www.christianity.am



Նորայր Արք. Պողարեան

1990
Նիւ Եորք


Ժամագիրք / Շարական / Ճաշոց / Յայսմաւուրք / Տաղարան - Գանձարան
Տօնացոյց / Խորհրդատեր - Պատարագամատոյց / Մաշտոց

Ժամագիրք

Ա. - Կազմողները. - Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց
Գիւտ Կաթողիկոս
Յովհան Մանդակունի Կաթողիկոս
Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոս

Բ. - Ժամերգութիւնք. - 1. Գիշերայինգ
2. Առաւօտեան
3. Արեւագալի
4. Երրորդ Ժամու
5. Վեցերորդ Ժամու
6. Իններորդ Ժամու
7. Երեկոյեան
8. Խաղաղական
9. Հանգստեան

Ա. Կազմողները

Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց (+439)

Գրի գիւտին յաջորդող թարգմանչական աշխատանքներու կարգին կատարուած պէտքէ ըլլայ ժամագրքի հնագոյն կազմաւորումը՝ մեծ վարդապետներուն ձեռքով, հաւանաբար գործակցութեամբ նաեւ իրենց յաջողագույն աշակերտներուն: Այս տեսութիւնը ստուգապէս կրնայ հաստատուիլ ժամագրքի հայերէն լեզուին շնորհիւ, որ ոսկեդարեան մաքրութեամբ կը փայլի առ հասարակ: Բայց հնագոյն վկայութիւններ չկան որոշելու թթէ ո՛ր մասը ո՛ր հեղնակին կամ թարգմանիչին արդիւնքն է: Ը. դարուն գրող Յովհան Օձնեցի Հայրապետը Ս. Սահակին կը վերագրէ Գիշերային ժամերգութեան մէջ կանոնի քարոզները եւ աղօթքները (Մատ. Յ1): Նման վկայութիւն մը ունի նաեւ «Օրհնութիւնաբեր Ցուցակը» (Տես Մատենադարան Հայկական Թարգմանութեանց, Վենետիկ, 1889, էջ 247): Ձեռագրական վկայութիւններէն կրնանք յիշել Ս.Յ.Թ. 3175 ժամագիրքը, գաղափարուած «Մեծյովբայ վանեցւոյ Թովմա վարդապետի» օրինակէն, ուր «Վասն ի վերուստ» քարոզէն առաջ կայ սա կարմրագիր վերտառութիւնը. «Քարոզ ... արարեալ սրբոյն Սահակայ եւ Մեսրոբայ Վարդապետացն» (էջ 13), (15 րդ դար):


Գիւտ Կաթողիկոս 461-478

Վերոյիշեալ երկու սուրբերէն յետոյ Գիւտ Կաթողիկոսի անունը կը կարդացուի ժամագրքին ճակատը իբրեւ կարգաւորող: Իրեն կը վերագրուի Արեւագալի Ժամերգութեան առաջին քարոզը. «Յարեւելից մինչեւ ի մուտս արեւու, ընդ ամենայն տեղիս ...»: (Տես Տաշեան, Ցուցակ Ձեռագրաց, էջ 689. նաեւ Ձեռ. Ս.Յ.Թ. 3175, էջ 76):


Յովհաննէս Կթղ. Մանդակունի 478-490

Գիւտ Կաթողիկոսին յաջորդող այս Հայրապետն ալ մասնակցած է ժամագրքի կազմութեան: Օձնեցիի վկայութեամբ իրն են Գիշերային ժամերգութեան «Աարթուցեալքս» քարոզը եւ «Զքէն գոհանամք» աղօթքը (Մատ. 28):1 Իրեն կը վերագրուին նաեւ Ճաշու Երրորդ, Վեցերորդ եւ Իններորդ ժամերու աղուհացից յատուկ մեծ քարոզներեն ու աղօթքները (Կիրակոս, էջ20): «Օրհնութիւնաբեր Ցուցակ»ն ալ «զքառասնորդաց քարոզսն» կ՝ընծայէ Յովհաննու Մանդակունւոյ (Տես Մատ. Հայկ. Թարգմանութեանց, էջ 247-8): Ըստ Օրմանեանի «Ծիսական Կարգերու վերջնական ձեւը», Մանդակունին տուած է եւ «իր անունը ժամագրքին ճակատը իբրեւ վերջնական կնիք է» (Ազգպ. էջ 478)2:


1 Ձեռագիր փոքր ժամագրքի մը մէջ «Զարթուցեալքս» քարոզին վերեւ կայ սա խորագիրը. «Յովհաննու Մանդակունոյ Կաթողիկոսի Հայոց, ի գաւառէն Աշամունեաց, ի զեղջէ Ծախնոտայ, արարեալ զաղաւթս յաղագս գիշերային պաշտըմանց» (Ձեռ. Ս.Յ.Թ. 2421 թկ. 1550, էջ 2):

2 Եզր Կաթողիկոսի (630-641) համար Օձնեցի կը վկայէ (Մատ. էջ 104) թէ ան սահմանած է «Փառք ի բարձունս»էն յետոյ «եղիցի» սաղմոսը: Վերապահութեամբ ընդունելու է Օրմանեանի այն կարծիքը թէ «Առաւօտեան ժամերգութեան վերջին մասը զատելով յատուկ Արեւագալի ժամերգութիւն մը կազմելը Եզրի կարգադրութեամբ եղած է.» (Ազգպ. էջ 701):


Ս. Ներսէս Շնորհալի 1166-1173

Որոշ է Շնորհալիի բաժինը ժամագրքի մէջ, այսպէս.
Գիշերային Յջշեսցուք երգը,1
Աշխարհ ամենայն,
Առաւօտ լուսոյ,
Այսօր անճառ,
Աստուած անեղ,
Նորոգող տիեզերաց:

Առաւօտեան Նորաստեղծեալ,
Արարչական:

Արեւագալի բոլոր երգերը, Յարեւելից
Ճգնաւորք
Լոյս եւ Ճանապարհ, առանց
Յորդորակներու, որոնց հեղինակը ծանօթ չէ.2

1Դ.մասը «Զարթուցեալքս ի զբաղմանէ», Շնորհալիինը չի թուիր ըլլալ: Թովմա Մեծոփեցին ալ չէ յիշած զայն (Տես Օրմանեան, Ծիսագիտութիւն #43, Հայ Խօսնակ, 1933, էջ 30): Իսկ «Անբաժանելի»ն Ձեռագիրներու մէջ չի գտնուիր ժէ. դարէն առաջ: (Տես Կարգաւորութիւն Հասարակաց Աղօթից, Վենետիկ, 1937, էջ իէ.): Ս.Յ.Թ. 1741 ձեռագիրը - Շարական, Մանրուսմունք, եւլն. - օրինակուած Աղթամարի մէջ 1491-ին, կը պարունակէ «Անբաժանելի»ն, ըստ պատշաճի խազագրուած (էջ 368-69): Ս.Յ. ուրիշ մէկ ձեռագիրը, Թ. 2431, որ Կցըրդարան կոչուած է, գրուած 1414-ին, Ձիպնայ վանքըգ, Մկրտիչ Գրչի ձեռքով, կը պարունակէ «Անբաժանելի»ն կացուրդներու կարգին (էջ. 373): Աւելի հին ձեռագիր մը (Ս.Յ.Թ. 1654) որ մագաղաթեայ մանրուսմունք-Շարական մըն է, գրուած 1272ին Սկեւռայի վանքինգգ մէջ Ստեփանոս Քահանայի ձեռքով, ունի «Անբաժանելի»ն գրքին սկիզբը, էջ4-6, ըստ պատշաճի խազաւորուած:

2«Յորդորակքն Արեւագալի երգոց չգտանին ի գրչագիրս նախ քան զԺԶ. դար» (Կարգաւորութիւն Հասարակաց Աղօթից, Վենետիկ, 1937, էջ իէ): Արեւագալի յորդորակները առանձին աւելցուցած է Խիզանցի Սարգիս Քահանայ, 1602ին օրինակած Շարակնոցին ետեւը. - Ձեռ. Ս.Յ.Թ. 1460: Սկեւռայի մէջ 1272ին օրինակուած Խազգիրք-Շարակնոցին վերջը կը տեսնենք Արեւագալի երգերուն յորդորակները (Ձեռ. Ս.Յ.Թ. 1654, էջ 668):

Երրորդ Ժամու Օրհնեմք զքեզ երգը, որուն շարուանկութիւնն են յաջորդ Ժամերու երգերը.

Վեցերորդ Ժամու Խաւարեցաւ,

Իններորդ Ժամու Չարչարակցեալ, Նահապետին.

Երեկոյեան Չկայ.

Հանգստեան Նայեաց սիրով երգը.

Հանգստեան Հաւատով Խոստովանիմ աղօթքը, օրուան ժամերուն թջւով՝ 24 տուն, ընտիր եւ գերազանց բովանդակութեամբ:

Շնորհալիի գրած այս գեղեցիկ եւ իմաստալից երգերը ժամերգութեան մէջ մուտք գործելով գրաւեցին այն դիրքը որոնք նախապէս բռնուած էին սաղմոսներով: Այս երգերը իրենց քրիստոնէական դաւանանքի կուռ բովանդակութեամբ եւ քաղցր եղանակներով շքեղ զարդերը կազմեցին մեր ժամագրքին: Շնորհալին վերջին մեծ հեղինակութիւնն է որ ժամագրքի կազմութեան եւ բովանդակութեան մէջ կարեւոր բաժին ունեցած է:


Այլ Հեղինակներ

Վերոյիշեալներէն զատ մի քանի անձերուալ աւանդաբար կամ պատմականօրէն բաժիններ կը վերագրուին ժամագրքի մէջ, այսպէս.
Ս. Թովմաս Առաքեալին կը տրուի Սուրբ Աստուածի «փառաւորեալ»ը:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին կ՝ընծայուին «Աստուած մեծ» քարոզը, Առաւօտեան ժամերգութեան մէջ, եւ Հաւատամքին յարակից «Իսկ մեք փառաւորեսցուք»ը:
Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանէն առնուած են քանի մը հատուածներ - Բան ԺԲ. ԽԱ. ՂԳ. Ձ. - որոնք կը կարդացուին Հանգստեան ժամերգութեան պահուն:
Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետին կը վերագրուի «Յջշեա Տէր»ը, զոր դպիրը կ՝արտասանէ կարգ մը Ժամերգութեանց պահուն: Սակայն Օձնեցիի գրածէն կը հասկցուի թէ իր ժամանակ արդէնկար ատիկա (Տես Մատ. էջ 114):
Գրիգոր Տաթեւացիին կը պատկանին Ժամագրքին սկիզբը դրուած «Դաւանութիւն Ուղղափառ Հաւատոյ», «Զղջումն» եւ «Արձակումն»: Այդ դաւանութիւնը իր հեղինակած Ոսկեփորիկին մէջ ունի սա վերնագիրը. «Նորին Գրիգորի դաւանութիւն հաւատոյ չորեքտասան աստիճանաւ, զոր ժողովեալ, այսպէս դաւանեմք հասարակ բառիւ եւ համառօտ բանիւք» (Տպ. Կ. Պոլիս, 1746, էջ 561). «Մեղայ»ին համար մագաղաթեայ ձեռագիր ժամագրքիմը պարունակած վերնագիրը կ՝ըսէ. «զոր արարեալ է մեծ վարդապետն Հայոց Գրիգոր Տաթեւացին» (Տես Ցուցակ Հայ. Ձեռագրաց Թաւրիզի, Հ. Աճառեան, 1910, էջ119): Իսկ «Արձակուն»ը հետեւեալ խորագիրը կը կրէ Եփրեմ Խուրիի Աղօթագրքին մէջ. «Աղօթք արձակման արարեալ մեծի րաբունապետին Գրիգորի Տաթեւացւոյ» (Տպ. Երուսաղէմ, 1933, էջ 29):
Թումայ Վրդ. Մեծոփեցի, ըստ յիշատակարանի մը, սրբագրութիւններ կատարածէ Ժամագրքի մէջ. - «Արդ ես ... նուաստ վարդապետս Թումայ ... սրբագրեցի զաղօթամատոյցս յընտիր օրինակաց, աստուածաբան վարդապետացն եւ հոգիընկալ մերոյ ազգիս թարգմանչացն: Հրամանաւ սուրբ եւ երջանիկ վարժապետացն մերոց, եւ համշիրակ եւ հարազատ հոգեւոր եղբարցն. եւ բաժանեցի ինյերորդ յաստիճան Զաղօթս հասարակաց, դիւրահաս եւ դիւրագիւտ ամենայն իմաստուն մտաց»: Ըստ Հ. Բարսեղ Վ. Սարգիսեանի՝ «Յիշատակարանիս նոտրագրեալ բացատրութենէն ակներեւ կը տեսնուի որ Թումայ Վարդապետն ... նիւթապէս ընդօրինակող եղած չէ ժամագրոցս, այլ կարգաւորող, դնելով մանր մասանց մէջ ծիսագիտական շահաւէտ խրատներ կամ հրահանգներ, համաձայն թարգմանչական հնագոյն յիշատակարանաց»: (Մայր Ցուցակ Հայերէն Ձեռագրաց, Հ. Բարսեղ Վ. Սարգիսեան, Վենետիկ, 1917, Ա. էջ 353-54):
Ըստ Հ. Վարդան Հացունիի՝ «Ժամագիրքներու վերնագիրներուն վերջնական ձեւը» տուած է Թովմա Մեծոփեցի, 1432 թուին (Բազմավէպ, 1956, էջ 137):
Մեծոփեցին Պաշտամանց Խրատ մըն ալ խմբագրած է, համաձայն այն տեղեկութեանոր դրուած է հին Տօնացոյցին վերջը (էջ 382, տպ. 1701) - «Արարեալ եւ սահմանեալ սրբոյ վարդապետին Թումայի Մեծոփեցւոյ ի պայծառութիւն մանկանց եկեղեցւոյ. Խրատ յաղագս պաշտամանց Եկեղեցեաց Հայաստանեայց, զի այսպէս լինիցի կարգ պաշտաման»:


