
ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ
Մեսրոպ Արք. Աշճեան
Հայաստանեայց եկեղեցին, իբրեւ անբաժան մասը ընդհանրական եւ առաքելական եկեղեցւոյ, իր պաշտամունքին մէջ յատուկ տեղ տուած է սուրբերուն: Սուրբերը անոնք են, որոնք իրենց կեանքի օրինակով, աղօթանուէր վարքով եւ յաճախ արեան վկայութեամբ արժանացած են հաւատացեալներու եւ առհասարակ ամբողջ եկեղեցւոյ յարգանքին: Եւ դարերու հոլովոյթին, մեզի հասած են անունները անոնց՝ որոնք եկեղեցւոյ աղօթքին եւ աստուածաբանութեան մէջ ունին յատուկ տեղ - սրբոց բարեխօսութիւնը: Սրբոց բարեխօսութեան վարդապետութիւնն ալ, իր կարգին, ունի աստուածաբանական խորք եւ հրաւէր կուտայ հաւատացեալներուն, որպէսզի անոնց բարեխօսութեամբ դիմենք մեր Փրկչին, եւ Աստուծոյ սիրելի այդ անձերուն միջնորդական աղօթքով մօտենանք Անոր, որ ճանապարհն է եւ ճշմարտութիւն, կեանք եւ լոյս միանգամայն:
Եկեղեցւոյ հաւատքին եւ հաւատացեալներու բարեպաշտութեան մէջ մեծ եղած է սուրբերուն դերը, եւ դարէ դար եկեղեցին հարստացած է սուրբերով, մարտիրոսներով, վկաներով, խոստովանողներով, որոնք վկայած են իրենց հաւատքին մասին, եղած են լոյսի սիւներ, առաջնորդներ եւ օրինակ հանդիսացած հաւատացեալներուն:
Եկեղեցւոյ սուրբերը անոր կենսունակութեան, հաւատքի առկայութեան խորհրդանիշերն են, եւ դարերու հոլովոյթին մէջէն եկեղեցին իր սուրբերու բազմութեամբ արտայայտած է իր հաւատքի կեանքը եւ վկայութիւնը:
Այս տեսակէտէն սակայն, տարբերութիւններ կան եկեղեցիներու միջեւ: Կարգ մը եկեղեցիներ ժուժկալ եղած են, ուրիշներ՝ մինչեւ այսօր եւ կանոնաւոր կերպով նոր սուրբեր կ՝աւելցնեն իրենց սրբոց դասերուն վրայ: Կարելի է անշուշտ բացատրութիւններ տալ. եւ փորձել հասկնալ, օրինակի համար, թէ ինչո՞ւ հայ եկեղեցին ԺԴ. դարէն ասդին մէկ հատիկ սուրբ չէ աւելցուցած իր սուրբերուն վրայ, մինչ կաթոլիկ եկեղեցին, այսօր ալ եւ յատուկ գործընթացի մը մէջէն, սուրբ կը հռչակէ հաւատքի ախոյեանները՝ որոնք ժամանակակից են մեզի, ըստ ամենայնի: Արդեօք հայ եկեղեցին ալ չի՞ հաւատար սուրբերու բարեխօսութեան, ալ ժամանակավրէպ կը նկատէ սուրբերը եւ կամ այնքա՞ն բարձր դիրքի վրայ կը պահէ սրբութիւնը որ չի համարձակիր նոր սուրբեր աւելցնել իր տօնացոյցին մէջ, թէ... անտարբեր է պարզապէս, եւ աւելորդ ծանրութիւն կը նկատէ զանոնք: Դժուար է ուղիղ եւ արդար պատասխան մը գտնել այս երեւոյթին: Թերեւս ալ՝ բացատրութեան մը փորձով աւելի խորերը պիտի տանի մեզ, եւ պարտադրէ որ մտածենք հայկական քրիստոնէութեան մասին, որ սակայն շա՜տ, շատ տխուր հաստատումներու կրնայ տանիլ մեզ, եւ արդարացնէ իսկ վախը ոմանց՝ հայ եկեղեցին կը նկատեն հաւատքէն պարպուած կառոյց մը՝ որ ազգային է, աւելի ճիշդը ազգայնական եկեղեցի մըն է այսօր, եւ կը ծառայէ ազգին եւ լեզուին, մշակոյթին եւ աւանդութեանց, որ լեզուի թանգարան է՝ հաւատքի բոցէն ի սպառ հեռու... եւ, մինչ այս տողերը կը գրեմ, եւ կարծես հաստատելու համար այս մտածումները, դիմացս ֆրանսերէն օրաթերթ մը կայ, որ կը նկարագրէ թէ ինչպէս Հռոմի Պապը, Յովհաննէս Պօղոս Բ., իր դէպի Սպանիա հինգերորդ ուղեւորութեան առիթով, (Յունիս 15, 1993) սուրբ հռչակած է «Ս. Թերեզ Յիսուսի» ուխտի հիմնադիր Հայր Էնրիք տէ Օսսոն (1840-1896):
Բայց գուցէ եւ արդար չենք մեր խիստ եւ հատու դատումներուն մէջ, որովհետեւ, հայ քրիստոնեան իր խոր էութեան մէջ, պահած է իր քրիստոնէական հաւատքը, եւ իր սրտին մէջ միշտ ալ յատուկ տեղ մը ունի սուրբերուն եւ սրբութեան հանդէպ: Վկայ՝ հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի հաւաքական կամքը՝ Մեծ Եղեռնի զոհերու սրբադասման հարցին մէջ, որուն մասին պիտի անդրադառնանք աւելի ուշ: Մեծ Եղեռնէն յետոյ, եւ քանիցս, հայ ժողովուրդը չէ՞ ուզած իր նահատակներուն մէջ տեսնել եկեղեցւոյ մարտիրոսները, սուրբերու: Եւ այս կամ այն առիթով, մամուլի մէջ թէ այլուր՝ ձայներ բարձրացած չէ՞ն մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները սուրբ հռչակելու համար:
Եւ արդարեւ, վերջին տարիներուն, տեղ-տեղ զրոյցները, սեմինարներ, դասախօսական շարքեր կազմակերպուած էին, եւ որոնք օգտակար հանդիսացան մեր նահատակներու սրբադասման մասին մտքերու փոխանակման, ուսումնասիրութեան եւքննարկման գծով: Առաջինը՝ Անթիլիասի մէջ էր, որ 1984 թուին տեղի ունեցաւ դասախօսական շարք մը՝ եւ ուր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ այլ հոգեւորականներու կողմէ ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը.-
Ի՞նչ է սրբութիւնը- Գարեգին Բ. Կաթողիկոս
Սրբութեան ընբռնումը- Արտաւազդ Արք. Թրթռեան
Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ
Ինչպէ՞ս կը կատարուի սրբացումը - Զարեհ Եպս. Ազնաւորեան
Սրբախօսական գրականութիւն - Արշաւիր Ծ. Վրդ. Գաբուճեան
Աւելի ուշ, 1989-ին Նիւ Եորքի մեր Առաջնորդարանը կազմակերպեց երկու ձեռնարկներ, միշտ նոյն մտադրութեամբ - արծարծել սրբութեան եւ սրբադասման հարցը եւ մտածումի նոր ուղիներ փնտռել:
Առաջինը՝ հոգեւորականց համագումարի ընթացքին էր, Փետրուար 1989-ին, եւ որու ընթացքին զեկոյցներով հանդէս եկան Հոգչ. Տ. Անուշաւան Ծ. Վրդ. Դանիէլեան, Տ. Մեսրոպ Ա. Քհնյ. Թաշճեան, Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Շրիգեան եւ Բրոֆ. Վւգէն Կիւրոյեան: Երկրորդ, նոյն տարուան ընթացքին, մեծ պահոց դասախօսութեանց շարքը նուիրեցաւ սրբադասման հարցին, եւ հետեւեալ դասախօսութիւնները ներկայացուեցան հանրութեան, Ազգային Առաջնորդարանիս մէջ.-
Հայ կին սուրբերը - Պարպրա Պալճեան
Սուրբերը անկլիգան աւանդութեան մէջ - Հայր Րապըրթ Րայթ
Սուրբերը կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ - Բրօֆ. Թամըս Պըրտ
Սուրբերը եւ օրթոտոքս եկեղեցին - Հայր Թամըս Հօփքօ
Հայ եկեղեցւոյ սուրբերը - Տ. Անուշաւան Ծ. Վրդ. Դանիէլեան
Սրբադասման հարցը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ - Մեսրոպ Արք. Աշճեան
Այս բոլորը սակայն, իրարմէ անկախ, անջատ փորձեր էին, եւ իրենց բնոյթով իսկ նեղ շրջանակի մը սահմանուած: Ուստի յարմար տեսանք, մէկ հատորի մը մէջ մէկտեղել վերոյիշեալ երեք ձեռնարկներու ընթացքին ներկայացուած դասախօսութիւններէն ոմանք, հայ հաւատացեալներուն ընդհանրապէս, եւ սրբադասման հարցին հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցողներուն համար յատկապէս մատչելի դարձնելու զանոնք:
Ուրեմն, այս հատորին մէջ, մեր ընթերցողները պիտի գտնեն հետեւեալ նիւթերը.-
Ի՞նչ է սրբութիւնը- Գարեգին Բ. Կաթողիկոս
Սրբութեան ըմբռնումը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ - Արտաւազդ Արք. Թրթռեան
Ինչպէ՞ս կը կատարուի սրբացումը - Զարեհ Եպս. Ազնաւորեան
Ո՞վ է սուրբը- Անուշաւան Ծ. Վրդ. Դանիէլեան
Սրբացում - Մեսրոպ Ա. Քհնյ. Թաշճեան
Սրբախօսական գրականութիւն- Արշաւիր Ծ. Վ. Գաբուճեան
The Lost Meaning of Sainthood- Prof. Vigen Guroian
Բայց աստի, աւելցուցած ենք բազմաթիւ ցուցակներ: Առաջինը հայ եկեղեցւոյ տօնելի սուրբերու ցանկը, պատրաստուած հոգելոյս Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի կողմէ (Սուրբք եւ Տօնք, Երուսաղէմ, 1939) յաւելումովը սուրբ գրական սուրբերուն: Ապա, առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացնենք, Հայ Եկեղեցւոյ մոռացուած, մոռացութեան դատապարտուած նոր վկաներու եւ սուրբերու ցուցակը: Այս ցուցակը կը պարունակէ հետեւեալ սիւնակները - սուրբի անուն, սեռ, տարիք, նահատակութեան թուական, երբեւիցէ տօնուա՞ծ է թէ ոչ, եւն. եւն.: Այս ցուցակի պատրաստութեան ժամանակ օգտուած ենք Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Ազգապատում»էն (տպ. Կ. Պոլիս եւ Երուսաղէմ, 1912-1927-ին) եւ 1902-ին, հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1600 ամեակին առթիւ Ս. Էջմիածնայ մէջ, Յակոբ Մանանդեանի եւ Հրաչեայ Աճառեանի խմբագրութեամբ տպուած «Հայոց Նոր Վկաները» երկհատոր աշխատասիրութիւններէն: Սոյն գործի առաջին հատորը կը պարունակէր 1155-1485 թուականներու վկաներու պատմութիւնը, իսկ երկրորդ հատորը՝ 1480-1843 թուականներու վկաները: Թէեւ ո՚չ ամբողջական, բայց բարդ ամենալուրջ աշխատանքն է եւ միակ ուղեցոյցը, երբ եւ եթէ օր մը Հայ Եկեղեցին որոշէ ճանչնալ իր զաւակներէն անոնք՝ որոնք իրենց կեանքով վկայեցին իրենց հաւատքը եւ սէրը առ Քրիստոս: Յաւելուածին մէջ զետեղած ենք նաեւ բազմաթիւ ցուցակներ, որոնք տարբեր դասաւորումներով կը ներկայացնեն հայ եւ տիեզերական եկեղեցիներու սուրբերը: Յետոյ զետեղած ենք ցուցակներ 1915-ի Մեծ Եղեռնին զոհ գացած հազարաւոր հոգեւորականներու, մտաւորականներու, ազգային գործիչներու, տարբեր ասպարէզներու պատկանող նահատակներու, ինչպէս նաեւ հայ աւետարանական եւ հայ կաթոլիկ եկեղեցիներու նահատակներու անունները, քաղելով Թէոդիկի անկրկնելի եւ մեծարժէք աշխատութիւններէն:
Բայց որքան ցաւ է ինծի համար անդրադառնալ, որ բացի հատուկտոր յօդուածներէ, ոչ մէկ լուրջ գիրք եւ ուսումնասիրութիւն չէ կատարուած մեր իրականութեան մէջ, եւ որ յատկապէս նուիրուած ըլլար սուրբերու եւ սրբադասման մասին: Ճիշդ է, որ առհասարակ անապատ է մեր հոգեւոր կեանքը, բայց՝ օրինաչափ է նաեւ գիտական - բանասիրական կալուածներէ ներս եւս տարածուող անապատը: Ո՚չ ոք կրնայ, այսօր, ցոյց տալ հատոր մը՝ ուր կարենանք գտնել թէ ո՞վքեր են անոնք որոնք «կ՝ապրին» մեր տօնացոյցին մէջ՝ իբրեւ սուրբեր: Միակ բացառութիւնը՝ հոգելոյս Շնորհք Պատրիարք Գակուստեանի հատորներն են, մէյ մըն ալ՝ Վաչէ Ծ. Վրդ. Իգնատիոսեանի «Բարեխօսութիւն Սրբոց» հատորը, որ վերջերս հրատարակուեցաւ ֆրանսերէն լեզուով եւս: Հաստատուն վկայութիւններ ունի՞նք մեր սուրբերուն մասին, ինչպէ՞ս յառաջ եկած եւ կազմուած է հայոց տօնացոյցը, ո՞ր դարերուն մշակուած են կանոնները, եթէ կան, եւ թէ՝ բաղդատելով քոյր եկեղեցիներու տօնացոյցերուն հետ, ի՞նչ առաւելութիւններ եւ թերութիւններ ունի մեր տօնացոյցը եւ թէ, եթէ օր մը լրջօրէն պիտի քննարկուի Մեծ Եղեռնի զոհերուն սրբդասման հարցը, ի՞նչ գործընթացի պիտի հետեւի Հայ Եկեղեցին: Ներկայ հատորը ինք եւս պատասխան չի տար նման հարցերու եւ անշուշտ որ ներածական այս էջերը արդարութիւն պիտի չընեն մեր այս հաստատումը գէ՚թ կերպով մը բարելաւելու համար: Այնուամենայնիւ, եւ իբրեւ ընդհանուր ուղեցուց, պիտի ջանանք հակիրճ էջերու մէջ, մեր ընթերցողներուն ներկայացնել Հայ Եկեղեցւոյ սուրբերու մասին համառօտ տեսութիւն մը՝ հետեւեալ գլխակարգումներով.-
Հայ եկեղեցւոյ սրբոց տօները
Հայ եկեղեցւոյ սուրբերուն տօներու կարգը
Սիմէոն Կաթողիկոսի վերջին բարեկարգութիւնը
Հնագոյն հայ ճաշոցը եւ սրբոց տօները
Հայ Եկեղեցւոյ սուրբերը
Հայ Եկեղեցւոյ մոռացուած սուրբերը
Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին բարեկարգման հարցը
եւ նոր սուրբերու յաւելումը
Ապրիելեան Նահատակաց սրբադասման հարցը
Կը յուսանք, որ ներկայ հատորը կը ծառայէ իր նպատակին - մտքերը հրահրել, ստեղծել մթնոլորտը՝ ուր այս հարցերը քննարկուին, եւ քաջալերեն որ մեր վանքերուն մէջ եւ կամ բանասիրական կաճառներու մէջ այս հարցերը քննարկուին, խորացուին, վերլուծուին, եւ համապատասխան նիւթերը պատրաստ ըլլան, որպէսզի, երբոր Հայց. Եկեղեցւոյ գերագոյն իշխանութիւննները որոշեն բանասիրական կաճառներու մէջ այս հարցերը քննարկուին, խորացուին, վերլուծուին, եւ համապատասխան նիւթերը պատրաստ ըլլան, որպէսզի, երբոր Հայց. Եկեղեցւոյ գերագոյն իշխանութիւննները որոշեն ձեռնարկել Հայ Եկեղցւոյ տօնացոյցի բարեկարգման եւ Մեծ Եղեռնի նահատակներու սրբացման՝ իրենց տրամադրութեան ներքեւ ունենան իրենց աշխատանքը դիւրացնող կարգ մը նիւթեր, եւ այդ ալ կ՝ըլլայ մեր վարձատրութիւնը:
Հայ Եկեղեցւոյ Սրբոց Տօները
Տիեզերական եկեղեցւոյ մէջ սրբոց տօները առհասարակ կը նշուէին անոնց նահատակութեան տարեդարձներուն: Սակայն շուտով որոշ օրէնքներ կամ աւանդութիւններ իրենց կնիքը դրին սուրբերուն յիշատակի տօնախմբութեանց առթիւ, քանի մեծ դժուարութիւններ սկսան առաջ գալ: Առաջին դժուարութիւնը ստեղծեցին պահոց օրերը: Որովհետեւ պահոց օրերը սուգի օրեր էին, իսկ սրբոց տօները՝ ուրախութեան (Յ. Մանդակունի, Ագաթանգեղոս, Ճ.): Յետոյ՝ ոչ արեւելքի մէջ, ոչ ալ արեւմուտքի մէջ սրբոց տօները կը նշուէին մեծ պահոց ընթացքին: Եկեղեցական ժողովներն ալ յատուկ որոշումներ տուին այդ ուղղութեամբ: Լաւոդիկէի ժողովը, 363 թ. արգիլեց սուրբերու տօները տօնել՝ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն. (կանոն ԾԱ.): Թոլետոյի (656) եւ Ին Թրուլլոյի (692) ժողովները նոյն արգելքը դրին, բայց, Ը. դարէն սկսեալ, կաթոլիկները սկսան պահոց օրերուն սուրբերու տօները նշել, յետոյ ալ, երբ Կիրակի օրերուն ալ սկսան սուրբերը նշել, նսեմացուցին անոնց յիշատակը: Յոյներ գայթակղեցան, բողոքեցին եւ իրենց կարգին, մեծ պահոց մէջ իրենք ալ սրբոց տօները դրին, սակայն առանց պատարագի եւ հանդէսի:
Հայերը սրբոց տօները զատելով տէրունական տօներէն եւ պահքերէն, սրբոց տօները պահեցին իրենց վայելչութեան մէջ (Օձնեցի, 25): Աւելի ուշ ալ, նոյնիսկ երբոր սուրբերու տօները շատցան, Կիրակի եւ պահոց օրերուն, ինչպէս նաեւ Յինանց շրջանին սուրբերու տօներ չդրուեցան, որպէսզի տէրունական տօները չնսեմանան:
Արդարեւ, Հայ Եկեղեցին շեղացաւ ընդհանրական եկեղեցիէն, եւ հրաժարեցաւ սուրբերու տօները իրենց տարեդարձներուն նշելու սովորութիւնէն, նախ՝ աղուհացի օրերուն, եւ ապա որդեգրեց շաբթուան Երկուշաբթի, Երեքշաբէի, Հինգշաբէի եւ Շաբաթ օրերուն սրբոց տօները նշելու սկզբունքը, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը վերապահելով իբրեւ պահոց օրերը: Արդէն լատին եւ յոյն եկեղեցիներն ալ նոյն տօները միաժամանակ չեն տօներ, եւ իրենք ալ չեղած են սրբոց տօները անոնց մարտիրոսութեան տարեդարձներուն նշելու աւանդութենէն: Օրինակ՝ Ս. Աթանաս յոյներէն կը տօնուի Յունուար 18-ին, լատիններէն՝ Մարտի 2-ին: Ս. Կիւրեղ՝ Յունուար 18-ին եւ 28-ին: Գրիգոր Աստուածաբան՝ Յունուար 25-ին եւ Մայիս 9-ին: Յովհաննէս Աւետարանիչ՝ Մայիսի 8-ին եւ Դեկտ. 27-ին, եւն., եւն.:
Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբերու Տօներու Կարգը
Հայ Եկեղեցւոյ սուրբերու տօնակարգը վստահաբար զարգացաւ անընդհատ կերպով, եւ ունի դարերու հոլովոյթ: Հիմքը՝ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնն է անշուշտ, եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը տիրող դարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ եւս, յատկապէս առաջին հինգ դարերուն: Յետագային, սկսան տօնուիլ զուտ տեղական սուրբեր, եւ այս կամ այն ձեւով մտան Հայ Եկեղեցւոյ տօնելի սուրբերուն կարգին: Ամենահին օրացոյցները որոնք Տօնանամակ (տօնաշարք) կը կոչուէին, չունէին կարգ մը տօներ, որոնք մենք այնքա՜ն բնական կը նկատենք այսօր, եւ գիտենք ալ, որ շատ շուտով դարձած էին մեր ժողովուրդին համար եւ յարգելի տօներ: Օրինակ՝ Վարդանանց Տօնը, որու մասին վկայութիւններ կան Եղիշէէն եւ Փարպեցիէն - «Ոչ կարէին կալ ճշմարտիւ ի վերայ սուրբ մարմնոց երենելեացն» (Եղիշէ, Մատեն. 101) եւ «Երկնաւոր կոչմանն եղեն արժանաւորք ընդ սրբոյն Վարդանայ եւ նահատակեցան» (Փարպեցի ԼԹ): 1284թ. ցուցակ մը՝ «Տօնք ըստ Հայոց Ամսոց» ունի 45 տօն, Վենետիկի մշտնջենաւոր Պարզատոմարը ունի 45 տօն: Հետաքրքրական է սա վկայութիւնը որ կը հաստատէ թէ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ տօներու ազատութիւն կար, եւ թէ Դրազարկ իր յատուկ օրացոյցը ունէր. «Իսկ առաւելութեան է պակասութեան տօնից մi՚ յերկուանար, քանզի զոր ընկալեալ է եկեղեցիք Հայաստանեայց ընտրութեամբ սուրբ վարդապետացն նախադրական տօնն սուրբ ուխտին Դրազարկու՝ զայնոսիկ լiով գտցես ի սմա, որոնց պատմութիւնքն յայտնի են, որ կատարի ի փառս Աստուծոյ» (տօնացոյց, 1287):
Սրբոց տօներու տօնախմբման, անոնց կենսագրութեան, վարքագրութեան եւ ա՚յլ հարցերու մասին կրնանք մանրամասն տեղեկութիւններ քաղել Հայ Եկեղեցւոյ զանազան ծիսական-արարողական հաւաքածոներու մէջէն, որոնք ծանօթ են Տօնացոյց, Տօնական, Տօնամակ, Ճաշոց, Տօնապատճառ, Ճառընտիր, Յասմաւուրք անուններով: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցած է զանազան խմբագրութիւններ, եւ դարերու ընթացքին աճած է եւ զարգացած, ըստ կարիքի: Հնագոյն Ձեռագիրները եւ խմբագրութիւնները Ը-Թ դարարէն են, եւ վերջին խմբագրութիւնը՝ ԺԵ. դարէն: Դժբախտաբար գիտական խմբագրութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ կը պակսին վերոյիշեալ ժողովածուներու մասին, եւ որքան գիտենք, միայն մէկ մենագրութիւն կայ «Յասմաւուրք»ի մասին, Մայիլ Ավդալբեգեանի կողմէ, տպ. Երեւան, 1982-ին, եթէ չյիշենք Հ. Վարդան Հացունիի «Հայ Ծէսը 1911 Տարւոյ Սիւնհոդոսի Գործոց Մէջ», Վենետիկ, Ս. Ղազար 1919, որոնցմէ մեծապէս օգտուած ենք ներկայ աշխատութեան մէջ:
Մեր նպատակէն դուրս է այս ծիսական-արարողական ժողովածուներու մասին խոր եւ բազմակողմանի քննարկումը - կը գոհանանք համառօտակի կերպով ներկայացնել միայն այն՝ ինչ որ շահեկան է մեզի համար, եւ ա՚յս հատորի շահագրգռութեան ծիրէն ներս, կեդրոնանալով միայն սրբոց տօներու մասին, եւ զանց ընելով տէրունի տօները, ճաշու ընթերցուածները եւ Յասմաւուրքներու կենսագրական տուեալներու պատմութիւնը:
Ամենահին ժողովածուն Տօնականն է, որու ստեղծումը կը կապուի Մաքենեաց անապատի Հայր Սողոմոնի հետ, Է. դարուն: Մխիթար Այրիվանեցիին կը պարտինք, արդարեւ, այս վկայութիւնը, ըստ որում «Հայր Սողոմոն արար զՏօնականն ի Մաքենիս 697 թուականին» (Թոփճեան Յ., Ցուցակ Ձեռագրաց Արմաշի վանքին, Վենետիկ, 1962, էջ 41):Նոյնը կը հաստատէ Վանական Վարդապետ, իր «Հարցմունք եւ Պատասխանիք»ի մէջ: «Հարցում.- զհայոց գրեանքն ո՞վ է կարգեալ». «Պատասխան.- զՏօնականն՝ Մաքենացին Հայրն Սողոման, զՏօնացոյցն՝ Վարագայ Հայրն Ատոմ, ԶՏօնապատճառն՝ Վկայասէրն» (Մխիթար Այրիվանեցւոյ Պատմութիւն Հայոց, Մոսկուա, 1860, էջ 66): Ըստ Ավդալբէկեանի, այս Տօնականը ճառընտիր մըն է իր կազմութեամբ, եւ սակայն որոշակի տարբերութիւններ ունի Ճառընտիրէն - կառուցուածքը տարբեր է - ժամանակագրական ընթացք ունի, եւ կը պարունակէ Տէրունական տօները՝ Աւետումէն Ծնունդ, Մկրտութիւն, Քառասնից Պահք, Խաչելութիւն, Թաղում, Յարութիւն, Այլակերպութիւն, եւն: Ժողովածուն կը պարունակէ Տէրունի տօներուն առթիւ գրուած ճառեր, եւ նաեւ սրբոց տօներ, առանց վարքագրութեան:
Ճառընտիր ժողովածուն, Տէրունական տօներու կարգով կազմուած, կը պարունակէ եկեղեցական հայրերու ճառերը՝ տէրունական տօներու առթիւ, անոնց մեկնաբանութեամբ: Ճառընտիր ճոխացուած Տօնական է:
Տօներու պատճառները վեր հանող յատուկ ճառընտիրը կը կոչուի Տօնապատճառ, որ ունի իր սեփական նպատակն ու բնոյթը: Տօնապատճառի սկիզբը կ՝երթայ մինչեւ Արիստակէս Հայրապետ եւ սակայն Զաքարիա Զագեցի (858-875) Կաթողիկոսին կ՝երթայ պատիւը, իբրեւ առաջին եւ գլխաւոր խմբագրողը Տօնապատճառին (Անթափեան Փայլակ, Սամուէլ Կամրջաձորեցին եւ «Տօնապատճառ» ժողովածու, «Բանբեր Մատենադարանի., Թջւ 10, 1971):
Այս ժողովածուներու կողքին գոյութիւն ունեցած են նաեւ մարտիրոսներու մասին հաւաքածոներ, որոնք կոչուած են Մարտիրողօք, եւ որոնք կը պարունակէին սուրբերու մասին վկայաբանութիւններ եւ վարքագրութիւններ: Այս հաւաքածոն կազմողը եղած է Սմբատ Ա. Խոստովանողի (890-914) ժամանակակից Գագիկ Վարդապետը, առաջնորդ Ատոմ վանքի ուխտին: Ստեփանոս Ասողիկ կը վկայէ այս մասին, եւ միաժամանակ կ՝աւելցնէ որ վկայաբանական ժողովածուն կը կոչուէր Ատոմագիրք, քանի Ատոմի վանքին մէջ ստեղծուած էր եւ այնտեղէն ալ տարածում գտած էր (Ստեփանի Տարօնեցւոյ Ասողական Պատմութիւն Տիեզերական, Ս. Պեդերսբուրգ, 1885, էջ 160): Այս Ատոմագիրքը պէտք չէ շփոթել մի՚ւս Ատոմագիրքին հետ, որ հոռոմադիր ալ կը կոչուի, քանի անուան շփոթութիւն մը կայ: Վարագայ վանքի վարդապետներէն Ատոմ Վարդապետն է որ տօնացոյց ժողովածու մը սարքած էր, սրբոց տօներով եւ հռոմէական ամսաթուերով, ե՚ւ այդ պատճառաւ ալ կը կոչուէր Ատոմադիր կամ Հոռոմադիր: Արդարեւ այս տօնացոյցը յարմարցուած էր հռոմէական տօնական կարգին, եւ սկսելով Սեպտեմբեր կամ Յունուար ամիսներէն:
Գրիգոր Վկայասէր Կաթողիկոսին կ՝երթայ պատիւը Հայ Եկեղեցւոյ արարողական հաւաքածոները դասաւորելու եւ անոնց նո՚ր ոգի եւ ուղղութիւն տալու տեսակէտէն:
Վկայասէր հայրապետ հռչակուած է իբրեւ տօնասէր հայրապետ, որ հաւաքեց, թարգմանեց, դասաւորեց սրբոց տօները, եւ հռչակուեցաւ իբրեւ երկրորդ Մեսրոպ, Վէմ հաւատոյ, վերուստ անօթ ընտրեալ, եւն: Ածականներ՝ որոնք պիտի չտրուէին միայն թարգմանութիւններ կատարած անձի մը: Աւելի մեծ եղած է Վկյասէրի գործը:
Գրիգոր Վկայասէր կը սերէր Պահլաւունիներու գերդաստանէն, որդին Գրիգոր Մագիստրոսի, որ իր ազնուական ծագումին միացուց բարձր դաստիրակութեան արգասիքը եւ իր միջոցաւ իրագործեց իր հօր եւ հօրեղբօր՝ Վահրամ Պահլաւունիի ազնուական աւանդները, եւ հաւատարիմ մնաց իր հօր պատուէրին. «Հայցեմ է քէն...զաւանդութիւնն մեր ոչ մոռանալ երբեք եւ զփոյթ սիրոյն առ Քրիստոս Աստուած մեր եւ զլոյս ճրագի նախնւոյն մերոյ ոչ շիջուցանել», այսինքն հաւատարիմ մնալ նախնեաց աւանդութեան եւ Քրիստոսի սիրոյ (Գրիգոր Մագիստրոսի Թղթերը, «Առ Վեսըն Վահրամ Որդին Իւր, էջ 236») եւ Վկայասէր մնաց հաւատարիմ, ստեղծելով ազգային տօնական ժողովածուն, որ ունէր պատմա-քաղաքական նշանակութիւն, սեփական-ազգային աւանդներուն պահպանումով սահմանազատուած եւ իբրեւ հակադրութիւն օտար նուաճողներու հնարաւոր ոտնաձգութիւններէն:
Յոյներ Ժ. դարուն ստեղծած էին իրենց Հայսմաւուրքը՝ Բասիլիա Բ. Կայսեր օրերուն (967-1025), եւ Կ. Պոլիս ապրող հայ մըն ալ Յովհան Կ. Պոլսեցին թարգմանած էր այդ հայերէնի, 991-992թթ. Վկայասէր Հայրապետ հայկական առկայ ժողովածուներու՝ Ճաշոցի, Տօնամակի մէջ փոփոխութիւններ մտցուց, օտարածին Յայսմաւուրքը ճոխացուց հայկական տօներով, հայացո՚ւց զայն, եւ այդու սիրելի դարձաւ հայ ժողովուրդին եւ արժանի անոր երախտիքին: Վարդան - կը գրէ՝ «Տէրն Գրիգոր Վկայասէր կոչուեցաւ իրօք եւ անուամբ եւ փառակցութեամբ»: Վկայասէրի արժանիքը միայն վկայաբանութիւններ հաւաքելու մէջ չի՚ կայանար - ան նահատակներու յիշատակին առթիւ հայկական տօնացոյցին մէջ տօներ սահմանեց, սուրբերու պատմութիւնները հաւաքեց եւ տօնի առթիւ եկեղեցւոյ մէջ կարդալու համար ընթերցումներ յօրինեց - ան հայոց սեփական տօնացոյցի յօրինողն ու հեղինակն էր: Ինք էր որ իր աշակերտ Կիրակոսի հետ աւելցուց հին Ճաշոցին* վրայ սրբոց տօները՝ թիւով 76, զանոնք վերածեց կայուն օրացոյցի տօներու եւ հիմքը դրաւ Յայսմաւուրքին: Յայսմաւուրքը արարողական օրացոյցին ժողովածուն է, որ յառաջացած է գրաբար «յայսմ աւուր», այս օր, այս օրը բառակապակցութենէն: Իւրաքանչիւր օր նշուող տօներէն բացի, Յայսմաւուրքը կը պարունակէ տօնի օրը եկեղեցւոյ մէջ կարդացուելիք կենսագրականներ եւ սրբախօսութիւններ: Յայսմաւուրքը յատուկ կարեւորութիւն ունի մեզի համար, քանի Յայսմաւուրքի զարգացման մէջէն կարելի կ՝ըլլայ նաեւ ուսումնասիրել Հայ Եկեղեցւոյ տօնակարգը, տօնացոյցը, սուրբերւն ընդունելութիւն, եւն., եւն.:
