ԱՐՁԱԿՆԵՐԸ
1 - Ատենաբանութիւն
Կը խօսի խուռներամ բազմութեան առջեւ այն օրը՝ երբ կաթողիկոս կ՝օծուէր: Կը դրուատէ իր նախորդի՝ Գրիգոր Գ.ի արժանիքները: Համեստօրէն կը յայտնէ իր ուժերու տկարութիւնը՝ նման վեհ պաշտօնի պարտականութիւններն ստանձնելու , մանաւանդ ժամանակաի աննպաստ պայմաններուն մէջ. «Զարհուրիմ երկիւղիւ նայեցեալ յիմս տկարութիւն եւ մեծի այսր աստիճանի բարձրութիւն եւ ծանրութիւն, մանաւանդ ի չար եւ յանմասն բարեաց ժամանակիս»: Կը հաղորդէ՝ թէ կ՝ընդունի կաթողիկոսական վսեմ իշխանութիւնը, անսալով ժաղովականներու ձայնին, իբրեւ աստուածային ձայնի:
Առանց ճարտասանական երանգաւորման, պարզ, յստակ այլ ոգեշունչ խօսքերով՝ Շնորհալի կու տայ այս իմաստալից ատենաբանութիւնը, կը խնդրէ օժանդակութիւնը իր գործակիցներուն, նաեւ աղօթքն՝ իր ժողովուրդի, պաշտօնի բարւոք կատարման համար:
2 - Թուղթ Ընդհանրական
Հայրապետական իր առաջին կոնդակն է, ուղղուած ժողովուրդի բոլոր դասերուն. «Թուղթ Ընդհանրական առ համօրեն հայասեռ ազինս»: Նախ՝ կը հաղորդէ իր ընտրութիւնը՝ իբրեւ հայ եկեղեցւոյ պետ, կը ծանուցանէ կաթողիկոս եղբօր վախճանումը. «Ինքն նաւու հաւատոյ ընդ ծով աշխարհիս՝ հողմով հոգւոյն ուղղակի նաւապետեալ ճշմարտութեամբ եւ առաքինութեամբ եհաս անվնաս, յանքոյթ եւ յառանց ալեաց նաւահանգիստն եւ զմեղ եթող ի տաժանելի եւ յաղցաւոր կեանս... ծանրութեան բեռանց ի ներքոյ՝ հոգեւորաց եւ մարմնաւորաց»:
Սկիզբը՝ կու տայ հաւատոյ մասին դաւանութիւն մը, ուր կը պարզուին կրօնական գիտելիքներ՝ մեկնողական անդրադարձութիւններով, ինչպէս նաեւ վերլուծումներ՝ Ս. Երրորդութեան անբաժանելիութեան, հաւատքի, բարի գործերու եւ այլ կրօնաբարոյական հարցերու մասին:
Ապա՝ կը բացատրէ՝ թէ ին՞չու հարկ տեսած է ինք՝ թուղթերով խօսելու իր ժողովուրդին հետ: Այս բաժինը տրուած է անջատ կերպով, մեր յուշամատեանին մէջ:
Այնուհետեւ Շնորհալի իր հայրագորով խօսքը կ՝ուղղէ ժողովուրդի ինն դասերուն, որոնք են. կրօնաւորներ կամ վանականեր. վանահայրեր, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, իշխաններ, զինուորաց դաս, քաղաքացիներ, երկրագործներ ու գիւղացիներ եւ ամբողջ ժողովրդականք, կանանց դաս: Ամէն մէկ դասու, իրենց վիճակին համապատասխան խրատներ կու տայ, կը մատնանշէ այն թերիները, զորս նկատեր է ինք, այդ դասերուն մէջ: Կը վերլուծէ նաեւ կեանքի բոլոր թերի կողմերը, ցոյց տալով արդար եւ ուղիղ վարքի կանոնները:
Թուղթ Ընդհանրականի իւրաքանչիւր գլխի մէջ կան եկեղեցական կանոններու, իրաւունքի եւ պարտքի, ծէսերու եւ աւանդութեանց յատուկ գլխաւոր կէտեր: Այս երկը առձեռն պատրաստ կանոնագիրք մըն է՝ եկեղեցականներու համար, որոնք շատ մը հարցերու պարզաբանութիւնը կրնան գտնել այնտեղ: Շնորհալի ի Թուղթ Ընդհանրականը աշխարհաբարի վերածած է՝ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան:
3 - Մեկնութիւն Մատթէի
Շնորհալի, իր կեանքին վերջին շրջանին՝ սկսեր էր մեկնել Մատթէոսի աւետարանը: Այս մեկնութիւնը Շնորհալի ի գլխաւոր գործերէն մին կը համարուի, բայց թերաւարտ է, կը հասնի մինչեւ հետեւեալ խօսքը Աւետարանչին. «Մի համարիք եթէ՝ եկի լուծանել զօրէնս» (գլուխ Է., համար 17): Յայտնի չէ՝ թէ ին՞չու կէս թողած է: Իբրեւ պատճառ ցոյց կը տրուին իր բազմազբաղ վիճակը եւ իր ոյժերու տկարութիւնը՝ կեանքի վախճանին մօտիկ:
Դար մը վերջ, Յովհաննէս Պլուզ Երզնկացի (ԺԳ. դար) կ՝աւարտէ այս գործը: Այս մատենագիրը եւս չէ կրցած ստուգել այն շարժառիթը, որով Շնորհալի անկատար թողած է զայն. «Ոմանք զմահն ասացին խափանումն եւ այլք՝ զհոգ հայրապետական աթոռոյն եւ կէսք՝ թէ գրեաց բայց չէ ի միջի, բայց սոքա ինձ ո՝չ եղեն հաւանելի»:
Շնորհալի ի մեկնութիւնը գեղեցիկ է, տրուած է պարզ, դիւրահաս ոճով, ընդհանրապէս հետեւած է Ոսկեբերան ի, բայց ընդարձակած ու խորացուցած է անոր վերլուծական համառօտ արտայայտութիւնները:
4 - Մեկնութիւն ՚՚Բարձրացուցէք՚՚ի
Դաւիթ Անյաղթ ունի «Խաչի Ճառ» մը, ներբող մը՝ որ կը սկսի «Բարձրացուցէք զտէր Աստուած Մեր» սկզբնաւորութեամբ: Դ. Անյաղթ Ե. եւ Զ. դարերու մատենագիր է, կրտսեր թարգմանիչներու դասէն եւ հին հայ փիլիսոփաներու շարքէն, կը կոչուի «Եռամեծ փիլիսոփայ» պատուանունով: Դ. Անյաղթի «Խաչի Ճառ»ը մեկին եւ դիւրըմբռնելի չէր ըստ բաւականի: Հաղբատ ի վանքի առաջնորդ՝ Վարդան վարդապետի խնդրանքին վրայ, Շնորհալի մեկնեց ու պարզաբանեց զայն:
5 - Մեկնութիւն Կաթուղիկեայց
Համառօտ մեկնութիւնն է՝ եօթն կաթուղիկեայ թուղթերու, աւելի ամփոփ, քան՝ Սարգիս Շնորհալիի մեկնութիւնը: Ն. Շնորհալի, իր այս աշխատասիրութեան մէջ՝ հետեւած է Ոսկեբերանի, Կիւրեղի Բարսեղի Գրիգորի եւ այլ վարդապետներու:
6 - Ներբող Հրեշտակաց
Երկար ճառ մըն է՝ հրեշտակներու դասուն վրայ եւ բոլոր երկնային զօրութեանց մասին. «գովեստ ներբողական՝ բացասութեամբ յաղագս տօնի գերագունից էութեանց հրեշտակապետանց սրբոց...եւ ամենայն երկնային զօրութեանց»: Շնորհալի, կը հետեւի եկեղեցւոյ աւանդութեան կամ Դիոնիսիոս Արիսպագացիի համանման մէկ երկին, ասկէ սկիզբ կ՝առնեն կարգ մը յունաբան խրթնութիւններ: Այս ներբողէն զատ, Շնորհալի՝ իր եղբօր Գրիգոր Կաթողիկոսի խնդրանքով գրած է չափածոյ գովեստ մըն ալ: Կը դրուատէ հրեշտակները, իբրեւ «մերձաւորագոյնք եւ խնամողք մարդկան»:
7 - Թուղթեր Եկեղեցիներու միութեան Առընչութեամբ
Այս թուղթերը գրուած են՝ թէ իր կաթողիկոս եղբօր փափաքով եւ թէ՝ իր կամքով անջատաբար: Ընդհանուր կերպով կը կոչուին «Պատճառ Խնդրոյ Միաբանութեան»:
Ա.- Թուղթ առ մեծ իշխան Ալէքս, փեսայ՝ Կիռ Մանուէլ Կայսեր
Ն. Շնորհալի այս թուղթով կը ներկայացնէ հայ Եկեղեցւոյ հաւատոյ դաւանութիւնը, կը պարզաբանէ եկեղեցական կարգերը, տօներն ու աւանդութիւնները: Կը պատասխանէ Յունաց տարակոյսներուն՝ այս հարցերուն մէջ:
Բ.- Թուղթ առ Կայսրն Մանուէլ
Յունաց կայսրը խնդրած էր Գրիգոր Գ. է, իր Ներսէս եղբայրը Բիւզանդիոն ղրկել: Շնորհալի այս թուղթով՝ կը հաղորդէ վախճանումը իր Կաթողիկոս եղբօր, կը յիշէ իր պաշտօնին ծանրութիւնը, որով հնարաւոր չէ իրեն՝ պատասխանել այդ հրաւերին: Կը խօսի քրիստօնէական սիրոյ եւ խաղաղութեան վրայ, իմաստուն հայացքներով:
Գ.- Թուղթ առ Մանուէլ Կայսր
Կայսեր ներկայացուցիչ Թէորիանէ ի խնդրանքով գրուած է: Այս պատգամաբերը անձամբ կը գտնուէր Շնորհալի ի մոտ: Շնորհալի այս թղթով՝ անգամ մըն ալ կ՝ուզէ բառնալ այլեւայլ վարանումները կայսեր եւ իր ներկայացուցիչին՝ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքին եւ կարգերուն մասին:
Դ.- Թուղթ առ Նոյն Կայսրն
Երրորդ համառօտ թուղթ մըն է կայսեր ուղղուած: Կը բացատրուի թէ հայերը ի՞նչ նտքով Քրիստոսի մէջ կը դաւանին մի բնութիւն, համաձայն Կիւրեղ Աղեքսանդրացի պատրիարք ի վարդապետութեան, որ է՝ «Մի բնութիւն բանին մարմնացելոյ»:
Ե.- Թուղթ առ Միքայէլ պատրիարք Յունաց
Նոյն հարցի վրայ Յունաց Բիւզանդիոնի Պատրիարքին ուղղուած թուղթ մըն է:
Զ.- Թուղթ առ Համօրեն Եպիսկոպոսունս եւ Վարդապետս Հայոց
Յոյներու տեւական, տաղտկալի եւ մոլեռանդ դիմումներուն, նաեւ ճնշումներուն դիմաց, Շնորհալի չ՝ուզեր այլեւս առանձին թղթակցիլ: Կը հրաւիրէ Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսները, վարդապետներն ու վանահայրերը, Աղուանից աշխարհէն մինչեւ Կեսարիա եւ Արեւմտյան կողմեր: Կը յայտնէ Յունաց ձգտումներն ու հետամտութիւնները: Կը հրաւիրէ՝ որ անոնք խորհին, պատրաստ ըլլան, ի հարկին միասնաբար պատասխանելու: Յունաց ալ կը հաղորդէ՝ թէ Ինքն առանձին՝ ո՝չ մէկ առաջարկ կամ փոփոխութիւն կրնայ ընդունիլ «առանց համօրէն եկեղեցականց եւ ժողովրդականց»:
Ընդհանուր ժողովի մը գումարման համար, իր այս շրջաբերական թղթոյն պատասխանը դեռ չստացած՝ կը վախճանի Շնորհալի Հայրապետը: Իր մահուան գոյժը երբ կը ստանայ Կիռ Մանուէլ կայսր կը հառաչէ ու կ՝ըսէ. «Մեծ զգայարան եւ արթուն՝ բարձաւ այսօր յեկեղեցւոյ Աստուծոյ. զրկեցան հայք՝ յերկրորդ Լուսաւորչէն իւրեանց»:
Այս թուղթերու արժեքը
Ա.- Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, եկեղեցիներու միութեան հարցի կապակցութեամբ՝ ունին ուրոյն կարեւորութիւն:
Բ.- Իբրեւ պերճախօսութիւն՝ կը ներկայացնեն գրական արժէք, լեցուն են առողջ տրամաբանութեամբ, ճշգրիտ վերլուծումներով, ճարտասանական ընտիր արտայայտութիւններով:
Գ.- Ասոնց մէջ խտացած է Հայ եկեղեցւոյ դաւանանքը: Դաւանական եւ ծիսական հարցերու՝ դիւրահաս ու պարզ արտայայտութիւններ են անոնք:
Ներսէս Ե. Աշտարակեցի Հայրապետը (Կաթ. 1843-1857), Ռուսաց Սինոգ ին, 1850 ին՝ այս թուղթերը կը ցուցանշէր որպէս Դաւանագիրք Հայ Եկեղեցւոյ:
8 - Շնորհալի ի այլեւայլ Թուղթերը
Ա.- Գիր շրջաբերական ի կողմանս Արեւելից ի Կարս
Քաղաքի հոգեւոր առաջնորդ՝ Աբրահամ Եպիսկ. վախճանած ըլլալով, ժողովուրդի բաղձանքով՝ Շնորհալի Եպիսկոպոս կ՝օծէ Խաչատուր անունով եկեղեցականը: Այս թուղթը օրհնութեան գիր մըն է նորընտիր առաջնորդին ուղղուած, նաեւ յորդորական մը՝ ժողովուրդին:
Բ.- Բան Մխիթարութեան առ վտանգեալսն մարմնով
Մեծն Ներսէս ի օրերէն (Դ. դար), ուրկութեան կամ բորոտութեան ախտի տեղաճարակներ կմ առանձնակի պարագաներ կը յիշուին: Մերձականեր՝ կը խորշէին ախտաւորներէն, թ՚է վարակումի վախով ե՚ւ թէ արգահատելի մտայնութեամբ՝ զանոնք նկատելով պատուհասեալներ Աստուծմէ: Մ. Խորենացի կը վկայէ այս մասին. «Բորոտք հալածեալ լինէին, իբրեւ պիղծ համարեալ...»: Մեծն Ներսէս անոնց համար ուրկանոցներ շինել տուած էր:
Ութ դար վերջ, Շնորհալի ի օրերուն, Եդեսիոյ կողմերը՝ այս հիւանդութեան համաճարակ կը պատահէր: Հիւանդները իրենց բախտին կը լքուէին: Անոնց անունով՝ գիր մը կ՝ուղղուի առ Շնորհալի, կը պարզուի թշուառ վիճակն իրենց՝ խնամք ու հոգածութիւն կը խնդրուի: Շնորհալի խորապէս յուզուած՝ կը գրէ իր սփոփարար նամակը: Հոգեպէս կը զօրացնէ վարակեալները, կը յիշեցնէ Յովբ ի օրինակը, անոր համբերութիւնն ու վերջի երանութիւնը: Կը ձաղկէ անտարբերութիւնը մերձաւորներու եւ կը թելադրէ. «ամենայն մարդոյ, որ առողջ են մարմնով՝ ձեռնտու լինել տկարացն եւ ո՚չ հակառակ նոցին»:
Գ.- Յաղագս Արեւորդեացն Դարձի
Արեւորդիներ կային Հայոց մէջ, հինէն ի վեր, մանաւանդ եզերային կամ սահմանային վայրեր, մաս մըն ալ՝ Եդեսիոյ կամ Սամոսատի կողմերը: Հայ հեթանոսներ էին, առաւել կամ նուազ Պարսից եւ Մարաց նմանութեամբ: Կը պաշտէին արեւը, ինչպէս նաեւ բարտի ծառը, երբեմն ալ բամբակն ու շուշանը, անոր համար որ դէպի արեւ կը դառնային անոնք:
Ս. Գր. Լուսաւորիչ ջանցեր էր զանոնք հեռացնել այս աղանդէն, բայց ապարդիւն: Ն. Շնորհալի ի օրով, Սամոսատի առաջնորդ՝ Թորոս Եպիսկոպոսի միջոցաւ, այս աղանդաւորները դիմում կը կատարեն Հայրապետին մօտ, Ի Քրիստոնէութիւն դարձի փափաքով:
Շնորհալի իր թուղթով՝ կը յայտնէ իր ուրախութիւնը, կը յիշէ՝ թէ մասնակի եւ ուղղակի՝ այլ դիմումներ ալ եղած են իրեն: Կը հրահանգէ Թորոս Եպիսկոպոսը՝ «զանոնք ընդունիլ զգուշութեամբ, իմացնել իրենց՝ թէ արեւը լուսատու է երկրիս, Արարչէն դրուած՝ ինչպէս ուրիշ աստղեր ալ, թէ բարտի ծառը, զոր պատուէին, դէպ յարեւ դառնալուն, ուրիշ ծառերէ առաւելութիւն չունի, եւ թէ սուտ է՝ թէ Քս. ի խաչը բարտի ծառի փայտէն է, այնպէս ալ եթէ ըլլար, ծառն պատուելի չէր, այլ հին հեթանոսներէ առաջ եկած է այն պաշտօնն...»:
Շնորհալի է դար մը վերջ եւ աւելի յետոյ, տակաւին արեւորդիներու մնացորդբեր կային այլեւայլ տեղեր:
Դ - Առ Պօղոս Քահանայ Հայկազն
Յանդիմանական թուղթ մըն է, ուղղուած՝ այս անձին, որ կը գտնուէր Կ. Պոլիս եւ դաւանափոխ եղած էր: Յիշեալը, եկեղեցիներու միաբանութեան հարցին մէջ, կը վատաբանէր հայերը, ջանալով ի դերեւ հանել հաշտարար բանակցութիւնները: Շնորհալի զայն ի կարգ կը հրաւիրէր, յուղղութիւն բերելու համար:
Ե - Առ Ժպիրհ Ոմն
Շնորհալի այս վերնագրով ունի երեք թուղթ, ուղղուած՝ «ժպիրհ» եւ յանդուգն մէկուն, որ կը հակառակէր Հայրապետի հաշտարար ոգիին, եկեղեցիներու միաբանութեան հարցին մէջ, կը բամբասէր, կը չարախօսէր, նոյնիսկ նախատալից գրութիւններ կը յղէր անոր: Հայրապետը կը պատասխանէ հեզութեամբ, բայց այդ պատասխանները բաւական են արժանի դասը տալու այդ յանդուգն «ժպիրհ»ին: Երրորդ թուղթի վերջաբանին մէջ՝ կը ցոլայ Շնորհալիի իմաստուն մէկ հայեացքը. «թէ իսկ բոլոր լեզուները գովեն զիս այն բանին համար՝ որ իմ մէջս չկայ, հովերու հնչումներ կը համարիմ զանոնք: Եթէ մէկը դատէ ու պարսաւէ զիս բանի մը մասին, որուն համար խղճմտանքս չի՚ դատեր զիս, փոյթ անգամ չեմ ըներ: Իսկ եթէ մէկը խօսի բանի մը մասին զոր ունիմ, կը վշտանամ, ո՚չ թէ անոր ըսած ըլլալուն՝ այլ զայն ունենալուս համար»:
Զ - Առ Ստեփանոս Ոմն
Շնորհալի այս անձին խնդրանքով՝ Դ. Անյաղթ փիլիսոփայի «Սահմանք Իմաստասիրութեան» երկին վերջին գլուխը կը մեկնէ եւ այս մեկնութիւնը նամակաւ կը հասցնէ:
Է - Առ Երջանիկ Վարդապետն Գէորգ
Երեք համառօտ թուղթ են, ուղղուած՝ Հաղբատի առաջնորդ Գէորգ վարդապետին: Այս թուղթերը լեցուն են սիրով եւ քաղցրութեամբ: Պատասխան են՝ իր այս սրտակից բարեկամի սփոփարար գրութիւններուն, այն միջոցին՝ երբ չարախօսութիւններով՝ ոմանք կը դառնացնէին զՇնորհալի:
9 - Շնորհալիի Այլ Երկասիրութիւնները
Ա - Ասոնց մէջ գլխաւորն է՝ «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքը: Չքնաղ եւ սրտայոյզ աղօթք մըն է, գրուած՝ բոլոր քրիստոնեաներուն համար. «Աղօթք իւրաքանչիւր անձին հաւատացելոյ»: Յստակ ու պարզ է կառոյցով, լեցուն՝ լեզուի եւ իմաստի շնորհներով. «արարք զաղօթս զայսոսիկ պարզ եւ յստակ բանիւ վասն տգիտաց դիւրահաս լինելոյ յաղօթելեն իւրեանց»: Յօրինուած է՝ օրուան քսանեւչորս ժամի համար, ամէն կարիքի համար: «Քսանեւչորս տուն, քսանեւչորս անգին գոհար», կ՝ըսէ Հ. Ղ. Ալիշան: Ուրեմն՝ գրուած է՝ քսանեւչորս ժամու իւրաքանչիւրին համար մէկ մէկ տուն աղօթելու:
Շնորհալի, կը կցէ պատուիրագիր մըն ալ. «Ո՚վ որ կրնայ. օրն հինգ անգամ ըսէ այս աղօթքը կամ չորս անգամ, կամ առտու, կէսօր եւ իրիկուն, կամ գոնէ օրը մէկ անգամ, կամ գոնէ քանի մը տուն՝ բերան սովրելով եւ եկեղեցւոյ բոլոր օրական աղօթից կամ ժամասացութեան տեղ բռնէ»: Իւրաքանչիւր տուն կը վերջանայ նարեկաշունչ մրմունջով. «Եւ ողորմե՚ա քո արարածոց եւ ինձ՝ բազմամեղիս»:
Այս աղօթքը թարգմանուած է 36 լեզուի: Յուշամատեանի մէջ, մէկ մէկ նմոյշ դրուած են այդ թարգմանութիւններէն:
Բ.- Խրատ Ժամերգութեան
Շնորհալի դիտած էր՝ որ զանազան նորամուտ ձեւեր եւ սխալներ՝ եկեղեցական արարողութիւններու համակարգութիւնները խանգարելու բնոյթն ունին: Ուստի բերել կուտայ Մաքենեաց եւ Թեղինեաց վանքերու ժամակարգութեան հին ձեւերը: Այս վանքերուն մէջ հին օրինակներով հաւատարմօրէն կը պահուէին արարողութիւնները: Շնորհալի կը հրահանգէ ընդհանրացնել եւ գործադրել զանոնք, զգուշաւոր պահպանումով, որպէս զի նորաձեւ սովորութիւններ չսպրդին նախնեաց աւանդութիւններու մէջ:
Գ.- Վկայաբանութիւն Ս Սարգսի
Հաղբատի վանքին առաջնորդ Գէորգ վարդապետ մտերիմ բարեկամը՝ Շնորհալի ի, թուղթ մը կը գրէ Հայրապետին, խնդրելով բուն վկայաբանութիւնը Ս. Սարգսի: Շնորհալի, Մելիտինէ՝ի մօտ, ասորւոց հռչակաւոր Պարսամայ վանքին մէջ՝ փնտռել կու տայ չորս զանազան Ս. Սարգիսներու վարք, խնդրելով յատկապէս Սարգիս Զօրավարի յատուկ վարքն ու անոր թարգմանութիւնը՝ ասորերէն բնագրէն, Միխայէլ քահանայի միջոցաւ:
Այս թարգմանութիւնը լաւ չէր, որովհետեւ ասորի քահանան բաւարար հմտութիւն չունէր հայ լեզուի վրայ: Շնորհալի կը վերամշակէ զայն, կը հարթէ խրթին ոճը, կը վերածէ վճիտ հայերէնի:
Դ.- Թարգմանութիւն՝ Ոսկեբերանի ներբող ին առ Լուսաւորիչն
Յովհ. Ոսկեբերան խօսած է ներբող մը՝ ի պատիւ Ս. Գրիգոր Գ. Լուսաւորչի: Շնորհալի կը թարգմանէ զայն, Գրիգոր Գ. Կաթողիկոսի փափաքով:
|