www.christianity.am

ԱՆՁՆ ՈՒ ԲՆՈՅԹԸ

Ներսէսի անձնական հանգամանաց վրայ փոքրիշատէ տեղեկութիւն տուինք, անոր հանրային ասպարէզ մտնալուն առթիւ (2733) եւ նորա կեանքին զանազան հանգրուաններուն եւ գործունէութեան գլխաւոր կէտերուն հետ բացատրութիւններ ալ տուինք, որով թէ Ներսէսի անձնաւորութիւնը եւ թէ մեր տեսութիւնները ըստ բաւականին ծանօթացած են: Այսուհանդերձ ներուի մեզ գերեզմանին փակուելէն ետքը քանի մը յետսահայեաց տեսութիւններ աւելցնել անոր անձն ու արդիւնքը ու արժանիքը պատկերացնել, հիմնուելով իրեն հետ մօտաւոր յարաբերութեանց եւ ծանօթութեանց վրայ, ինչպէս ժամանակին ալ ըրած էինք առօրեայ հրատարակութեանց մէջ (84. ԱՐԼ. 261): Բարեձեւ եւ բարետեսիլ էր Ներսէսի արտաքինը, բարձր հասակ, գեղադէմ կերպարան, անձնեայ եւ մարմնեղ, գրաւիչ հայեացք, մօրուք եւ ընչացք առատ, հազիւ վերջին ատեններ երեւան եկած ցանցառ սպիտակ թելերով, խօսքը համեղ, վարմունքը հրապուրիչ, վերաբերմունքը քաղցր, տեսակցութիւնը շահեկան, յամենայնի վեհ, պատկառելի եւ համակրելի:

Բնաւորութեամբ հեզահոգի եւ երկայնամիտ էր հասարակ կենակցութեան շրջանակի մէջ, իսկ պաշտօնական շրջանակի մէջ պահանջկոտ, իր համոզմանց դէմ յայտնուած հակառակութեանց, մանաւանդ արուեստակեալ եւ կամայական ընդդիմութեանց հանդէպ խստացող, ուսկից յառաջ կու գային նեղսրտութեան արտայայտութիւններ, որոնք հետզհետէ աճեցան ինքն տառապեցնող ախտին հետեւանօք, բայց առանց ջնջելու կենցաղական քաղցր բնաւորութիւնը, որով երկու հակառակ երեւոյթներու տարօրինակ միացումը յայտնի կ՝իրականանար իր վրայ: Այս էր պատճառը որ պաշտօնապէս խստութեան կը միացնէր անհատական քաղցրութիւնը, ոչ քէն կըպահէր եւ ոչ խէթ, եւ պաշտօնական շրջանակէն դուրս անկեղծ բարեկամութիւն կը ցուցնէր անոնց ալ որոնց դէմ խստացած էր (84. ԱՐԵ. 522): Ներսէսի վրայ նշանակելի էր պարզասիութեան ձգտումը, առանց ստորնութեան հասնելու եւ առանց գծուծ ապրելու, ուտեստը, զգեստը, եւ բոլոր կենցաղը պարզ էր եւ պարզ մնաց: Չքսալըի բարձունքի հօրենական տունը եւ կարասին հասարակ էին, պատրիարքի մը անվայել ըլլալու չափ, եւ եթէ երբեմն Բերա եւ Վլանկա եւ Քումգաբու վարձու բնակութիւններ փոխադրուեցաւ, պաշտօնական յարաբերութեանց եւ աձնական դարմանց պէտքը միայն նկատի ունեցաւ, իսկ կայսեր պարգեւած տունին մէջ հազիւ վեց ամիս մնաց. հոն մեռաւ աւելի քան թէ ապրեցաւ: Զգեստի նիւթերն հասարակ էին միշտ, երփներանգներէ եւ սեթեւեթներէ խորշեցաւ իսպառ, եւ առաջին առիթով փակեղին մանուշակագոյն մասն ալ սեւի փոխարկեց (2859): Նիւթականին հանգոյն էր բովանդակ կեանքն ալ: Արծաթսիրութեան ստուերն իսկ չերեւցաւ իր վրան, եւ ձեռքն անցած ցանցառ եւ չափաւոր նուէրներն ու արժէքները մտադիւր կը տրամադրէր հանրօգուտ բարեգործական եւ ուսումնական ձեռնարկներու: Մեռնելէն ետքը մօտեն բան մը չելաւ, եւ անոնք որ կ՝ենթադրէին թէ պահծու գումարներ ունեցած ըլլայ, եղբայրները ամբաստանեցին թէ վերջին պահուն եղածը վերցուցած ըլլան:

Զգացումներով կատարեալ հաւատացեալի տիպարն էր, կրօնական պարտաւորութեանց ճշդապահ, եկեղեցի յաճախող, կարգապահութեանց եւ հանդիսակատարութեանց քաջալերող, պաշտամանց ատեն մտամփոփ, համոզուած եւ յուզիչ քարոզող, արարողութեանց սիրահար, եկեղեցւոյ մէջ խօսքն ու ծիծաղը չէր տեսնուած, պատրիարքական աթոռը չէր նստեր, ի գուճս քիչ մը կը բազմէր, յոտընկայս կը մնար ցորչափ մարմնոյ տկարութիւնը կը ներէր: Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դաւանութեանց նախանձայոյզ պաշտպանն էր, թէպէտ հռոմէական եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականց կարգապահութեան գովաբան եւ շարունակող: Այս մասին իր համոզմանց լուսաւոր փաստ կը կազմեն Օրմանեանի եւ հետեւողաց մայրենի եկեղեցի վերադարձին առթիւ յայտնած զգայուն տեսութիւնները, զի եւ անոնց նմանողներուն վերադարձին գործը իր շահեցողութեամբ իրագործուեցաւ, 1830-ի բաժանումէն ի վեր չտեսնուած, չափով: Ասով մէկտեղ այլադաւաններու հանդէպ միշտ շինիչ յարաբերութիւններ պահեց, եւ մոլեռանդ խստութիւններ չգործածեց, ինչ որ մասամբ իր բնաւորութեան եւ մասամբ իր մտայնութեան հետեւանքն էր: Վատիկանեան ժողովի հրաւէրին հանդէպ եթէ կարի խիստ ցոյցեր չըրաւ, թերեւս պայմանաւոր վարմունքով ազգայնաբար բան մը շահելու վարմունքով մտածմունքն ունեցաւ, բայց ոչ համամտութիւն յայտնեց եւ ոչ նպաստաւոր քայլ մը առաւ: Իր եկեղեցին կը սիրէր ու կը յարգէր, ու կէտ մը իսկ զոհել չէր ուզեր, բայց հռոմէական կարգապահութենէ բան մը ներս առելու փափաքը չէր ծածկեր: Մէկ խօսքով իր անբասիր կենցաղն ու եկեղեցականի կեանքը գերազանցեց ամէն անձնական եւ պաշտօնական նկատումներու վրայ, այնպէս որ իր անձին ուխտեալ հակառակորդներ կամ լաւ եւս արուեստակալ ընդդիմադիրներն իսկ չհամարձակեցան երբեք այդ մասին եւ ոչ ակնարկ մը ընել անոր դէմ:

ՈՒՍՈՒՄՆ ՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Ներսէսի ուսումնական զարգացումը Խասքէօյի թաղական վարժարանին ծրագիրով փակուծ էր, որ որչափ ալ կանոնաւոր եղած ըսուի, վերջապէս թաղական վարժարանի մը ընթացքէն չէր կրնար ըլլալ, եւ ինչ որ անկէ աւելի ստացած է, ինքնաշխատութեան, անձնական ջանքերու արդիւնքն եղած է: Իր աշակերտութեան ժամանակէն յատուկ աշխատութիւն եւ յառաջադիմութիւն ունեցած պիտի ըլլար, որ 16 տարեկան եղած ատեն նոյն վարժրանին մէջ ուսուցչական պաշտօնի կոչուեցաւ եւ 18 տարեկան Անդրիանապոլիս փոխադրուելով քաղաքացւոյ վարկն ու համակրութիւնը վայելեց, որոնք անշուշտ չունէին իր վրայ այն ներողամտութիւնը, որ կրնայ ենթադրուիլ Խասքէօյցիներու վրայ իրենց գիւղակից որբ պատանիին հանդէպ: Հայերէն եւ տաճկերէն եւ գաղիերէն լեզուներու բաւականաչափ տիրացած, ուսումնական եւ կրօնական հմտութեանց գոհացուցիչ պաշար մը գանձած, նա արժանացած է մայրաքաղաքի ուսեալ եւ զարգացեալ եւ լուսաւորեալ դասակարգին յարգանքը գրաւել, եւ իբր անոնց գլխաւորներէն մին պատուուիլ, եւ մինչեւ աստիճան մը ռահահորդ հանդիսանալ: Առանձին շրջանակներու մէջ բանիբուն բացատրութիւնները, ժողովներու մէջ խոհական տեսութիւնները, բեմերու վրայ հմտալից եւ օծուն քարոզները, գրութեանց մէջ սահուն եւ կուռ ոճը, կը հաւաստեն անոր մտաւոր զարգացումը, որ եթէ կանուխէն առատ պաշար ալ չունէր, դարձեալ մտաւորական ուշիմութեան նշանակ էր պաշարէն աւելի արդիւնք ցուցանել, գլխաւորապէս կրօնական ճիւղին մէջ: Կը պատմուի թէ Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ Իկնաթիէվ դեսպանին եւ բարձրաստիճան օսմանեան պաշտօնէի մը ներկայութեամբ այնպիսի կուռ եւ առատ եւ գիտական բացատրութիւն մը տուած է Երրորդութեան վրայ, որ երկուքն ալ զարմացմամբ վկայած եւ գոված են Ներսէսի աստուածաբանական հմտութիւնը: Ներսէս իր ետեւէն նշանաւոր երկասիրութիւններ թողած չէ. բայց այս ա՚լ պարզապէս իր վարած կեանքին հետեւանքն է եղած, որ միշտ եւ յարատեւ վարչական շրջանակին մէջ մնացած է, ժողովական, ատենապետ, պատուիրակ, առաջնորդ, պատրիարք, որոնք գրական վաստակոց ոչ պատեհ կու տան եւ ոչ զբաղիլ կը ներեն, եւ կրնանք ըսել թէ պաշտօնական կեանքէ զատ վայրկեան մը չունեցաւ: Իր գրական արդեանց երախայրիքը ջատագովական տետրակ մըն է 26 փոքրադիր երեսներով եւ Քրիստոսի սուրբ եկեղեցին եւ անոր հակառակորդները վերտառութեամբ, զոր գրած եւ հրատարակած է 1864 Յունուար 21-ին ազգայիններէն ոմանց եկեղեցւոյ սկզբանց եւ խորհրդոց դէմ տետրակներ հրատարակելուն առթիւ, եւ հրամանաւ պատրիարքին եւ կրօնական ժողովոյ, որ կը ցուցնէ պաշտօնական շրջանակի մէջ կրօնական հմտութեանց տէր ճանչցուած ըլլալը: Աւելի ընդարձակ աշխատութիւն մըն է Ուսումն Համաբարբառ Աւետարանի Տեառն մերոյ հրատարակութիւնը, պատրիրքութենէ առաջ պատրաստուած եւ պատրիարքութեան սկիզբը հրատարակուած, որ է չորս Աւետարաններու իրարու համաձայնութեամբ միացումը գրաբար բնագիրը եւ աշխարհաբար բացտրութիւնը պարունակող, տեղեկութիւններով եւ խորհրդածութիւններով ճոխացած: Յառաջաբաին մէջ ինքն ալ կը խոստովանի թէ հնոց եւ նորոց կարեւորագույն բացատրութիւններն ընտրանաւ համառօտած է ու որչափ ալ օտարազգի հեղինակներէ օգտուած ըլլալը կ՝երեւի, մասնաւորապէս Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Հարց գրուածներն ալ աչքի առջեւ ունեցած ըլլալը կը յիշէ: Գործը սեփական քննադատութիւններ եւ յատուկ իմաստասիրութիւններ չունի, բայց մեծապէս օգտակար է Քրիստոսի կեանքին եւ վարդապետութեանց վրայ ժողովուրդի միտքերը լուսաբանելու: Ներսէսի անունով կտակ մըն ալ հրատարակուեցաւ 1895-ին, մահուանէ 11 տարի ետքը, բոլորովին ազգային եւ վարչական պարունակութեամբ, զոր այստեղ միայն գրական տեսակէտէն կը յիշենք: Հրատարակողը զայն ի ձեռքն ունեցած է անդստին 1888-էն գաղիերէն լեզուով հրատարակուած, զի հայերէն բնագիրը չէ տեսնուած, եւ հրատարակութիւնը եղած է նորէն գաղիերէնէ հայերէնի թարգմանելով: Որչափ ալ հրատարակողները կը վկայեն թէ երաշխաւորեալ են մեզ սորա բնագրին մասին, բայց միշտ տեղի կը մնայ կասկծելու թէ տեղեակ գրողի մը յօրինուածը կրնայ ըլլալ: Կտակը 1884 Հոկտեմբեր 1 թուականը կը կրէ, որ է ըսել մահուանէ 25 օր առաջ: Մենք չենք մտներ վաւերականութեան խնդիրին մէջ միայն Ներսէսի հետ ունեցած մտերմական յարաբերութիւններուս վրայ հիմնուելով կրնանք վկայել, թէ իսկապէս Ներսէսի մտայնութեանց եւ համոզմանց արտայայտութիւնն է կտակին պարունակութիւնը, ինչպէս առաջիկային պիտի վերլուծենք:

ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ

Ներսէսի զօրաւորագոյն կողմը իր վարչական կարողութիւնն էր, որով դժուարին պարագաներու ձեռնամուխ ըլլալով իսկ՝ կրցաւ անոնց մէջ ինքզինքը բարձր պահել եւ ուղղութենէ չշեղել: Իր տասնամեայ պատրիարքութիւնը զանազան եւ բազմակողմանի խնդիրներով խճողուեցաւ, եւ ինքն ալ նախաձեռնակ եղաւ նոր եւ դժուարին խնդիրներ յուզելու, որոնք եթէ իրենց նպատակին հասնելով չպսակուեցան, բայց եւ ոչ Ներսէսի վարկին եւ արժանիքին ստուերած բերին: Նա կրցաւ միշտ ճարտարութեամբ մէջէն ելնել եւ արժանեաց վարկը վրայ չտալ: Վարչական գործունէութիւնը կրնանք երկու մեծ ճիւղերու բաշխել, դէպի դուրս՝ կառավարութեան հետ եւ դէպի ներս՝ ազգութեան հետ: Առաջին բաժինին մէջ Խրիմեանի օրէն ծագած էր Հայ ազգին կացութեան խնդիրը, եւ գլխաւորապէս գաւառացի ժողովուրդին աննախանձելի վիճակը, որ յառաջ կու գար քրդական անզուսպ ցեղերու համարձակ բռնապետութենէն, կառավարական մարմիններու եւ պաշտօնեաներու թոյլ եւ անհոգ վարմունքէն, ապիկար եւ շահադէտ ընթացքէն չըսելու համար, եւ հայ տարրին անզէն եւ անպաշտպան ըլլալէն եւ դիմադրութեանց միջոց չունենալէն: Այդ կացութեան հարստահարութեան խնդիր անունը տրուեցաւ, եւ Խրիմեանի պատրիարքութեան ատեն Ներսէսի ատենապետութեամբ կազմուած յանձնաժողովը առաջին տեղեկագիր մը կազմեց երկրորդ մըն ալ Ներսէսի պատրիարքութեան ատեն կազմուեցաւ, 1876 Սեպտեմբեր 17 թուականով եւ դիմումներ կրկնուեցաւ, եւ գործը առկախ կը մնար երբոր ռուսութուրք պատերազմը սկսաւ, եւ Թուրքիոյ զանազան տարրերուն վիճակին բարւոքման եւ երկրին բարեկարգութեան գաղափարները արթնացան: Ներսէս նախաձեռնարկ եղաւ, հարկաւ ոչ առանց խորհրդակիցներու եւ ոչ առանց գործակիցներու, բայց միշտ իր անհատական ձեռնարկութեան եւ անձնական պատասխանատուութեան ներքեւ, ուզեց առիթէն օգտուիլ եւ հայուն համար ալ լաւագոյն կացութիւն մը պատրաստել, եւ խաղաղութեան միջազգային դաշնագիրներու մէջ յաջողեցաւ հայուն անունն ու պէտքն ու իրաւունքը արձանագրել տալ, ինչպէս որ իր կարգին պատմած ենք, եւ այդ ձեռնարկէն ծագած Հայկական խնդիրին զանազան պարագաներն ալ բացատրած: Նպատակնիս պատմութիւնը կրկնել չէ, այլ պարզապէս վեր հանել այն յաջողականութեան եւ վարչական կարողութեան փաստը, որ պիտի քաղուի այդ դժուարին եւ փափուկ ձեռնարկին մէջէն անփորձ ելնելէն, ոչ զինքն վտանգելով եւ ոչ իր գործը ուրանալով: Ներսէսի ձեռնարկը եթէ իր կատարեալ նպատակին չհասաւ, արգելքները պատահական պարագաներէն առաջ եկան, իսկ խնդիրը մնաց եւ միջազգային յարաբերութեանց եւ պետական մտադրութեանց առարկայ ըլլալ շարունակեց, եւ կրնար ալ արդիւնաւորիլ եթէ ձախողակի շեղումներու չհանդիպէր: Այնպէս իմն կ՝ըմբռնուէր որ Ներսէս թուրքիոյ Վեհապետին եւ պետութեան անախորժ ընթացքի մէջ գտնուած ըլլայ, եւ իր անձին հետ ազգն ալ վտանգի ենթարկած ըլլայ, սակայն միշտ ու յարատեւ եւ մինչեւ վերջին վայրկեանը Վեհապետին սիրելի եւ պետութեան ակնածելի մնացած ըլլալը եւ յատուկ պատուասիրութեանց առարկայ դառնալը, ձախող ըմբռնումը կը ցրէ, եւ ասով իսկ կ՝արդարացնէ եւ կը բարձրացնէ Ներսէսի վարչական կարողութիւնը: Իրօք ալ վարչականութեան առաւելութիւնը, դժուարութեանց առաւելութեամբ եւ փորձութեան յաճախութեամբը կը չափուի, եւ ոչ դիւրութեանց առատութեամբը: Թէպէտ քանիցս այդ կէտը դիտել տալու առիթներ ունեցանք, բայց վերջին անգամ մըն ալ հեղինակաւոր անձանց ձայնակցութեամբ կրկնել աւելորդ չենք սեպեր: Ներսէս նոր ճամբայ բացաւ ազգին առջեւ, ճամբայ մը որ կը տանի դէպ օրէնք եւ իրաւունք. զի օրէնք եւ իրաւունք էին իւր կէտ նպատակին, ինչպէս կը յայտարարէր դամբանախօս եպիսկոպոսը: Սիրելի եղած էր մեր Օգոստափառ կայսեր, եւ զանազան պարագաներու մէջ իւր հաւատարմութիւնը փորձով ցոյց տուած էր, ինչպէս կը վկայէր երեսփոխանութեան ատենապետը: Գաղափրի մը ներկայացուցիչ էր, եւ նշանաբան մը՝ որով կը յուզէր եւ կ՝ոգեւորէր ազգին ամէնէն խոր եւ ջերմ զգացմունքը, եւ որով լուսաւորութեան եւ բարօրութեան օրեր կ՝աւետեր, ինչպէս կը հռչակէր իրեն ոչ միշտ ջատագով եղող խմբագրապետ մը: Արձագանգ մըն ալ հեռուէն կը հնչէր եւ կը ցաւեր որ Ներսէս գիշերուան առանձնութեան մէջ առանց ընկերակցի հոգին աւանդելով, մեռնում էր առանց իւր վերջին խօսքը իւր ազգին ասելու, բայց կը մխիթարուէր աւելցնելով, թէ ունինք քու կեանքիդ, ունինք քեզմէ այդ ժառանգութիւնը: Իրօք ալ իր հանճարը եւ խոհական եւ ուղղամիտ կեանքը արժանի է ազգային մշտնջենաւոր ժառանգութիւն սեպուելու:

ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

Նկատողութեան արժանի կէտ մըն ալ Ներսէսի հանդէպ ցուցուած ընդդիմութիւնը, եւ Ներսէսի կողմէ յայտնուած զգացումն է: Նախ եւ առաջ պէտք է ըսենք թէ ընդդիմադիր խումբը ոչ մեծամասնութիւն էր եւ ոչ կարեւոր բազմութիւն մը, եւ ոչ ժողովրդական բաժին մը, այլ պարզապէս փոքրիկ խմբակ մը, խօսքի յաջողակ, գրիչի ատակ, եւ գործի հետեւակ, որ սահմանադրութեան տառին կառչած էր եւ հոգիէն չմոլորած, բծախնդրութեանց սիրահար անձեր կը կազմէին զայն, տեսակ մը սահմանադրամոլներ, եթէ այսպէս օրէն է կոչել, որոնք իրէն աւելի ձեւին, իսկութենէն աւելի երեւոյթին կը հետեւէին, եւ իրենց վրայ խօսիլ տալու փափաքով, եւ գիտցողի եւ գործողի օդեր առնելով, ոչ թէ Ներսէսի անձին դէմ յատկապէս, այլ ամէն գործի գլուխ գտնուողներուն հանդէպ միեւնոյն վարմունքն ունէին: Միւս կողմէն զարմանալի էր որ Ընդհանուր Ժողովներու մէջ խնդիրներ եւ աղմուկներ գոյացնող եւ ըմբոստութեան հասնող այդ անձեր, ձեւական շրջանակէ դուրս Ներսէսի հանդէպ պատւոյ եւ յարգանքի, սիրոյ եւ վարկի պահանջները խստիւ պահողներն էին: Ներսէս ալ եթէ ուրեք երբեք պաշտօնական շրջանակի մէջ անոնք հարուածէր, եւ անոնցմէ ձանձրանալով հրաժաականներ կը կրկնէր, պաշտօնականէն դուրս կատարեալ բարեկամական եւ մտերմական վարմունք կը պահէր անոնց հանդէպ: Գայթակղութեան քարը սահմանադրական ձեւն էր, որուն կազմութեան Ներսէս ալ օգնած էր իր առաջին գործունէութեան ատեն, բայց երբ գործի գլուխ գտնուեցաւ, տեսաւ ընդունուած ձեւին թերի կողմերը, եւ նեղ դրութեան մէջ գտնուեցաւ, չկրնալով ոչ սահմանադրութիւնը ուրանալ եւ ոչ ալ հետեւանքները:

Այդ ներհակ զգացումը, յայտնապէս կը բացատրւի կտակ գրութեան մէջ; Նա չ՝ուրանար որ ինքն եւս նպաստեր է իրաց այս վիճակին, բայց չ՝ուզեր մեղադրուիլ այդ ըրածին համար, եւ զանազան մեկնութիւններ կուտայ, կամ իր բերնով կը տրուին, բոլոր անտեղի հետեւանքները ոչ սահմանադրութեան, այլ շեղումներու կը վերագրուին, կը յիշուի եկեղեցական իշխանութեան անարգուիլը, մինչ այն սահմանադրութենէն առաջ էր, եւ սահմանադրութիւն զայն չէր ջնջած. կը յիշուի Ընդհանուր Ժողովին հասարակ տարրերէ կազմուիլը, որ սահմանադրութեան պահանջը չէր. կը յիշուի սահմանադրութենէ դուրս ներքին կանոնագրին ստեղծման կացութիւնը, մինչ կանոնագրութիւնը սահմանադրութիւն չէր: Նոյնպէս կը դիտուի թէ յաջողութիւնը փոխանակ սեպհական խոհականութենէ եւ աշխատութենէ սպասելու, զայն շնորհքէ եւ պաշտպանութենէ սպասելու համոզումն էր տիրած, եւ ինքն ալ կարող աջակիցներէ զուրկ էր մնացած: Այս դիտողութեանց մէջ մեր տեսակէտով էական կէտ մը զանց եղած է, որ երեսփոխանութիւնը փոխանակ երկտարեկան ժողով մը ըլլալու, մշտատեւ ժողով մը դարձած եւ վարչութեան դեր ստացած էր:

Հայկական խնդրին վրայ խօսելով կտակը կը յայտարարէ թէ Ներսէս հաւատարմութեան սկզբունքներէ չեղած չէ, եւ թէ իր օրինաւոր ընթացքով պետական պատիւ եւ հովանաւորութիւն ալ գտած է: Էջմիածնի ընտրութեան վրայ ալ խօսելով բացարձակապէս կը պաշտպանէ Մակար եպիսկոպոսին ընտրելիութիւնը: Կ. Պոլսոյ աթոռին համար իրեն յաջորդ մը չ՝ուզեր ցուցանել, միայն ուղիղ միտքով գործող մը կը յանձնարարէ: Երուսաղէմի պարտքին վճարման կարեւորութիւնը կը շեշտէ, Նուպար-Շահնազարեան վարժարանը վերակենդանացել կը բաղձայ, եւ անկէ ելած սաներուն կը յանձնէ այդ փափաքը իրականացնել: Այդ համառօտ ակնարկներ բաւական ըլլան ներքին վարչութեան մասին Ներսէսի միտքը բացատրելու, զոր կրնանք վստահօրէն հաւաստել կտակ կոչուած գրութեան վաւերականութենէն անկախաբար: Ներսէսի մասին դեռ շատ եւս կէտեր եւ շատ երկարօրէն կրնայինք բացատրել, եւ եթէ քիչ մը աւելի ալ ընդարձակուեցանք, նպատակնիս եղած է ճշդիւ պատկերացնել անձ մը որ մեծ է իր միտքով ու գործով. սակայն արդ եւս կը գտնուին իր մասին դիտողութիւն ընողներ, իր ուղղութիւնն ու ձեռնարկները մեղադրողներ, որոնք Ներսէսի գործունէութիւնը անկէ զեղծանողներուն գործորուն հետ կը շփոթեն: Մենք վստահօրէն կը կրկնենք նոյն խօսքերը, զորս 33 տարի առաջ գրած ենք հազիւ գոցուած գերեզմանին վրայ: Ներսէս ազգին բարւոյն եւ յառաջադիմութեան նախանձայոյզ եղաւ: Ներսէս իր ազգին ճշմարիտ օգուտին համար անձնուէր աշխատեցաւ: Ներսէս իր եկեղեցւոյն պայծառութեան ժիր մշակ եղաւ: Ներսէս իր պետութեան ճշմարիտ շահերուն գիտակ եւ հետեւող եղաւ: Ներսէս իր ամէն պաշտօններուն մէջ ժողովուրդը կէտ նպատակի ունեցաւ: Ներսէս իր բարձրութեան մէջ ժողովուրդին պէտքն ու ցաւերը չմոռացաւ: Ներսէս ժամանակին բերմունքը ճանչցաւ եւ ըստ այնմ գործեց: Ներսէս արդարացի եւ հնարաւոր իրաց համարձակ թարգմանը եղաւ: Ներսէս անձնական բարեմասնութեանց օրինակելի տիպար մը հանդիսացաւ: Ներսէս արդեամբ եւ արժանեօք բարձրացաւ: Ներսէս իր ազգը ճանչցուց եւ սիրցուց եւ պատուեց: Ներսէս պարագաներուն ներածին չափ իր ազգն ու եկեղեցին շահեցուց ու զարգացուց: Ազգը Ներսէսին աւելին եւս կը սպասէր՝ աւելի ընդարձակ ասպարէզի մէջ Ամենայն Հայոց աթոռին վրայէն, բայց դժխեմ բախտը չնպաստեց, դժպհի ախտը դաւեց, դժնեայ պարագաներ զայրացան, դժգոհ մնաց հայ հանրութիւնը, դժնդակ հետեւանքներ երեւան եկան, երբոր գործին տէրն եւ ուղղիչը պակսեցաւ, եւ օտարոտի ձեռքեր տիրացան եւ ուղղիչ դառնալ յաւակնեցան:


Երջանկայիշատակ Ներսէս Արք. Վարժապետեանի սոյն ժամանակագրական կենսագրութեան մէջ, գլխաւոր աղբիւր ունեցած ենք, հոգելոյս Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի (1841-1918) «Ազգապատում»ին երրորդ հատորը:

1837 Յունվար 28.- Աշխարհական անունով Պօղոս Վարժապետեան՝ կը ծնի Պօլսոյ Խասգիւղ արուարձանին մէջ: Որդին է տեռավաճառ (թիւլպէնտճի) Ստեփան Վարժապետեանի եւ թոռը՝ անուանի երեժշտագէտ Զէննէ Պօղոսի (1746-1826):

1843.- Մուտք կը գործէ տեղւոյն Ներսէսեան Վարժարանը. ուրկէ կը վկայուի 1852-ին:

1852.- Դժբախտութիւնը կ՝ունենայ կորսնցնելու իր հայրը:

1853.- Խասգիւղի Ներսէսեան Վարժարանին դասատու կը նշանակուի:

1855.- Էտիրնէ Արշակունեան Մայր Վարժարանի ուսուցիչ կը կարգուի:

1857.- Ֆրանսերէնէ փոքրադիր թարգմանութիւն մը կը կատարէ, որուն ձեռագրին հանդիպած ենք շուրջ 1963-ին, Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքի գրադարանին մէջ:

1858 Օգոստոս 16.- Էտիրնէի առաջնորդ Արիստակէս Եպսկ. Ռափայէլեանէ (+1875) կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի՝ եւ քիչ ետք վարդապետական աստիճան կ՝ստանայ:

1859.- Խասգիւղի քարոզիչ Յսվհաննէս Վրդ. վախճանած ըլլալով, Գէորգ Պատրիարք Քէրէստէճեանի (1812-1882) տնօրինութեամբ կը նշանակուի քարոզիչ Խասգիւղի:

1861 Ապրիլ 3.- Մկրտիչ Ամիրայ Ճէզայիրլեանի յուղարկաւորութեան դամբանական կը խօսի: Իսկ յաջորդ օրն ալ Կրօն. Ժողովի անդամ կ՝ընտրուի: Նոյն տարին Ռումանիա եւ Թրանսիլվանիա այցելող պատւիրականութեան մը կը մասնակցի:

1862.- Ատանա կը ղրկուի տեղւոյն Հայ համայնքին մէջ ծագած անհամաձայնութիւնները բառնալու նպատակաւ: Իր առաքելութիւնը յաջողութեամբ կը պսակուի: Միանգամայն Ատանայի ղեկավար դէմքերն ալ Սիս առաջնորդելով Կաթողիկոսին հետ կը հաշտեցնէ: Նոյն տարւոյ Հոկտ. 13-ին (ըստ Օրմանեանի) եւ կամ Հոկտ. 29-ին (ըստ եպիսկոպոսական վկայականի), Սիսի մէջ Կիրակոս Բ. Կթղկ. Աջապահեանէ (+1866) Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի, իբր Արքեպիսկոպոս Անւոյ: Այնուհետեւ Ատանա վերադառնալով, Նոյ. 3-ին Մատթէոս Վրդ.ի տեղ Զէյթունի Յանձնաժողովին անդամ կը նշանակուի: Նոյն տարւոյ Դեկտ. 9-ին Պօլիս կը ժամանէ:

1863 Սեպտ. 20.- Կրօն. ժողովի անդամ ու ատենապետ կ՝ընտրուի: Նոյն տարւոյ Դեկտ. 22-ին Մայր Եկեղեցւոյ մէջ՝ Վառօդապետ Պօղոս Պէյ Տատեանի յուղարկաւորութեան դամբանական կը խօսի: Ձեռագիր նորայայտ պատճէնը ներկայիս կը գտնուի, Թրքահայոց Պատրիարքարանի Դիւանին մէջ, որ տեղ տրուած է նաեւ սոյն գրքոյկին մէջ:

1864.- Յանուար 21. «Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցին եւ Անոր Հակառակորդները» անունը կրող. փոքրադիր 26 էջերէ բաղկացած գրքոյկը լոյս կը տեսնէ:

1865.- Մկրտիչ Եպսկ. Քէֆսիզեանի (ապա Կիլիկիոյ Կթղկս. 1815-1894) խնդրին համար Եգիպտոս քննիչ կը ղրկուի՝ հոն մի քանի կտակներու հարցը կարգադրելէ յետոյ, Պօլիս կը վերադառնայ: Նուպար Փաշայէն (1825-1899) ալ նպաստ մը ապահովելով, Խասգիւղի Նուպար-Շահնազարեան Վարժարանը կը հիմնէ: Նոյն տարին Սահմանադրական Վերաքննիչ մասնաժողովին կ՝անդամակցի: Նոյն տարւոյ Դեկտ. 24-ին ընտրուած, Կաթողիկոսական Յանձնաժողովին ալ կը մասնակցի եւ ատենապետ կ՝ընտրուի:

1866 Յուլիս 27.- Պատրիարքարանի Ընդհ. Ժողովին կողմէ, Կաթողիկոսական պատգամաւոր կ՝ընտրուի Յակոբ Նորատունկեանի հետ: Նոյն տարւոյ Սեպտ. 15-ին գումարուած Ս. Էջմիածնի Եկեղեցական Համագումարին կը մասնակցի:

1869 Յունուար 1.- Եպարքոսական «պույրուլթու» յով կազմուած Խառն Ժողովին կ՝անդամակցի: Նոյն տարւոյ Դեկտ. 20-ին եւ 27-ին կատարուած քուէարկութիւններուն, Կրօն. Ժողովի անդամ եւ հաւանաբար ատենապետ կ՝ընտրուի: Ժողովը պաշտօնի կը ձեռնարկէ 1870 Փետր. 20-ին:

1870.- Նիկոմիդիոյ առաջնորդ կ՝ընտրուի: Նոյն տարւոյ Նոյ. 27-ին հարստահարութեանց համար ընտրուած Գաւառական Յանձնախումբի ատենապետը կ՝ըլլայ:

1872 Ապրիլ 29.- 1866-ին պատահած Սամաթիոյ մեծ հրդեհին աղիտեալներուն համար, հանգանակութեան պաշտօնով Կովկաս կ՝ուղեւորի: Այս առթիւ Ս. Էջմիածին ալ այցելելով, Մայիս 17-ին Իջման Ս. Տեղին առջեւ հաւատարմութեան երդումը կը կատարէ՝ եւ ուխտագիր մըն ալ կ՝ստորագրէ: Ապա նոյն տարւոյ Նոյ. 10-ին քաղաքս կը վերադառնայ:

1874.- Փետր.18.- Պատրիարքական Տեղապահ կ՝ընտրուի: Իսկ Ապրիլ 14-ին ալ, Ընդհ.Ժողովին ներկայ 67 անդամներէն 60-ին քուէներովը Պատրիարքական Աթոռը կը բարձրանայ: 1875.- Արմաշու տպարանէն լոյս կը տեսնէ իր «Ուսումն Համաբարբառ Աւետարանի» Երկասիրութիւնը, որ կը բաղկանայ ԻԱ 733 միջակ ծաւալով էջերէ:

1877 Յունվար 9.- Մեծ Եպարքոս Միտհաթ Փաշա (1822-1884) կ՝այցելէ Պատրիարքարան: Իրմէ ետք ուղերձ մը կ՝արտասանէ նաեւ Վարժապետեան Պատրիարք: Նոյն տարին նախաձեռնակ կ՝ըլլայ, Ղալաթիոյ Կենդրոնական Վարժարանի հիմնադրման աշխատանքներուն: Սակայն բացումը կը կատարուի իր մահուանէ երկու տարի ետք միայն՝ Սեպտ. 1886-ին:

1878 Մարտ 3.- Օսմանեան Տէրութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած Այսթէֆանոյի Դաշինքին 16-րդ յօդւածովը, Օսմանեան Պետութիւնը յանձնառու կ՝ըլլայ, Հայոց հոծ կերպով բնակած Արեւելեան վեց նահանգներու մէջ բարեկարգութիւններ կատարել՝ եւ անոնց ապահովութիւնը երաշխաւորել, Քիւրտերու եւ Չէրքէզներու հարստահարութեանց դէմ: Սոյն յօդուածը՝ 1-13 Յունիս 1878-ին գումարուած Պերլինի Վեհաժողովին մէջ, թուանչաններուն շրջուելուն կողքին, պարունակութիւնն ալ փոփոխութեան կ՝ենթարկուի: Վարժապետեան Պատրիարք՝ սոյն Համաժողովին՝ Խրիմեան Հայրիկէ (1820-1907) Խորէն Արք. Նարպէյէ (1831-1892) Մինաս Չերազէ (1852-1929) եւ Ստեփան Փափազեանէ (1839- 1888) բաղկացեալ պատուիրակութիւնը մը կը ղրկէ: Նոյն տարին՝ Պօյսոյ Արամեան տպարանէն լոյս կը տեսնէ իր «Ատենախօսութիւն Տ. Տ. Ներսիսի Ս. Արքեպիսկոպոսի Պատրիարքի Կ. Պօլսոյ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ի 21 Յուլիսի 1878» մեծադիր 39 էջերէ բաղկացած պրակը, հանդերձ բնագրին ֆրանսերէն թարգմանութեամբը:

1881 Նոյ. 12.- Մեծ Եպարքոսին կը ներկայացնէ իր հրաժարագիրը, սակայն վերջինս չ՝ընդունիր: Ասոր վրայ, յաջորդ օրը Արդարութեան Նախարարին կը յանձնէ զայն: Սակայն Սուլթան Ապտիւլհամիտի ստիպմամբ, 3 Դեկտ. 1882-ին կը հարկադրուի իր Աթոռը վերադառնալ:

1884 Մայիս 9.- Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Եկեղեցական Համագումարին, 27 քուէով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կ՝ընտրուի: Իր ընտրութիւնը Ցարին կողմէ ալ ընդունուելով հանդերձ, առողջական պատճառներով կը հրաժարի: Նոյն տարւոյ Հոկտ. 15-ին գրի կ՝առնէ միանգամայն հրաժարագիր, շնորհակալագիր եւ հրաժեշտի ողջոյն մը եղող իր յայտարարութիւնը: Նոյն ամսուան 26-ին, Օրթագիւղի Թաշմէրտիվէն փողոցը գտնուող իր բնակարանին մէջ, կէս գիշերին հոգին կ՝աւանդէ, զոհը դառնալով շաքարախտի: Յիսուն հազար անձերու մասնակցութեամբ, մեծահանդէս յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի Հոկտ. 28-ին, Կիրակի օրը, որուն ընթացքին կը նուագուի Տիգրան Չուխաճեանի (1836-1898) այս առթիւ յօրինած մահուան քայլերգը: Կը թաղուի Մայր Եկեղեցւոյ գաւիթը:

1886 Հոկտ. 26.- Նորակերտ մահարձանին բացումը կը կատարուի, Յարութիւն Պատրիարք Վեհապետեանի (1819-1910) նախագահութեամբ:



Այս համակարգչային հանգրվանը ստեղծվել է Հայկական Ազատ Ցանցի կողմից, որն իրականացվում է ՄԱԿ-ի
Զարգացման Ծրագրի Հայաստանյան գրասենյակի ARM/96/002 «Ինտերնեթ» ծրագրի շրջանակներում:

Երևան 2000