Վկայասէրի գործը շարունակեց Խաչենի տէր Իսրայէլ Եպիսկոպոսը (ԺԳ դար) որ ձեռնամուխ եղաւ հայկական Յայսմաւուրքի նոր խմբագրութեան, խնդրանքովը Ջալալ-դոլա Խաչենի իշխանին եւ Վանական Վարդապետին: Ան աւելի եւս հայացուց հայկական օրացոյցը, առաջնութիւնը տալով հայ սուրբերուն, եւ կերպով մը ազգայնացուց հայ տօնացոյցը՝ հայ կեանքի դրուագումներով, հայ սուրբերու սրբախօսական պատմութիւններով:
Կիրակոս Գանձակեցին իր կարգին ճոխացուց Յայսմաւուրքը, 170 նոր սուրբերու յաւելումով եւ հայկական ամսակարգի կիրարկութեամբ: Կիրակոս իր օրացոյցին մէջ աւելցուց արեւելեան-պարսկական բազմաթիւ սուրբեր ալ՝ Ակեփսիմա Հայրապետ, Յովսէփ Քահանայ, Այիթալա Սարկաւագ, Գուրիաս, Սամոնաս, Աբիբ, Որմիզդ, Յակովիկ, եւն., եւն., առանց մոռանլու հայ սուրբեր եւս, ընդ որս՝ Վանական Վարդապետ, Խոսրով Գանձակեցի, Յովհաննէս Գառնեցի, Յովսէփ Նոր Վկայ: Աւելի ուշ ալ, երբ Գանձակեցի Սիս եկեաւ եւ Յայսմաւուրքի նո՚ր խմբագրութեան մը ձեռնարկեց, այս անգամ ալ աւելցուց «ֆրանկաց» տօներ, ըստ երեւոյթին տեղական պահանջներու եւ կամ զգայնութեանց գոհացում տալու համար, տօներ, սակայն, որոնք հայ տօնացոյցին մէջ վերջնական բնակութեան իրաւունք չստացան: Սսոյ մէջ աւելի յանդուգն քայլ մը փորձեց առնել Գրիգոր Է. Անաւարզեցի Կաթողիկոսը, որ Սիսի 1307-ի ժողովով ալ փորձեց լատինական գոյն տալ հայ օրացոյցին, յայսմաւուրքին նոր խմբագրութեամբ: Ատանայի ժողովն ալ, 1316-ին փորձեց անգամ մը եւս պաշտօնականացնել Անաւարզեցիի ճիգերը, եւ թուելէ յետոյ կարգ մը տօներու լատինական թուականները, կ՝աւելցնէ «եւ զտօնս այլ սրբոցն սահմանեաց ըստ այսնաւուրացն առնել, իսկ զաւանդութեամբ տօնէն, զոր ունէր եկեղեցիս հայոց՝ նոյնպէս կալցին եւ տօնեսցին»: Անաւարզեցիի Յայսմաւուրքը Քրիստոսի ծնունդը կը դնէ Դեկտ. 25-ին, եւ այդ պատճառաւ ալ կը խախտէ տէրունական տօները. Նոյեմբեր 1-ին կը դնէ Ս. Աստուածածնի տօն մը, բոլոր նահատակներուն (Ամենայն Սրբոց) տօնը: Անդրադառնալով Անաւրզեցիի այս փորձերուն, Օրմանեան կ՝ըսէ. «Շարակնոցին հետ Յայսմաւուրքին վրայ ալ յատուկ աշխատութիւն ունեցած է Անաւարզեցին, նորանոր յիշատակներ աւելցնելով անոր մէջ, եւ անշուշտ անկէ մնացած պիտի ըլլան Յայսմաւուրքի մէջ անցած լատին սուրբերու յիշատակները, զոր օրինակ Ամբրոսիոս Մեդիսլանեցի, Գրիգոր Հռոմայեցի, Դորոթէոս Տիւրացի, եօթներորդ ժողով, Լաւրենիոս եւ Քսեստոս Հռոմայեցի եւ ուրիշներ» (Ազգապատում, էջ 1752-1753): Անաւարզեցի ուրի՚շ յանդուգն քայլ մըն ալ առած էր - տօնակարգը կարգաւորել ամսօրերով եւ ջնջել Հայ Եկեղեցւոյ եօթնեկական դրութիւնը եւ սրբոց տօները կատարել ամսաթիւերով եւ Յայսմաւուրքի կարգով: Նմանօրինակ փորձ մըն ալ ըրած էր, Անաւարզեցիէն առաջ, Ներսէս Լամբրոնացին, որ էքիւմենիստ էր բառի ծնունդէն առաջ, եւ փորձեր էր Ծնունդը Դեկտ. 25-ին տօնել, եւ հայերէն Աւետարանին հետ միասին կարդալ յունարէնը եւս (Ալիշան, Հայապատում, էջ 422):
Աւելի ուշ, Արեւլեան Հայաստանի մէջ իր տօնասիրութեամբ հռչակ ստացաւ մարտիրոսներու գովաբան Գրիգոր Խլաթեցին, Ծերենց մականունեալ: Սա 8 տարի Որոտնեցիի աշակերտ էր, Տաթեւացիի աշակերտակից: Ատկէ առաջ ալ Սարգիս Ապարակունեցիի աշակերտ էր, Սուխարա վանքին մէջ: Սալնապատի վանքը եւ ամբողջ յիսուն տարի զբաղեցաւ Յայսմաւուրքի կարգադրութեամբ (Ազգապատում, 1383): 70 տարեկան էր, երբ Երուսաղէմ գնաց ուխտաւորութեամբ եւ երկու տարի յետոյ վերադարձաւ եւ նահատակուեցաւ Ցիպնայ վանքին մէջ, ուր որոշեր էր մնալ. փոխանակ փախուստ տալու: Մեծոփեցի կը վկայէ, թէ զինք զենելով մեռցուցին (Մեծ. էջ 43) 1426 Մայիս 19-ին, բայց Գրիգոր Խլաթեցի իր մահէն առաջ յայտարարեր էր - «Աստ կացից եւ աստ մեռայց» (Հայապատում, 501):
Գրիգոր Խալաթեցի Ծերենցի Յայսմաււրքը լայն ժողովրդականութիւն գտաւ, քանի ինք աւելի՚ ժողովրդականացուց Յայսմաւուրքը, մատչելի դարձուց վարքագրութիւնները, ժամանակակից նիւթեր աւելցուց, եւ Յայսմաւուրքը դարձուց ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի արտայայտութիւն եւ սնունդ: Ծերենց տարբեր կերպով ալ ժողովրդականացուց Յայսմաւուրքը: Այնտեղ գտնուող մեծ ու փառապանծ սուրբերու կարգին երեւան եկան ժողովուրդի ծոցէն եկած անյայտ ու աննշան մարդիկ, Յիմար Վանեցին, Թամար Մոկացին, Խառաբաստի ծնունդ Եղիսաբէթ Նահատակը, Մելիքսէթ եւ Կարապետ Վանեցիները, եւ «այլ նորոց վկայից սրբոց որք եղեն ի մերումս ժամանակի»:
Ծերենցի Յայսմաւուրքը մեծ ժողովրդականութիւն պահեց յաջորդ դարերուն, եւ ունեցաւ անթիւ ընդօրինակութիւններ: Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ կան աւելի քան 200 ձեռագրեր, եւ պատահական ալ չէ, որ Խլաթեցիի յայսմաւուրքն է որ տպուած է առաջին անգամ, 1706 թ. Կ. Պոլսոյ մէջ, թէեւ աւելի մատչելի դարձած է, յետագային, Գրիգոր Պատուելի Փեշտեմալճեանի հրատարակած Յայսմաւուրքը՝ 1834 թ. դարձեալ Կ. Պոլսոյ մէջ:
գ Ճաշոցը պատարագի ընթացքին Ս. Գրոց եւ Աւետարանի ընթերցումներու հաւաքածոն է, որ իր զարգացման յատուկ ընթացք ունի: Այսքանը ըսենք, որ Հայ Եկեղեցին պահած է քրիստոնէական ամենահին աւանդութիւններ՝ Երուսաղէմեան եւ Կիւրեղեան աւանդութեանց պահպանումով:
Հնագոյն Հայ Ճաշոցը եւ Սրբոց Տօները
Որքան ծանօթ է մեզի, հնագոյն հայ ճաշոց գիրքը կուգայ ութերորդ կամ իններորդ դարերէն: Այդ ճաշոցը կը գտնուի Բարիզի ազգային մատենադարանը (Paris, Bibliotheque National, Anc. Fonds Armeniens, 20) եւ դժբախտաբար յիշատակարան չունի, եւ ճշգրիտ տարիքը յայտնի չէ: Ըստ Կոնիբերի վկայութեան, Հ. Մարթին եւ Պարոնեան Վարդապետ կը խորհին որ ատիկա կրնայ Ը. կամ Թ. դարերուն պատկանիլ: Այստեղ զանց կ՝առնենք Տէրունի տօները եւ կը նշենք միայն յիշուած սուրբերը:
Յունուար
7 Ս. Ստեփանոս
11 Ղազարոսի յարութիւն
16 Պետրոս եւ Աբիսողամ
17 Անտոն Անապատկան
19 Թէոտոսիոս Արքայ
Մարտ
9 Մանկունք
12 Կիւրեղ Երուսաղեմացի
29 Յովհաննէս Երուսաղեմացի
Մայիս
18 Մանկանց Բեթղեհեմի
Յունիս
14 Եղիսէ Մարգարէ
27 Ս. Զաքարիա
Յուլիս
6 Եղիազար Քահանայ
Օգոստոս
24 Թովմաս Առաքեալ
29 Յովհաննէս Մկրտիչ
Նոյեմբեր
15 Փիլիպպոս Առաքեալ
30 Անդրէաս Առաքեալ
Դեկտեմբեր
25 Դաւիթ Մարգարէ եւ Յկոբոս Առաքեալ
28 Ս.Պետրոս եւ Պօղոս
29 Յակոբոս Առաքեալ եւ Յովհ. Աւետարանիչ
Հին Հայկական Օրացոյցը
Վատիկանի թիւ 3 հայկական օրացոյցը, 1282 թուին, ունի հետեւեալ սրբոց տօները ըստ հայկական ամսանուններու.-
Նաւասարդ
1 Յովհաննէս Մկրտիչ
9 Ս. Ատեմեանք
15 Ս. Սուքիասեանք
30 Սահակ Պարթեւ
Հոռի
Ա. Կիրակի՝ Ամենայն Սրբոց
Բ. Կիրակի՝ Ս. Ոսկեանք
6 Ս. Հռիփսիմեանք
7 Ս. Գայանեանք
Սահմի
7 Յովհաննէս եւ Աթանագինէ
13 Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Մուտն ի վիրապն
15 Բաբելաս Հայրապետ
20 Նունէ եւ Մանէ
30 Ս. Սարգիս եւ Ս. Բագոս
Տրէ
10 Գիւտ Նշխարաց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի
11 Ներսէս Հայրապետ եւ Խադ Եպս.
15 Դանիէլ եւ Երից Մանկանց
17 Սահակ եւ Մեսրոպ
21 Ս. Տրդատ Թագաւոր, Աշխէն եւ Խոսրովիդուխտ
22 Արիստակէս, Վրթանէս, Յուսիկ, Գրիգորիս եւ Դանիէլ
25 Կոզմաս եւ Դամիանոս
30 Աբրահամ եւ Խարէն
Քաղոց
2 Յեզեբուխտ
7 Ս. Սանդուխտ Կոյս
10 Շողակաթ
14 Ս. Թադէոս Լուսաւորիչ
15 Ս. Շուշանիկ
Արաց
5 Կիպրիանոս եւ Յուստինէ Կոյս
8 Չորս զինուորներ
9 Թէոփոնթոս Պատրիարք
10 Նախահարքն՝ Աբրահամ, Իսահակ, Յակոբ, Մովսէս, Ահարոն, Յեսու, Սամուէլ
17 Սահակ եւ Յովսէփ Կարնեցիք
20 12 Նահապետաց
30 Եփեսոսի Ս. Ժողով
Մեհեկան
2 Պողիկարպոս եւ Շմաւոն Եպս.
7 (կամ15) Ս. Քրիստափոր
13 Ս. Մեսրոպ
21 Ս. Գէորգ Զօրավար
Արեգ
5 Եզեկիէլ, Եզր, Զաքարիա՝ հայր Յովհաննէս մկրտչի
10 Նիկիոյ Ս. Ժողով
13 Պիոն Քահանայ
23 Դաւիթ Դըւնեցի
Ահեկան
1 Սահակ եւ Համազասպ Իշխաններ
2 Աշակերտներ
6 Իրէնէոս Եպս.
Մարերի
20 Բարդողիմէոս եւ Յուդա (Թաթէոս) Առաքեալ
23 Ս. Սարգիս Զօրավար
Մարգաց
1 Աւետարանիչներ
23 Ս. Թէոդորոս զինուոր
25 Կ. Պոլսոյ Ս. Ժողով
27 Վահան Գողթնացի
Հրոտից
1 Իգնատիոս Հայրապետ
3 Մարիտոս
15 Ս. Կիրակոս եւ Ս. Յուղիտա
27 Ս. Ղեւոնդեանք
30 Ս. Վարդանանք
Նոյն վատիկանեան ձեռագիրը ունի նաեւ հետեւեալ տօնացոյցը: Կը նշենք միայն սրբոց տօները: Կարեւոր է ի նկատի ունենալ, որ այս անգամ տօները հշանակուած են հռոմէական ամսանուններով.-
Յունուար
1 Բարսեղ Կեսարացի, եղբայրը՝ Գրիգոր Նիւսացի եւ Ս. Եփրեմ
2 Սեղբեստրոս Հռոմայ Հայրապետ
3 Գորդիոս
4 Զոսիմոս Ճգնաւոր
9 Փալիկտոս
11 Պետրոս եւ Աբիսողոմ
16 Մարիամ եւ Պասա եւ իր չորս որդիները
17 Անտոն Ճգնաւոր
18 Աթանաս եւ Կիւրեղ
19 Թէոտոսիոս մեծ եւ կրտսեր, Եւգինէ Կոյս
20 Մարկոս Եպս.
21 Մարութա Եպս.
22 Եւգինե Կոյս
25 Գրիգոր Աստուածաբան
26 Քսենեֆոն
27 Ս. Յովհան Ոսկեբերան
31 Սարգիս Զինաւոր
Փետրուար
1 Բարսիմէոս
2 Տրիփոն
5 Նիկոդիմիոյ 5000 վկաները
11 Վլաս Եպս.
15 Ոնեսիմոս
23 Պողիկարպոս եւ Շմաւոն Եպս.
24 Գիւտ Յովհաննէս Մկրտչի գլխուն
Մարտ
1 Եփրոսիմէ
9 Քառասուն Մանկունք
12 Պիոն Երէց
18 Կիւրեղ Պատր. Երուսաղէմի
19 Յովհաննէս Պատր. Երուսաղէմի
24 Աբդիու եւ Որմիզդ
Ապրիլ
1 Մարիամ Եգիպտացի
2 Աբդիչօ
9 40 մանկանց Ափրիկէի
23 Սիմէոն Եպս. եւ 100,000 մարտիրոսք Պարսկաստանի
26 Բասիլիսկոս Եպս.
Մայիս
1 Երեմիա Մարգարէ եւ Կոդրատոս
6 Ակակիոս
9 Մանկունք Թեփղեհեմի
11 Մովկիմ Երէց
12 Եպիփան Կիպրացի
22 Կոստանդին, Թէոտոթոս Գաղատացի եւ Թէովնաս վկայ
24 Թալելաս Բժիշկ, Բասիլիա Կոյս
26 Սիմէոն Անտիոքացի
31 Երեմիա Վկայ
Յունիս
8 Թէոդորոս Զիֆուոր
10 Զաքարիա Մարգարէ
12 Ոնոփրիա Ճգնաւոր
13 Եղիա եւ Եղիսէ
14 Այիթալա, Լուկիանոս, Թէոդորա, Ամոն
25 Փեփրոնէ Կոյս եւ ընկերները՝ Թէոփանոս եւ Բանսեմնոս
29 Պետրոս եւ Պօղոս Առաքեալներ
Յուլիս
1 Կոզմաս եւ Դամիանոս անարծաթ բժիշկներ
2 Բրոկոբիոս
6 Եսայի Մարգարէ
10 45 մարտիրոսք Նիկոպոլսոյ
11 Քրիստինէ Կոյս
19 Աթանագինէս Եպս.
25 Պանդալէոն Բժիշկ, Երմող Քահանայ, Եփրաքսիա Կոյս
28 Կալիստրատոս եւ 49 վկաներ
30 Աբդելմսեհ
Օգոստոս
1 Մակաբայեցիք
4 Ս. Սոփիա եւ երեք դստիրք՝ Պիստիս, Էլպիս եւ Ագապի
9 Մարինոս Եպս.
10 Անտոն եւ Թէոփիլոս
16 Կալինկա եւ Դիոմետ
17 Միւռոն Քհնյ.
18 Անդրէ Զօրավարեւ 2,000 վկաներ
20 Անդրիանոս եւ Անատոլ
23 Թովմաս Առաքեալ
26 Կալինկա եւ Դիոմետ
28 Թէոդորոս Զօրավար, Արաքլէա եւ Թերսէս
29 Գլխատում Ս. Յովհ. Կարապետի
Սեպտեմբեր
1 Սիմէոն Սիւնակեաց
2 Մամաս եւ Փիլեկտիմոն
3 Անթիմոս Հայրապետ
4 Բաբելաս Հայրապետ
6 Երմոնէ Կոյս, Նեկտարինէ
20 Եւստաթէոս
21 Երանոս հետեւող առաքելոց
24 Թեկղ Կոյս, Փոկաս Հայրապետ
30 Գիւտ նշխարաց Գրիգորիս Աղուանից Կաթողիկոսի
Հոկտեմբեր
1 Անանիա Առաքեալ, 12 Վարդապետներ, Փիլիպպոս Առաքեալ, Շիղա, Սիլվանոս
3 Դիոնիսիոս, Տիմոթէոս, Տիտոս
10 Եւղամպէոս, Ակիթսիմոս, Այիթալա Սարկաւագ, Յովսէփ Երէց
15 Ղուկիանոս Անտիոքացի, Պեղաք
16 Ղուկիանոս, Յովսէփ Արեմաթացի, Յովսէփ Աստուածահայր եւ իւղաբեր կանայք
18 Մատթէոս, մարկոս, Ղուկաս, Յովհաննէս Աւետարանիչներ
19 Թէոդորետ Քահանայ, Եւթոքիս, Հռոմելա, Զինօ եւ Մակար
20 Խարիթեանք եւ 10 ,000 վկաներ
25 Վարոս
26 Հիպերիքեանք
27 Սեւերիանոս Սեբաստացի, Բաբելաս
28 Բաղաամ Անտիոքացի եւ Մանկունք Եփեսոսի
29 Բառնաբաս եւ Մատաթիա
30 Ստեփանոս Հռոմայ Եպս., Քահանայք, Սարկաւագունք եւ աշխարհականք
Նոյեմբեր
6 Մետրոփան, Ալեքսանդր, Պօղոս Խոստովանող
8 Գաբրիէլ եւ Միքայէլ Հրեշտակապետք
12 Մելաս Եպս. Եփորոս եւ Շֆու Սարկաւագ
13 Յովհան Ոսկեբերան
15 Փիլիպոս Առաքեալ
18 Պղատոնեայ Կոյս
19 Գուրիաս, Սամոնաս, Աբիբ Սարկաւագ
20 Գրիգոր Սքանչելագործ
23 Գրիգոր Հերակացի
24 Յուլիանէ եւ Վասիլուհի
25 Յակոբ եւ Շմաւոն Առաքեալներ
26 Կղեմէս եւ Բագարատ
27 Գենարիոս Եպս. եւ Մերկիւրիոս
28 Յակոբ եւ Իրաւափառ
30 Անդրէաս Առաքեալ
Դեկտեմբեր
1 Ս. Հարքն Եգիպտացւոց՝ Պօղ, Մակար, Մարկոս, Եւագր, Նեղոս, Արսէն, եւն.