Կարգ Հրաժարման

Գիշերային Ժամերգութենէն առաջ, ժամագրքինսկիզբը, կը տեսնենք Հրաժարման Կարգ մը, որ կը բաղկանայ չորս հատուածներէ:
1) Հրաժարիմք,
2) Խոստովանիմք,
3) Մեղայ,
4) Ողորմեսցի:
Արդէն դիտել տուինք որ այս կարգը Տաթեւեան Դպրոցի արդիւնք է: Առաջին եւ վերջին հատուածներուն մասին հարկ չենք նկատեր մեկնաբանութիւններ տալ հոս. երկրորդին երրորդին կարգ մը կէտերուն շուրջ օգտակար կը համարինք տալ մի քանի բացատրական մէջբերումներ:


Ծանօթագրութիւնք ի վերայ դաւանութեան ուղղափառ հաւատոյ

Բղխեալ ի Հօրէ. - Խոստովանութիւն Ս. Աթանասի. -
«հոգին Սուրբ ի նոցունց էութենէ. ի լուսոյ լոյս երեւեալ, որ լուսաւորէ զարարածս լուսով գիտութեան. շնորհօք յարդարէ աղբերաբար զպարգեւս, ոչ այռուստ ի ներքս մտեալ, այլ ի Հօրէ ելանէ յՈրդւոյ երեւի». - «Վարք եւ Քաղաքավարութիւն Ս. Մեծին Աթանասի», Ս. Աթանասի Աղեքսանդրիոյ Հայրապետի Ճառք, եւն. Վենետիկ, 1899, էջ 18:
«Եւ զհոգին Քրիստոսի ասեմք, ոչ եթէ իբր ի նմանէ յառաջ սկիզբն առեալ եւ բղխեալ, որ է անձնաւոր հաւասար նմին եւ համափառ բղխումն, ո՛չ յՈրդւոյ՝ այլ ի Հօրէ»: - Ն. Լամբրոնացի, Խորհրդածութիւն Սրբազան Պատարագի, 1842 Երուսաղէմ, էջ 111:

Միաւորեալ մի բնութիւն. - «Եւ ես ցուցից բաժանասիրացն այնոցիկ որք յոլովութեանց բնութեանց ախորժեն: Արժան է նոցա գ. բնութիւն ասել քանզի բ. բնութիւն է ի մարդն, հոգի եւ մարմին, եւ մին Աստուած Բանն, ահա գ. եղեն բնութիւնք ըստ բաժանասէր կամաց նոցին: Արդ, հարց եւ ասա վայրամտացն այնոցիկ, եթէ երիցն զո՞րն ուրանան, զհոգին, թէ զմարմինն, թէ զԱստուածութիւնն: Թէ զԱստուածութիւնն ուրանան՝ Հրէիցն են հաւասար, թէ զմարմինն՝ Մանիքեցիք են, եւ Մարկիոն, եւ Եւտիքէս. թէ զհոգին ուրանան՝ Ապողինարի են աշակերտք անմիտ ասորւոյ: Արդ՝ կամ երեք ասասցեն բնութիւն Քրիստոսի, կամ մի, որպէս Գիրք սրբոցն ուսուցանեն: Ապա թէ բ. ասեն, յերիցն զո՞րն ուրանան, ասասցեն»: - Ղազար Ճահկեցի, Դրախտ Ցանկալի, 1734, Կ. Պոլիս, էջ 143-4: - Հմմտ. Աբրահամու Հայոց Կաթուղիկոսի Խոստովանութիւն, Ցուցակ Ձեռագրաց Երուսաղէմի, Բ. հատոր, 1953, էջ 32:

Անսերմն յղութիւն. - «Բայց միայն փրկիչն մեր Քրիստոս էր ազատ ի սկզբնականէն: Որոյ պատճառէ, զի ո՛չ ի սերմանէ՝ այլ ի մաքուր արենէ կուսին էառ մարմին»: - Գր. Տաթեւացի, Գիրք Հարցմանց, 1729, Կ. Պոլիս, էջ 568:

Անապական Ծնունդ. - «Եթէ ոք ոչ ասիցէ զմարմինն Քրիստոսի անապական ի ծննդենէն ի կուսէն մինչեւ ցյաւիտեան, ոչ ըստ բնութեան, այլ ըստ անճառ միաւորութեան, այլ մինչեւ ցյարութիւնն ապականացու եւ անկատար եւ ապա յետ յարութեան ասիցէ եղեւ անապական եւ փառաւոր եւ կատարեալ, նզովեալ եղիցի»: - Խոսրովիկ Թարգմանիչ, Գարեգին Վրդ. Յովսէձեան, Վաղարշապատ, 1903, Մանազկերտի նզովքներ, էջ 78:

Աւերեալ զդժոխս եւ ազատեալ զհոգիս. - «Հաւատամք զԱստուած Բանն ի մահուն՝ անբաժանելի ի հոգւոյն եւ ի մարմնոյն, ընդ նմին անբաժանելի խառնմամբ: Վասն որոյ երթեալ ի դժոխս՝ քակեաց զդրունս դժոխոց, եւ զարգելեալսն ի բանտէն եհան, որպէս հովիւ քաջ զհօտս իւր յափշտակէ ի գողոց: Գերեաց զգերեալսն եւ եհան ի բանտէ խաւարին, եւ եկեալ աստուածախառն հոգին յաստուածախառն մարմինն յարուցեալ ի գերեզմանէն»: - Դրախտ Ցանկալի, էջ80:

Նովին մարմնովն. - «Հաւատամք զՏէրն մեր Յջսուս Քրիստոս յետ յարութեան համբարձեալ յերկինս եւ նստեալ ընդ աջմէ Հօր, որպէս ասէ Մարկոս եւ Ստեփանոս թէ՝ Տեսնեմ զՈրդին Աստուծոյ նստեալ ընդ աջմէ Հօր, անբաժանաբար նովին մարմնով: Եւոչ որպէս երկաբնակաց վարդապետն Ալպերթ, որ ի չորրորդ գիրքն եւ ի իե. գլուխն թողեալ զհաւատոյ տեսութիւնն՝ բնական քննութեամբ տեղի խնդրէ մարմնոյն Քրիստոսի, եւ հետեւին ամենայն ազգքն երկաբնակաց աղանդոյս այսմիկ: Որ եւ զայսպիսին նզովէ կաթողիկէ եւ առաքելական սուրբ եկեղեցի»: - Դրախտ Ցանկալի, էջ 80-81:
«Եւ զի նովին մարմնով ասացաւ, եղեալ յերկինս, զամօթ կրեսցեն, եւ սանձակոծ եղիցին այսու ճշմարտաբանութեամբ, ոյք յերկրի թողեալ զմարմինն բաջաղեն, կամ յաւդս ցնդեալ, եւ կամ յարեգական եւ ի լուսնի եդեալ»: - Ներսէս Լամբրոնացի, Խորհրդածութիւն Սրբազան Պատարագի, 1842, էջ 57:

Բացատրութիւն Մեղայի
Սոյն «Մեղայ»ն կը թուի ամփոփումն ըլլալ Եփրեմ Խուրիի Աղօթագրքին մէջ գտնուած շատ աւելի ընդարձակ գրուածքի մը. ուստի այս վերջինին հետ համեմատելով ժամագրքինը, կը ստանանք կարգ մը լուսաբանութիւններ եւ բացատրութիւններ, որոնք հասկանալի կը դարձնեն «Մեղայ»ի ինչ ինչ մթին ասութիւնները, որոնց երբեմն այլընդայլոյ մեկնութիւններ տուողներ ալ պակաս չեն:
Այսպէս, նախ կ՝առնենք Ժամագրքէն՝ բացատրութեան կարոտ հատուածը եւ ապա կը յարենք Եփրեմ Խուրիէն քաղուած տողերը, նշանակելով էջերը:

