոր վիճակներ եղած են Էջմիածնի աթոռին ներքեւ. իսկ Եգիպտոս, Ռումանիա եւ Պուլկարիա Կոստանդնուպոլսոյ վիճակներուն բաշխման մէջ կը գտնուին:

Իբրեւ վիճակներու մասին տեղեկութեանց լրումն յիշենք եւս, թէ Հայ վիճակներու թեմակալները միշտ ձեռնադրեալ եպիսկոպոսներ չեն, հակառակ բոլոր եկեղեցիներու հաստատուն սովորութեան: Այլ ծայրագոյն վարդապետներ, երբեմն մասնաւոր վարդապետներ ալ թեմակալութեան պաշտօն կը վարեն, ընդհանրապէս գործածուած առաջնորդ անունի ներքեւ, եւ լիակատար իրաւասութեամբ:

(*) Այժմ Հայաստանի Հանրապետւթեան մէջ:
ԾՆԹ. ՀՐԱՏ.

(**) Ջնջուեցաւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին:
ԾՆԹ. ՀՐԱՏ.

(*) 1930-էն ի վեր փոխադրւած է Անթիլիաս, Լիբանան:
ԾՆԹ. ՀՐԱՏ.

(**) Սուրիա, Լիբանան եւ Կիպրոս ներկայիս կը գտնուին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրաւասութեան ներքեւ: Իսկ Եգիպտոս առանձին առաջնորդութեան վերածուած է:
ԾՆԹ.ՀՐԱՏ.

(***) Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնը այժմ կորսնցուցած է իր նախկին դերն ու դիրքը: Անոր իրաւասութիւնը սահմանափակուած է գլխաւորաբար Կ. Պոլսոյ շրջանակին, ինչպէս նաեւ գաւառի քանի մը կեդրոններուն մէջ:
ԾՆԹ. ՀՐԱՏ.

ԻԹ.
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐ


Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան դասակարգերուն եւ աստիճաններէն իւրաքանչիւրին յատկացուած պաշտօնները, ընդհանրապէս կեդրոնացուցման ձեւով չեն. որովհետեւ իւրաքանչիւրը ազատ եը սեփական իրաւունքներ կը վայելէ, իրեն բնական կամ կանոնական պաշտօնները կատարելու, առանց բարձրագոյն աստիճանի վերապահութեան կամ արգելքին ենթարկուելու: Իսկ վեհագոյն աստիճանին հսկողութեան իրաւունքը կը գործադրուի, ամէն անգամ որ ենթարկեալը պէտք կ՝ունենայ վարանմանց լուծում կամ դժուարութեանց խորհուրդ փնտռելու, կամ երբոր արտաքին ոտնձգութեան պատճառաւ միջամտութիւնը անհրաժեշտ կը դառնայ. եւ վերջապէս երբ մեծաւոր գտնուողը կը հարկադրուի զեղծում մը ուղղել եւ ընդհանուր շահ մը պաշտպանել, Բողոքելու իրաւունքը համարձակ է՝ ամէն աստիճանի դէմ բարձրագոյնին դիմելով:

Եպիսկոպոսը իւր վիճակին թեմական կառավարութեան գլուխն է, կատարեալ իրաւասութեամբ ամէն գործերու եւ ամէն պաշտօնավարութեանց վրայ, որք նոյն թեմին շրջանակին մէջ կը պարփակուին: Երբոր թեմակալ առաջնորդը վարդապետ է առանց եպիսկոպոսական աստիճանի, կրնայ ձեռնադրութիւններ արտօնել, այլ ոչ ինքն ձեռնադրել: Թեմակալ վարիչներուն տրուած առաջնորդ անունը, ինչպէս յիշեցինք, հասարակ է եպիսկոպոսական աստիճան ունեցողներուն ու չունեցողներուն ալ: Ամենուն ալ իրաւասութիւնը լիակատար է իւր վիճակին եկեղեցիներուն վրայ, թէ՚ արտօնութիւններ տալու, եւ թէ դատելու ու պատժելու մէջ: Ամուսնական դատեն ալ կը տեսնէ ու կը վճռէ, դատաստանական խորհրդոյ հետ մէկտեղ, միայն ամուսնալուծման վճիռները կաթողիկոսական կամ պատրիրքական իրաւասութեան կը պատկանին: Բացառիկ արտօնութիւններ կու տայ հասի չհասի եւ ուրիշ արգելքներու առիթներուն, հիմնուելով պարագայից պահանջին վրայ, եւ առաջնորդուելով իւր խղճին ուղղութնէն:

Երուսաղէմի պատրիարքը պահապանն է Սուրբ Տեղեաց, կամ աւելի ճիշդ բացատրութեամբ, Հայոց պատկանող սրբավայրերուն, եւ միանգամայն գլուխն ու մեծաւորն է Ս. Յակոբեանց միաբանութեան, որ այդ սրբավայրերուն պաշտպանութիւնն ու հոգեւորական պաշտամունքը կը կատարէ: Հայեր բազմաթիւ չեն Երուսաղէմի պատրիարքութեան սահմանին մէջ, եւ պզտիկ հասարակութիւններ կը կազմն Երուսաղէմի, Յոպպէի, Դամասկոսի եւ Վերիտոնի թեմերուն մէջ, թէպէտեւ թեմական կամ առաջնորդական կազմակերպութիւն չունին ()*:

Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքը իբր ազգապետ կամ բոլոր Թուրքիոյ Հայ ազգութեան գլուխ, վարչական վերին հսկողութիւն ունի բոլոր Թուրքիոյ մէջ գտնուող վիճակներուն վրայ: Ասոնցմէ մէկ մասին վրայ ուղղակի հոգեւորական իրաւասութիւն ալ կը գործածէ վերեւ յիշուած վիճակներու թիւին համեմատ: Իսկ Կոստանդնուպոլիս՝ մայրաքաղաքի կուսակալութեան սահմաններով, ուղղակի պատրիարքին առաջնորդական վիճակը կը կազմէ:

Նուիրապետական ամէն աստիճանէ կամ ամէն դասկարգէ եղող պետեր կամ առաջնորդներ, իրենց պաշտօնը կը վարեն կրօնական կամ հոգեւորական, եւ կամ քաղաքական կամ աշխարհական ժողովներու կամ խորհուրդներու աջակցութեամբ: Այդ պետերը ժողովական որոշմանց գործադիր իշխանութիւնը կը վարեն, իբր իշխանութիւն եւ ոչ իբր պարզ պաշտօնեայ, եւ պահանջին համեմատ ընդհանուր կանոնները եւ որոշումները կը պատշաճեցնեն, եւ հարկաւոր ու կարեւոր պարագաներու մէջ կրնան ալ անձնական զգօնութեան իշխանութեամբ գործել:

Աւագերէցներ եկեղեցիներու մէջ հոգեւորական կարգապահութեան կը հսկեն, իսկ ինչ որ կաթողիկոսներու մէջ ժողովրդապետական իրաւունք կամ իրաւասութիւն կը կոչուի, Հայ Եկեղեցւոյ մէջ հասարակ է ամէն քահանայի:

Իւրաքանչիւր ընտանիք ունի իւր ծխատէր կամ տաներէց քահանան, որուն ընտրութիւնը այժմ տունին կամ ծուխին թողուած է, եւ այդ քահանան է, որ նոյն տունին խոստովանահայրն է, եւ բոլոր հոգեւորական եւ խորհրդական պաշտօնները կը կատարէ, որոնք կաթոլիկներու մէջ ժողովրդապետութեան կը վերագրուին: Նշանի եւ պսակի հրամանները առաջնորդարանէն կը տրուին, եւ ծխատէրին կը գործադրուին: Եկեղցիներու մէջ կատարուելիք արարողութիւններ եւ հանդիսութիւններ կ՝որոշուին համաձայնութեամբ աւագերէցի եւ թաղական խորհրդոյ, որ կը կազմուի թաղեցիներու քուէով ընտրուած աշխարհականներէ: Նոյն թաղական խորհուրդն է՝ որ թաղին եւ եկեղեցիին եւ վարժարանին մատակարարութիւնն ալ կը կատարէ, թաղին վերաբերեալ ուրիշ հանրային գործերուն հետ: Քահանաներու համար խոստովանութիւն լսելու յատուկ արտօնութիւնը, եւ արձակումի համար վերապահեալ մեղքերու դրութիւնը՝ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի չունին:

Հին սովորութեան համեմատ, թաղի մը ամբողջ հասարակութեան հոգեւոր պէտքերը՝ խմբովին կը հոգացուէին թաղին եկեղեցւոյն քահանաներէն՝ ընկերովի շահակցութեամբ: Ինչ հասոյթ որ կը գոյանար նուէրներէ եւ իրաւունքներէ՝ ընդհանուր սնտուկի մը մէջ կը հաւաքուէր, եւ յետոյ ըստ պատշաճի կը բաժնուէր, աւագերէցին մէկուկէս, քահանաներուն մէկ, սարկաւագներուն կէս, դպիրներուն քառոդ համեմատութեամբ: Բայց այդ սովորութիւնը շատոնց ի վեր խափանուած է, գլխաւորապէս քաղաքներու մէջ, եւ այլեւս իւրաքանչիւր քահանայ իւր ծուխերէն եւ իւր վարած պաշտօններէն ստացած նուէրներն ու իրաւունքները իրեն կը սեփականէ, միայն ընդհանուր պնակի մը արդիւնք կայ, զոր քահանայք մէջերնին կը բաժնեն հաւասարապէս:

Կաթողիկոսներու յատուկ եւ սեփական պաշտօններն են եպիսկոպոսներու ձեռնադրութիւնը եւ միւռոնի օրհնութիւնը: Ձեռնադրութիւնը կը կատարուի ամէն անգամ որ առիթը կը ներկանայ, իսկ միւռոնի օրհնութիւնը իւրաքանչիւր երեք կամ հինգ տարի: Միւռոնը մեծ քանակուեամբ կը պատրաստուի, որպէս զի բոլոր վիճակներու պէտքին բաւական ըլլայ: Հայ Եկեղեցւոյ միւռոնին նիւթը՝ գլխաւորապէս զտուած եւ եռացած ձեթ է, որուն կը խառնուին բաւական չափով բալասան, եւ քառասուն տեսակ հոտաւէտ բոյսերէ եւ խունկերէ՝ իւղեփեցաց արհեստով քամուած հիւթ մը: Սովորութիւն է նաեւ մէկ երկու լիտր հին միւռոն խառնել նր պատրաստուած միւռոնին, որպես զի սոյն կերպով միշտ հինը նորին կապուած մնայ: Ժողովրդական աւանդութիւն է, թէ այս խառնուրդի շարունակութամբ այժմեան միւռոնը կը կցուի Յիսուսէ օրհնուած ձէթին հետ, զոր առաքեալներ Հայաստան բերած են կ՝ըսուի: Եթէ աւանդութիւնը պատմական ստուգութիւն չունի, գոնէ գեղեցիկ եւ խորհրդաւոր նշանակութիւն մը կը պարունակէ:

Եպիսկոպոս ձեռնադրելու եւ միւռոն օրհնելու իշխանութիւնը Աղթամարի եւ Սիսի կաթողիկոսներն ալ կը վայելեն, բայց միայն իրենց թեմերուն սահմանին մէջ, եւ ոչ երբեք անկէ դուրս գործածելու համար. Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքներ այդ արտօնութիւնը չունին, եւ իրենց թեմերուն պէտքին համար կը դիմեն Էջմիածին՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին: միայն թէ եպիսկոպոս ձեռնադրուելիք ընծայացուները, պէտք է իրենց պատրիարքներուն կողմէն ներկայացուին:

(*) Դամասկոս եւ Վերիտոն (Պեյրութ) ներկայիս առանձին վիճակներ են եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներքեւ կը գտնուին:
ԾՆԹ. ՀՐԱՏ.



Այս համակարգչային հանգրվանը ստեղծվել է Հայկական Ազատ Ցանցի կողմից, որն իրականացվում է ՄԱԿ-ի
Զարգացման Ծրագրի Հայաստանյան գրասենյակի ARM/96/002 «Ինտերնեթ» ծրագրի շրջանակներում:

Երևան 2000