4Վառվառէ Կոյս
6 Նիկողայոս Միւռացի
10 Մինաս, Երմոգինէ, Գրափոս եւ կամաւոր աղքատներ Յովհաննէս եւ Ալեքսիանոս
11 Բարթողիմէոս եւ Յուդա Թադէ
13 Եւստրատիոսեանք
15 Յակոբ Մծբնայ Հայրապետ, Մա—ուգէ Ճգնաւոր
20 Իգնատիոս Հայրապետ, Մակար, Եւգինէոս, Արթեմիա Կոյս
22 Թէոպոմպաս Եպս., Թէովն Վկայ
24 Ադդէ Հայրապետ, Դոմնա, Ինդոս, եւ 20 ,000 վկաներ Նեկոմեդիոյ
25 Դաւիթ Մարգարէ, Յակոբ Տեառնեղբայր
27 Ստեփանոս Նախավկայ
28 Պետրոս եւ Պօղոս Առաքեալներ
29 Յովհաննէս եւ Յակոբ Տեառնեղբարք
Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբերը
Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանրականութիւնը ի յայտ կուգայ իր սուրբերով: Մեր տօնացոյցին սուրբերը մեծամասնութեամբ օտար են, եւ կը պատկանին ընդհանրական եկեղեցւոյ: Որոշ չափով բնական է այս, քանի մինչեւ հինգերորդ դար, բոլոր քրիստոնեաներն ալ հիմնապէս նոյն օրացոյցը կը գործածէին եւ Ե. Դարու բաժանումէն յետոյ էր որ առանձին եկեղեցիները ունեցան իրենց առանձին սուրբերը:
Հայ եկեղեցւոյ սուրբերը՝ իրենց ազգութեան պատկանելիութեամբ կը ներկայացնեն հետեւեալ պատկերը -
Անտիոքայ եկեղեցի 19
Կիլիկիոյ եկեղեցի 8
Միջագետքի եկեղեցի 10
Երուսաղէմի եկեղեցի 6
Կիպրոսի եկեղեցի 1
Աղեքսանդրիոյ եկեղեցի 37
Եթովպիոյ եկեղեցի 1
Կեսարիոյ եկեղեցի 10
Սեբաստիոյ եկեղեցի 13
Լիկայոնիոյ եկեղեցի 8
Պոնտոսի եկեղեցի 5
Եփեսոսի եկեղեցի 7
Կ. Պոլսոյ եկեղեցի 12
Թեսալիոյ եկեղեցի 3
Գաղատիոյ եկեղեցի 13
Բիւթանիոյ եկեղեցի 24
Հռովմի եկեղեցի 15
Ափրիկիոյ եկեղեցի 2
Պարսից եկեղեցի 29
Գումար 223
Աստուածաշնչական սուրբերն ալ կը կազմեն առանձին խումբ մը, որու ցուցակը կցած ենք հատորիս:
Օտար սուրբերու այս բազմութիւնը առաւելութիւն նկատուած է քան թերւթիւն: Ե. դարէն յետոյ, սակայն քիչցած են օտար սուրբերը կա՚մ զգուշութեան պատճառաւ, կա՚մ անծանօթ ըլլալուն պատճառով: Երբեմն սուրբեր աւելցած են՝ պատահականութեամբ. օրինակ՝ նշխարներու գիւտով, վարքերու թարգմանութեամբ: Յավհան Օձնեցի լրիւ մոռցուած էր, եւ 1650 թ. Կ. Պոլիս տպուած օրացոյց մը յանկարծ կը յիշէ զինք:
Գալով հայ սուրբերուն, Վրթանէս Կաթողիկոսին կ՝երթայ պատիւր՝ իբրեւ հիմնադիրը եւ սկզբնաւորողը հայ ազգին նահատակներուն (Փաւստոս, Գ. ԺԱ): Ցաւալի է սակայն, որ շատ մը հայ սուրբեր նկատի չեն առնուած, կամ՝ տօները զետեղուած են եւ ապա մոռացութեան դատապարտուած: Մինչդեռ որքան իրաւացի է Օրմանեան, երբ կ՝ըսէ - «ցանկալի է որ հայրենի եկեղեցւոյ փառաւոր յիշատակները չխափանուին» (Օրմ. 649), բայց շատեր մոռցուած են:
Զուտ հայ սուրբերը կը պարզեն հետեւեալ պատկերը - Առաջինէն մինչեւ տասնեւհինգերորդ դարերուն մենք ունէինք 66 սուրբեր, քանի շատեր կը յիշուին խումբերով: Դարերու վրայ բաժնելով կ՝ունենանք հետեւեալ պատկերը-
Ա. դար
Ս. Սանդուխտ 3
Ադդէ Հայրապետ
Աբգար Թագաւոր
Բ. դար
Ոսկեան Քահանաներ
Սուքիասանք 2
Դ. դար
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ
Հռիփսիմեան եւ Գայանեան կոյսեր
Նունէ Կոյս
Մանէ Կոյս
Արիստակէս Հայրապետ
Վրթանէս Հայրապետ
Գրիգորիս Եպս. Աղուանից
Յուսիկ Հայրապետ
Դանիէլ Եպս. Ասորի
Ներսէս Մեծ Հայրապետ
Տրդատ Թագաւոր
Աշխէն Թագուհի
Խոսրովիդուխտ. Քոյր Տրդատի
Անտոն եւ Կրօնիդես Ճգնաւոր
Ստեփանոս Ուլնեցի եւ ընկերները 15
Ե. դար
Մեսրոպ Մաշտոց
Սահակ Պարթեւ Հայրապետ
Յովսէփ Կաթողիկոս
Սահակ Եպիսկոպոս
Թաթիկ Եպիսկոպոս
Ղեւոնդ Երէց
Մուշէ Երէց
Արշէն Երէց
Սամուէլ Քահանայ
Աբրահամ Քահանայ
Խորէն Քահանայ
Քաջաջ Սարկաւագ
Աբրահամ Սարկաւագ
Եղիշէ Վարդապետ
Մովսէս Խորենացի
Դաւիթ Անյաղթ
Վարդանանք
Թաթուլ, Վարոս, Թումաս Ճգնաւորներ
Ս. Շուշանիկ
Ատոմ Զօրավար
Մանաճիհր Զօրավար 23
Զ. դար
Գրիգորիս Ռաժիկ, Աստուածատուր
Մախոժ 2
Է. դար
Եօթն Խոտաճարակներ 7
Ը. դար
Դաւիթ Դըւնեցի
Վահան Գաղթնացի
Սահաթ եւ Համազասպ Արծրունի Իշխաններ
Յովհան Օձնեցի 5
Թ. դար
Սահակ եւ Յովսէփ Կարնեցի 2
Ժ. դար
Գրիգոր Նարեկացի 1
ԺԱ. դար
Ներսէս Շնորհալի 1
Գոհարինեան Վկաներ (4) 4
ԺԴ. դար
Յովհան Որոտնեցի 1
ԺԵ. դար
Գրիգոր Տաթեւացի
Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին Բարեկարգման Հարցը եւ Նոր Սուրբերու Յաւելունը
Սրբոց յիշատակի տօնախմբման մասին անշուշտ որ կարգ մը բարեկարգութիւններ պէտք է ըլլան: Օրմանեան, Գուշակեան, Կիւլեսերեան, Հացունի եւ ուրիշներ զբաղած են այս խնդրով, եւ թելադրած ալ կարգ մը սկզբունքներ.-
Ընտրել այնպիսի սուրբեր՝ որոնք ընդհանրական եւ տօնելի են տիեզերական եկեղեցւոյ կողմէ:
Ազգային տօները եւ սուրբերու յիշատակը աւելցնել, զանոնք աւելի հանդիսաւոր եւ աւելի ժողավրդական ոգեւորութեամբ տօնելու համար, եւ ներշնչուելով Սիմէոն Երեւանցիի սկզբունքներով:
Ազգային տօները զետեղել Կիրակի օրերու, քանի արդէն իսկ բացառութիւններ ունինք, օրինակի համար՝ Կիրակի-տէրունական օրերուն ունինք Եղիա Մարգարէի յիշատակը (Հոգոգալստեան Բ. Կիրակին), Աշխարհամատրան տօնը (Զատկի Գ. Կիրակին), Մեծահրաշի տօնը (Համբարձման յաջորդող Կիրակին), Գիւտ Գօտւոյն (Հոգեգալստեան հինգերորդ), Գիւտ Տփոյն (Վերափոխման երրորդ Կիրակին):
Այսպիսի տօներէն նկատի ունենալ.-
Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոսը
Գիւտ Նշխարացը
Մեծն Ներսէսը
Սահակ-Մեսրոպի տօնը
Վարդանանցը
Պետք է աւելցնել կարգ մը հայ սուրբեր, որոնց տօնը այս կամ այն պատճառաւ խափանուած է կամ երբեք չէ տօնուած: Օրինակի համար միայն, տանք կարգ մը մոռցուած անուններ.
Ս. Սանդուխտի հետ Սամուէլ Իշխան ու Զարմանդուխտ իշխանուհի
Ս. Բարթողիմէոսի հետ Տերենտիոս Հայրապետ եւ Ոգուհի արքայաքոյր
Թադէոս Առաքեալի աշակերտներէն Ս. Եղիշէ
Նախալուսաւորչեան Հայրապետները
Վաչէ Մամիկոնեան
Շուշանիկ Կամսարական, որ մերժեց ուրացութիւնը եւ նահատակւեցաւ Խառանի բանտին մէջ, 708 թուին
Նոր Ատոմեանք - Ատոմ Անձեւացինեւ 150 վկաներ, որոնց տօնը Յովհաննէս Կաթողիկոս հրամայած էր տօնել մեհեկան 25-ին (Նոյ.17)
Ստեփանոս Սեւորդեաց իշխանը՝ նահատակուած 855 թուին
Գրիգոր Իշխան, նահատակուած Պաղտատի մէջ
Սմբատ Սպարապետ, խոստովանող, որ մահացաւ Պաղտատի բանտին մէջ, 850 թուին, եւ որ հրաշքներ ալ կը գործեր (Վարդան Պատմիչ)
Գրիգոր Մամիկոնեան Իշխան, որ «Արիաբար պահեալ զհաւատն», նահատակուեցաւ
Սմբատ թագաւոր, խոստովանողը, որ հալածանքներու եւ չարչարանքներու ներքեւ՝ «Ի մշտենամռունչ յաղօթս եւ յաղերսեալի գոհութիւնս եւ օրհնութիւնս երգէր, եւ որ ծպտեալ քահանայէ մը հաղորդ ստանայր» (Յովհ. Պատմաբան, 304, Օրբելեան, Ա. 231): Երբ այս վկային մարմինը, խաչին վրայ գամուած Դուին բերուեցաւ՝ «Լոյս ճառագայթաւէտ եւ ճրագ ճաճանչաւոր» յայտնեցաւ, եւ Յովհ. Կաթողիկոս «կարգեաց տօն Սուրբ թագաւորին Սմբատայ» (Կիրակոս, 87), 913թ.
Խոսրով Գանձակեցի, Աղուանից Արեւաշէն գիւղէն, 1167թ.
Հասան Ջալալ Խաչենցի Իշխանը, որ նահատակուեցաւ Արզունի միջոցաւ եւ թաղուեցաւ Գանձասարի մէջ, 1261թ.
Ստեփան Վարդապետը, զոր այրեցին եւ խոռովեցին 1357թ.
Մշեցի Քաջուհին, եւ իր որդին: Քաջուհին իր որդին զենեց եւ ինքզինք ժայռէն վար նետեց՝ թաթարներւ ձեռքը չիյնելու համար 1387թ. (Մեծոփեցի, 129, Օրմանեան, 1363)
Աւագ Բաղիշեցին, զոր գլխատեցին եւ որ սակայն իր մահէն առաջ յայտարարեց «Ես քրիստոնեայ էի, եւ եմ եւ եղէց», 1390թ. (Նոր Վկաներ, Ա. էջ 458):
Եղիսաբէթ վկայուհին, որ յայտարարեց «Ասեմ եւ ոչ ամաչեմ, զի ես ծառայ եմ սուրբ Աստուածածնին» 1391թ.
Թամար Մոկացի, 1396
Յովհաննէս Չմշկածագցի, 1603
Վարդան Բաղիշեցի, 1421
Յովհաննէս Տարօնացի, 1463
Ստեփանոս Կ. Պոլսեցի, մանուկ, 1471
Սիրուն Հիզանցի, 1476
Միսաք Թավրիզեցի, 1486
Թորոս Հռոմկլայեցի, 1494
Լոյս Կաֆացի, 1567
Աբրահամ եւ Աղեքսանդր Ուռհայեցի, 1600
Գրիգոր Արփայեցի, Սպահան, 1622
Նիկողայոս Տիգրանակերտցի, 1642
Խաչատուր Տիգրանակերտցի, 1659թ. որ մահուան ատեն յայտարարեց «քերթէք զիս, ես ի հաւատոյս իմոյ ոչ դառնամ»:
Մխիթար Վանեցի, 1656
Կարապետ Մելիտենցի, 1524
Թադէոս Սեբաստացի, 1534
Անդրէաս Երէց Ագուլեցի, 1617
Կատարեալ Գողթնացի, 1691թ. որ ըսած էր «Քրիստոսի հաւատով մեռանիլ, քան ուրացութեամբ մնալ կենդանի»:
Յովսէփ Դըւնեցի, 170
Գրիգոր Բալւեցի, 1290
Ստեփանոս Արք. Սեբաստացի, 1387
Զաքարիա Կաթողիկոս Աղթամարի, 1393
Գրիգոր Խլաթեցի, 1415
Սայեաթ Նովա, 1795
1920-կան թթ. Գէորգ Ե. Կաթողիկոս ձեռնարկած էր Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան, եւ որ սակայն կիսատ մնաց, իր վախճանումով: Խորէն Ա. Մուրատաբէկեան Կաթողիկոս, որ աթոռ բարձրացաւ 1932թ. ի՚նք եւս ձեռնամուխ եղաւ Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան, եւ կոնդակով մըն ալ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան եւ ժողովուրդին ներկայացուց իր բարեկարգական ուղեգիծը: Այս առթիւ հրատարակուեցան բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ լոյս տեսան կարգ մը հետաքրքրական յօդւածներ: Ասոնցմէ ամենէն լուրջը եւ համապարփակը Երուսաղէմի պատրիարք հոգելոյս Թորգոմ Արք. գուշակեանի վերլուծումներն են վստահաբար, որոնք «Սիոն» ամսագրի մէջ լոյս տեսնելէ յետոյ տպուեցան ալ առանձին հատորով մը:
Այնտեղ, ընդ շարս ա՚յլ թելադրութեանց, Թորգոմ Պատրիարք հետեւեալ ընդհանուր առաջարկը կը բերէ սրբոց տօնախմբութեանց վերանայման կապակցութեամբ.