Մեղայ ամենայն յօդուածովք շինուածոյս. - «երեք հարիւր վաթսուն եւ հինգ յօդուածովքս (էջ 13):
եւ ամենայն անդամօք մարմնոյս. - «երկոտասան անդամօքս» (էջ 13):
հնգեակ զգայարանօքս. - «հինգ զգայութեամբս, աչօքս յայրատ հայելով, եւ զամենայն գեղեցկութիւն նկարացն զննելով, եւ զվատթարսն տեսանելով. ականջօքս՝ չարին ունկն դնելով եւ զամենայն քաղցրաձայնութեան. հոտոտելեօքս՝ զմեղաց հոտն առնելով եւ զամենայն անուշահոտութիւնս. բերանովս՝ զհամադամ քաղցրութիւնսն ճաշակելով եւ զխառնակ եւ զանսուրբսն՝ անգիտութեամբ. ձեռօքս՝ բազում մեղս շօշափելով. ոտիւքս՝ յանպատշաճ տեղիս գնալով» (էջ 13-14):
եւ վեցեկի շարժմամբս. - «եւ վեց շարժմամբս, ի վեր՝ հպարտութեամբ, ի վայր՝ տրտմութեամբ, յառաջ՝ յանդգնութեամբ, յետուստ՝ սրտմտութեամբ, յաջ՝ հոգեկան մեղօք, ի ձախ՝ մարմնական մեղօք» (էջ 14-15):
Հմմտ. նաեւ Փիլոնի սա տողերը. «Քանզի վեցկին (վեցեկի) գործիական մարմինն բնաւորեցաւ շարժիլ, յառաջ եւ ի վերջ, ի վեր եւ ի վայր, յաջ, յահեակ» (Ճառք, Վենետիկ, 1892, էջ 106): Նոյնը ունի Յ. Որոտնեցի. «վեցեկի ասեն զշարժումն գոլ, այսինքն ի վեր եւ ի վայր, յաջ եւ յահեակ, յետ եւ յառաջ» (Վերլուծություն Ստորագրութեանց Արիստոտելի, Երեւան, 1956, էջ 278): Վարդան Վարդապետ Արեւելցի իր կարգին սապէս կը բնորոշէ վեցեկի շարժումները. «ի ձախողակ՝ չարեօք, եւ յաջն՝ կեղծաւորութեամբ, յառաջոյ անցեալ՝ յորդորմամբ ի մեղս, ուր գնալ յետս՝ ընկենուլ յամենայն բարեաց, ի վեր՝ չտայ հայել երկիւղիւ, այլ հայհոյութեամբ, ի վայր՝ յերկիր հաստատել զգարշապարս ի տղմի» (Մեկն. Դանիէլի, Կ. Պոլիս, 1825, էջ 251):
Այլ եւ մեղայ եօթնիցս յանցանօք մահացու մեղօք: Հպարտութեամբ եւ մասամբք նորին. - «Ամբարտաւանութեամբ, ամբարհաւանութեամբ, գոռոզութեամբ, սնափառութեամբ, փառասիրութեամբ, պատուասիրութեամբ, զգեստասիրութեամբ, պճնելով, անձնահաճելով, կեղծաւորելով, սուտ առաքինի ձեւանալով, զաղօթս ի ցոյցս մարդկան առնելով, անարճանութեամբ յեկեղեցիս մտանելով, ի խաչ եւ ի բուրվառ եւ յաւետարան մերձենալով եւ կարդալով». (էջ 16):
նախանձու ... - «մախալով, ոխակալութեամբ, ատելութեամբ, քինահանութեամբ, չարութեամբ, նենգելով, քամահելով, զչարելով, սուտ վկայելով, բամբասելով, արհամարհելով, զայռոց իրաւն սուտ առնելով եւ զիմ սուտն իրաւ, զայռոց փոքր մեղսն մեծ համարելով եւ զիմ բազումս ծածկելով, զայլոցխիւղն գերան կարծելով եւ զիմ գերանն շիւղ, գայռոց բարին չար ասելով եւ զիմ չարն բարի, զայռոց առաքինությունն մարդահաճություն դատելով եւ զիմ մարդահաճությունն՝ առաքինություն, ընդ չարսն խնդալով, զբարեկամսն ատելով, զթշնամիսն չսիրելով, եւ զատելիսնԱստուծոյ չատելով». (էջ 21):
բարկութեամբ ... - «Ցասմամբ, սրտմտութեամբ, գազանաբար յարձակելով եւ զեղբարս խածանելով, կարգ եւ կռիւ առնելով եւ յջշոցք տալով, ի չար կարծիս դատելով, խռով կալով, սուտ հաշտութիւն առնելով, զանբան անասունս անխնայ հարկանելով, բազում տրտունջ եւ նզովք հանելով, զուր եւ անիրաւ զրպարտելով, քրթմնջելով եւ շոգմոգելով» (էջ 20):
ծուլութեամբ ... - «Հեղգութեամբ, անժուժկալ լինելով, տգիտանալով, զուսումն ատելով, դատարկ կենալով, զսուրբ գիրս ոչ կարդալով, քնով դանդաղելով եւ ի ժամատեղն ծանրանալով, արթուն ոչ կալով եւ պատմութեան սրբոց մջտ ոչ դնելով, բազմախօսութիւն առնելով, սաղմոսի ականջ ոչ դնելով, եւ կամ ձեռագործով յապաղելով, յօրանջելով, ձգտելով, ձանձրանալով, ի հրապարակս նստելով, շատախօս լինելով, ի թատերս եւ ի ծաղրս լտտեաց հեշտանալով եւ ծաղր ածելով». (էջ 25):
ագահութեամբ ... - «Արծաթսիրութեամբ, խաբելով, աւելի առնելով եւ պակաս տալով, վաճառասիրելով, կծծելով, գաղտ գողանալով, յայտնի յափշտակելով եւ զրկելով, աւելի ստանալով, աղքատին չողորմելով, առ օտարսն չգթալով, զեղբարս չսիրելով, զկարօտեալսն չդարմանելով, զհիւանդն չտեսանելով, տկարին չսպասաւորելով, զաղքատս արհամարհելով, զհարուստն գովելով, յաջողելոցն ծառայելով, ունեւորացն սուտ հաճութիւն առնելով, աչառելով եւ մարդահաճոյ լինելով» (էջ 23):
որկրամոլութեամբ ... - «ի կերակուրս եւ յըմպելիս ցանկանալով, աւելի առնլով եւ անյագ ուտելով, զորովայնս խճողելով, առանց ամի եւ ճամանակի ճաշակելով, զպահսն արհամարհելով, առանց մեծի հիւանդութեան զգինին սիրելով, զմարմնոյս դարմանն հոգալով եւ զորովայնս պաշտելով» (էջ 24):
բղջախոհութեամբ ... - «Պոռնկական խորհրդով, գինութեամբ, վաւաշոտ ցանկութեամբ, յայրատ հայելով, անամօթ լինելով, լրբելով, ցոփ խօսելով, տռփական եւ ապականեալ խորհրդով մեղանչելով» (էջ 25):


Բ. Ժամերգութիւնք

1. Գիշերային

Գիշերային Ժամերգութիւնը նախապէս ամէնօրեայ չէր, այլ կը կատարուէր կիրակին կամ կարգ մը մեծ տօներ կանխող գիշերները միայն: ԺԴ. դարուն ան սկսած է դառնալ ամէնօրեայ: (Վկայութիւնները տես, Հացունի, Հայ Ծէսը, Վենետիկ, 1919, էջ 154 շ.):
«Ցայնմ գիշեր»ի (Նաւասարդի կամ Կարապետի տօնին նախընթացը) գիշերապաշտօն մեծ եղեւ ի բանակին (հայոց) առ կաթողիկոսին» (Փաւստոս Դ. ժե.). - «Զբոլոր նախադասեալն սմա (կիւրակէի) պարտ է աղօթիւք յուղարկել զգիշեր» (Օձնեցի, 16): «Արժան է գիշերապաշտօն առնել յայգ կիւրակէ» (Յ. Իմաստասէր):
Գիշերային Ժամերգութիւնը հին ժամանակ կը սկսէր կէս գիշերին, իֆչպէս ցարդ կը կատարուի Ս. Յարութեան Տաճարին մէջ: Այժմ ընդհանրացած սովորութեամբ ան կը կցուի Առաւօտեան Ժամերգութեան եւ կը կատարուի արեւածագին: Ժամասացութեան կարգը, ըստ Ս. Յակոբեանց Վանուց սովորութեան, տես Օրացոյց, 1942, Երուսաղէմ, էջ 203-4:
Հայր մեր. - Բոլոր ժամերգութիւնները տէրունական այս աղօթքով կը բացուին եւ կը փակուին: «Հայր մեր»ը երկու տարբեր խմբագորթիւններով կ՝աւանդեն մեզի Աւետարանիչներ Մատթէոս (Զ. 9-13) եւ Ղուկաս (ԺԱ. 2-4): Առաջինը աւելի ընդարձակ է եւ կը կիրարկուի սովորաբար:
Տէր, զի բազում. - Վաթսուն չորս տուներէ կը բաղկանայ, կազմուած հետեւեալ չորս սաղմոսներէն:
1. Տէր, զի բազում եղեն, Գ. 1-8
2. Տէր Աստուած փրկութեան իմոյ, ՁԷ. 1-20
3. Օրհնեա՛ անձն իմ զՏէր, ՃԲ. 1-22
4. Տէր, լուր աղօթից իքոց, ՃԽԲ. 1-14.
Զարթուցեալքս. - Այս քարոզին նախավերջընթեր տունը ուշագրաւ տարբերութիւն մը կը ներկայացնէ Խոսրով Անձեւացիի մօտ, այսպէս. «եւ եւս՝ եւ վասն միաբանութեան ճշմարիտ եւ սուրբ հաւատոյս զՏէր աղաչեսցուք». որուն ի բացատրութիւն կը գրէ. «Որ է խնդիր մեծ եւ կարեւոր ամենեցունց, քակելոց յուղիղ հաւատոյ եւ մոլորելոց ի հերձուածս՝ դարձ խնդրելով եւ միաբանութիւն յուղիղ հաւատս, եւ ի ճշմարտութեան հաստատիլ միաբանութեամբ». (Մեկնութիւն Աղօթից, Կ. Պոլիս, էջ 18):
Աշխարհ ամենայն, եւ Առաւօտ լուսոյ. - Այս երգերուն գրաւած դիրքը ցոյց կու տայ անոնց յետսամուտ ըլլալը: Ժամագրքի նախնական դրութեան համաձայն քարոզին անմիջապէս կը յաջորդէ աղօթքը, իֆչպէս կ՛երեւի ժամասացութեան ուրիշ բաժիններուն մէջ: Հնագոյն ձեռագիրներու մէջ կը պակսին անոնք:
Աշխարհ ամենայն. ծանօթութիւններ եւ բացատրութիւններ. -
Ա. - Ախտակից = վշտակից, կարեկից
Ձ. - Ձաղկել, Ձաղկ = Գաւազան, մահակ
Ձաղկել, ձաղ = ծաղր, խաղ
Ր. - Րախճական, խրախճական = ուրախական, քաղցրալուր.
Առաւօտ լուսոյ. ծանօթութիւններ եւ բացատրութիւններ. -
Ղ.- ղամբար. լամբաս. «Յոյն եւ Իրանական լեզուի ատամնային դ տառը երբեմն մեր հին բառերուն մէջ ր ի փոխուած կը տեսնենք. օրինակներ, յոյն, լամբաս սեռ. լամբադոս = ղամբար» եւն: Այբուբենք, Ե.Ա.Դ., էջ 65:
ղօղիմ. «ղօղելոցս ի ծով աշխարհիս՝ առ քեզ վերածել»: - Ն. Լամբրոնացի, Մեկնութիւն Սաղմոսաց:
Ռ. - Ռետին. րըտնը «Ռետին՝ համօրէն քաղցր դեղոյ անուն է, զոր շարբաթ ասեն». - Լուծմունք Նարեկի:
Ռամ = Ռամիկ
Ռահ = պարսկ. ճամբայ:
Ր. Րոտել = կցորդել, միաբանել:
Րամ = Երամ:

Սաղմոս. - Աղօթքէն յետոյ կայ «Օրհնեալ Տէր մեր Յջսուս Քրիստոս ամէն, ալէլուիա, ալէլուիա», որ սկզբնաւորութիւնն է Սաղմոսի: Իֆչպէս Ժամագրքի խրատն ալ կը ծանուցանէ. «Աստ ասի սաղմոս ըստ ձայնին», բայց այդ սովորութիիւնը դադրած է այժմ, կամ սաղմոսի կանոնը փոխադրուած է Գիշերային Ժամերգութենէն առաջ: Հնագոյն սովորութեան վերջամնացութիւնը կ՝երեւի Տաղաւարներու նախընթաց երեկոյին Ս. Յակոբեանց Տաճարին մէջ կատարուած Հսկումներու պահուն մայն, երբ սաղմոս կ՝ըսուէր ճիշդ Ժամագրքի խրատին համեմատ: (Քանի մը տարի առաջ վերջ գտաւ այդ հին սովորութիւնը):
Ամբողջ Սաղմոսը բաժնուած է ութ կանոնի, որոնց իւրաքանչիւրին ետեւը կցուած է մարգարէական օրհնութիւն մը: Սաղմոսի կանոնը կը սկսի ԴԿ. ձայնով, հաւանաբար այն պատճատով որ Ձայնի սկզբնաւորութիւնը, Բուն Բարեկենդանին, կը հանդիպի վերջ ձայնին:

Կանոնագլուխ. - Սաղմոսի իւրաքանչիւր կանոնին եօթներորդ՝ վերջին գուբղան կը կոչուի կանոնագլուխ: Օձնեցի կը յջշէ թէ բարձրաձայն կը կարդացուի այն, եւ կը նմանցնէ Երիքովի շուրջ Իսրայէլացւոց եօթն անգամ դարձին, որոնք վերջին անգամուն փողերը հնչեցուցին եւ աղաղակեցին բարձրաձայն (Մատ. էջ 110):
Ժամագրքի մէջ դրուած կանոնագլուխները կը ներկայացնեն եօթներորդ գուբղաներու առաջին վեց եւ վերջին 6-12 տուները միայն: Այսպէս.
ԱՁ. - Դատեա, Տէր ... ԼԴ. 1-7.
Տէր, յերկինս է ... ԼԵ. 6-13:
ԱԿ. - Ասաց անզգամն ... ԾԲ. 1-6.
Զի ոչ գոյր նոցա փոխանակ ... ԾԴ. 20-24:
ԲՁ. - Ի քեզ, Տէր, յուսացայ ... Հ. 1-6.
Երկիր պագցեն նմա ... ՀԱ. 11-19:
ԲԿ. - Զողորմութիւնս քո, Տէր ... ՁԸ. 1-6.
Դարձուցեր զօգնութիւն ի սրոյ նորա ... ՁԸ. 44-53:
ԳՁ. - Խոստովան եղերուք ... ՃԵ. 1-6.
Մատնեաց զնոսա ... ՃԵ. 41-48:
ԳԿ. - Արարի իրաւունս ... ՃԺԸ. 121-126.
Մերձեսցին խնդրուածք իմ ... ՃԺԸ. 169-176:
ԴՁ. - Օրհնեա, անձն իմ, զՏէր ... ՃԽԵ. 2-7.
Գովեա, Երուսաղէմ, զՏէր ... ՃԽԵ. 12-20:
ԴԿ. - Սիրեցից զքեզ, Տէր ... ԺԷ. 2-7.
Զգեցուցեր ինձ զօրութիիւն ... ԺԷ. 40-51:

Ասոնցմէ զատ կան երկու մասնաւոր կանոնագլուխներ.
1. - Բուն Բարեկենդանի եւ Նոր Կիրակէի յատուկ, բաղկացած երեք սաղմոսներէ.
Օրհնեա, անձն իմ, զՏէր ... ՃԽԵ. 2-10.
Օրհնեցէք զՏէր, զի բարի է սաղմոս ... ՃԽԶ. 1-11.
Գովեա, Երուսաղէմ, զՏէր ... ՃԽԷ. 12-20:
2. - Մեծի Ուրբաթու
Իշխանք հալածեցին զիս ի նանիր ... ՃԺԸ. 161-68.
Փ. Մերձեսցին խնդրուածք իմ ... ՃԺԸ. 169-76:

Այսօրանճառ - երգ տեառն Ներսիսի Հայոց Կաթողիկոսի ասացեալ յաղագս մեծի ուրբաթու գիշերին աւետարանացն:
Գ. «Գլխոյն ընտրեալ հօտին փոքու». - «Յայտնապէս խոստովանի զսուրբն Պետրոս լինել գլուխ հօտին փոքու, այսինքն առաքելոցն եւ այռոց հաւատացելոց»: (Բացատրութիւն Շարականաց, Հ. Գբր. Աւետիքեան, էջ 248. Տես նաեւ Ն.Ե.Պ., Հասկ, 1952, էջ 490-91):
«Գլխոյս ասէ չէ ինչ պիտոյ». - «Այսինքն ինձ որ գլուխ եմ ձեր, լուացումն չէ պիտոյ, այլ ձեզ ոտիցդ պէտք են մաքրութեանգ, զի կարիցէք յօդիլ յիս ի
գլուխս սրբութեամբ»: (Բաց. Շարկ., էջ 248): Ե. Դուրեան համաձայն չէ այս կերպ բացատրութեան. ըստ իրեն՝ խօսքը Պետրոսի գլխուն մասին է. - (Տես Ուսումնասիրութիւնք, Եղմ. էջ 443, 447, 449-450): Համեմատէ տարբեր ընթերցում. Ց. Ձեռ. Եղմի. Դ. հատոր, 1956, էջ 166: թԿ. 1299.
ճաշոց: «զոտս եւ զբլուխ մաքրել մաղթէր: Գլխոյ ասէ չէ իֆչ պիտոյ, ... յաւդիլ ի գլուխըս սրբութեան»:
Զ. «Զոր մաքրեցիր յաւազանին» - «Զայ գիրն աւելորդ է. վասն կարգի այբուբենին եդեալ. այլ լինելոց է որ»: Բաց. Շրկ., էջ 249:
Ը. «Ետ զմարմինն իւր զերկնաւոր». «Երկնաւոր կոչէ զմարմինն Քրիստոսի, ոչ իբրեւ թէ յերկնից եբեր զմարմինն ըստ մոլորութեան Վաղենտինեանց,
զոր ամենայն ուրեք հերքեն վարդապետք, եւ աստ իսկ կուսածին կոչի ընդդէմ այնմ մոլորութեան. այլասի երկնաւոր նախ՝ իբրեւ միաւորեալ ընդ երկնաւորին, այսինքն ընդ աստուածային բնութեան ... երկրորդ, երկնաւոր ասի ըստ կազմութեան, ըստ որում իւր զերկնաւոր զօրութեամբ կերպացաւ յարգանդի կուսին»: Բաց. Շրկ., էջ 250:
Հ. «Ոչ ոմն ուժեղ եւ զօրաւոր եւ ոմն անզօր վտանգաւոր». «Ի Քրիստոս ոչ էր ոմն եւ ոմն, այսինքն այլ եւ այլ անձն, աստուածային անձն որ ուժեղ եւ զօրաւոր, եւ մարդկային անձն տկարեւ վտագաւոր»: Բաց. Շրկ., էջ 256:
Ղ. «Ի զօրանալ հրեշտակ մերձեալ՝ զօրինական գիրն լցեալ». «Զօրացուսցեն զնա ամենայն հրեշտակք Աստուծոյ»: Օրինաց, ԼԲ. 43: «Զի կատարեալ
էառ զբնութիւն Աստուածըն բան զմարդկութեան (= թիւն)» եդեալն ի տպագիրս ինչ, էառ զբնութիւն ըզմարդկութեան, ոչ է ըստ հարազատ օրինակաց՚՚: Բաց. Շրկ., էջ 256:
Ճ. «Մասունք հոգւոց մեր եւ մարմին». «Մասունք հոգւոյս մեր՝ մջտք, կամք, զգայութիւնք բեւեռեսսցին յերկիւղ քո»: Բաց. Շրկ., էջ 157:
Մ. «Անկան նման ստորանկելոցն». «Անկան նման դիւաց վայրանկելոց յերկնից»: Բաց. Շրկ., էջ 257:


Ս. «Մինչ ի տեղի Գողգոթային յորում եդեալ մարդն առաջին». Ըստ աւանդութեան Նոյ ջրհեղեղէն ետք Ադամի ոսկորները եւ գանգը, զոր հետը առած էր տապանին մէջ, թաղեց բլուրի մը վրայ, որ այդ պատճառաւ կոչուեցաւ «տեղի գագաթան», Գողգոթա: - _աչելութեան նկարներու տակ ընդհանրապէս կը տեսնուին գանկ մը եւ ոսկորներ. սոյն աւանդութենէն կու գայ այդ ներշնչումը:

Տ. «Տարածեալ ձեռք ընդ ձեռաց, ոտք ընդ ոտից ընթանալեաց. Փայտ ընդ փայտի դառն պտղոյ, կեանք ընդ մահու փոխարկելով».
«Տարածեցան ձեռք Քրիստոսի՝ փոխանակ ձեռաց Եւայի՝ որ ձգեցաւ ի ծառն գիտութեան. եւ ոտք Քրիստոսի՝ փոխանակ ոտից Եւայի ընթացողաց ի ծառն. փոխարկելով այսու Քրիստոսի զփայտ խաչին
փոխանակ դառնապտուղ փայտին, եւ զկեանս՝ փոխանակ մահու»:
Բաց. Շրկ., էջ 159:

Ր. «Րոպէից արեգականն».
Րոպէ, Վայրկեան, տիեզերք.
«Րոպէից, այսինքն բոլոր տիեզերաց, կամ ի բովանդակ աշխարհի».
Բաց. Շրկ., էջ 159:
«Րոպէից արեգականն՝ զտիւն արար գիշերանման», մարթի ի կրկին նշանակութիւնս եւս հայիլ»: Ն Հ Բ:



*Համեմատէ Յովհ. ԺԳ. 10. «լուացելոյն չէ ինչ պիտոյ, բայց զի զոտսն լուանայցէ».

Ք. «Աստուած մարմնով վասն իմ խաչեալ. մերով բնութեամբըս մեռանի
Աստուած անմահ խոստովանի». «Աստուած մարմնով զոր ի մէնջ էառ, վասն իմ եւ վասն ամենայն մարդկան խաչեսաւ. ուստի մերով մարդկային բնութեամբ մեռանի ճշմարտապէս. իսկ աստուածութեամբ
անմահ խոստովանեալ լինի: Բաց» Շրկ., էջ 164:

«Կրկնավտակ կողին աղբերբք եկեղեցի իւր հաստատի, ջրովն մաքրի,
զարիւնն ըքպէ».
«այսինքն կրկնաբուխ աղբերօք կողին հաստատի եկեղեցին Քրիստոսի ըստ գլխաւոր խորհրդոցն. զի ջրովն մաքրի ի մկրտութեանեւ զարիւնն ըմպէ ի սուրբհաղորդութեան»: Բաց. Շրկ., էջ 265:

Աւետարանի Սաղմոսներ. - Հանգստեան աւետարանի ընթերցումէն առաջ
սաղմոսէն որոշ հատուածներ կ՚ըսուին ութ ձայներու համեմատ: Այդ
սաղմոսներն են հետեւեալները.
ԱՁ. - Տէր, մի՛ սրտմտութեամբ ... Զ. 1-10:
Տէր, ո՞վ կացցէ ... ԺԴ. 1-6:
ԱԿ. - Բարձր առնեմզքեզ, Տէր ... ԻԹ. 1-12:
ԲՁ. - Աստուած յանուան քում կեցո՛ զիս ... ԾԳ. 1-7:
ԲԿ. - Աստուած, ողորմեա՛ մեզ ... ԿԶ. 1-7:
ԳՁ. - Հաճեցար, Տէր, ընդ երկիր քո ... ՁԴ. 1-12:
ԳԿ. - Տէր, լուր աղօթից իքոց ... ՃԱ. 1-12:
ԴՁ. - Մերձեսցին խնդրուածք իմ ... ՃԺԸ. 169-176:
ԴԿ. - Տէր, լուր աղօթից իքոց ... ՃԽԲ. 1-14:
Ի խորոց կարդացի առ քեզ ... ՃԻԹ. 1-6:
ԱՁ-ի ԴԿ-ի երկրորդ սաղմոսները Տէրունի օրերու յատուկ են:

Աւետարան (Հանգստեան, Տաճարի). - Չորս Աւետարանները ութ ձայներու
վրայ բաճնուած են, այսպէս.
Մատթէոս - ԴԿ, ԲԿ.
Մարկոս - ԴՁ, ԲՁ.
Ղուկաս - ԳԿ, ԱԿ.
Յովհաննէս - ԳՁ, ԱՁ

Այսօր դասք. -- Սա նախապէս յատուկ էր Ս. Ստեփանոսի տօնին: Սիմէոան
Կաթողիկոս Երեւանեցի (1763-1780) ընդարձակած է ասոր գործածութիւնը՝ պատշաճեցնելով մջւս երեք Աւագ Տօներուն, ինչպէս
նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի երեք եւ Առաջն Լուսաւորչաց երկու տօներուն:

Աստուած անեղ. -- Ե. «յորմէ կապեալք եւ արձակիմք եւ վերստին անլոյծ
կապիմք». «Նախ ի ստեղծման կապմինք հոգւով եւ մարմնով. յետոյ ի
մահուան արձակիմք՝ բաժանմամբ հոգւոյն. եւ ի կատարածին յարութեամբ վերստին անլուծանելի կապմինք»: Բաց. Շրկ., էջ 662:

Ս. «ըզսա յաւուրն աներեկի».«յաւուրն դատաստանի, որ ոչ ունի երեկոյ այլ մջշտ տիւ է»: Բաց. Շրկ,, էջ 664:

2. Առաւօտեան Ժամերգութիւն

Առաւօտեան ժամերգութիւնը ամեն օր կկատարուէր հաստատուն կերպով:Այս ժամերգութեան կատարումը տեղի կ՚ունենար արշալոյսին:
Ըստ Անձեւացիին (էջ 64) Գիժերային Ժամերգութնէն յետոյ եւ Առաւօտեանէն առաջ պիտի կատարուին ընթերցումներ, հաւանաբար Ս. Գիրք, Մեկնութիւնք եւ Վարք Սրբոց (հմմտ. Օրմանեան, Հայ Խօսնակ, 1933, էջ 179։
Oրհնութիւնք Երից Մանկանց. - Դանիէլի Գիրքին երկրորդականոն մասէն առնուած է այս օրներգութիւնը. «Օրհնեալ ես Տէր Աստուած հարցն մերոց» (Գ. 26-45). «Օրհնեցէք ամենայն գործք Տեառն զՏէր» (52-86):
Երգ Մարիամու Աստուածածնին. -- «Մեծածուսցէ անձն իմ զՏէր», վերցուած է Ղուկասի Աւետարանէն (Ա. 47-55):
Օրհնութիւն Զաքարիայի հօրն Յովհաննու Մկրտչին. - Նոյն Աւետարանէն (Ա. 68-79);
Աղօթք Սիմէոանի Ծերունւոյն. -- Դարձեալ նոյն Աւետարանէն (Բ. 29-32):
Մեծացուսցէ. -- Ըստ Օձնեցիի Մեծացուսցէ պէտք է ըսուի կիրակի առաւօտ. - «Զկնի Հարցինն Մեծացուսցէ ասել, վասնզի հարկաւորապէս պարտի այն՝ որ զՅարութիւնն Քրիստոսի ճառէ՝ ընդ նմին եւ զգերեզմանեն յիշել եւ զսուրբ կոյսն» (էջ 29): Ուրեմն մջւս օրերուն չէր երգուերայն:
Ս. Ներսէս Շնորհալի ալ նոյնըկը վկայէ առ Ալեքս գրած պատասխանին մէջ» «Զերգս սրբոյ Աստուածածնին գրեալ էր ի թղթի աստ, ոչ ասել յեկեղեցիս մեր. եւ այս ամբաստանութիւն ամենեւին անմասն է ի ճշմարտութենէ զի այնքան պատուի ի մէնջ արժանաւորն պատուոյ յերկնաւորաց եւ յերկրաւորաց մայրն Աստուծոյ Մարիամ, մինչ զի զբանս նորա ոչ ի լոկ աւուրսն ընդ երից մանկանցն եւ ընդ մարգարէին Դաւթայ երգեմք բանջց, այլ ի կիւրակէս միայն եւ ի տօնս տէրունականս, որպէս եւ որք ի ձերոց տեղեակ են եկեղեցական կարգաց մերոց՝ հասու առնեն զձեզ» (Ընդհանրական, էջ 95-96):
Ըստ Օրմանեանի Գրիգոր Է. Անաւարզեցի Կաթողիկոսն է (1293-1307) որ կարգադրած է «առաւօտեան ժամերգութեան մէջ Մեծացուսցէ կարգը հանապազօրեայ ընել, ամբողջապէս իւր փոխով ու շարականով, քարոզով եւ աղօթքով» (Օրմանեան, Ազգպ., էջ 1751):

Ողորմեա. - Սաղմոսաց Գիրքէն առնուած է «Ողորմեա ինձ Աստուած» փոխը (Ծ. 1-20):

Տէր յերկնից. - Դարձեալ Սաղմոսաց Գիրքէն առնուած է այս փոխն ալ, որ կը բաղկանայ երեք յաջորդական կարճ սաղմոսներէ, որոնք նոյն գրքին վերջին գլուխները կը կազմեն. ատոնք են.
Օրհնեցէք զՏէր յերկնից ... ՃԽԸ. 1-14.
Օրհնեցէք զՏէր յօրհնութիւն ի նոր ... ՃԽԹ. 1-9.
Օրհնեցէք զԱստուած ի սրբութեան նորա ... ՃԾ. 1-6:

Փառք ի բարձունս. - Այս օրհներգութիւնը երկու մասերէ կը բաղկանայ, ըստ արեւելեան եկեղեցւոյ Ժամագրքին, եւ ամէն առաւօտ կ՚երգուի: Իսկ արեւմտեան եկեղեցին ունի անոր առաջին մասը, որ կ՚երգուի պատարագի ընթացքին:
Գրիգոր Տաթեւացի կ՚որոշէ օրհներգութեան այն մասը, զորս յաջորդաբար աւելցուցին առաջին երեք տիեզերական ժողովները (Տես Գիրք Հարցմանց, էջ 635ա):
«Փառք ի բարձունս»ի ծագման եւ կիրառութեան մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ տուած է Հ.Յ. Աւգերեան (Տես «Փառք ի բարձունս երգն եկեղեցւոյ մէջ» Բազմավէպ, 1900, էջ 109 եւ 1901, էջ 25);

Երեքսրբեան. - Երեքսրբեան օրհներգութեան մասին շարունակ խնդիր ունեցած ենք մասնաւորաբար յոյն եկեղեցիին հետ. այդ պատճառաւ կ՚ուզենք քիչ մը կանգ առնել անոր վրայ:
Յոյները այժմ այսպէս կ՚երգեն զայն, ի դէմս Ս. Երրորդութեան. - էԱգիոս Օ Թէոս էագիոս Իսխէւրոս էագիոս Աթանատոս Էլէսիոն իմաս այսինքն, Սուրբ Աստուած, սուրբ հզօր, սուրբ անմահ, ողորմեա մեզ:
Հայ եկեղեցին կ՚երգէ ընդհանրապէս ի դէմս Որդւոյն, այսպէս, Սուրբ Աստուած, սուրբ (եւ) անմահ, (որ խաչեցար վասն մեր), ողորմեա մեզ: Տնօրինական յիշատակութիւնը փոոփոխելի է ըստ տօնին:1 Միայն Հոգեգալստեան Տօնին է որ կ՚երգուի ի դէմս Ս. Հոգւոյն. «որ երկիր եւ հանգեար յառաքեալսն» փոփոխակով:
Տաթեւացի «ԶՍոըրբ Աստուածն ո՞վ է ասացեալ» հարցումին ի պատասխան կը գրէ. - Յովսեփ Արեմաթացին: ԶԻ այսպէս ասէ Նեքտառիոս հայրապետն Հռօմայ3 թէ չէր հնար իջուցանել զմարմինն տեառն ի խաչէն վասն փայլատակմանցն ի խոցուածոյն: Ապա ի բացեայ կացեալ եւ զձեռս համբարձեալ ասէ. Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, որ խաչեցար վասն մեր, ողորմեա մեզ: Եւ զայս երիցս ասացեալ՝ է մարմինն սուրբ ի վերայ բազկացն Յովսեփայ:4
«Եւ Սոկրատ պատմագիրն ասէ թէ մեծն Իգնատիոս Աստուածազգեացն ետես երկնային զօրս, եւ լուաւ ի նոցանէ, եւ կարգեաց յեկեղեցիս Անտիոքայ յառաւօտն եւ յերեկոյն զՍուրբ Աստուածն խաչեցար ասել:
«Եւ սուրբն Կիւրեղ Աղեքսանդրու հայրապետն ի ժողովն Եփեսոսի ասաց զմիածին որդի ժամամուտնԼ Եւ զՍուրբ Աստուածն խաչեցար. եւ այսպէս գրէ՝ Եսայի ետես զՔրիստոս նստեալ յաթոռ որ է Խաչն, եւ երգէին զերեքսրբեանն: Եւ վկայ մեզ Յոհան Աւետարանիչն (ԺԲ. 41) որ ասէ՝ (Զայս ասաց Եսայի - Զ. 1-3-զի ետես զփառս նորաեւ խօսեցաւ վասն նորա): Վասն որոյ ի սրբոյն Կիւրղէ կարգեալ ասեմք զՍուրբ Աստուածն ի դէմս Որդւոյ:
«Այլ եւ Պետրոս Անտիոքայ եւ Տիմոթէոս Աղէքսանդրու, հրամանաւ Յուստիանոսի Կայսեր հաստատեցին ի Սուրբ Աստուածն խաչեցար ասել: Զոր առ հնովքն էր սովորութիւնս այս, եւ յետոյ նուազեցաւ:
«Նաեւ ի Հայք ի ժողովն Դվնայ հաստատեցին ի Սուրբ Աստուածն խաչեցար ասել ստուգապէս:5

1Տաթեւացի, յիշելէ եւ հաստատելէ յետոյ ընդունուած տասնեակ մը փոփոխակները, կ՚աւելցնէ. «Արդ՝ այսքան են կարգեալ սուրբ հարքն. եւ որ քան զայս աւելի ասեն որպէս տնօրինեցար, կամ ընծայեցար կամ քո տէրութեամբդ, կամ որ երկիր ի Բեթանիա, կամ ի վերնատունն, սոքզ աւելորդք եւ խորթք են, ի տգիտաց ասացեալ» (Գիրք Հարցմանց, էջ 634բ):
2Նալեան տարբեր բանաձեւ մըն ալ կը յիշէ, ուղղուած Որդւոյն Աստուծոյ, «որ առաքեցեր զՀոգիդ Քո (քո?) սուրբ ի դասս առաքելոց, ողորմեա մեզ՚՚ (Վէմ Հաւատոյ, էջ 616):
3Գիրք Թղթոցի մէջ ըսուած է լոկ «Նեքտառիոս Հռովմայեցի՚՚ (էջ 331):
Պէտք է հասկնալ Նոր Հռոմայ, այսինքն Կ. Պոլսոյ, Նեկտարիոս Պատրիարքը (381-397):
4Հմմտ. Գիրք Թղթոց, էջ 331 (Ստեփանոս Եպս. Սիւնեաց): - Նաեւ էջ 466-468:

«Կղեմայ՝ (հանապազ յաղօթս մեր ասեմք Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, որ խաչեցար վասն մեր ողորմեա՛ մեզ).
«Իսիդորոս՝ (Յարակայ ձայնիւ գոչեմք Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, որ խաչեցար վասն մեր ողորմեա՛ մեզ): (Գիրք Հարցմանց, էջ 631):
... «եւ վկայ այսոցիկ ի Մամեստիա գտեալ քարն, յորում գրեալ էր յունարէն գրով», « Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, որ խաչեցար վասն մեր ողորմեա՛ մեզ»: (նոյն, էջ 632):
Բազմաթիւ են մեր եկեղեցւոյ հայրերուն եւ վարդապետներուն ջատագովութիւնները Սուրբ Աստուածի մասին. ահաւասիկ փունջ մը անոնցմէ.
Օձնեցի կը գրէ. «Աստանօր որոշիմք ի Յունաց կարգէն, իսկ առ մեզ պայծառանայ երեքկին սրբասացութիւն, որ քարոզեցաւ ի սրովբէից ձայնէ ի մէջ մարդկան. զառ ի նոցանէ ասացեալ զաղօտաբար հնչումն առեալ մարդկան՝ շարակապեցին ընդ Աստուծոյ հզօրի եւ անմահի. ոմանք միասնական սուրբ երրորդութեան, եւ այլք ի վերայ Որդւոյ միայն զայն վարկանելով. եւ յայնմանէ ատելութիւն եւ թշնամութիւն եւ հակառակութիւն մեծ»: (Մատ. էջ 89-90):
Ստեփանոս Սիւնեցի պաշտպանելով հայ եկեղեցւոյ ուղիղ սովորութիւնը, կը դատապարտէ «աստուածուրաց եւ մարդադաւան ժողովն Քաղկեդոնի, որ փոխանակ խաչեցար ասելոյ՝ ըստ առաքելական եւ մարգարէական քարոզութեանն, ասացին ուր ուրեք, Սուրբ Աստուած որ մարմնով խաչեցար» (Արարատ, 1915, էջ 491):
Շնորհալի «Յաղագս աւանդութեանց եկեղեցւոյ» գրութեան մէջ հետեւեալ հաշտաշունչ հատուածն ունի երեքսրբեան փառաբանութեան մասին. - «Որպէս եւ երեքսրբեան փառաբանութիւնն՝ զոր եկեղեցիք ձեր երից անձնաւորութեանցն մատուցանեն, եւ մեք ի դէմս Որդւոյ միայն, եւ երկոքին խորհրդականք եւ գեղեցիկք՝ յորժամ առանց հակառակութեան ոք տեսցէ, իսկ հակառակութեամբն՝ հայհոյութեան եղեալ պատճառ փոխանակ փառաբանութեան: Զի ձերոցդ զմեզ զրպարտելով ասեն՝ զերրորդութիւնն ասէք խաճեալ. եւ մերքս ընդդիմաբանելով՝ թէ զխաչեալն վասն մեր՝ ոչ ասէք Աստուած եւ հզօր եւ անմահ ի մահուն, այլ մարդ սոսկ. եւ երկոքին փութան յաղթել ոչ բարւոք յաղթութեամբն միմեանց: Այլ մեք թէպէտեւ զայս առ Որդի միայն ասեմք ըստ առաջին հարցն աւանդից, բայց ի բազում պաշտամունս եկեղեցւոյ զերիս սրբասացութիւնս սրովբէիցն՝ Երրորդութեան սրբոյ երգեմք, եւ թէ լինէր միաբանութիւն երկաքանչիւրոցս կողմանց ըստ կամացն Աստուծոյ, այսոքիկ դիւրաւ յօրինէին փոքր ինչ բանի յաւելուածով: Զառաջին երիս սրբասացութիւնս, զԱստուածն, եւ զհզօրն եւ զանմահն՝ Հօր տալ, եւ զերկրորդ երիսն՝ Որդւոյ, եւ զերրորդն՝ Հոգւոյն Սրբոյ, զի իւրաքանչիւր անձնաւորութեան անթերի եւ համապատիւ զերսն տացուք եւ ոչ կիսակատար եւ ըստ մասին, որպէս թէ Աստուած միայն ասել զՀայր, եւ հզօր եւանմահ՝ ո՛չ. եւ հզօր միայն զՈրդի, եւ Աստուած եւ անմահ՝ ոչ. եւ անմահ միայն զՀոգի, եւ Աստուած եւ հզօր՝ ոչ. այլ երիցն մի ըստ միջոցէ զերսն տալ կատարելապէս արժան է» (Ընդհանրական, էջ 138-139):
Բարձրբերդցի Կոստանդին Ա. Կաթողկոսի օրով Սիսի մէջ ազգային ժողով մը գումարուեցաւ, ուր 25 (ըստ ոմանց 23) կանոններ դրուեցան, որոնց վերջընթերը կը հրահանգէ Սուրբ Աստուածի նախընթաց երկու աղօթքները ի դէմս Քրիստոսի վերջացնել. -- «Զայն երկու աղօթքն, յորոյ վերայ Սուրբ Աստուած ասեմք, զփառքն ի Հայր եւ յՈրդի եւ Սուրբ Հոգին՝ մի՛ աւարտէք, զի մի՛ յերրորդութեանն վերայ թուեսցի խաչն. զկատարած լուր ձայնիցն ասել պիտի, «զոր միշտ ի բարձունս առաքեսցուք ամենազօր տէրութեանդ, այժմ եւ միշտ»: Զգոհանամքին վերջքն՝ «Լիցուք տաճար եւ բնակարան աստուածային շնորհացդ, եւ գոհութեամբ փառաւորեսցուք զքեզ ընդ Հօր», եւն.: (Կիրակոս, Վենետիկ, 1865, էջ 172-173, հմմտ. Հայոց եկեղեցական իրաւունքը, Ա. Գիրք, Ն. Վ. Մելիքթանգերեան, Շուշի, 1903, էջ 460-461):
Այս կերպով Բարձրբերդցի կաթողիկոսը կ՚ուզէ առաջքն առնել օտարներէն եկած այն մեղանդրանքին թէ հայերը Սուրբ Աստուածը կ՚երգեն ի դէմս Ս. Երրորդութեան, եւ հետեւաբար Աստուածաչարչարութեան կամ Հայրաչարչարութեան մոլորութիւնը կը դաւանին: Բարձրբերդցիի կարգաւորութիւնը ընդունուած եւ ընդհանրացած է ինչպէս կը տեսնենք ժամագրքի մէջ:1
Ըստ Կալանոսի Սիսի ժողովակը (1307-ին, Գր. Անաւարզեցիի մահէն քիչ յետոյ) կ՚ընդունի Սուրբ Աստուածի մէջ Քրիստոս անունին յաւելումը «անմահ» բառէն յետոյ (Ազգպ. էջ 1788):
Մերիններուն վկայութեանց տպաւորիչ շարքէն ետք՝ ձայն մըն ալ հայ Կաթոլիկներէն: Հ.Ս.Վ. Սարեն, ի Մխիթարեան Ուխտէն, կը հաստատէ թէ երեքսրբեան սրբասացութիւնը կարելի է երգել «ուղղափառապէս եւս եւ դէմս Որդւոյ ՚՚որ խաչեցար՚՚ յաւելուածով» (Ընթացք Տեսական Աստուածաբանութեան, Վենետիկ, 1894, էջ 628):

Սաղմոս Կիւրակէից. -- Բժշկութեան Աւետարանէն առաջ երգուող այս սաղմոսը «Եղիցի անուն Տեառն օրհնեալ» վերցուած է Սաղմոսաց Գիրքէն, Գլուխ ՃԺԲ. 1-9:

Նորաստեղծեալ. --
ա. երեքսրբեան մի տէրութիւն. -- «Տեսի զՏէր նստեալ յաթոռ բարձրութեան եւ վերացելոյ. եւ լի էր տունն փառօք. եւ սերովբէք կային շուրջ զնովաւ. վեց թեւք միոյ եւ վեց թեւք միոյ. երկուքն ծածկէին զերեսս իւրեանց, եւ երկուքն ծածկէին զոտս իւրեանց, եւերկուքն թռուցեալք աղաղակէին մի առ մի եւ ասէին. Սուրբ, սուրբ, սուրբ, Տէր զօրութեանց, լի է ամենայն երկիր փառօք նորա» (Եսայի, Զ. 1-3):
բ. եւ ի լերինն Գալիլիա. -- «աշակերտքն գնացին ի Գալիլեա ի լեառնն»
(Մտթ. ԻԸ. 16):

Օրհնեցէք մանկունք, զՏէր. -- Սաղմոս ՃԺԲ. 1-9:

Սաղմոս ի տօնս սրբոց. -- Այս փոխը կազմուած է հինգ սաղմոսներէ՝ ընտրովի առնուած հետեւեալ հատուածներէն.
________________________________________________________________
1Ջահկեցի յիշեալ աղօթքներուն վերջաւորութիւնը իբր փաստ կը գործածէ հաստատելու համար որ հայերը ոչ թէ ի դէմս Ս. Երրորդութեան այլ Քրիստոսի կ՚երգեն Սուրբ Աստուածը (Դրախտ Ցանկալի, էջ 253բ):

1). Սիրեցի զի լոիցէ Տէր ... ՃԺԴ. 1-6.
2). Հաւատացի զոր եւ խօսեցայ ... ՃԺԵ. 1-8.
3). Օրհնեցէք զՏէր ամենայն ազինք ... ՃԺԶ. 1-2.
4). Աստուած յանուան քում կեցո զիս ... ԾԳ. 1-7.
5). Տուր զօրութիւն ծառայի քո ... ՁԵ. 15-16:

Յիշեա, Տէր. -- Ինչպէս կանխաւ դիտել տուինք՝ Սարկաւագ Վարդապետին չի կրնար ընծայուիլ այս,վասնզի Օձնեցին կը ճանչնայ զայն արդէն: Ահա իր տողերը. «եւ ժողովուրդն զքահանայն տէր անուանելով՝ աղաչէ յիշել յաղօթսն զպաշտօնեայսն ըստ հոգւոյ, ու մարմնաւոր զծնօղսն, եւ զայլն եւս մի ըստ միջոցէ: Իսկ նա համառօտելով ասէ. -- Յիշեա զամենայն հաւատացեալս ի քեզ, եւ փրկեա յիւրաքանչիւր վտանգից, եւ ի փորձութեանց, զի յամենեցունց արժանաւորապէս փառաւորի ամենասուրբ երրորդութիւնն, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից, ամէն» (Մատ. էջ 114):

Տէր Ամենակալ. -- Այս աղօթքը յիշուած է Մնացորդաց. Բ. Գրքին մէջ (ԼԳ. 18-19): Յուդայի Մանասէ թագաւորին (695-641) վերագրուած է այն: Ս. Գիրքի պարականոն գրուածքներէն է (Տես Վենետիկեան Աստուածաշունչը 1860ի, Յաւելուած, էջ 1215, որ տեղ տեղ մանր տարբերութիւններ ունի Ժամագրքի օրինակէն): Կը բաղկանայ երկու մասերէ, առաջինը 18 տուն Մանասէինն է, իսկ «Փառք Հօր»էն յետոյ աւելցուած 10 տուները յայտնապէս քրիստոնէական շարադրութիւն են:

Հանգիստ Յովհաննու. -- Ուրիշ պարականոն գրուածք մը որ կը կարդացուի Որոտման Որդւոց տօնին օրը:

Սաղմոս յաւուրս պահոց. -- Այս փոխն ալ կազմուած է հինգ սաղմոսներէ՝ ընտրովի վերուած կտորներով, այսպէս.
1). -- Բանից իմոց ունկն դիր, Տէր ... Ե. 1-12.
2). -- Լցաք առաւօտու ողորմութեամբ քով ... ՁԹ. 14-17.
3). -- Ի խորոց կարդացի առ քեզ ... ՃԽԹ. 1-6.
4). -- Լսելի արա ինձ առաւօտ զողորմութիւն քո ... ՃԽԲ. 8-14.
5). -- Աստուած յանուան քում կեցո զիս ... ԾԳ. 1-7:

Արարչական. --
Թ. -- յուխտեալ տեղին տէրունական.
«եւ ես ուխտեմ ձեզ՝ որպէս եւ Հայր իմ ուխտեաց ինձ,
զարքայութիւն». Ղուկաս, ԻԲ. 29:

Խ. -- լոյսն այն պայծառ՝ յօր չորրորդին յարեգական նիւթ հաւաքեալ
«Ասեն թէ լոյսդ արեգական այն լոյսն է, որ յառաջ քան զեղանիլ
լուսաւորացդ էր. վասնզի լուսաւորքդ արարած են յաւուրն Դ. որդի: Իսկ երից աւուրցն նախագունից լոյսն ցիր բնութիւն էր,
եւ արեգակն աման եղեւ այնր լուսոյն եւ ժողովեաց եւ արկ Աստուած ի դմա զլոյսն զայն, զորմէ ասացի թէ ցիր բնութիւն էր».
Անանիա Շիրակացի, Տիեզերագիտութիւն, Երեւան, 1940, էջ 47:

Ծ. Ի չորրորդ օր դարձեալ հրեշտակն ետ զաւետիսըն կուսական.
«Աւանդութեամբ ասի թէ աւետումն հրեշտակին առ Մարիամ՝ եղեւ
ի չորեքշաբթի օրն». Բաց. Շրկ. էջ 627:
«Գիրք մանկութեան՚՚ ունի այսպէս. -- զի յորժամ հրեշտակն աւետեաց Մարիամու՝ նիսան ամսոյ հնգետասան էր, որ էր ապրիլի վեց. յաւուր չորեքշաբթի յերրորդ ժամու աւուրն»: (Թանգարան,1 Վենետիկ, 1898, Բ. էջ 19):

Ղ. անցեր ընդ ծով կենցաղս անհետ.
«Առանց տպաւորելոյ զհետս ոտից, առանց մխելոյ ի ջուրսն. ըստ
որում գնաց ի վերայ ջրոց առանց ի խորս կոխելոյ. եւ նշանակէր
այս զվարիլ Քրիստոսի ի կենցաղումս առանց յարելոյ ի լուծանելի
իրս մարմնականս»: Բաց. Շրկ. էջ 628-629:

Ջ. Ջնջել փութայր հայըն փառաց
ըզգիր պարտեաց մեր յանցանց,
Որով զգեցաւ Որդին գըթած
ի վեց դարուն զմարմին մեղաց.
«Եւ Աստուած երդումն ընդ նախահայրն, իւր միջնորդութեամբ գրել գիր եւ կնքել մատամբն իւրով ոսկէգիր ի
վերայ մագաղաթի, եթէ, ի վեց հազար ամի օր վեցերորդի առաքեմ
զմիածին որդի իմ որդի մարդոյ, եւ զքեզ դարձեալ վերստին
յառաջին փառսն կանգնեցից: Եւ յայնժամ եղիցս դու Ադամ
անմահացեալ մարմնով՝ աստուած, Ընդ Աստուած միաւորեալ. իբրեւ զմի ի մէնջ ճանաչել զբարի եւ զչար»: (Թանգարան, Բ. էջ 51):

