www.christianity.am

Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու հոգեւոր կեանքին սիրտը եկեղեցական ծէսը կամ աստուածապաշտական արարողութիւնն է: Այդ սիրտն է որ արիւն կու տայ, ոյժ եւ ուղղութիւն կը ներշնչէ հաւատացելներուն իրենց կեանքին մէջ ի յայտ եկած կացութիւններուն, դէպքերուն եւ հարցերուն, տագնապներուն եւ նեղութիւններուն նկատմամբ առողջ հոգեկան կեցուածքներ եւ վերաբերումներ ցոյց տալու համար: Եկեղեցւոյ հասարակաց, համայնական աղօթքը ներշնչարան մըն է, ուր մարդը կը բացուի Աստուծոյ եւ ուր Աստուած կը խօսի մարդուն: Աղօթելը Աստուծոյ հետ հաղորդութեան այն պահն է, որ մարդուն միտքը կը լուսաւորէ, սիրտը կը զօրացնէ, հոգին կ՝ազնուացնէ եւ կամքը կը լարէ դէպի բարին:

Քահանան Հին Կտակարանի աւանդութեան մէջ արդէն կը ճանաչցուէր որպէս տաճարի պաշտօնեայ, տաճարի արարողութիւնները կատարող անձ: Քահանայութիւնը յատուկ դասակարգ մըն էր, Ահարոնի անձով սկզբնաւորուած եւ խորհրդանշուած եւ ապա Ղեւիի ցեղին պատկանող: Մովսէս Սինայի բարձունքին Աստուծմէ իր ստացած պատուէրներուն մէջ ուներ նաեւ հետեւեալը. «Եւ դու մատուսցես առ քեզ զԱհարոն զեղբայր քո, եւ զորդիս նորա ընդ նմա՝ յորդւոց Իսրայէլի ՔԱՀԱՆԱՅԱՆԱԼ ԻՆՁ» (ԵԼԻՑ. ԻԸ. 1 հմմտ. ԼԲ. 25-26): «Եւ որք յորդւոցն Ղեւեայ՝ զքահանայութիւն առնուն» (ԵԲՐ. Ի. 5):

Քրիստոս Ինք նկարագրուած է նաեւ որպէս «Քահանայապետ». «Այլ Քրիստոս եկեալ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ հանդերձելոցն բարեաց, մեծաւն եւ կատարելովն եւ անձեռագործ խորանաւն, այսինքն է՝ որ ոչ յայսց արարածոց: Եւ ոչ արեամբ նոխազաց եւ զուարակաց, այլ իւրով արեամբ եմուտ մի անգամ ի սրբութիւնսն, յաւիտենականս գտեալ զփրկութիւն» (ԵԲՐ. Թ. 11-12): Դարձեալ թէ՝ «Դու ես քահանայ ըստ կարգին Մելքիսեդեկի» (ԵԲՐ. Է. 17), այսինքն անջնջելի, անփոփոխելի եւ յաւիտենական իշխանութիւն ունեցող քահանայապետը, որ տիպարն է ոեւէ քահանայի: Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ զարգացման հետ միասին, երբ հետզհետէ կազմակերպուեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան դրութիւնը, քահանան առաքելական, ուսուցողական իր պաշտօններուն հետ զուգընթաց եղաւ Եկեղեցւոյ արարողութիւններու, ծիսական, աստուածպաշտական արարքներու կեդրոնական դէմքը, նախ պատարագի մատուցումը ունենալով որպէս գլխաւոր պաշտօն: Ապա, նաեւ Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքի ղարգացման հետ միասին խորհուրդներու կատարման գլխաւոր անձը հանդիսացաւ: Երբ առաքելական ու քարոզչական, վարդապետական եւ մշակութային ծառայութիւնները սկսան ստանձնուիլ առաւելապէս վանական, կուսակրօն հոգեւորականութեան կողմէ, քահանան մնաց գլխաւորապէս ծիսակատար:

Զարգացման այս նոյն ընթացքը տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ: Հոգեւոր հավուութեան գործէն, քարոզչութեան պարտաւորութիւններէն, հայ ամուսնացեալ քահանայութեան գործունէութեան մէջ շեշտ ստացաւ մասնաւորաբար Եկեղեցւոյ Խորհուրդները ժողովուրդին հոգեկան կարիքներուն գոհացման համար կատարելու պաշտօնը: Կարելի է նոյնիսկ ըսել, որ այնքան լայն տեղ գրաւեց ան քահանայի գործունէութեան մարզին մէջ, որ հովուական եւ քարոզչական պաշտօնները որոշ չափով ստուերի տակ ինկան:

Հակառակ երբեմն մակերեսայնօրէն երեւակայուած եւ պատկերացուած ժողովրդական ըմբռնումին, ոչինչ կայ ըստ էութեան նուաստացուցիչ ծիսակատարութեան առաքելութեան մէջ: Քահանան Պատարագ մատուցանող, մկրտութիւն կատարող, պսակ օրհնող, թաղում ընող անձն է ժողովրդական ընթացիկ պատկերացումին մէջ: Տեսակ մը «ձեւական», «մեքենական» արարողութիւն մը կատարող սովորական պաշտօնեան կը նկատուի ան: Խորքին մէջ այս եւ նման արարողութիւններ կատարող անձը Եկեղեցւոյ ամենօրեայ կեանքին մէջ կեդրոնական, ամենէն կարեւոր դէմքն է, ժողովուրդին հոգեւոր կեանքին ամենէն մօտիկ անձը: Եւ ճիշդ այդ պատճառաւ ծէսին կատարումը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ պէտք է դառնայ հովուական աստուածաբանութեան ընթացքին մէջ, որպէսզի անոր գլխաւոր դէմքը եղող քահանան խորագոյն հարազատութեամբ իր պաշտօնը ըմբռնելու եւ վերամտածելու առիթ ունենայ, ըստ այնմ զայն ազդուապէս եւ արդիւնաւորաբար կատարելու համար:

1.- Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԾԷՍ

Ծէսը կարգն է, դասաւորումը այն խօսքերուն, երգերուն եւ արարքներուն, որոնք հաստատուած են Եկեղեցւոյ վերին իշխանութեան կողմէ, հաւատացեալներուն առիթ եւ ուղղութիւն տալով զԱստուած միասնաբար պաշտելու համար: Ասկէ՝ Աստուածապաշտութիւն բառը արպէս հոմանիշ Ծէս-ին: Բոլոր կրօնքները անպայման ծիսական աւանդութիւն մը ունին առաւել կամ նուազ ճոխութեամբ: Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դասական բացատրութիւնը ծէսին «կարգ հասարակաց աղօթից» է: Երկու բառեր յատկանշական են այս բնորոշումին մէջ ծէսի հասկացման համար: Կարգ. աղօթքը կարգաւորեալ, դասաւորեալ, ներդաշնակեալ նկարագիր ունի եւ ոչ թէ սոսկ անհատակ ինքնաբխումի եւ ինքնարտայայտութեան ու պարագայական ազատ արտայայտութեան ընթացք: Աղօթքի բաղկացուցիչ մասերը իրար են զօդուած ներքին իմաստի յարակցութեամբ եւ յատուկ բաժանումներու ենթարկուած իւրաքանչիւր բաժինը մասնաւոր կատարողներու յատկացուելով - սաղմոսասացի բաժին, սարկաւագի պարտականութիւն. քահանայի բաժին, խաչի, Աւետարանի գործածութեան մասնաւոր պարագաներ եւ ձեւեր եւ այլն:

Հասարակաց. աղօթքը համայնական բնոյթ ունի, այսինքն՝ տեղի կ՝ունենայ մասնակցութեամբը հաւատացեալներու հաւաքականութեան կամ բարեպաշտ հասարակութեան: Բոլոր կրօններու մէջ ընդհանրական երեւոյթ է սա: Քրիստոնէութեան առաջին իսկ օրէն կը տեսնենք անոր ներկայութիւնը Քրիստոսի կեանքէն առաքելներու սկզբնատիպ եւ որոշադրիչ ժամանակաշրջանին փոխանցուած: Քրիստոնէական կրօնի էութեան հետ կապուած երեւոյթ է ան: Որովհետեւ քրիստոնէութիւնը զուտ ահնատի կրօնք չէ, այլ համայնական կրօնք: Եկեղեցի բառը ինք կը նշանակէ հաւաքոյթը Քրիստոսով իրարու միացած անձերու:

Ծէսը կամ հասարակաց աղօթքը կը կոչուի նաեւ պաշտամունք, այսինքն պաշտելու արարք կամ արարմունք, կատարողութիւն: Գրաբարի մէջ պարզապէս՝ պաշտօն: Պաշտել բառը իր յունարէն սկզբնական բնագրային (Leiturgia) իմաստով կը նշանակէ ծառայել, ծառայութիւն մատուցել: Առհասարակ՝ ծառայել Աստուծոյ: Հանրային սպաարկութիւն, բարեսիրական ծառայութիւններ, նոյնիսկ հասարակաց սեղանի մը սպասաւորութիւն պաշտօն բառին մէջ կը հասկցուին:

Եկեղեցական իմաստով՝ պաշտամունքը որպէս Աստուծոյ ընծայուած փառաբանանք, Անոր ներկայացուած աղաչանք, Անոր մատուցուած ինքնանուէր պատրաստակամութիւն Իր փառքին եւ թագաւորութեան ծառայելու՝ հաւատացեալը կ՝առաջնորդէ իր հոգեւոր կեանքը մշակելու, իր ներքին անձնաւորութիւնը կազմաւորելու եւ զօրացնելու աշխարհին մէջ գործնական վկայութիւն տալու իր քրիստոնէական հաւատքին եւ սիրոյն մասին, շօշափելի ծառայութիւններ մատուցանելով մարդկութեան իր անմիջական, տեղական, շրջապատէն սկսեալ մինչեւ համայնքային, ազգային եւ ընդհանուր մարդկային մակարդակներու վրայ: Հետեւաբար, պաշտամունքը ներշնչման աղբիւր է, անձը զօրացնող ոյժ է կեանքին եւ գործին երջանիկ եւ երջանկաբեր պտղաբերմամբ ի խնդիր: Ուստի, քահանան ամենէն բարձր աստիճանի ուշադրութիւն պէտք է ընծայէ պաշտամունքի ազդու, իմաստաւոր կատարման, որպէսզի ան լիովին ծառայէ իր փրկագործական նպատակին:

2.- ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Եկեղեցական պաշտամունքը տեղի կ՝ունենայ առհասարակ եկեղեցւոյ մէջ, ուր մասնաւոր տեղեր եւ առարկաներ կ՝օգտագործուին անոր կատարման այս կամ այն մասին ձեւին համար.- դաս, ատեան, խորան, մոմակալ, խնկաման, աւետարան, խաչ, գրակալ, ծիսական գիրքեր՝ ժամագիրք, շարակնոց, ճաշոց, եւ այլն: Ոեւէ եկեղեցական ծէսի լաւ, ներզօր ազդեցութեամբ կատարման համար պէտք է նախ արտաքին, ֆիզիքական շրջագիծը եւ տեսավայրը ընել մաքուր, կոկիկ, վայելուչ, իւրաքանրիւր առարկայ իր տեղին մէջ դրուած պատշաճ կանոնաւորութեամբ: Երբ հաւատացեալը եկեղեցիէն ներս կը մտնէ, եկեղեցւոյ տեասնելի մթնոլորտը պէտք է գտնէ թելադրական, մղիչ՝ աղօթքի, ինքնամփոփման, ծիսական համակարգեալ արարողութեան: Եթէ եկեղեցին պարզէ անփութութեան արդիւնք եղող անմաքուր, անկարգ, փոշեծածուկ, թափթփած պատկեր մը, արդէն իսկ իր արտաքին երեւոյթով հաւատացեալին մէջ քանդած կ՝ըլլայ աղօթքի, ներամփոփման տրամադրութիւնը: Հետեւաբար, քահանային առաջին ծիսական պարտականութիւնը ծիսավայրը հասարակաց աղօթքին յարմար վայրի վերածելն է, մէկ խօսքով՝ զայն ընել իսկական աղօթավայր: Տակաւին, եւ աւելի կարեւոր, կայ ներքին մթնոլորտի հարցը: Անհրաժեշտ է որ եկեղեցւոյ պաշտօնեան մասնաւոր ուշադրութիւն ընէ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ եղողներու, թէ՚ ծէսին ուղղակիօրէն մասնակցողներուն եւ թէ՚ պարզ հաւատացեալներու ելեւմուտքին, քայլուածքին, շարժուածքին: Ծէսին մասնակցող ոեւէ անձ՝ քահանայ, սարկաւագ, դպիր, պէտք է իր ֆիզիքական արտայայտութեամբ դրսեւորէ իր հոգեկան հարազատ աշխարհը, որ հասարակաց աղօթքի ոգիով է ներթափանցուած: Բնական պահանջք է որ արտասանուած աղօթքին, կարդացուած սաղմոսին, երգուած շարականին հոգեւոր ներքին բովանդակութեան համապատասխան ըլլան կեցուածքն ու շարժուածքը:

Շարժումները՝ խաչ հանել, խոնարհիլ, երկրպագել, ձեռքերը իրարու միացնել, ձեռքերը դէպի երկինք պարզել, եւ այլն, խորհրդանշական արժէք ունին եւ պէտք է հետեւաբար ճշմարիտ նշանը ըլլան խորհուրդին՝ իմաստին, ապրումին, ոգիին: Երբ մէկը եկեղեցի կը մտնէ եւ կը հետեւի եկեղեցական արարողութեան, պէտք է ինքզինք զգայ տարբեր աշխարհի մը կամ մթնոլորտի մէջ քան այլ ուրեք: Աստուածային զգացումը պէտք է հպի իր հոգիին: Այդ հպումէն է որ յառաջ կու գայ հոգեւոր կերպարափոխումը անձին, աստուածային լոյսով պայծառակերպումը: Մովսէս մարգարէն Քորեբ լերան վրայ, անշէջ մորենիին մօտեցաւ անկօչիկ քայլերով...* Լերան բարձունքին երբ Յիսուս աստուածային լոյսով պայծառկերպեցաւ եւ երկնից ամպերու խորերէն Աստուծոյ ձայնը լսուեցաւ, իրեն ընկերացող երեք առաքեալներէն Պետրոս ըսաւ. «Բարւոք է մեզ աստ լինել» (ՄԱՐԿ. Թ. 4): Եկեղեցին «անկէզ մորենի»ն է, հոգիներուն լոյս ու ջերմութիւն տուող ասռուածային որպէս ճառագայթում մարդկային կեանքին մէջ: Պէտք է պատրաստ, ընկալուչ հոգիով մօտենալ անոր, քանզի «երկիր սուրբ» է եւ՝ սրբարար, սրբութեան շնորհներով սրբացնելով մարդոց սիրտերն ու միտքերը: Երբ հաւատացեալը այնտեղ կը մտնէ, պէտք է այնպէս տարբեր, վեհ զգացում մը ծաքի իր հոգիին մէջ որ ան կարենայ ըսել. «Բարւոք է մեզ աստ լինել»:

*«Եւ Մովսէս արածէր զխաշինս Յոթորայ աներոյ իւրոյ՝ քրմին Մադիանացւոց. եւ ած զխաշինս յանապատ, եւ եկն ի լեառն Աստուծոյ ի Քորոբ: Եւ երեւեցաւ նմա հրեշտակ Տեառն բոցով հրոյ ի միջոյ մորենւոյ. եւ տեսանէր զի մորենին վառեալ էր հրով, եւ ոչ այրէր մորենին: Եւ ասէ Մովսէս.
- Անցեալ տեսից զտեսիլն զայն մեծ. զի՞ է ոչ այրիցի մորենին:
Իբրեւ ետես Տէր եթէ մերձենայ տեսանել, կոչեաց զնա Տէր ի միջոյ մորենւոյն, ասէ.
- Մովսէ՛ս, Մովսէ՛ս:
Եւ նա ասէ.
- Զի՞ է:
Եւ ասէ.
- Մի՛ մերձենար այսր. լոյծ զկօշիկս քո քոց, զի տեղիդ յորում կաս դու. ի դմա՝ երկիր սուրբ է» (ԵԼԻՑ Գ.1-5)

3.- ԸՄԲՌՆԵԼ ԾԷՍԻՆ ԻՄԱՍՏԸ

Որպէսզի հոգեկան պայծառակերպութիւնը ունենայ հաւատացեալի կեանքին մէջ, անհրաժեշտ է որ ծէսին իմաստը, խօսքերուն ու երգերուն, խորհրդանշական արարքներուն եւ շարժումներուն նշանակութիւնը իմանալի դառնան անոր: Հոգեւոր հովիւին առաջին պարտականութիւնը, հետեւաբար, այն է, որ միջոցներ ստեղծէ որպէսզի իր հաւատացեալնրը, որոնք ներկայ կ՝ըլլան ու կը մասնակցին եկեղեցական արարողութեանց, հասկնան անոնց բովանդակութիւնը, գէթ ընդհանուր իմաստն ու նպատակը: Որպէսզի ծէսը գիտակցական ապրումի վերածուի եւ ներզօր ազդեցութիւն գործէ հաւատացեալներու կեանքին մէջ, անհրաժեշտ է որ հոգեւոր հովիւը այլազան գործնական միջոցներով,- ինչպէս յատուկ դասընթացքներ, քարոզներու շարքեր, թերթիկներ կամ ամփոփ հրատարակութիւններ,- զայն բացատրէ իր հաւատացեալներուն եւ մանաւանդ Խորհուրդներու պարագային, յատկապէս այն անձերուն, որոնք ուղղակի կապ ունին Խորհուրդի կատարման հետ, ինչպէս մկրտուող երախայի մը կնքահայրն ու ծնողքը, պսակուող զոյգն ու անոնց խաչեղբայրը, ապաշխարութեան եւ հաղորդութեան համար՝ խոստովանող հաւատացեալը, եւ այլն: Մեր Եկեղեցւոյ ծէսին լեզուն գրաբարն է: Բնականօրէն սա ինքնին հեռաւորութիւն մը կը ստեղծէ ծէսին եւ հաւատացեալներին միջեւ: Զանազան եւ կարեւոր պատճառներով գրաբար լեզուին պահպանումը անհրաժեշտութիւն մը կը մնայ տակաւին մեր Եկեղեցւոյ մէջ: Այդ մասին այստեղ անդրադառնալը այս Համառօտ Ձեռնարկի նպատակէն դուրս կ՝իյնայ:

Գրաբար լեզուն պահելով միասին շատ բան կարելի է ընել ծէսը իմանալի դարձնելու համար: Կարելի է, օրինակի համար, ծիսական բնագիրները թարգմանութիւններով մատչելի դարձնել ժողովուրդին անոր խօսակցական լեզուով, աշխարհաբարով, որպէսզի ան կարենայ հետեւիլ գրաբարով կատարուած ծիսական արարողութեանց: Բացատրական յստակ, պարզ եւ ամբողջական պարզաբանումներ կատարել մասնաւոր գրքոյկներով եւ զանոնք տրամադրել ժողովուրդին: օրինակ, Ս. Պատարագի, մկրտութեան, պսակի, թաղման եւ այլ արարողութեանց պարագային փոքրակազմ, դիւրաւ օգտագործելի գրքոյկներ պատրաստել եւ տալ ժողովուրդին, որպէսզի իրազեկ ըլլան կատարուած Խորհուրդներու զանազան բաժիններուն մասին: Այս ուղղութեամբ բազմաթիւ աշխատանքներ կան արդէն իսկ կատարուած, զորս պէտք է օգտագործել գիտնայ հոգեւոր հովիւը:

4.- ԾԷՍԻՆ ԿԱՏԱՐՄԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ

Բայց այս բոլորէն առաջ ինք՝ հոգեւոր հովիւը՝ եկեղեցական ծէսը պէտք է կատարէ այնքան անկեղծ եւ խոր ապրումով, այնքան հարազատ, ինքնաբուխ արտայայտութեամբ եւ պայծառ հասկացողութեամբ, որ ինքնին դառնայ հաղորդական եւ ներգործող: Պէտք է որ ան հոգեպէս շաղախուի իր կարդացած աղօթքին ու երգած շարականին հետ: Հաւատացեալները զգան որ աղօթքը կը բխի ի՚ր հոգիէն:

Ս. Ներսէս Շնորհալի «Ընդհանրական Թուղթ»ի այս բաժնին մէջ, որ յատկացուած է քահանաներու դասին, գեղեցիկ պատկերով մը կու տայ այս ճշմարտութիւնը, երբ կ՝ըսէ թէ, «Մաքուր հոգիւով եւ սուրբ եւ անարատ հաւատով եւ մեծաւ յուսով եւ պարզ մտօք եւ կատարեալ սիրով՝ ահիւ եւ դողութեամբ սպասաւորեցէք աստուածային խորհրդոյն. եւ ՄԻ ԻԲՐԵՒ ՋՈՒՐ ԸՆԴ ԽՈՂՈՎԱԿ ԱՆՑԱՆԷՔ անմտաբար ընդ խորհրդական բանս աղօթիցն՝ զոր մատուցանէք, եթէ սաղմոսերգութիւնք են եւ եթէ ընթերցումն Սուրբ Գրոց, եթէ պաշտօներգութիւնք եւ եթէ քահանայական աղոթք սրբոյ Պատարագին եւ այլոց կարգադրեալ կանոնացն, այլ յոյժ մտաւորաբար»:

Ասոր համար ներքին հարազատ հասկացողութեան հետ անհրաժեշտ է որ արտաբերման եւ փոխանցման եղանակը, այսինքն իր ընթերցման կամ արտասանման ոճը ըլլայ առոգանութեամբ յստակ, շեշտադրութեամբ իմաստաւոր, հանդարտ, աղօթքին վեհացնող շունչին համապատասխան երկիւղած արտայայտութեամբ: Երբ հայ ծիսական աղօթքներուն, մանաւանդ անոնց, որոնք յաճախ կը կրկնուին - Տէրունական աղօթքը, ժողովուրդին համար տրուած օրհնութեան խօսքերը կամ հոգեհանգիստի եւ կամ հիւանդին համար եղած աղօթքը,- այդ բոլորին բառերը հատիկ-հատիկ արտաբերութեամբ, լիաբարբառ հնչումով եւ իմաստի համաձայն շեշտաւորումով կարդացուին կամ արտասանուին, հաւատացեալները շատ լաւ կրնան հասկնալ, այսինքն ներթափանցուիլ անոնց խորհուրդով եւ լեցուիլ անոնց ներգործութեամբ: Հասկնալ արդէն իսկ կրօնական իմաստով ա՚յս կը նշանակէ, այսինքն՝ հաղորդուիլ հոգիով մասնակցիլ այն զօրութեան, որ աստուածայինին ներկայութիւնն է: Հասկնալ կրօնքին մէջ չի նշանակեր միայն բառերը յղացապէս, իմացապէս, տառացիօրէն կամ ստուգաբանօրէն ըմբռնել, այլ՝ առաւելաբար թափանցել անոնց ներքին իմաստին, որ յաճախ խորհուրդ է եւ մատչելի միայն հոգեկան հաղորդակցութեամբ, եւ ոչ իմացապէս ըմբռնելի, այսինքն տրամախոհական մօտեցումով հասկնալի:

Քահանան, սակայն, եկեղեցական ծէսին կատարման ընթացքին ոչ միայն ինք պէտք է առաջնորդուի, այլ նաեւ ծէսին մէջ գործօն մասնակցութիւն բերող անձերն ալ պէտք է մղէ դէպի գիտակցական եւ հաղորդական կատարման այդ վաւերական ձեւը: Այսինքն՝ սաղմոսասացը, ընթերցողը, դպրապետը, դպրաց դասին մէջ երգողը, սարկաւագը պէտք է իրենց բաժիններն ալ կատարեն նոյն հասկացողութեան ոգիով եւ հաղորդակցութեան մեթոտով: Այն ատեն հրաշալի ստեղծագործութեան մը իր սկզբնատիպ եւ հարազատ պատկերը կը զգենու հայկական ծէսը եւ կը դառնայ անփոխարինելի վայելք մը եւ հոգեկան անհաւասարելի կրթանք մը:

Ասոր համար հոգեւոր հովիւը պարտաւոր է ծէսին մասնակցողներուն համար փորձ կատարելու առիթներ եւ միջոցներ ստեղծել: Ոեւէ պատահական անձ պէտք չէ հրաւիրուի ծէսին մասնացելու եթէ պատրաստուած չէ անոր համար: Այդ է պատճառներէն մէկը, որ Եկեղեցւոյ վերին իշխանութիւնը ծէսին կատարման համար ընտրուած անձերը յատուկ արարողութեամբ կը ձեռնադրէ եւ կը լիազօրէ իրենց յատկացուած բաժինները արժանաւորապէս կարենալ կատարելու համար:

***
Այս մարզին մէջ, սակայն, պէտք է խուսափիլ փորձութենէ մը, որ երբեմն կը պատահի ոմոնց: Դերասանական, արուեստակեալ ձեւերով ծէս կատարելու փորձութիւնն է, տպաւորութիւն թողլու սխալ եւ մոլորեցուցիչ մտայնութենէ մը առաջացող եւ կամ ինքնացուցադրութեան սնամէջ զգացումներէ եւ յաւակնութիւններէ թելադրուող: Չկայ աւելի վատ կերպով կատարուած արարողութիւն, քան այդ դերասանական, արուեստակեալ, սեթեւեթ ոճով կատարուածը, որ կը սպաննէ ամբողջ ոգին եկեղեցական արարողութեան: Անձը ինք կը դառնայ կեդրոնը իր կատարած արարողութեան, փոխանակ Աստուած խօսեցնելու իր երկիւղած ապրումներուն բնական եւ պարզ, հարազատ եւ անկեղծ արտայայտութեամբը, առանց յաւելեալ, բռնազբօսիկ ճիգերու:



Այս համակարգչային հանգրվանը ստեղծվել է Հայկական Ազատ Ցանցի կողմից, որն իրականացվում է ՄԱԿ-ի
Զարգացման Ծրագրի Հայաստանյան գրասենյակի ARM/96/002 «Ինտերնեթ» ծրագրի շրջանակներում:

Երևան 2000