«...Երկրորդ կէտը տէրունի եւ տնօրինական տօները մերձաւոր Կիրակի օրերը կատարելու պարագան է: Այս սկզբունքը մասամբ գործադրուած է արդէն մեր Եկեղեցւոյ մէջ, Աստուածածնի Վերափոխման եւ Ս. Խաչի վերացման տօներուն առիթով, որոնք Օգոստ. 15-ի եւ Սեպտ. 14-ի մերձաւոր Կիրակիներուն կը կատարուին: Չեմ համարձակիր այդ պահանջը դնել Տեառնընդառաջի եւ Համբարձման տօներուն համար, որոնց թուականը ճշդուած է աւետարանական ժամանակագրութեամբ: Բայց կը խորհիմ թէ որեւէ ծիսական եւ պատմական անպատեհութեան տեղի չի տրուիր, եթէ Աստուածածնի Աւետման, Ընծայման եւ Յղութեան տօները կատարուին Ապրիլ 7-ի, Նոյեմբեր 21-ի եւ Դեկտեմբեր 9-ի մերձաւոր Կիրակիներուն՝ այդ կարգադրութենէն կը շահի հասարակաց բարեպաշտութիւնը, քանի որ այս կերպով դիւրութիւն տրուած կ՝ըլլայ միայն ժողովուրդին՝ ներկայ գտնուելու այդ տօներուն պաշտամունքին:
Գալով օտար սուրբերու տօնախմբութեանց ջնջումի կամ զեղչման հարցին, պէտք է ըսել թէ որքան անիմաստ՝ նոյնքան անհիմն է այդ խնդիրը, եւ ծնունդ մեր Եկեղեցւոյ ոգւոյն եւ նկարագիրն անգիտակ մտայնութեանց: Արժան է յիշէլ այստեղ թէ այդ օտար սուրբերը, գրեթէ ամէնքն ալ, կը պատկանին Ե. դարու կէսէն առաջ ժամանակաշրջանի, այսինքն այնպիսի թուականի մը, երբ տակաւին չէր կոտորակուած Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ միութիւնը: Տօնելով զանոնք՝ Հայ Եկեղեցին տօնած կ՝ըլլայ իր իսկ Ընդհանրականութեան յիշատակը: Հետեւապէս եւ շեղելով այդ սկզբունքէն դաւաճանած պիտի ըլլանք Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն բարացուցական այդ ստորոգելիին: Կարելի է թերեւս դասաւորւած խմբումներով ուրոյն օրերու մէջ մասնաւորաբար տօնել իւրաքանչիւր Եկեղեցիի, զոր օրինակ, Անտիոքայ, Միջագետաց, Կիլիկիոյ, Երուսաղէմի, Կիպրոսի, Աղեքսանդրիոյ, Եթովպիոյ, Կեսարիոյ եւայլն եկեղեցիներուն սուրբերը. կամ տօնել զանոնք տեսակաւորեալ հոյլերու վերածելով, այսինքն նահապետաց, մարգարէից, առաքելոց նման ջոկելով զանոնք, Հայրապետաց, Վարդապետաց, Թագաւորաց, Զօրավարաց, Մարտիրոսաց, Կուսանց եւայլն տրոհումներով: Բայց այդ պարագային ալ յառաջ պիտի գայ երկու անպատեհութիւն. նախ՝ որովհետեւ այդ տօնակատարութիւններէն շատերը կապուած են այդ սուրբերուն նահատակութեան կամ նշխարաց փոխադրութեան կամ գիւտի ժամանակագրական յիշատակին. յետոյ՝ որովհետեւ անանուն պիտի մնան շատերը տարւոյն օրերէն, որոնք յատկացուած են սուրբերու յիշատակութեան:
Հետեւաբար, ոչ միայն արդար, այլ նաեւ գործնական պիտի ըլլար անփոփոխ պահել օտար Եկեղեցիներու սրբոց տօնախմբութեան վերաբերմամբ մեր տօնացոյցին օրինադրած կարգն ու կանոնը, չայլայլելու համար մեր Եկեղեցիին ընդհանրականութեան հանգամանքը եւ չամայացնելու համար սրբոց յիշատակութեան նուիրուած կարեւոր մէկ մասը: Պարտինք պատկառ մնալ սրբոց պաշտամունքի խորհուրդին, առանց ցեղական խտրանքի:
Իսկ ազգային սուրբերուն բազմացման մասին ընդհանուր կերպով յայտնուած բաղձանքներուն կարելի է եւ պատշաճ նոյն իսկ՝ գոհացում տալ արժանապէս: Ատիկա Հայ Եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին պահանջն է նոյն իսկ: Ընդհանուր Եկեղեցւոյ սուրբերուն ցանկը փակուելէն վերջն ալ, այսինքն Զ. դարէն մինչեւ ԺԵ. դար, մինչեւ Գրիգոր Տաթեւացի, մեր Տօնացոյցին մէջ աւելցած է հայ սուրբերու թիւը, թէեւ ոչ մեծ չափով, հակառակ որ քրիստոնէական մարտիրոսագրութեան անընդհատ շարունակութիւն մը եղած է մեր պատմութիւնը: Այս սակաւապետութեան մէջ թերեւս իրենց դերը ունեցած ըլլան քաղաքական կամ ուրիշ զգուշաւորութիւններ: Մենք ԺԵ. դարէն ասդին ալ ունեցած ենք բազմաթիւ նոր վկաներ կամ սուրբեր, որոնց անունները եւ վարքը արձանագրուած են յիշատակելաց մէջ, եւ որոնց մասին վերջերս կատարուած են հատորաւոր ուսումնասիրութիւններ եւ ցուցակագրութիւններ: Ունեցած ենք նոյնպէս բազմաթիւ ուրիշ սուրբեր Ս. Վրթանէսի ժամանակէն մինչեւ ԺԵ. դար, որոնք բնաւ չեն տօնուած կամ նախապէս տօնուելէ վերջ անտեսուած են յետոյ: Այս վերջիններուն մասին հետքեր կան մեր մատենագրութեան մէջ. կարելի է, լուրջ հետազօտութիւններէ վերջ կազմել անոնց ցուցակն ու վարքագրութիւնը եւ հայրապետական տնօրինութեամբ կարգադրել կարեւորը անոնց տօնախմբութեան համար»:
Ապրիլեան Նահատակաց Սրբադասման Հարցը
Անշուշտ մեզ յատկապէս կը հետաքրքրէ սրբադասման հարցը եւ ատոր առընթեր, Ապրիելեան Նահատակաց սրբացման գործընթացը: Այս առթիւ, պէտք է նաեւ գիտնանք, թէ Եկեղեցին ի՞նչպէս կը հռչակէր իր սուրբերը: Այլուր, այս հատորին մէջ, մանրամասնօրեն նկարագրուած են սրբացման, սրբադասման տարբեր տեսակները, աւանդութիւնները, եւ կարգ մը եկեղեցիներու պարագային, ըստ բաւականին բարդ մեքանիզմի մը առկայութիւնը: Բայց կար ժամանակ, սուրբերու սրբադասումը տեղի կ՝ունենար պարզագոյն ձեւով, ժողովուրդի բարեպաշտութեան եւ սիրոյն իբրեւ անմիջական արտայայտութիւն: Արդարեւ, առաջին դարերուն իսկ հաւատացեալներ կը մէկտեղուէին սուրբի համբաւ, հռչակ վայելող եւ կամ հրաշքներ գործած անձի մը գերեզմանին վրայ, եւ մեծ հանդիսութեամբ կը տօնախմբուէր անոնց մահուան տարեդարձը, այնտեղ կը մատուցուէր պատարագ եւ տեղի կ՝ունենար ագապը - սիրոյ ճաշը: Յետագային՝ մասնաւոր այս տօները կը դառնային ընդհանրական, եւ երբեմն ալ կը մոռցուէին:
Հայերս ալ ունինք այս աւանդութիւնը. «սովոր էին եպիսկոպոսապետքն հայոց հանդերձ թագաւորօքն եւ մեծամեծօքն, նախարարօքն եւ աշխարհախումբ բազմութեամբք պատուել զնոյն տեղիս (յԱշտիշատու) ի յիշատակ սրբոցն որ էին անդ, կատարել անդ ամի եօթն անգամ կարապետին, առաքելոց եւ մարտիրոսաց տօնքն, մատուցանելով զպատարագս օրհնութեան» (Փաւտոս, Գ. Գ.): Իսկ ակնարկելով Մեծն Ներսէսի, դաձեալ Փաւտոս կ՝ըսէ. «յիշատակ սրբոց վկայից յաւուրս նորա յամենայն տեղիս հայոց մեծախումբ ժողովովք հանապազ պայծառանային» (Փաւտոս, Ե.): Նման վկայութիւններ ալ ունինք Ս. Գրիգորիսի եւ Սահակ-Մեսրոպի մասին (Փարպեցի, ԺԸ. ԺԹ.): Բայց յատկապէս ծանօթ է թէ ինչպէս Վրթանէս Հայրապետ հրամայեց տօնել հայրենիքի եւ հաւատքի համար մեռած Վաչէ Մամիկոնեանն ու իր ընկերները, եւ որ իր տեսակին մէջ առաջինն է, թէ ինչպէս կաթողիկոսի հրամանով կը հռչակուի սուրբ մը եւ կը հաստատուի անոր յիշատակի տօնախմբութիւնը:
Կաթողիկոսական հրամանով ուրիշ շատ մը սուրբեր ալ հռչակուած են հայ եկեղեցւոյ մէջ: Օրինակի համար՝ Յավհաննէս Պատմաբան Կաթողիկոս, փոքր Ատոմեանց 150 վկաներուն համար հրամայեց «...օր սահմանեաց յիշատակի ամենայն սրբոցս այսոցիկ, տարեւորական պատուով տօնել զսոցա կատարումն ի մեհեկի 25» (Յովհ. Պատմաբան, ԻԵ.): Վարդան պատմիչ ալ կը վկայէ, որ նոյն պատմաբան կաթողիկոսը կարգեց «եւ տօն սուրբ թագաւորին Սմբատայ»:
Ուրեմն, ըլլա՚յ ժողովրդական կամքով, ըլլա՚յ կաթողիկոսական կամքով եւ հեղինակութեամբ սուրբերու տօները կը դառնային համազգային եւ կաթողիկոսն ալ կը պաշտօնականացնէր՝ տօնական եւ ծիսական տնօրինութիւններով, որոնց վրայ յետագային կ՝աւելնային յատուկ շարականներ:
Ընդհանուր գիծերու մէջ, ա՚յս եղած է նաեւ սովորութիւնը արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն եւ յոյն եկեղեցիին: Պարագան տարբեր էր կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ, ուր նախկին, ժողովրդական ձեւը հետզհետէ տեղի տուաւ պաշտօնականացման: Ոմանք փնտռեցին Հռոմի Պապին օրհնութիւնը՝ առաւել ճանաչում տալու համար տուեալ սուրբի մը յիշատակին. պարագայ մը, որ հետզհետէ պարտադիր ալ դարձաւ: Բայց առաջի՚ն սրբացումը, կաթոլիկ պապի մը կողմէ պատհեցաւ 993 թուին, գերման Ուլրիխ Եպիսկոպոսի սրբացման առթիւ եւ ապա, ժամանակի եւ պայմաններու հոլովոյթով, 1234 թուին, Գրիգոր Թ. Պապի օրով դարձաւ օրինաչափ: Հիմա՝ Վատիկանի մէջ յատուկ բաժանմունք մը կայ, որ կը զբաղի սուրբերու սրբադասման հարցով, եւ որ երբեմն երկար եւ մանուածապատ քննութիւններ կը կատարէ, հրաշքներ կը փնտռէ, երանացման եւ ապա սրբութեան փառապսակ տալէ առաջ «սրբութեան թեկնածուներուն»: Մեր ժամանակակից Պապը՝ Յովհ. Պօղոս Բ. ծանօթ է իբրեւ մէկը որ կը քաջալերէ սրբացման աւելի արագ գործընթաց մը, եւ իր գահակալութեան օրերուն՝ 1982-էն մինչեւ Յունիս 1993 սրբացուցած է աւելի քան 380 սուրբեր:
Ռուս եկեղեցին հակառակ որ էապէս աւանդական է, ինք ալ ունի յատուկ գործընթաց մը, եւ վերջերս, ռուս ժողովրդի մկրտութեան 1000-ամեակին առթիւ հռչակեց Մոսկուայի Տիմիթրի իշխանը, մանրանկարիչ Րուպլովը եւ եօթը ուրիշներ, որոնցմէ վերջինը մահացած էր 1894թ.:
Հայ եկեղեցին, ա՚յս կալուածէն ներս ալ ժուժկալ գտնուած է, եւ փաստ է, որ մեր վերջին սուրբը կուգայ 15-րդ դարէն, Ս. Գրիգոր Տաթեւացիով, որ վերջին սուրբն է մեր տօնացոյցին: Ասիկա անշուշտ չի նշանակեր որ 15-րդ դարէն ի վեր Հայ Եկեղեցին սուրբեր չէ ունեցած: Պզտիկ մեղադրանք մը կրնանք ուղղել Սիմէոն Երեւանցիին, որ 1775-ին, երբ իր Տօնացոյցը տպեց, ԺԵ. դարէն անդին չանցաւ, եւ նոյնիսկ Մովսէս Տաթեւացին, որուն մասին ակնարկութիւն ալ կայ, փաստօրեն տեղ չունի տօնացոյցին մէջ: Մինչդեռ, մենք գիտենք, որ 11-րդ դարէն սկսեալ, եւ պատմական հայոց աշխարհին, եւ նաեւ հայկական գաղթավայրերուն մէջ, Սպահանէն մինչեւ Կաֆա եւ կ. Պոլիս, հայ ժողվուրդի ծոցէն ելած են առաքելաշնորհ սուրբեր, մարտիրոսներ եւ հարիւրաւոր վկաներ՝ որոնք իսլամութեան դաժան տարիներուն պահեցին իրենց հաւատքը եւ պսակուեցան նահատակութեան պսակով: Օրմանեան Սրբազանի «Ազգապատում»ը եւ յատկապէս Մանանդեան-Աճառեանի «Հայոց Նոր Վկաներ» հատորը հարիւրաւոր անձերու անուններ կը յիշատակեն, որոնք ըստ ամենայնի արժանի են մարտիրոսութեան փառաց պսակին: Բայց թէ ինչո՞ւ եկեղեցին զանոնք սուրբ չէ հռչակած, չենք գիտեր: Թեթեւ կասկած մը կ՝արտայայտէ Գուշակեան պատրիարք, երբ տեղ մը կ՝ըսէ, «բայց թէ ինչո՞ւ խափանուեցաւ, չենք գիտեր, քաղաքական զգուշաւորութիւնը դեր ունեցա՞ւ: Մէկ կողմէ բիւրաւոր նահատակներու զդացումը կը լեցնէ ահա մեր սիրտը եւ միւս կողմէ անոնց փառաւորման մասին զգոյշ լինելու հարկը կը ճնշէ մեր խղճմտանքին վրայ» (Գուշակեան, էջ 55):
Շատերո՜ւ անունները մեզի չեն հասած: Փառաւոր նահատակներու բազմութիւն մը՝ որոնք դարէ դար կը հաստատեն, թէ հաւատքն ու Աստուծոյ սէրը չէին ցամքած Հայաստանի մէջ: Օրմանեան Սրբազան իրաւամբ կ՝ըսէ, «Որչա՜փ արի նահատակներու անուններ անյիշատակ կը մնան... Նահատակներ, որոնք իրենց կեանքը զոհելու անձնուիրութիւնը կ՝ունենան այնպիսի ժամանակներու մէջ՝ երբոր եկեղեցւոյ պետերը եւ բարձր պաշտօնեաները շինիչ օրինակ եւ առաքինի տիպարներ չեն ներկայացներ...»:
«Իսլամական տիրապետութեան շրջանին մանաւանդ, երբ հայ եկեղեցին եւ իր զաւակները մէկ կողմէ ենթակայ էին իսլամ գերիշխող պետութեանց ճնշումներուն եւ, միւս կողմէ, Եւրոպայէն եկած քարոզիչներուն՝ որոնք կը փորձէին հայերը հեռացնել իրենց լուսաւորչական հաւատքէն, հրաշալի էր տեսնել, թէ երբ մէկ կողմէ հայ եկեղեցին գիտութեամբ զօրաւոր վարդապետութեամբ կը պայծառանար, միւս կողմէ ուսմամբ տկար բայց հաւատքով զօրաւոր զաւակներն ալ իրենց կեանքով եւ արիւնով կը պաշտպանէին եկեղեցին: Կոտարածներու մէջ ապանեալները ճշմարիտ մարտիրոսներ էին ընդհանրապէս, զի իսլամական մոլեռանդութիւնը ամէն մէկուն կ՝առաջարկէր ուրացութիւնը իբրեւ ազատութեան միջոց, իսկ հայ քրիստոնեան կը նախընտրէր իր կեանքը զոհել քան իր սուրբ հաւատքը» (Օրմանեան, 1370): Ոմանք նահատակուեցան՝ եռանդուն հաւատքի, հաստատուն առաքինութեանց, նախանձայոյզ համոզման արդիւնք: Յարգանքի արժանի են նաեւ ա՚յն եռամեծ վարդապետները, «որոնք ազգային եւ օտար ուսմանց զարգացման եւ ազգային ուղղափառ եկեղեցւոյն պաշտպանութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին շինութեան աշխատեցան, եւ ամուր թումբ կազմեցին օտարամոլ հոսանքին դէմ, որ կը կարծէր հայադաւան եկեղեցին ընկլուզել, այլ ինքն տկարացաւ եւ ետ մղուեցաւ, եւ հայ եկեղեցին շարունակեց իր ուղղութեամբ եւ ուղղափառութեամբ (Օր. 1350):
Այժմ սակայն, ժամանակները փոխուած են, եւ մանաւանդ, հայ ժողովուրդի կրած մեծագոյն տառապանքին, Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի յաջորդող տասնամեակներուն, մեր նահատակներուն սրբադասման հարցը կը խռովէ մեր ազգին հոգին: Բայց շատ մը հարցումներ ալ կ՝ուրուագծուին: Այսպէս,
1. Ի նկատի ունենալով հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնը, եւ այնփաստը, որ 500 տարիներէ ի վեր նոր սուրբ չենք ունեցած, պէ՞տք է, եւ եթէ այո, ի՞նչ գործընթացով 1915-ի նահատակները պիտի սրբացուին:
2. Հայ ժողովուրդը իր ընդհանրութեան մէջ, consensus մը ունէ, արդէն այս մասին մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ Կոմիտաս Վարդապետ մը, օրինակի համար, սուրբ է արդէն, նոյնն է պարագան անհատ անձերու՝ Սմբատ Սաատէթեան Եպիսկոպոսէն մինչեւ Տէր Զօրի անանուն մանչուկը, որ քանիներու կեանքը ազատեց: Բայց, արդեօք մեր բոլոր նահատակները, այլապէս համբուրելու եւ հրաշալի անձնաւորութիւններ, հոգեւորականներ, մտաւորականներ, մայրեր, հայրեր, անմեղ մանուկներ, արդեօք բառիս իսկական առումով սուրբէ՞ր են:
3. Արդեօք մեր այս փափաքին մէջ մենք մղուած չե՞նք քաղաքական նկատումներէն, եւ հայ դատի հետապնդման ճանապարհին վրայ ուրիշ ուղի՞ մըն է այս, եւ եթէ այո է մեր պատասխանը, արդեօք մենք մեզի եւ մեր դատին վնաս չե՞նք պատճառեր, խորաններ մեր նահատակներուն համար եւ միաժամանակ տկարացնելով մեր քաղաքական պահանջատիրութիւնը:
4. Արդեօք մեր նահատակները մարտիրոսնե՞ր էին: Զոհ չէ՞ին համաթուրանական ծրագրի մը, զինուորական-պետական նենգ ծրագրի մը, եւ իբրեւ այդպիսիներ, պէտք չէ նկատուին իբրեւ ցեղասպանուեան զոհեր եւ ոչ թէ եկեղեցւոյ սուրբեր:
5. Եթէ 1915-ի նահատակները սրբացուին, այդպիսով Հայ Եկեղեցին աւելի զօրացած դուրս պիտի գայ, թէ պիտի քամահրուի քոյր եկեղեցիներէն, իբրեւ եկեղեցի մը որ զուտ հոգեւոր պատիւ մը, կրօնական-բարեպաշտական դրուածք մը կը գործածէ քաղաքական նպատակներու համար:
6. Եւ յետոյ, ի՞նչ հիման վրայ պիտի կատարուի սրբացումը: Օրինակի համար՝ կաթոլիկ եւ բողոքական հայ հոգեւորականներ, պատուելիներ, եւ պարզ ժողովուրդ ալ նահատակուեցան, առանց որեւէ մէկ խտիրի: Հայ եկեղեցին զանոնք պիտի ընդունի՞ իր սուրբերու շարքին, եւ յատկապէս հայ կաթոլիկները պիտի ընդունի՞ն Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ ընծայուած պատիւը, թէ՞ պիտի սպասեն որ Հռոմ իր խօսքը ըսէ այդ մասին:
Յետոյ, որքան ալ ցաւալի ըլլայ, անաստուած հայեր կային նահատակներուն մէջ, ի՞նչ պիտի ըլլան անոնց պարագան. ո՞վ պիտի խօսի անոնց մասին, ո՞վ զանոնք դուրս պիտի փորձէ ձգել նահատակներու փաղանգէն:
1921-էն ի վեր եւ գրեթէ անխափան կերպով ամէն տարի Ապրիլ 24-ին հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու հոգւոց ի հանգիստ: Եթէ չեմ սխալիր, նախաձեռնութիւնը կ՝երթայ Գէորգ Ե. Վշտալի Կաթողիկոսին, որ համապատասխան հրահանգ մը տուած էր այդ տարիներուն: Բայց երկար ատեն սփիւռքն էր որ հաւատարմօրէն կը նշէր նահատակաց յիշատակը: Էջմիածինը երկար տարիներ նահատակաց տօնը կը նշէր հետեւեալ կերպով.-
1922թ. օրացոյցը, Ապրիլ 24-ի դիմաց ունի հետեւեալ թելադրութիւնը - Տօն Ազգային - Յիշատակ բիւրաւոր նահատակաց մերոց յընթացս համաշխարհային պատերազմի, հայաստանեայց բոլոր եկեղեցիներում մատուցանել հանդիսաւր Ս. Պատարագ եւ Կատարել հոգեհանգիստ»:
1941թ. օրացոյցը քիչ մը տարբեր կերպով ունի նոյն հրահանգը- «Հոգեհանգիստ ի յիշատակ համօրէն հայ նահատակաց, որք կատարեցան յընթացս համաշխարհային պատերազմի»:
Աւելի ուշ, եւ յատկապէս համաշխարհային երկրորդ պատերազմի վաղորդայնին, օրացոյցը արդէն իսկ փոխած է իր թելադրանքը- «Յիշատակ բիւրաւոր նահատակացն մերոց համաշխարհային առաջին եւ երկրորդ պատերազմաց: Կատարի հոգեհանգիստ յամենայն եկեղեցիս հայաստանեայց: Յիշատակ մեռելոց»: Այս հրահանգը ի զօրու եղաւ երկար- երկար տարիներ, մինչեւ որ ի վերջոյ փոխուեցաւ, եւ Մեծ Եղեռնի նահատակաց յիշատակը զատուեցաւ եւ այդպէս ալ կը նշուի մինչեւ հիմա- «Յիշատակ բիւրաւոր նահատակացն մերոց, որք կատարեցան յընթացս համաշխարհային առաջին պատերազմին: Կատարի հոգեհանգիստ յեկեղեցիս Հայաստանեայց»:
Եւ սակայն, 1990-ի օրացոյցը ուրիշ նորութիւն մը ունի: Ապրիլ 22-ի դիմաց, այսինքն նոր Կիրակի օրը, օրացոյցը թելադրութիւն ունի նշելու առաջին եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմներու զոհերը, իսկ 24 Ապրիլին ալ՝ աւելի շեշտուած կերպով ոգեկոչելու առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին նահատակուած հայոց յիշատակը ըստ այսմ.- «Յիշատակ բիւրաւոր նահատակացն մերոց, որք կատարեցան յընթացս համաշխարհային առաջին պատերազմի, յԱրեւմտեան Հայաստան»:
Օրացոյցին այս տարուբերումները արդիւնք էին, բնականաբար Հայաստանի Մէջ տիրող քաղաքական մթնոլորտին, որ թոյլ չէր տար որ Մեծ Եղեռնի զոհերը յիշուէին առանձնակի կերպով, եւ որ ինչպէս ծանօթ է փոխուեցաւ, մասամբ, 1965-էն յետոյ եւ մանաւանդ 1989թ.