3. -- Արեւագալ

Այս ժամերգութեան ծագումը նախորդներուն չափ հին չէ, բայց Ը. դարուն արդէն կը յիշուի եւ կը մեկնուի Ստեփանոս Սիւնեցիէն եւ ապա Ժ. դարուն Խոսրով Անձեւացիէն: Դիտել տուինք կանխաւ որ, ատոր Եզր Կաթողիկոսէն կարգաւորուած ըլլալը հաստատելու համար Օձնեցիէն քաղուած վկայութիւնը բաւարար չէ:
Արեւագալի Ժամերգութեան կատարման պահն է արեւածագը:
Ըստ Հացունիի (Հայ Ծէսը, էջ 161) Արեւագալ կը կատարուէր այն օրերուն, ուր գիշերային ժամերգութիւն չկար: Վերջնոյս կատարուած օրը Արեւագալը զանց կ՚առնուէր: Հնախօս հայրը կ՚աւելցնէ. «Շատ գեղեցիկ էր այս փոխանակութիւնը, եւ պիտի լինի նաեւ այժմ ալ՝ վերանորոգուելով»: Այս ժամերգութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ սաղմոսները.
1. Եղիցի անուն Տեառն օրհնեալ ... ՀԱ. 18-20.
_______________________________________________________________
1 Թանգարան Հայկական Հին եւ Նոր Դպրութեանց. Բ. Անկանոն Գիրք Նոր Կտակարանց:

2. Աղաղակեցէք առ Տէր ... Ղթ. 1-6.
3. Աստուած, Աստուած իմ ... ԿԲ. 1-11
Լուր, Աստուած, աղօթից իմոց ... ԿԳ. 1-11
4. Տէր հովուեսցէ զիս ... ԻԲ. 1-8:
Ցոյց ինձ ճանապարհ ... ՃԽԲ. 8-12.
Աստուած մեր ապաւեն ... ԽԵ. 1-11:
Աստուած յօգնել ինձ նայեաց ... ԿԹ. 1-6:
Տուր զօրութիւն ծառայի քո ... ԾԵ. 16-17:

Արեւագալի ժամասացութեան կարգը ըստ երուսազէմեան սովորութեան, տես Օրացոյց, 1942, էջ 207-208:

4. -- Երրորդ Ժամ

Այս ժամերգութիւնը կը կատարուէր ամէն օր, արեւածագի եւ կէսօրուան միջեւ, եւրոպական ժամահաշուով ժամը իննին:
Հին ատեն անապատներու մէջ իւրաքանչիւր ժամու աղօթքը առանձին կ՚ըսուէր, ինչպէս կը հասկցուի Ս. Ներսէս Շնորհալիի Ժամատեղեաց խրատէն: «Իսկ թէ զերեք ողորմեան միում ժամանակի ոչ ասես, այլ յերիս ժամանակս ասես, ըստ անապատաւոր սուրբ հարցն, որ ի Մաքենիսն եւ ի Թեղենիս էին, այսինքն, յԵրրորդ Ժամն, ի Վեցերորդ Ժամն, ի յԻններորդ Ժամն, այսպէս է արարողութիւնն»: (Ժամագիրք, Նոր Ջուղայ, 1642, էջ 32):
Օձնեցի Երրորդ Ժամու Աղօթքին իբրեւ բացատրութիւն կը մատնանշէ նոյն ժամուն Քրիստոսի խաչուիլը: «Երրորդ Ժամու աղօթից խորհուրդս ի վեր է քան մեր կարողութիւնս, եւ միայն նոցա յայտնի է, որոց Սուրբ Հոգւոյն շնորհքն յայտնեն զծածկեալ զխորհուրդն: Բայց ինձ այսպէս թուի, եթէ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի ի կրիցն եւ ի ներգործութեանցն կարգեալ, զոր կատարեաց յայսմ ժամու ի կենարար չարչարանս իւր, յասել երանելոյն Մարկոսի (ԺԵ. 25), եթէ «էր ժամ երրորդ, եւ հանին զնա ի խաչ» (Մատ. էջ 96):
Նոյն բացատրութիւնը ունի նաեւ Սիւնեցի, բառական մանր տարբերութիւններով (Արարատ, 1915, էջ 494):
Այս ժամերգութեան մէջ կարդացուող սաղմոսներն են հետեւեալները.
1. Ողորմեա ինձ, Աստուած ... Ծ. 2-21.
2. Տէր հովուեսցէ զիս ... ԻԲ. 2-6.
Ցոյց ինձ ճանապարհ ... ՃԽԲ. 8-12:

Օրհնեմք զքեզ
Ս. եւ ստեղծեր մարդ ի պատկեր քո.
«բանական հոգւովն». Բաց. Շրկ. էջ 635:

5. -- Վեցերորդ Ժամ

Այս ժամերգութիւնը կը կատարուէր ամէն օր, միջօրէին:
Օձնեցի Հայրապետը սապէս կը բացատրէ Վեցերորդ Ժամու աղօթքին խորհուրդը. «Իսկ Վեցերորդ Ժամուն կարգեալ աղօթքն, որով յայտնի է ի նմին ժամու անցանել ընդ սահման պատուիրանացն, եւ ճաշակել ի պատրանաց պտղոյն, եւ ի նմին ժամու փոխանակ նորա քաղցր ճաշակմանն մեղացն, ճաշակեաց Քրիստոս զքացախն ընդ ղեղի խառնեալ, ի բժշկութիւն պտղոյն դառնութեան»: (Մատ. էջ 94-95):
Այս ժամուն յատուկ գլխաւոր փոխը կը բաղկանայ երկու սաղմոսներէ, այսպէս.
Երանի որ խորհի զաղքատն եւ զտնանկ ... Խ. 2-5.
Որ բնակեալն է յօգնութիւն բարձրելոյն ... Ղ. 1-16:

(Օրհնեմք զքեզ)
2. Ձանձրութիւն՝ մարտ այսոյն չարի
Որ յայս ժամուս պատերազմի.

Ձաձրութիւն՝ մարտ այսուն չարի՝
որ յայս ժամու պատերազմի.
ըստ 26 ձեռագրաց.

Ձաձրութեան մարտ
ի տպ. եւ ի 4 ձեռ.

Ձաձրութեան մարտ այսուն չարի
որ յայսմ ժամու պատերազմի.
Ղ. Ղօղեալ յոգւոց մեր հերքեսցի
«Այսինքն անհետացեալ կամ չքացեալ հերքեսցի ի հոգւոց մերոց»: Բաց.Շրկ. 635:

6. -- Իններորդ Ժամ

Րենատես. -- Տեսող զոր Էնն. Աստուածատես:
Սա եւս նախորդներուն պէս կը կատարուէր ամէն օր, կէսօրուան եւ իրիկուան միջեւ, եւրոպական հաշուով ժամը 3.00-ին:
Օձնեցի հետեւեալ մեկնութիւնը կու տայ այս ժամու աղօթքին: «Իսկ յիններորդ ժամուն կարգեալ զաղօթսն, այս վասն անդարձ խոստովանութեան մեղանացն Ադամայ, յորում ժամու դատապարտեալ ելաւ ի դրախտէն, եւ ի նմին ժամու աղաղակաւ աւանդեաց զոգին փրկիչն աշխարհաց, եւ զԱդամ եհան ի դժոխոց» (Մատ. էջ 95):
Իններորդ ժամու յատուկ գլխաւոր փոխը կազմուած է յաջորդական երեք կարճ սաղմոսներով, այսպէս.
Սիրեցի զի լուիցէ Տէր ... ՃԺԴ. 1-9.
Հաւատացի զոր եւ խօսեցայ ... ՃԺԵ. 10-19.
Օրհնեցէք զՏէր ամենայն ազինք ... ՃԺԶ. 1-2:

7. -- Երեկոյեան Ժամերգութիւն

Երեկոյեան Ժամերգութիւնը կը կատարուէր ամէն օր, արեւամուտէն երկու ժամ առաջ, արեւելեան հաշուով ժամը 10:00ին, ինչպէս կը ցուցնեն Տօնացոյցը եւ Օձնեցին (Մատ. էջ 95):
Փոխեր. -- Այս ժամերգութեան առաջին երկու մեծ փոխերը հետեւեալ սաղմոսներէն կը բաղկանան.
1. Խոնարհեցո, Տէր ... ՁԵ. 1-16. «զոր երանելոյն Ներսէսի Հայոց
Կաթողիկոսի յաւելեալ է» (Կանոն, Ե. Ժող. Դուինի. 23):
2. Ապրեցո զիս, Տէր ... ՃԼԹ. 1-14.
Տէր կարդացի առ քեզ ՃԽ. 1-10.
Ձայնիւ իմով ես առ Տէր կարդացի. ՃԽԱ. 1-8:

Երգ կիրակամտից. -- «Լոյս զուարթ» շատ հին երգ մըն է, կիրակամտի յատուկ, յունական ծագումով: «Ոմանք մայր բանիս զԱթանագինէս եպիսկոպոս ասեն զՍեբաստացին, զի յիւրում ճառին փոքր ինչ նշանակութիւն տայ բանին ճշմարտութեան» (Անձեւացի, էջ 200): Ակադ. Մանուկ Աբեղեան կը գրէ թէ Յովհան Մանդակունի թարգմանած է յունարէնէ Երեկոյեան ժամերգութեան հռչակաւոր «Լոյս զուրաթ» օրհներգութիւնը: -- Հայոց Հին Գրականութեան Պատմութւն, Գիրք Առաջին, Երեւան, 1944, էջ 358: -- Քննութիւն մը Լոյս Զուրաթ Երգին վրայ, տես Բազմավէպ, 1912, էջ 282-284:

Մաղթանք. -- «Օրհնեալ Տէր ...», Անձեւացի կը գրէ. «Ոմանք Յովհաննու Մկրտչի ասեն ասացեալ զաղօթս եւ յոյճ ստեն. եւ այռք ոմանք պնդին թէ ոչէ նորա, եւ ճշմարիտ ասեն. զի ոչ ունի զնմանութիւն: Այլ թէ Յովհաննու Մանդակունւոյ է որպէս եւ այլ աղօթքն եւ քարոզքն, եւ թէ այլ ումեք, չէ յայտ» (Մեկն. Ժամ. էջ 196):
Այս մաղթանքը ուրիշ տեղ Պետրոս Սեբաստացիի՝ Բարսեղի եղբօր՝ կ՚ընծայուի (Տես Տաշեան, Մայր Ցուցակ Ձեռագրաց, Վիեննա, 1895, էջ 512):

Աղօթք. -- «Լուր ձայնից մերոց ...» Անձեւացիի մեկնութեան մէջ սոյն աղօթքը կը վերջանայ այսպէս. «զմեծվայելչական փառաբանութիւն միշտ ի բարձունս առաքեսցուք ամենասուրբ երրորդութեանդ, այժմ եւ միշտ եւն.» (էջ 213): Ինչպէս կանխաւ ըսինք՝ Բարձրբերդցի Կաթողիկոսը փոխեց այդ վերջաւորութիւնը այժմեան ձեւին:

Համբարձի զաճս իմ ի լերինս ... Սղմ. ՃԻ. 1-8:

Արձակման փոխ. -- Եկու փոխեր սահմանուած են, այսպէս.
1). Մարտիրոսաց եւ պահոց
Որ բնակեալն է յօգնութիւն բարձրելոյն ... Ղ. 1-16.
Առ քեզ, Տէր, համբարձի զաչս իմ ... ՃԻԲ. 1-4.
Աստուած, յանուան քում կեցո զիս. ԾԳ. 3-9:
Լեւոն Բ. թագաւորի (1270-1289) ժամագրքին մէջ «Որ բնակեալն է յօգնութիւն բարձրելոյն» սաղմոսին ի վերջ կայ՝ կարմիրով՝ հետեւեալ ծանօթութիւնը. -- «Տէրունական տաւնիցն ոչ ասի Հայր գթածն եւ ոչ սաղմոս: Այլ քարոզէ սարկաւագն ըստ պատշաճի աւուրն եւ ասի արձակման աղաւթքն: Եւ աղուհացիցն զկնի Հայր գթած աղաւթիցն ասի Տէր Ամենակալ ...»: -- Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք, Բ. տարի, էջ 56:
2). Կիրակամտից
Աստ օրհնեցէք ... Սղմ. ՃԼԳ. 1-3.
Խոստովան եղէց քեզ, Տէր ... ՃԼԵ. 1-8.
Աստուած յանուան քում կեցո զիս ... ԾԳ. 3-9:

Փակման քարոզ եւ Աղօթք. -- Տէրունի օրերու փակման քարոզն ու աղօթքը փոփոխելի են, այսպէս.
1). Ընդհ. Տէրունեաց -- Խնդրեսցուք - Թագաւոր խաղաղութեան.
2). Յայտնութեան եւ Աստուածածնի - Ս. զԱստուածածինն - Ընկալ Տէր.
3). Խաչի - Ս. Խաչիւս - Պահպանեա.
4). Եկեղեցւոյ - Ս. Եկեղեցեաւս - Ի մէջ տաճարիս.
5). Հոգեգալստեան - Գոհաբանելով - Խաղաղութեամբ քով:

Ժամասացութեան կարգը Տես Օրացոյց 1942, էջ 210-212:

8. -- Խաղաղական Ժամ

Խաղաղական Ժամի կատարման պահն է արեւամուտէն անմիջապէս յետոյ:
Խաղաղականը կը կոչուի նաեւ Հանգստեան ըստ Անձեւացիի (Տես էջ 226), իսկ Սիւնեցի կը գրէ լոկ «Հանգստեան Ժամ» (Արարատ, 1916, էջ 139): Ս.Յ.Թ. 1946 ձեռագիրը, որ օրինակուած է Սկեւռայի մէջ, 1310 թուին, կը պարունակէ ժամագիրք մը - քարոզներ եւ աղօթքներ միայն - ուր Երեկոյեան Ժամուն կը յաջորդէ Հանգստեան Ժամը. կը սկսի «Ի կարդալ» սաղմոսով, եւ կը վերջանայ «Տէր Աստուած մեր» աղօթքով - հմմտ. Ցուցակ Ձեռ. Ս.Յ., Զ. հատոր, էջ 499:

Անձեւացիի համաձայն «յետ խաղաղականին աղօթից՝ այլ չէ արժան ընդ ումեք խօսել: Այլ ահիւ եւ դողութեամբ պարտ է ննջել, եւ յանկողնին հանդէս առնել մտացն թէ ի մանկութենէ մինչեւ ի նոյն ժամն ի՛նչ մեղէ է գործեալ, կամ յանցեալ աւուրն ինչ է սխալեալ բանիւ կամ գործով եւ կամխորհրդով, եւ զղջալ յանկողին» (էջ 227):
Այս ժամերգութիւնն ալ ամէնօրեայ չէր. «Տօնական օրերուն՝ ուր Արեւագալը զանց կը լինէր, Խաղաղականը եւս կը դադրէր» (Հայ Ծէսը, էջ 162):
Կանոն Սաղմոսի. -- Խաղաղականի սկիզբը Սաղմոսի ութերորդ կանոնը՝ «Ի նեղութեան» պէտք է ըսուի ըստ Ժամագրքի խրատին: Ասիկա «յիշատակ մ՚է թէ ինչպէս մի աւուր մէջ բոլոր Սաղմոսը կը քաղուէր հասարակաց աղօթից համար» (Օրմանեան, Հայ Խօսնակ, 1936, էջ 61):

Փոխ. -- Սա կը բաղկանայ հետեւեալ ութ կտոր սաղմոսներէն.
Ի կարդալ իմում լուար ինձ ... Դ. 1-8.
Տէր, մի սրտմտութեամբ քով յանդիմաներ զիս ... Զ. 1-16.
Մինչեւ յերբ դնեմ զխորհուրդս յանձն իմ ... ՃԲ. 1-6.
Պահեա զիս, Աստուած ... ԺԵ. 1-14.
Լուր Տէր արդարութեան ... ԺԶ. 1-15.
Դատ արա ինձ, Աստուած ... ԽԲ. 1-7.
Աստուած, յօգնել ինձ նայեաց ... ԿԹ. 1-6.
Տուր զօրութիւն ծառայի քո ... ՁԵ. 15-16:

Շնորհեա մեզ Տէր. -- Այս երգին ակնարկութեամբ Անձեւացի կը գրէ. «որպէս եւ ի Սեւանայ կղզւոյն է յայտ. վասն որոյ եւ զերգս ասի երգել ի յայտնիլ դաւաճանող թշնամեացն» (էջ 231): Օրմանեան իրաւամբ կ՛ըսէ. «չենք կարծեր թէ այն ատեն շարադրուած լինի այդ երգը, զի ըստ ձեւոյն եւ ըստ կազմութեան աւելի հին կ՚երեւի» (Հայ Խօսնակ, 1936, էջ 62): Արդարեւ Սիւնեցի կը ճանչնայ զայն եւ կը մեկնէ կոչելով «Եսայեայ բանագործութիւն» (Արարատ, 1916, էջ 140-141): Երգին սկիզբը մի քանի տուն Սաղմոսէն առնուած է (ՁԷ. 2,3), իսկ մնացեալը քաղուած Եսայիէն (հմմտ. Ը. 9, 10, 12, 13, 17, 18, Թ. 2, 6):

Փոխ. -- Տէր լոյս իմ եւ կեանք իմ ... ԻԶ. 1-14:
Փոխ. -- Երանեալ են ամբիծք ... ՃԺԸ. 1-176:
Ստեղի. -- Հինգ պատկեր ստեղիները դրուած են օրական յիշատակներու պատշաճին համեմատ.
Բշ. -- Հրեշտակաց,
Գշ. -- Յովհաննու Մկրտչի,
Դշ. -- Աստուածածնի,
Եշ. -- Առաքելոց,
Ուր. -- Խաչի1

նման Արարչականի մէջ եղած յիշատակութեանց: Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն չկայ ստեղի, որովհետեւ այդ օրերուն խաղաղական ժամ չի կատարուիր: Այս ստեղիները կ՚երգուին մեծ պահոց մէջ, միջինքէն սկսեալ, օրական մէկ տուն:
Սրբուհի Մարիամ շարականին հեղինակութիւնը կը վերագրուի Ստեփանոս Սիւնեցիի քրոջ Սահակդուխտ Սիւնեցիի, Ը. դար: Օրբէլեան (Ա. 182) կը գրէ. «եւ արար կցուրդս եւ մեղեդիս քաղցրեղանակս, յորոց մին՝ Սրբուհին Մարիամ, որ իւրով անուամբն է յօրինեալ»: Սակայն պէտք է դիտել որ այդ շարականին վրայ իր անունը չ՚երեւիր: Ըստ Գնել Ծ.Վ. Գալէմքեարեանի, «Սահակդուխտ կոյսի յօրինած ու երգած տասն տուն (իր անուան տառերու թուով) շարականներէն մի միայն երկու տուներ՝ առաջինն ու վեցերորդը հասած են մեզի, «Սրբուհի» եւ «Դասք» սկզբնաբառերով, որոնք զոյգ մը պատուական մարգարիտ են ապաքէն» (Տաճար, Շաբաթաթերթ, 1912, էջ 352): Այս վերագրումը ընդունելի չէ սակայն: Սահակդուխտի գրածը կցուրդ մըն էր եւ ոչ թէ շարական: Այդ կցուրդը տես Հասկ, 1951, էջ 366:
________________________________________________________________
1Բիւզանդական ծէսին մէջ օրերու պատշաճները գրեթէ համաձայն են մերինին հետ, այսպէս.
Կիր. -- Յարութեան եւ Ս. Երրորդութեան,
Բշ. -- Հրեշտակաց,
Գշ. -- Յովհաննու Մկրտչի,
Դշ. -- Ապաշխարութեան (Մատնութիւն Յուդայի)
Եշ. -- Առաքելոց
Ուր.-- Խաչի
Շբ. -- Ամենայն սրբոց եւ ննջեցելոց
Հմմտ. Liturgies Orientales, par S. Salaville, 1932, էջ 78:

9. -- Հանգստեան Ժամ

Հ. Վարդան Հացունիի համաձայն՝ «Հանգստեան»ը բոլորովին նորամուտ աղօթք մ՚է համեմատութեամբ այլոց (Հայ Ծէսը, էջ 163): ԺԳ. դարու վերջերը կ՚երեւի իբրեւ առանձնական աղօթք եւ երկու դար յետոյ, ԺԵ. դարու երկրորդ կէսին, կը սկսի դառնալ հասարակաց (վկայութիւնները տես անդ էջ 163-164):
Հանգստեան Ժամը պիտի կատարուի անկողին մտնելէ անմիջապէս առաջ:
Օրմանեան սապէս կը մեկնէ Հանգստեան Ժամին ծագումը: «Հանգստեան Ժամու ծագումը կրնանք մեկնել ըսելով թէ Խաղաղականը, որ պիտի զրուցուէր անկողին մտնելէ անմիջապէս յառաջ, սկսած է (կատարուիլ) դիւրութեան համար արեւի մտնելէն յետոյ, փոքր մաս մը թողլով կամ կրկնելով անմիջապէս յառաջ քան զընկողմանելն եւ այս փոքրիկ մասը հետզհետէ աճելով եղած է մի յատուկ ժամ, վրան առնելով Խաղաղականին երկրորդ անունը, զոր Անձեւացի ալ կը յիշէ Հանգստեան Ժամ կոչելով» (Հայ Խօսնակ, 1936, էջ 78):

Ըստ Սահակ Վրդ. Ամատունիի, «Եկեսցէն յօրինուած է Վանականի օրօք, եւ այս թերեւ ժամասէր վարդապետիս ձեռքով, իւր սիրելի ձեռակերտ Խորնաշատ վանքում» (Արարատ, 1902, էջ 805):
Փոխ. -- Հետեւեալ տասնեւհինգ հատուածներու միացումով ձեւացած է այս երկար փոխը.
Եկեսցէ ի վերայ իմ ... Սղմ. ՃԺԸ. 41-56,
Զանօրէնս աստեցի ... ,, ,, 113-120,
Մերձեսցին խնդրուածք իմ ... ,, 169-176,
Մի եկեսցեն ի վերայ մեր ... ԼԵ. 12-13,
Ես ի Տէր յուսացայ ... Օրհ. Ամբ. 25-26 (Հմմտ. Ամբ. Գ. 18-19),
Որ բնակեալն է ... Սղմ. Ղ. 1-16,
Առ քեզ, Տէր, համբարձի զաչս իմ ... Սղմ. ՃԻԲ. 1-5,
Աստուած, յանուան քում կեցո զիս ... ,, ԾԳ. 3-9,
Օրհնեալ ես դու ... (Օրհ. երից մանկանց) Դան. Գ. 52-56,
Օրհնեցէք զԱստուած ի սրբութեան նորա ... Սղմ. ՃԾ. 1-6,
Արդ արձակեա զծառայս քո ... Ղտս. Բ. 29-32,
Ձգեցեր զձեռն քո ... Սղմ. ՃԼԷ. 7-8,
Տէր հան ի բանտէ ... ՃԽԱ. 8,
Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր ... Ղտս. Ա. 47-55,
Տուր զօրութիւն ծառայի քո ... Սղմ. ՁԵ. 15-16:

Սաղմոս Աւետարանի. -- «Խաղաղութեամբ յայս եւ ի սոյն ննջեսցուք», Դ. 1-9:

Անկանիմք. -- Աստուածայայտնութեան Ճրագալոյցի ողորմեա շարականն է, որ
այժմ իբրեւ բացման մաղթանք կ՛արտասանուի այս պարագային: Վերջին
տունը ծանօթ է արդէն իբրեւ ամէնօրեայ մաղթանք զկնի Սուրբ Աստուածի:
Օրհնեալ եղերուք-ով հաւատացելոց արձակումը թէեւ միայն այս ժամերգութեան եւ Ս. Պատարագի վախճանին նշանակուած է, սակայն ընդհանուր սովորութիւն է ամէն ժամասացութենէ յետոյ ժողովուրդը արձակել նոյն օրհնութեամբ: «Հանգերուք» բառը ցոյց կու տայ որ հաւատացեալները պիտի երթան գիշերային հանգիստով կազդուրուելու, մինչեւ որ վերստին ծագի առաւօտեան լոյսը:



Այս համակարգչային հանգրվանը ստեղծվել է Հայկական Ազատ Ցանցի կողմից, որն իրականացվում է ՄԱԿ-ի
Զարգացման Ծրագրի Հայաստանյան գրասենյակի ARM/96/002 «Ինտերնեթ» ծրագրի շրջանակներում:

Երևան 2000