www.christianity.am



Ս. Ներսես Շնորհալիի կեանքն ու վաստակը / Շնորհալիի գրական գործերը
Շնորհալիի չափածոյ երկերը / Եկեղեցիներու միութեան հարցը եւ սուրբ Ներսէս Շնորհալի


Եկեղեցիներու միութեան խնդրին մէջ Ս. Ներսէս Շնորհալիի դերն ու դիրքաւորումը եղած է միշտ դրական, իրաւախոհութեան մը յանգելու եւ փափաքելի միութիւնը իրագործելու ուղղութեամբ միշտ առաւելապես ջանադիր, առանց սակայն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնական դաւանանքէն եւ գլխաւոր ծէսերէն միակողմանի ու ինքնագլուխ զիջումներ կատարելու, եւ առանց երբէք Հայոց Եկեղեցին, փարախ վերադարձող մոլորեալի կամ խնդրամատոյցի ճկուն վիճակին ենթարկելու:

Բիւզանդիոնի Մանուէլ կայսեր ՚՚1143-1180՚՚ քաղաքական ուղղութիւններէն մէկն էր քրիստոնէական եկեղեցին օգտագործել, իր ազդեցութեան գօտիներն ընդարձակելու համար: Ուստի, երբ մէկ կողմէ, յոյն եւ լատին եկեղեցիներու միութիւնը իրագործելու ճամբով կը ձգտէր արեւմտեան Հռոմէական կայսրութեան թագն ալ ձեռք ձգել, միւս կողմէ Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներու միութեամբ կը յուսար վերջնականապէս իրեն հպատակեցնել Կիլիկոյ Հայ իշխանները:

Այդ միջոցին, Ներսէս Շնորհալին, որ իր Կաթողիկոս եղբօր հրամանով գացած էր հաշտեցնելու երկու հայ իշխաններ. Լամբրոնի տէր Օշին իշխանը եւ Թորոս Լեւոնին, որոնք սաստիկ գժտուած էին իրարու հետ, Մամեստիա քաղաքին մէջ տեսակցութիւն մը կ՛ունենայ Մանուէլ կայսեր փեսին Ալէքս դուքսին հետ, որ մեծապէս գոհացում գտնելով Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքին եւ ծեսերուն մասին Շնորհալիի տւած բացատրութիւններէն, որոնք մէկ առ մէկ կը հերքէին Հայ Եկեղեցւոյ մասին յոյներու մէջ տարածուած սխալ կարծիքները, կը խնդրէ որ այս բացատրութիւնները գրաւոր կերպով յանձնէ իրեն, որպէսզի կայսեր եւ պատրիարքին ներկայացնէ զանոնք:

Շնորհալիի այս դաւանութեան թուղթը առնելով, Մանուէլ կայսրը անմիջապէս իրեն հաւատարիմ Սմբատ իշխանի ձեռքով նամակ մը կ՛ուղարկէ Գրիգոր Գ. Պահլաւունիին, խնդրելով որ Շնորհալին Պոլիս ղրկէ, Հայ եկեղեցւոյ կողմէ մասնակցելու, արեւելեան եւ արեւմտեան եկեղեցիները միացնելու համար գումարուելիք ժողովին ՚՚1168ե: Բայց պատգամաւորը վախճանած կը գտնէ Գրիգոր Պահլաւունին, եւ Ներսէս Շնորհալին է որ իբր Կաթողիկոս կ՛ընդունի կայսերական հրաւէրը:

Ահաւասիկ այս հրաւերին տուած պատասխանին մէջ է որ յստակօրեն կը ցոլանայ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բովանդակ մեծութիւնը իբր հոգեւորական եւ ազգային գործիչ, իբրեւ Հայ Եկեղեցւոյ ազատ, անկախ եւ ինքնորոյն դիրքին գերագոյն պաշտպան, եւ իբր խաղաղասէր ու միաբանող ոգիի տէր, այլ իր համոզումներուն եւ դիրքաւորումին վրայ հաստատ կեցող արժանաւոր հովուապետ: Շնորհալին իր պատասխանին մէջ ցաւ կը յայտնէ որ, եկեղեցիներու միութեան նման աստուածահաճոյ գործի մը համար իսկ ըլլայ, անկարելի է Հայրապետական Աթոռը վտանգալից շրջապատի մը մէջ թողուլ ու գալ Պոլիս, հետեւաբար, դրւատելով կայսեր ջանքերը եկեղեցիներու միութեան ուղղութեամբ, այս գործին յաջողութեան համար կ՛առաջարկէ հետեւալ պայմանները.