Սփիւռքի մէջ, ուր նման կաշկանդումներ չկային, Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակը միշտ ալ կ՝ոգեկոչուէր պատշաճ կերպով եւ ամենուրեք, բացի անշուշտ Թուրքիայէն: Հետաքրքրութեան համար այստեղ կը զետեղենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան օրացոյցի հրահանգը՝ 1991 թուին, Ապրիլ 11-ի դիմաց (Ապրիլ 11-ը հին տոմարով է, որ կը համապատասխանէ նոր տոմարի Ապրիլ 24-ին)-76րդ տարեդարձ Մեծ Եղեռնի (Ս. Պատարագ եւ հոգեհանգիստ Ս. Յակոբեանց տաճարին մէջ):
Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան օրացոյցը 1993-ի Ապրիլ 24-ին դիմաց սա՚ ոգեկոչումը ունի - «Յիշատակ առաւել քան մէկ եւ կէս միլիոն նահատակացն մերոց, որք յամին 1915-ի եւ յապա օ սպանդ եւ յաքսոր վարեալ՝ ազգի ազգի տանջանօք չարամահք եղեն ի ձեռն ցեղասպան Թուրքիոյ վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց իւրեանց»:
Շատ բան փոխուեցաւ 1965-ին, երբ Մեծ Եղեռնին 50-ամեակը առաջին անգամ նշուեցաւ Երեւանի մէջ, ուր տասնեակ հազար հայեր ցոյցի ելան՝ «մեր հողերը, մեր հողերը» աղաղակելով: Յետոյ կառուցուեցաւ Էջմիածնի յուշարձանը, բարձրացաւ Ծիծեռնակաբերդի կոթողը: Յետոյ եկաւ Ղարաբաղեան շարժումը, եւ 1989-ին ալ, Հայաստանի Գերագոյն Սովետը (Խորհրդարանը) պաշտօնապէս ճանչցաւ Ապրիլ 24-ը իբրեւ հայ ժողովուրդի դէմ ցեղասպանութեան օր: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ինք անձամբ քանիցս զբաղած էր Ապրիլեան Նահատակաց սրբադասման հարցով: 1972-ին, Ս. Էջմիածնայ մէջ գումարուած եպիսկոպոսական ժողովին համապատասխան ուսումնասիրութիւններ ալ եղած էին, բայց յետոյ ամէն բան մոռցուած էր, մինչեւ որ Բարիզի մէջ, 1984-ին Վազգէն եւ Գարեգին Կաթողիկոսները դարձեալ զբաղեցան այս խնդրով, եւ կարգ մը քայլեր ալ առին, որոնց վերջինը՝ 1989-ին էր:
Արդարեւ, 1989 թուին երկու կարեւոր դէպքեր պատահեցան: Առաջինը՝ ինչպէս յիշեցինք, Հայաստանի Գերագոյն Սովետը, պաշտօնապէս եւ հանդիսաւոր կերպով ընդունեց 1915թ. Մեծ Եղեռնը իբրեւ ցեղասպանութիւն, եւ Ապրիլ 24-ը հռչակեց իբրեւ այդպիսին: Երկրորդ, Մեծ Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Էջմիածին, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին հրաւէրով: Այս առթիւ 29 Ապրիլին հրատարակուեցաւ միասնական հաղորդագրութիւն մը, ուր կը յայտարարուէր որ անհրաժեշտ քայլերը պիտի առնուին, Ապրիլեան նահատակաց սրբադասումը պաշտօնապէս հռչակելու համար: Թէեւ ժողովի թուական որոշուած էր, բայց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը թոյլ չտուաւ որ Կիլիկիան պատուիրականութիւնը Հայաստան մեկնի եւ զբաղի այս հարցով: Ժողովը առկախուեցաւ անգամ մը եւս, 1990-ի Մարտին, երբ դարձեալ ժողով մը պիտի գումարուէր, եւ Շնորհք Պատրիարք ալ հասած էր Էջմիածին: Բայց այնտեղ Պատրիարքը արկածամահ վախճանեցաւ, եւ ցարդ հարցը կը մնայ մոռցուած: Ամէն պարագայի տակ, որքան գիտենք, երկու գլխաւոր տրամադրութիւններ կան այժմ Հայ Եկեղեցւոյ խորհողութեան մէջ: Առաջինը՝ ընտրել կարգ մը անձեր մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն մէջէն, եւ Վարդանանց օրինակին նմանութեամբ հռչակել զանոնք սուրբ, եւ ըսել, «Սրբոցն Կոմիտասայ Վարդապետին, Սմբատայ Եպիսկոպոսին, եւ աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակացն ազգին հայոց որք անկան յընթացս առաջին համաշխարհային պատերազմին եւ ապա, վասն հայրենեաց իւրեանց»: Երկրորդ մտածումը լաւագոյն կերպով բանաձեւուած է հետեւեալ կերպով, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ Ամենայն Հայոց Հայրապետին ուղղուած նամակին մէջ, 22 Յունիս 1989թ. եւ ուր կ՝ըսուի, «Անոնց սրբադասումը պէտք է կատարուի այն հիման վրայ, ու հայ ազգի երկու միլիոն զաւակներու զոհաբերումը հաւաքական վկայութեան արարք մըն է: Չէ կարելի զանոնք առանձին-առանձին սուրբեր ճանչնալ: Ընդհանրական հաստատում մը պէտք է ըլլայ, որով անոնց զոհաբերումը հռչակուի որպէս քրիստոնէական հաւատքի եւ ազգային արժանապատուութեան համար կատարած վկայութեան արարք: Յատկանշական դրուագներ կարելի է մէջ բերել ուր քրիստոնէական հաւատքին հանդէպ հաւատարիմ գտնուելու եւ զՔրիստոս չուրանալու պարագաները ակներեւ, ցցուն կերպով են դրսեւորուած: Իսկ շատերու պարագային քրիստոնէական հաւատքը եւ ազգային ինքնութեան նուիրականութիւնը այնպէս իրարու հետ ընդելուզուած էին որ կարելի չէր այլեւս կրօնականը անջատել ազգայինէն: Մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ նախընթացները պերճախօս են նաեւ այս առընչութեամբ՝ Վաչէեանց եւ Վարդանանց տօներէն սկսեալ: Այս ուղղութեամբ պէտք է պատրաստել հարկ եղած հիմնաւորեալ եւ պատճառաբանեալ հակիրճ բանաձեւում մը»: Եւ ապա կ՝աւելցնէ, «Անհրաժեշտ է ճշդել թէ Ապրիլ 24-ի օրը եկեղեցական տօն հռչակելու պարագային ի՞նչ տնօրինութիւններ են հարկաւոր: Այսպէս, օրինակի համար, մեր տօնական դրութիւնը հիմնապէս շարժական ըլլալով, երբ Ապրիլ 24-ը զուգադիպի Կիրակի օրուան, սրբոց տօն կարելի չէ նկատել Կիրակին: Իսկ եթէ զուգադիպի պահոց օրերու, ինչպէս Չորեքշաբթիի եւ Ուրբաթի, դարձեալ կարելի չէ սրբոց տօն ճշդել այդ օրերուն, ըստ Հայ. Եկեղեցւոյ աւանդական դրութեան»:
«Հետեւաբար, հարկ է ուսումնասիրել այս պարագան եւ եկեղեցական տօնական-ծիսական այնպիսի կարգադրութեան մը մասին մտածել որ ներդաշնակուի Հայ Եկեղեցւոյ հարազատ աւանդութեան հետ»:
«Ապրիլեան նահատակները տօնելի սուրբերու շարքին դասելով՝ հարկ է մտածել ծիսական արարողութեան մասին, որ իւրայատուկ ըլլայ անոնց յիշատակին առանձնապէս եւ ոչ թէ մարտիրոսաց յատուկ ընդհանուր աղօթքներու եւ շարականներու մէջ խառնել անոնց յիշատակը, առանց շեշտելու անոնց յիշատակութեան մասնաւոր եւ բարացուցիչ հանգամանքները»: Աւելի ընդլայնելով այս մտածուները, հարկ է մտածել նաեւ ծիսական-արարողական հարցերու մասին ալ: Այսպէս,
1. Տրուած ըլլալով որ Հայ Եկեղեցին սրբոց տօները կը նշէ շաբթուան մէջ միայն, Ապրիլեան Եղեռնի զոհերու յիշատակը ե՞րբ պիտի նշուի: Ճիշդ օրի՞ն, այսինքն Ապրիլ 24-ի օ՞րը: Եւ եթէ այսպէս ընդունուի, երբոր Զատիկը իյնայ Ապրիլ 24-ին, ինչպէս պատահած է 1859-ին եւ պիտի պատահի՝ 2011թ.: Նոնյպէս է պարագան՝ եթէ Ապրիլ 24-ը զուգադիպի Աւագ Շաբթուան (2002, 2003, 2014, 2019, 2025 թուականներուն):
2. Ո՞վ եւ որո՞նք պիտի գրեն նոր շարականները: Կիլիկիոյ միաբան հայրերէն Զարեհ Եպս. Ազնաւորեան գրած եւ դաշնաւորած է Ապրիլեան Նահատակաց շարական մը՝ եւ որ հրատակուած է գրաբար, աշխարհաբար, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով եւ երաժշտութեամբ: Շարականը լման կանոն ունի, եւ կը պարունակէ հետուեալ շարականները -
Օրհնութիւն ԴԿ.- Հրաշացան
Հարց ԱԿ»- Որ հաստատեցիր
Մեծ ԱԿ. դարձ.- Աստուածածին
Ողորմեա ԱԿ. դարձ.- Որ շնորհեցիր
Տէր Յերկնից ԱԿ. դարձ.- Ով երանեալ
Մանկունք ԴՁ. դարձ.- Այսօր բերկրեալ
(Բնագիրը տեսնել յաւելուածի բաժնին մէջ, գրաբարով եւ անգլերէն թարգմանութեամբ):
3. Ի՞նչ պիտի ըլլայ եկեղեցւոյ վերաբերումը այս շարականին նկատմամբ, քանի որ հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր որեւէ նոր շարական չէ ընդունուած: Ո՞վ եւ որո՞նք պիտի ընդունին կամ մերժեն այս կամ ուրիշ նոր շարականներ:
4. Երբոր Ապրիլ 24-ը զուգադիպի Յինանց շրջանին մէջ, ի՞նչ ծիսական կարգադրութիւններ պիտի կատարուին, Ս. Գրոց եւ Աւետարանի ընթերցման, եւ այլ պատշաճներու պարագային:
Ահա, համառօտ այս ակնարկով, փորձեցինք մեր ընթերցողներուն ներկայացնել Հայ Եկեղեցւոյ սուրբերուն եւ սրբադասման մասին կարգ մը տուեալներ եւ մտածումներ: Կը յուսանք որ մեր ընթերցողները պիտի կարդան այս գիրքը, եւ թիւերէն եւ անուններէն անդին անցնին, եւ ճանչնան Աստուծոյ բարեկամները, սուրբերը, եւ թէ ինչպէ՞ս պիտի օր մը սրբադասուին Ապրիլեան մեր նահատակները: Մեր խօսքը կ՝ուզենք փակել Զարեհ Եպս. Ազնաւորեանի մէկ մտածումով, որ գեղեցիկ կերպով կը բանաձեւէ Ապրիլեան Նահատակաց սրբադասման հարցին մասին մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ազգին կեցուածքը. - «Սրբադասման այդ որոշումը արդար եւ նուիրական պարտք մըն էր նախ իրենց անասելի չարչարանքներու ենթարկուած, չարատանջ մահուան իրենք զիրենք մատնած եւ անօրինակ ու սքանչելի պատարագումով մը նահատակութեան եւ սրբութեան փառապսակը նուաճած մեր քաջարի ու պաշտելի մարտիրոսներուն: Այդ որոշումը միաժամանակ արտայայտութիւնն է հրամայական պահանջի մը՝ ազգային թէ կրօնական առումներով. -
ա. Ազգ մը, իբրեւ հաւաքական մարմին, կենդանի է եւ գոյատեւող՝ որքան ատեն որ ունի իր համայնական իտէալներն ու տենչեր մարմնաւորող եւ անոնց համար գիտակցականօրէն պայքարիլ ու հերոսականօրէն զոհաբերուիլ գիտցող հաւատարիմ մարտիկներ: Ազգի մը կենդանութեան յայտարար նշաններն ու վկանե՛րն են իր հերոսները, հարազատ ու վաւերական զաւակները ցեղին:
բ. Նոյնն է հասկացողութիւնը կրօնական մարզին մէջ: Քրիստոսի սուրբ Եկեղեցին կենդանի մարմին մըն է՝ իր զինուորեալ (տակաւին այս կեանքին մէջ պայքարող) թէ յաղթական (այս աշխարհէն հանդերձեալին անցած) անդամներու սերտ միասնութեամբը եւ փոխադարձ հաղորդութեամբը յատկանշուող: Եկեղեցիի մը գոյութեան եւ կենդանութեան «վկաներ» են սուրբերը, հարազատ ու վաւերական զաւակները Աստուծոյ: Առանց սուրբերուն չկա՛յ Եկեղեցի: Եւ ինչպէս առանց սուրբերուն կարելի չէ պատկերացնել Քրիստոսի Եկեղեցին, նոյնպէս կարելի չէ պատկերացնել ապրող ու գործող կենդանի Եկեղեցի մը՝ որ բոլոր ժամանակներուն չունենա՛յ հաւատքին բացառիկ «վկաները», հաւատքին հաւատարիմները:
Հայաստանեայց Առաքելական մեր Եկեղեին ինչպէս կանխագոյն դարերուն հարուստ եղած է սուրբ զաւակներով, այնպէս ալ սրբութեան վաւերական դրոշմը ունեցող մեծ թիւով վկաներ տուած է նորագույն ժամանակներուն, մինչեւ մեր օրերը, ինչպէս աներկբայօրէն այդպիսին են Ապրիլեան մեր նահատակները: Եւ եթէ անցնող դարերը ինչ-ինչ պատճառներով շատ թոյլատու չեն եղած ծիսական մակարդակի վրայ կամ եկեղեցւոյ տօնական կարգին մէջ զանոնք իբրեւ այդպիսին ճանչնալու եւ արժանի յիշատակութեամբ պատուելու, Ապրիլեան Նահատակներու պարագային ատոր պահանջը արդէն շատոնց զգացուած էր, ինչպէս տարուէտարի կատարուող եկեղեցական մեծաշուք յիշատակի հանդէսները եւ ժողովրդական բարեպաշտութեան արտայայտութիւնները յայտնապէս կը վկայեն» (Զարեհ Եպս. Ազնաւորեան, Շարական Ապրիլեան Նահատակաց, Անթիլիաս, 1990):
Եւ կը մաղթենք, որ մեր Ապրիլեան Նահատակաց սրբադասման մէջէն, մենք պիտի արժանի ըլլանք մեր մկրտութեան, եւ հայ ժողովուրդի մկրտութեան 1700-ամեակին առթիւ, վերստին ընծայենք մեզի Քրիստոսի, որուն հաւատարմութեան մէջէն Վարդանանք ըսին. «քանզի հայր մեր զսուրբ աւետարանն գիտենք եւ մայր՝ զառաքելական եկեղեցի կաթողիկէ»:
2 Յուլիս 1993,
Մոնրէալ.
ՍՈՒՐԲԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ
Ի՞ՆՉ Է ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս
«Սրբութիւնը հազուագիւտ առաքինութիւն մըն է. անմատչելի, անմերձենալի բարձրութիւն մը: Քիչեր, շա՜տ քիչեր, բացառիկ անձեր, Աստուծոյ մէկ բացառիկ շնորհով օժտուած անհատներ կեանքի այդ բարձրագոյն կէտին կը հասնին»:
«Սրբութիւնը այս դարու մեր ժամանակներու յատուկ երեւոյթ մը չէ. այլ կը պատկանի հին դարերուն, կուգայ անցեալէն: Արժեւորուած երեւոյթ մըն է նաեւ ճիշդ անոր համար որ այդ հնութեան կնիքը ունի իր վրայ: Սուրբերը անցեալին կը պատկանին: Որովհետեւ անցեալ դարերը կրօնազգած մթնոլորտով ներթափանցուած, հաւատքի գաղափարով եւ զգացումով տիրապետուած էին, մինչ ներկայ ժամանակները, գիտութեան, թեքնիքի, հաճոյքի, նիւթական առաւելութեանց տուեալներով են նուաճուած եւ տեղ չեն տար սրբութեան գաղափարին եւ վիճակին»:
Ահաւասիկ սրբութեան մասին այսպիսի մտայնութիւն կայ մեր ժողովուրդին սովորական խաւին մէջ, «Ես ո՞ւր, սուրբը ո՞ւր...» կ՝ըսեն յաճախ անոնք: Ոմանք ալ կան, որոնք սրբութեան գաղափարին վերէն կը նային, տեսակ մը արհամարհոտ կեցուածքով: Բարի, սակաւախօս, անվնաս մարդ մը երբ տեսնեն՝ կ՝ըսեն յաճախ. «ի՞նչ է, սո՞ւրբ եղար»:
Եկէք բաց մտքով եւ հոգիու նայինք սրբութեան գաղափարին եւ վիճակին, քրիստոնէական, հարազատ, ճշգրիտ եւ կարելի եղածին չափով ամբողջական հայեացքով կարենալ ըմբռնելու համար անոր տարողութիւնը ինչպէս նաեւ առնչութիւնը մեր կեանքին հետ:
***
Սուրբը Աստուած ինքն է: Սրբութեան աղբիւրը իրմէ կը բխի:
Բոլոր կրօններու մէջ այս հիմնական գաղափարը կայ որպէս անոնց հասարակաց գիծերէն մէկը: Մարդ էակին սրբութիւնը Աստուծոյ սրբութեան ճառագայթումն է իր անձին մէջ կամ իր հաղորդութիւնը անոր հետ: Մարդ սուրբ է յարաբերաբար Աստուծոյ, այսինքն՝ Աստուծմո՛վ որպէս անոր բացուած եւ անոր ներկայութեան զգացումով ներթափանցուած անձը մը:
Սրբութիւնը երկու տարածքներ ունի, որոնք իրարու առնչակից, իրարմէ անբաժան երեսներ են, նոյն էութեան ըլլալու տարբեր կերպերը, արտայայտութեան ձեւի տարբեր եղանակները.
ա. Ներանձնական ապրում
բ. Արտաքնային ճառագայթում
- Ներանձնական ապրումը մարդու հոգիին մէջ խաղաղութեան այն ներքին մտերմական վիճակն է, ուր հոգեկան յագեցումի զգացումը այնպէս տիրապետող է ինչպէս գոհացման այն պահը զոր մարդ կ՛ունենայ, իր ծարաւը զով ու զուլալ ջուրով լիացուցած ըլլալուն բնական հետեւանքովը: Այստեղ է ուր իր հարազատ իմաստը կը գտնէ մեր հայոց Ժամագիրքին (կամ Շարակնոցին) մէջ սաղմոսանման սա մաղթանքը.
«Յամենայն ժամու աղաչանք իմ ա՛յս են.
Ի մեղաց իքոց սո՛ւրբ արա զիս Տէր»:
Այս այն վիճակն է, զոր ես կ՛երեւակայեմ, օրինակի համար, գիտակից, հաւատացեալ մարդու մը համար երբ ան սուրբ հաղորդութիւն կը ստանայ եւ ինչպէս կ՛ըսուի ժողովրդական բացատրութեամբ. «թեթեւցայ», «մաքրուեցայ»: Երջանկութեան նախապայմանն է այս:
- Արտաքնային ճառագայթումը այդ ներքին հոգեկան խաղաղութենէն, աստուածայինին ներգործութենէն գոյութիւն առնող այն բարոյական կենացակերպն գործելակերպ է, որոնցմէ բարութիւնը, ծառայութիւնը այպէս կը բխին, ինչպէս ճառագայթը արեւէն: Սրբութիւնը կեանքին մէջ կը թարգմանուի յարաբերական եւ գործունէական ընթացքով:
Սրբութիւնը, ներամփոփելի, անձին մէջ սահմանափակելի վիճակ մը չէ: Անպայման ձեւով մը կ՛արտաքնանայ, կ՛արտայատուի: Ոմանց պարագային նուազ, ուրիշներու պարագային աւելի չափով եւ տարբեր տարբեր եղանակներով:
Սրբութեան վիճակը ներանձնական միայնակեաց տրամադրութիւններով ապրող մարդիկ աղօթքի կամ խորհրդածական գրականութեան մէջէն կ՛արտայայտեն այդ արտաքնացումը, ինչ որ էր պարագան - եւ մինչեւ այսօր ալ է - միայնակեաց կամ հայեցողական կենցաղով ապրող կրօնաւորներու համար (օրինակ. Եգիպտոսի ճգնաւորները կամ այսօրուան լռակեացները - (թերափիսթ)):
Նոյն վիճակը աւելի գործունէական, շարժուն ձեւով կ՛ապրին ուրիշներ, վանական կամ ոչ վանական:
Յամենայն դէպս, արտայայտութեան եղանակները պէտք չէ շփոթել բուն եղածին - սրբութեան ապրուած գոյավիճակին հետ:
Երկու կերպարն ալ ունեցած են - եւ կրնան ունենալ - չափազանցութեան գացող իրենց արտայայտութիւնները: Բայց ոչ մէկը կրնայ կտրուիլ արտայայտութեան «արտաքին» բնական պահանջէն եւ ոչ ալ միւսը կրնայ կտրուիլ ներանձնական, հայեցողական, աղօթասոյզ հոգեկանութենէն: Այդպիսի պարագաներուն, մէկը կրնայ տանիլ անհատակեդրոնութեան փորձութեան, որ ինքնին հակաքրիստոնէական է, եւ միւսը կրնայ առաջնորդել շարժուն գործունէապաշտութեան մը (աքթիվիզմ) անձնակեդրոն եւ անձնաքարոզ վտանգին, որ կը խաթարէ հարազատութիւնը սրբութեան քրստոնէական հասկացողութեան:
* * *
Այս հասկացողութեամբ, սրբութիւնը առանձնաշնորհումը չէ որոշ անձերու: Կոչումն է բոլորին: Ուրիշ խօսքով՝ սրբութիւնը պէտք չէ այնպէս ըմբռնել որ եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած պատկերին հետ նոյնացուի . . .:
Բնականօրէն, որոշ անձերու մէջ սրբութեան ներկայութիւնը, Աստուծոյ հետ հաղորդութիւնը այնքան շեշտուած եւ ճառագայթուն նկարագիր եւ տարողութիւն կ՛ունենայ, որ եկեղեցին զանոնք յատուկ յարգանքի կ՛արժանացնէ որպէս ներշնչման աղբիւր, որպէս բարեխօս առ Աստուած: Ահա ասոնք են որ տօնելի սուրբեր կը նկատուին եւ յատուկ օրեր եւ արարողութիւններ կը սահմանուին, շարականներ կը յօրինուին,անոնց մէջէն որոշակի եւ ուժգնօրէն արտայայտուող սրբութիւնը պանծացնելու եւ զայն հաւատացեալներու կեանքին մէջ ձգտումի եւ ներշնչումի վերածելու նպատակով: Պատկերաւոր բացատրութեամբ կրնանք ըսել թէ՝ պարզ մարդիկ, որոնք սրբութեան վիճակ կ՛ապրին իրենց մէջ՝ կը նմանին մոմերու. եկեղեցւոյ կողմէ հռչակուած եւ տօնուած սուրբերը կը նմանին փարոսներու ... :
Հաւատացեալներ սրբութեան ձգտումը իրենց մէջ պէտք է արտայայտեն առանց այն վախին կամ վերաշահութեան, ըստ որուն սրբութիւնը իրենց չի պատկանիր, իրենց համար մատչելի չէ, այլ միայն ընտրեալներու յատուկ կենսավիճակ եւ առանձնաշնորհ:
* * *
Սրբութիւնը մարդկային կեանքին մէջէն կ՛անցնի: Հետեւաբար, իր արտայայտութեան, իր մարդկայնօրէն գոյաւորման ընթացքին եւ պատկերին մէջ որոշ յարաբերականութիւն մը կը ներկայացնէ: Պարզ խօսքով՝ սրբութիւնը չէ կարելի մարդկայնօրէն ապրիլ իր բացարձակութեան մէջ: Այդ, ինչպէս վերեւ դիտել տրուեցաւ, միայն Աստուծոյ կը պատկանի: Մարդը՝ ինք, մեղանչական իր բնութեամբը, յարաբերական իր գոյակերպովը սրբութիւնը կ՛ապրի իր մարդկային պայմաններու սահմաններուն մէջ: Սայթաքումը, մեղքէ այցելուիլը մարդկային է. չկայ բացարձակապէս անմեղ, սրբութեանը մէջ զուտ, բիւրեղ, կատարեալ, բացարձակ մարդ:
Պահեր, ժամանակներ, կացութիւններ, տրամադրութիւններ, ազդեցութիւններ մարդու կեանքին մէջ յաճախ փոփոխութիւններ կ՛առաջացնեն: Ֆիզիքական ազդակներ, գաղափարական ներգործութիւններ, կենցաղակերպի քաշողականութիւններ մարդուն մէջ սրբութեան ձգտումին արտայայտութեան երբեմն արգելք կը հանդիսանան. եւ երբեմն մարդիկ ալ ընթացք կուտան հակադիր այդ ազդակներուն: Նոյնիսկ եկեղեցւոյ կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած սուրբերու կեանքին մէջ սայթաքումի, մեղքի պարագաները բացակայ չեն: Առհասարակ սուրբերը իրենք ամենէն գիտակից եւ խոստովանող են իրենց մեղաւորութեան զգացումին (օրինակ. Օգոստինոս, Մեսրոպ Մաշտոց, Գր. Նարեկացի):
Բայց էականը մեղքէն այցելուիլը չէ այնքան որքան մեղքէն չընկճուիլը եւ, ընդհակառակը, անոր ընկճուիլը անձին կողմէ, վերաբիւրեղացման իր ջանքովը, սրբութեան իր ձգտումովն ու վերականգնումովը իր հոգեկան ներաշխարհին եւ ընկերային կեանքին մէջ: Այստեղ է ուր ապաշխարութեան խորհուրդը կը գտնէ իր բուն իմաստը որպէս հոգեկան արթնացման շարունակական ընթացքը մարդու կեանքին մէջ:
* * *
Սրբութիւնը անցեալի երեւոյթ չէ: Հնութիւն կը բուրէ մեր եկեղեցւոյ կողմէ տօնելի նկատուած սուրբերու պատմական դէմքեր ըլլալուն այսօրուան իրողութեամբը: Բայց մենք ունինք նաեւ յիշատակելի սուրբեր, որոնց կ՛անդրադառնանք յաճախ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի մէջ: Անհրաժեշտ է, եւ մեծապէս հոգեղէն ազդեցութիւն կ՛ունենայ, եթէ մեր եկեղեցին իր ցարդ տօնելի նկատուած սուրբերու շարքին դասէ այնպիսի անձեր, որոնք սրբութեան վիճակին ակնառու արտայայտիչներ են եղած վերջին դարերուն (Տես՝ «Հայոսց Նոր Վկաները»):
Աստուծոյ շնորհքը, աստուածային սրբութեան ճառագայթումը մշտաբուծ ներգործութիւն մըն է: Ժամանակով եւ տեղով, ազդեցութեամբ եւ դասակարգով չի սահմանուիր ան: Հետուաբար, սրբութեան գաղափարին եւ կենսավիճակին վերարծարծումի եւ զգայնացումի նպաստող մեծ բարիք մը կ՛ըլլայ նոր սուրբերուն կեանքի օրինակին վերարծարծումը մեր ժողովուրդի կեանքի մէջ:
* * *
Վերջապէս, սրբութիւնը պէտք է ըմբռնել որպէս կենցաղակերպի արտաքին որոշ ձեւերու հետ կապուած երեւոյթ, եւ առհասարակ որպէս խուսափում այնպիսի կենցաղակերպերէ, որոնք արդիականութեան անունով կը նկատուին անյարիր սրբութեան գաղափարի հետ:
Էականը կերպին մէջ հոգին տիրապետող դարձնելն է: Որովհետեւ կերպը առանց հոգիին, կենցաղի արտաքին եղանակները առանց սրբութեան զգացումին ներգործութեան՝ կրնան դառնալ ինքնավախճան եւ յաճախ մեղքի ճամբայ, մանաւանդ այնպիսի աշխարհի մէջ, ուր մարդուն գիտական եւ ճարտարարուեստական նուաճումները դիւրակեցութեան, հեշտակենցաղութեան եւ նիւթին տիրապետութեան տուեալներով դարձած է այնքան փորձիչ:
Սրբութեան կոչումը կը մնա՛յ կոչում.
Սրբութեան կարելիութիւնը կը մնա՛յ կարելիութիւն.
Մարդուն կը մնայ զայն իրողութեան վերածել, Աստուծոյ ներգործութիւնը իր մէջ կենդանի եւ ստեղծարար պահելով, այսինքն՝ ինքզինք միշտ ի հաղորդութեան դնելով Աստուծոյ, Սրբութեան Աղբիւրին հետ:
27 Յունուար, 1984
Անթիլիաս.
ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Արտաւազդ Արք. Թրթռեան
Առաքելական շրջանին եւ Բ. դարուն բոլոր քրիստոնեաներ անխտիր սուրբ բառով կը բնորոշուէին, որովհետեւ Քրիստոսի անունով մկրտուած եւ Անոր հետեւորդ ըլլալով՝ կը զատորոշուէին ուրիշներէ, իրենք զիրենք կը նկատէին նոր ցեղ մը, ճշմարիտ «Իսրայէլը», Եկեղեցին, երկնքի քաղաքացիներ:
Քրիստոնեան երկրի վրայ կ՛ապրէր, բայց երկինքին կը պատկանէր. իսկ այս պատկանելութիւնը պայմանաւոր էր Քրիստոսի հաւատքով եւ անոր հադէպ բացարձակ հաւատարմութեամբ: Ատոր համար էր, որ որեւէ հալածանք կամ տանջանք արժէք չունէր իրեն համար: Ժամանակաւոր եւ վաղանցուկ էին անոնք, կեանքին պէս: Ահա թէ ինչու առաջին դարերու բոլոր քրիստոնեաներ ապշեցուցիչ քաջութեամբ եւ միշտ ուրախութեամբ ու սաղմոսներով դիմաւորեցին մահը, նահատակութիւնը, զայն նկատելով երկնային յաւիտենական կեանքին կամուրջը:
Առաջին դարէն իսկ Հայոց աշխարհին մէջ եղան քրիստոնէութեան դարձող եւ Քրիստոսի սիրոյն բազմահազար նահատակուողներ՝ ամէն դասակարգէ, սկսեալ արքայական տունէն ու ազնուականութենէն:
Արդ նահատակութիւնը կը նշանակէ զոհագործում Աստուծոյ. սեփական արիւնով լուացուիլ եւ սրբուիլ մեղքի ամէն աղտէ: Քրիստոսի անուին եւ հաւատքին համար այդ գերագոյն զոհաբերութեամբ՝ քրիստոնեան մեղքէն կը սրբուի ու կը սրբանայ, ժառանգորդ դառնալով յաւիտենական կեանքին եւ քաղաքացի՝ Աստուծոյ թագաւորութեան: Այս հասկացողութեամբ, ամէն նահատակ սուրբ էր նորակազմ Եկեղեցիին համար, եւ բարեխօս՝ ապրողներուն համար:
Առաջին դարերուն, եկեղեցւոյ կեանքին մէջ նահատակութեան զուգահեռ կը գտնենք խոստովանութիւնը: Խոստովանիլ կը նշանակէ՝ հրապարակաւ դաւանիլ, համարձակօրեն ընդունիլ թէ Յիսուս Քրիստո՛ս է, Որդի Աստուծոյ, մարդոց փրկութեան համար մարդացած, խաչուած, թաղուած, յարութիւն առած եւ երկինք համբարձած, եւ այս հաւատքին հաւատարմութեան համար սիրով կրել ամէն նախատինք, բանտ, տանջանք եւ անդամահատութիւն: Այսպէս, յաճախ նահատակը նաեւ խոստովանող է, սակայն խոստովանողը միշտ նահատակ չէ: Քրիստոնէական ըմբռնողութեամբ՝ խոստովանողը իր կրած նախատինքներուն եւ չարչարանքներու քուրային մէջ կը մաքրուէր մարդկային իր բոլոր մեղքերէն, կը սրբուէր եւ կը բիւրեղաանար՝ հնոցի քուրային մէջ բիւրեղացող մետաղին պէս: Հետեւաբար, ան այլեւս սուրբ էր: Աւելին, իբրեւ այդպիսին՝ կրնար մեղաւորներուն թողութիւն տալ՝ նոյնիսկ առանց ձեռնադրութեամբ իշխանութիւն ստացած ըլլալու:
Մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ խոստովանողի լաւագոյն տիպարն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ: Ուրիշ յայտնի տիպար մըն է՝ Բզնունեաց Աբրահամ Եպիսկոպոսը, մեր պատմութեան մէջ ծանօթ «Աբրահամ Խոստովանող» կոչումով, որ Վարդանանց պատերազմէն ետք Պարսկաստան տարուած Ղեւոնդեանց քահանայից խումբէն էր, բայց իրեն զլացուեցաւ նահատակութիւնը: Երրորդ յայտնի տիպար մըն է Բագրատունի Սմբատ սպարապետը, որ 855-ին Բուղա Ոստիկանին կողմէ գերի տարուելով Պաղտատ՝ դառն տանջանքներով ուրացութեան բռնադատութեցաւ, եւ երեք տարի ետք բանտին մէջ խոստովանողական մահուամբ կնքեց իր կեանքը, պատութենէն որպէս մականուն ժառանգելով «Սմբատ Խոստովանող» կոչումը:
Քրիստոնեաներու բազմացումով, Գ. դարու սկիզբէն եկեղեցին այլեւս սկսաւ ինքզինք ըմբռնել ո՛չ թէ իբրեւ փրկուածներու՝ այսինքն «սուրբերու հասարակութիւն», այլ իբրեւ փրկութեան միջոց: Քրիստոնեայ կոչումը կը դադրի սուրբ բառին հոմանիշ ըլլալէ, եւ քրիստոնեան կ՝ըմբռնուի ո՛չ իբրեւ սուրբ, այլ սրբութեան կոչուած: Ասիկա անկէ՝ որ հետզհետէ աշխարհիկ ոգին թափանցեց եկեղեցւոյ մէջ եւ բարեպաշտական ջերմեռանդութիւնը սկսաւ նուազիլ: Միւս կողմէ, սկսաւ նոր շարժում մը՝ ճգնութիւնը կամ ճգնակեցութիւնը, որ հոսանքին դէմ պիտի փորձէր երթալ՝ հրաժարելով աշխարհէն, ընկերութենէն, նիւթական բարիքներու վայելքէն, եւ Աստուծոյ շնորհին մէջ ապրիլ, առանձնութեան մէջ սեփական մտածումներն ու զգացումները ներդաշնակել աղօթական կեանքի մը մէջ եւ ինքզինք սրբելով՝ Աստուծոյ տաճար դարձնել: Ուստի, հալածանքի ալիքներէն ետք, խաղաղութեան ու բարօրութեան շրջաններուն, ճգնութւնը դարձաւ ճշմարիտ քրիստոնեային տիպարը, եւ ճգնաւորը դարձաւ սուրբը, թէպէտ ոչ նահատակին համարժէք:
Ժամանակի ընթացքին ճգնակեցութիւնն ալ յեղաշրջուեցաւ եւ փոխարկուեցաւ վանական դրութեան: Վանքերը բազմացան Արեւելքի թէ Արեւմուտքի մէջ, Դ. դարէն մինչեւ ԺԳ. դար: Վանական ճգնական կեանքը համարուեցաւ քրիստոնէական իտէալը, որովհետեւ պարզութեան եւ աղքատութեան մէջ շնորհքի կեանքն էր անիկա. ուստի, սրբութեան կեանքի մը տենչը ունեցող հոգիները վանք ուղղուեցան: Վանականները ճանչցուեցան սրբակեաց, թէպէտ ո՛չ անպայման սուրբ, որովհետեւ ինչպէս Եկեղեցիին մէջ եւս լաւն ու վատը միատեղ կը գտնուէին: Սրբակեաց վանականներէն ալ ոմանք անցան եկեղեցւոյ տօնելի սուրբերու ցանկը, ինչպէս մեր մէջ՝ Գրիգոր Նարեկացին (Ժ. դար), Յովհան Որոտնեցին (ԺԳ. դար), Գրիգոր Տաթեւացին (ԺԴ.-ԺԵ. դար):
Սակայն սրբակեացներն ու սուրբերը միայն վանքերուն մէջ չէին, այլ նաեւ ժողովուրդի ծառայութեան մէջ, ուր իրենց սրբաբոյր անցով ու կեանքով, խօսքով ու գործով, եւ հոգե- իմացական ստեղծագործութեամբ շուտով սրբութեան լուսապսակը առին, ինչպէս Յովհան Օձնեցի Կաթողիկոս (Ը. դար), Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոս (ԺԲ. դար), եւ նուազ ծանօթ Մովսէս Տաթեւացի (ԺԷ. դար): Եւ տակաւին որքան անծանօթ սուրբեր ունինք, հոգեւորական թէ աշխարհական, որոնց համար ո՚չ տօն ունինք եւ ոչ տօնական յիշատակութիւն:
***
Ներկայ դարուն մէջ, սրբութեան ըմբռնումը բառին շատ նեղ իմաստով ըմբռնումն է. այսինքն՝ մնալ սրբակեցութեան վիճակին մէջ շարունակական կերպով, ուր մտածում եւ զգացում, խօսք եւ գործք, կենցաղ եւ վերաբերում ներդաշնակուած ըլլան Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց գովելի կեանքի ձեւի մը մէջ, ամբողջութեամբ հեռու մեղքէն եւ նման կեանք մը ի սպաս դնել այռոց օգտակարութեան ու բարիքին:
Դժուար է, յիրաւի, սրբութեան այսպիսի կեանք մը, ապրիլ, մանաւանդ այս դարուն: Դժուար է, բայց ո՚չ անկարելի: Ամէն դար ունեցաւ սրբութեան համար իրեն յատուկ դժուարութիւնները: Ո՚չ մէկ դարու մէջ պակսեցան հրապուրիչ երեւոյթները, բայց նաեւ ամէն դար ունեցաւ իր վաւերական սուրբերը, յայտնի թէ անյայտ:
Այսօր եւս քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք կատարելապէս շնորհքի, սրբութեան կեանք մը կ՝ապրին՝ ըստ ամենայնի Աստուծոյ հաճելի: Ասիկա ըսել չէ թէ անոնք երբեք չեն մեղանչած. այլ, թէ իրենց կեանքի որոշ մէկ հանգրուանին՝ ինքնագիտակցութեան զօրաւոր անդրադարձումով մը դէպի Աստուած դառնալէն ետք, իրենք զիրենք Աստուծոյ շնորհքին մէջ կ՝զգան, Աստուծոյ ներկայութիւնը շարունակ իրենց մէջ կ՝զգան ու կ՝ապրին: Այնքան՝ որ այլեւս իրենց մտածումն ու զարգացումը, խօսքն ու գործը կատարելապէս Աստուծոյ կամքին եւ աստուածային պատուիրաններուն համաձայն կ՝ընթանան մինչեւ վախճան, աղօթքը կը դառնայ ուղի եւ զսպանակ իրենց կեանքին, որ զիրենք կը մղէ ազնուացնող ու վեհացնող արարքներու եւ իրագործումներու, ինքնամոռաց նուիրումի եւ անհաւատալի անձնազոհութեան;
Եւ ա՚յս է մարդկային կեանքը, հոգեպէս եւ բարոյապէս լեցնող ու հարստացնող նպաստը մարդուն: Ու ա՚յսպիսի կեանք մը ապրողներն են վաւերական, գերագոյն հերոսները մարդկութեան, որոնց ճակտին՝ լուսապսակը յաւէտ շողայ եւ դափնին անթառամ մնայ:
11 Մայիս, 1984
Անթիլիաս
ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ՍՐԲԱՑՈՒՄԸ
Զարեհ Եպս. Ազնաւուրեան
Կանոնացումը կամ սրբադասումը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ՝ եկեղեցւոյ իշչանութեան կողմէ առաւել կամ նուազ պաշտօնականութեամբ յիշատակելու, պատուելու անոնք՝ որոնք ջերմ հաւատքով եւ կատարեալ քրիստոնեային յատուկ ինքնանուէր կեանքով մը վկայուած, աստուածային եւ մարդկային առաքինութիւններով յատկանշուած, Ս. Հոգիի ներկայութեան ծորումով փայլած եւ իրենց հաւատքին, ինչպէս եւ իրենց եղբայրներու փրկութեան համար սիրոյ գերագոյն զոհաբերութեամբ իրենք զիրենք յօժար սիրտով ընծայաբերած ՝հաւատքի տիպար օրինակներն ու ախոյեաններն են, եւ իբրեւ այդպիսին ճանչցուած ու մեծարուած են նախ ժողովրդական բարեպաշտութեան մէջ:
Թէ սուրբերը սկիզբէն իսկ կը տօնութին քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ՝ մեզի հասած հնագոյն տեղեկութիւններէն գիտենա, որ քրիստոնէական համայնքը Ա. դարէն իսկ սկսաւ բացառիկ յարգանք ընծայել անոնց՝ որոնք իրենց կեանքով ու մահուամբ կատարելապէս միացած էին Քրիստոսի: Այս յարգանքը արդէն տօնակատարութեան բնոյթ ունէր: Անոնց մասունքները կը պահէին ու կը պատուէին, գերեզմաններուն շուրջ տարեկան հաւաքոյթ եւ աղոթք կը կատարէին:
Ժողովրդական այս բարեպաշտութիւնը շուտով եկեղեցական տեղական ժողովներով որոշ կանոնի ենթարկուեցաւ քմահաճ կարգադրութեանց առաջքը առնելու համար:
Գալով բուն կանոնացումին, կրնանք հաստատել՝ թէ հին ժամանակներուն համար բոլոր եկեղեցիներու ճանչցած աւանդութիւնը նոյնն է: Բոլորին համար ալ ժողովուրդին կողմէ ընծայուած ինքնաբուխ յարգանքն եւ բարեպաշտութիւնը միակ սկզբունքն էին՝ որով ճանաչում կը տրուէր սուրբերի մը: Ժողովրդական այս ճանաչումն ու յարգանքը եկեղեցի կ՝անցնէին միայն այն պարագային՝ երբ եկեղեցական իշխանութիւնը իր կարգին համոզում գոյացնէր եւ ճանաչում տար այդ յարգանքին՝ զայն եկեղեցիէն ներս ընդունելով, սուրբին նահատակութեան օրը եկեղեցական օրացոյցին մէջ առնելով եւ յիշատակելով Ս. Պատարագի ընթացքին:
Հայաստանեայց եկեղեցին, Արեւելեան եկեղեցիներուն պէս, կանոնականացման մասնաւոր գործընթացք կամ կերպ չունի: Ժամանակի ընթացքին տարբեր կերպեր կիրարկուած են, ըստ պարագային եւ պահանջին: Կը տեսնենք հետեւեալ երեք մակարդակները. -
Ա. մակարդակը, որ կարեւորագոյնն է, ժողովրդական ճանաչումն է անձին սրբակեցութեան եւ ընծայուած յարգանք, նահատակութենէն կամ խոստովանողական մահէն ետք անոր նշխարներուն, գերեզմանին կամ անձնական իրերուն ընծայուած մեծարանք, բարեպաշտական աղօթք ու միջնորդութեան կամ բարեխօսութեան խնդրանք եւ նահատակութեան տարեդարձի ուրախական հաւաքոյթ: Ժողովրդական բարեպաշտութիւնը ինչպէս հաւաքական, այնպէս ալ անհատական կրնայ ըլլալ: Չեն պակսիր օրինակներ՝ անհատական բարեպաշտութեամբ սկիզբ առած սուրբի մը (կամ սուրբերու) յարգանքին. անոնցմէ մէկը՝ Հռիփսիմեան կոյսերու ճանաչումը Գր. Լուսաւորչի կողմէ, եւլն: Միւս կողմէ, մինչեւ մեր դարը՝ Հայաստանի շատ մը շրջաններուն մէջ կային եւ կան պատուուած շատ մը սուրբեր եւ անոնց գերեզմանները, որոնց տօնը սակայն, եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ չէ անցած բնաւ:
Բ. մակարդակը՝ եկեղեցական գաւառական իշխանութեան կողմէ տեղական ճանաչումն է, որ կը հիմնուի ժողովրդական բարեպաշտութեան վրայ, եւ որ կը կատարուի՝ գաւառի եպիսկոպոսին կողմէ քննութեամբ ու վճռով, երբեմն սուրբին նշխարներուն եկեղեցի փոխադրութեամբ, երբեմն անոր գերեզմանին վրայ յատուկ վկայարանի մը շինութեամբ, եւ սուրբին նահատակութեան տարեդարձը իբրեւ եկեղեցական տօն կատարելով: Այսպէս ճանչցուած սուրբեր կրնան ժամանակ մը ետք տեղական հանգամանքէն դուրս գալով ճանչցուիլ ամբողջ եկեղեցւոյ կողմէ (տօնելի սուրբեր) եւ կամ մնալ միայն տուեալ շրջանին յատուկ, կամ նոյնիսկ դադրիլ տօնուելէ (Յայսմաւուրքներու մէջ յիշատակուած ոչ - տօնելի սուրբեր): Առաջիններու կարգին է, օրինակ, Վահան Գողթնացի (Ը. դար). իսկ երկրորդներէն՝ Շուշան Կամսարականի օրինակը (դարձեալ Ը դար) եւլն:
Գ. մակարդակը՝ եկեղեցւոյ կեդրոնական իշխանութեան կողմէ ընդհանրական ճանաչումն է, որ իր ընթացքով ճիշդ նախորդին հետքերով կը քալէ, եւ կ՝աւարտի՝ սուրբին տօնը վճռելով (այսինքն ընդունելով եւ կատարելով) եւ յանձնարարելով ամբողջ եկեղեցիին: Ասիկա առհասարակ կը կատարուի Կաթողիկոսին կողմէ: Հետաքրքրական է նշել, որ այսպէս ճանչցուած շատ մը սուրբերու յիշատակը ներկայիս չկայ եկեղեցական տօնացոյցներուն մէջ: Շատ մը ուրիշ սուրբերու սրբադասման կերպին մասին ոեւէ տեղեկութիւն չունինք: Ի վերջոյ, կարգ մը սուրբեր անհատական նախաձեռնութեամբ անցած են Յայսմաւուրքներու եւ կամ Տօնացոյցներու մէջ, եւ այդպէս տօնելի դարձած ամբողջ եկեղեցիին համար:
Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մէջ տօնելի հայ սուրբերուն թիւն է՝ 63 (խումբերը որպէս մէկ հաշուուած), որոնցմէ երեքը Ա. դարէն, երկուքը Բ. դարէն, տասնեօթը Դ. դարէն, քսանըմէկը Ե. դարէն, երեքը Զ. դարէն, հինգը Ը. դարէն, չորսը Թ. դարէն, մէկը Ժ. դարէն, հինգը ԺԲ. դարէն, մէկը ԺԴ. դարէն եւ մէկը ԺԵ. դարէն:
18 Մայիս, 1984
Անթիլիաս.
|