1 - Այս խնդրի առնչութեամբ կայսրը անձամբ պէտք է արեւելք գայ:
2 - Վիճաբանութեան ատեն խոնարհ, հեզ ու քաղցր պէտք է ըլլայ:
3 - Պէտք է նախապէս պատուիրէ յոյն եկեղեցականներուն եւ ժողովուրդին որ չհայհոյեն Հայ Եկեղեցւոյ ծէսերուն եւ աւանդութիւններուն:
4 - Դէմ խօսակցութինը պէտք չէ ըլլայ իբրեւ տիրոջ եւ ծառայի, այլ հաւասարէ հաւասար:
5 - Վիճաբանութիւններու իբր հիմ պէտք է ընդունին միմիայն Ս. Գիրքն ու Ս. Հայրապետներու գրութիւնները, որոնց բաղդատութեամբ երեւան ելլելիք որեւէ դաւանական եւ ծիսական թերութիւն, երկու եկեղեցիներէն որուն մէջ որ ալ ըլլայ, իսկոյն դարմանուի:

Այս պայմանները դնելէ յետոյ, Շնորհալին կրկին ընդարձակօրէն կը ներկայացնէ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութիւնն ու աւանդութիւնները, եւ նոյն Սմբատ իշխանի ձեռքով կ՛ուղարկէ կայսեր, որ երկու տարի վերջ միայն կը պատասխանէ այս նամակին: Այդ միջոցին կայսրը զբաղած էր քաղաքական գործերով եւ արեւելեան ու արեւմտեան եկեղեցիներու միութեան համար կայացած ժողովով, որ արդիւնքի մը չյանգեցաւ, գլխաւորաբար յունաց Միքայէլ Անխիալոս պատրիարքին եւ հոգեւորականութեան անզիջող կեցուածքին հետեւանքով, ինչպէս որ դրական արդիւնք մը պիտի չտային նաեւ երբէք Հայոց հետ կատարուած բոլոր յետագայ թղթակցութիւններն ու բանակցութիւնները, գրեթէ միշտ նոյն պատճառաւ: Ահաւասիկ այն վերջնական 9 պայմանները, զորս կայսրը եւ պատրիարքը առաջարկեցին Հայոց, 1172 ի Դեկտեմբերին Թէորիանոս մագիստրոսը երկրորդ անգամ ուղարկելով իբր պատգամաւոր, եւ պահանջեցին որ բացայայտ ու որոշ պատասխան տրուի ասոնց.

1 - Նզովել Քրիստոսի մէջ մէկ բնութիւն ընդունողները:
2 - Դաւանիլ Քրիստոսի մէջ մէկ անձ, երկու բնութիւն, երկու կամք եւ երկու ներգործութիւն:
3 - ՚՚Սուրբ Աստուած՚՚ը առանց ՚՚Խաչեցար՚՚ի ու՚՚եւ՚՚ի երգել:
4 - Գլխաւոր տօները Ծնունդը, Մկրտութիւնը, Աւետումը եւ Տիառընդառաջը յունաց հետ տօնել:
5 - Ս. Միւռոնը ձէթով շինել:
6 - Խմորուած հացով ու ջրախառն գինիով պատարագել:
7 - Պատարագի ատեն քահանաներն ու ժողովուրդը եկեղեցւոյ մէջ պէտք է մնան, բացի ապաշխարողներէն:
8 - Ընդունիլ Դ. Ե. Զ. եւ Է. տիեզերական ժողովները:
9 - Հայոց Կաթողիկոսի վաւերացումը կայսեր ենթարկել:

Հակառակ ինքնահաւան Թէորիանոսի պնդումներուն թէ Շնորհալին բոլոր այս ծանր պայմաններն ընդունած, սակայն արեւելեան -Մեծ Հայք- եպիսկոպոսներուն ընդվզումէն քաշուելով որոշած է ժամանակ մը գաղտնի պահել իր համաձայնութիւնը, ստոյգ պատմութիւնը այլ կերպ կը մեկնաբանէ Շնորհալիի վարուելակերպը որ հակառակ իր բովանդակ խաղաղասիրութեան եւ յանուն միութեան որոշ զիջողութիւններ ընելու տրամադրութեան, չէ ուզած ինքնագլուխ գործել եւ իբր խոհեմ ու շրջահայեաց քաղաքագէտ, իր պատասխանին մէջ յայտնած է թէ այդ առաջարկները պէտք է բերուին Հայ ազգային եկեղեցական ժողովին առջեւ, որ յետ քննութեան անոնցմէ հնարաւորները կ՛ընդունի, ՚՚եւ այն յաղագս աստուածային սիրոյն հաղորդութեան եւ ոչ իբր ի մոլորութենէ դառնալով ի ճշմարտութեան՚՚...:

Իսկապէս ալ, Ներսէս Շնորհալի 1173 ին հրաւեր ուղղեց բոլոր Հայ եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն, որպէսզի ժողով գումարեն վերջնական պատասխան մը տալու համար: Սակայն նախ քան այս ժողովի գումարումը Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը վախճանեցաւ 13 Օգոստոս 1173 ին խոր սուգի մատնելով ամբողջ Հայ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Մանուէլ կայսրը որուն յոյսերը ի դերեւ ելան այս կերպով:



Այս համակարգչային հանգրվանը ստեղծվել է Հայկական Ազատ Ցանցի կողմից, որն իրականացվում է ՄԱԿ-ի
Զարգացման Ծրագրի Հայաստանյան գրասենյակի ARM/96/002 «Ինտերնեթ» ծրագրի շրջանակներում:

Երևան 2000